Դա՞տ․․․, ո՛չ, թատրո՛ն

Այո՛. այսպէս կարելի է բնութագրել Բաքւի մէջ ընթացող միակողմանի եւ շինծու դատավարութիւնը, որուն մէջ բացայայտօրէն մեծ դեր ունին 19 Բաղրամեան պողոտայի Ազգային ժողովի ղեկավարները, առանց մոռնալու իրենց գործատէրը…։
ՔՊ-ականները կը յամառին ձեռնածալ մնալ եւ պատրաստ չեն պաշտպանելու Բաքւի մէջ ստորացումի ենթարկւող հայորդիները, որոնց հետ կը վարկաբեկւին Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը: Վարչապետ Փաշինեան, իր «Խաղաղութեան խաչմերուկ» անհեթեթի թատրոնին մէջ գրեթէ մոռցած է Արցախն ու արցախահայութիւնը։ Իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, իր անտրամաբանական եւ անխոհեմ արտայայտութիւններով, կը մեղադրէ արցախցին, թէ՝ պէտք էր մնային ու կռւէին, պայքարէին։ Ամիսներու պաշարումն ու դիմադրութիւնը դուրս ինկած են այս թքնողի յիշողութենէն: Ան մինչեւ իսկ հետեւողական չէ իր վերաբերմունքին մէջ: Օր մը կըսէ, թէ Բաքու գտնւողները իրեն համար գոյութիւն չունին, հիմա ալ կաշխատի համոզել, թէ իրենք աշխատանք կը տանին, սակայն չեն ուզեր առնել քայլեր, որոնք վնաս հասցնեն գործին: Արդեօք Բաքու այս թատրոնը սարքելու ատեն, ՔՊ-ապետին ու «քալողներուն» կարծիքը առա՞ծ է, կամ թելադրա՞ծ՝ թէ ինչ պէտք է ընեն, ինչ՝ չընեն…
Միակ յիշատակելին՝ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի անվճռական եւ քիչ մըն ալ հպանցիկ յայտարարութիւններն էին, Ժընեւի մէջ կայացած՝ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 55-րդ նիստին, եւ ապազինման համաժողովի բարձր ամպիոնէն:
Ան յայտնեց, թէ Բաքւի մէջ կընթանան կամայականօրէն ազատազրկւած 23 հայերու կեղծ դատավարութիւններ, որոնք դատական պատշաճ ձեւով չեն ընթանար, յստակօրէն կանտեսւին մարդկային իրաւանց կենսական չափանիշերը։
Յետո՞յ. բուռն քննադատութեան փոխարէն, Միրզոյեան կրկին թմբկահարեց տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման «վարկած»-ը, խոր համոզում յայտնելով, թէ ներգրաււածութիւնը եւ քաղաքական կամքի դրսեւորումը մեծապէս պիտի նպաստեն՝ տարածաշրջանին մէջ բանալու նոր էջ մը, նոր դարաշրջան մը։ Քիչ մըն ալ Լափալիսեան նշումներով՝ շեշտեց, թէ աշխարհը կը շարունակէ թատերաբեմ մնալ ահաւոր հակամարտութիւններու, բռնի ու սարսափելի տեղահանութիւններու եւ հիմնական իրաւունքներու խախտումներու, հետեւաբար, ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յենասիւնը ամրապնդելու հրամայականը շատ աւելի այժմէական դարձած է։
Յետո՞յ: Միրզոյեան, քիչ մըն ալ աւելի հեռանալով Բաքւի դատարանին մէջ ստեղծւած ողբերգակատակերգութենէն, եզրակացուց, որ Հայաստան պատրաստ է դարձնելու թշնամանքի էջը, խաղաղութեան հասնելու համար: Հուսկ՝ «Մենք ոչ միայն պատրաստ ենք շարունակել խաղաղութեան ուղին, այլեւ պիտի չշեղինք անկէ»։ Եւ ասկէ դժւար չէ հետեւցնել, որ ան Ադրբեջանի կըսէ. «Դուն ի՛նչ կուզես՝ ըրէ, մենք խաղաղութեան մեներգը պիտի երգենք դատարկ սրահներու մէջ»:
Իրական գետնի վրայ, թատերական դատը կը շարունակւի Բաքւի մէջ: Ազերիները կը շարունակեն իրենց սուտ ու փուտ տեղեկութիւններով՝ ափ-աշքարա ապատեղեկութիւն տարածել։ Բաքու մինչեւ իսկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակ նետեց, թէ՝ տեղւոյն մարդու իրաւունքներու պաշտպան ներկայացուցիչը մէկ առ մէկ հանդիպում ունեցած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն հետ, հաստատելով, թէ անոնք խտրականութեան կամ վատ վերաբերմունքի չեն արժանանար, թէ՝ բժշկական օգնութենէ չեն զրկւած, իսկ ամենեն ծիծաղելին՝ իրենց կեցութեան պայմաններէն գոհ են։
Հայաստանի մէջ, իշխանութիւններուն կողմէ անտեսւած եւ մինչեւ իսկ հետապնդումի ենթարկւող արցախցիները, ներառեալ ղեկավարները, արդեօք չե՞ն մտածեր նման հոգածութիւն վայելելու ընտրանքով…
Մինչդեռ, հաստատապէս փաստւած է, որ հացադուլի դիմած Ռուբէն Վարդանեան խոշտանգումներու ենթարկւած էր։ Լուսնկարին մէջ ակնյայտ էր, թէ ան վէրքեր ստացած է։ Լուրեր կը սպրդին նաեւ այլ պատանդներու դէմ բռնամիջոցներու կիրարկման մասին:
Երբ հայրենի իշխանական դասը ձեռնածալ կը մնայ, զարմանալի չէ Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ խնդրայարոյց պատասխանը, իբրեւ արձագանգ՝ կալանաւորները անյապաղ ազատ արձակելու ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի յայտարարութեան: Ըստ Բաքւի բանբերին՝ արդարութեան հասնելու համար, պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկել պատերազմական յանցագործութիւններու, ցեղային զտումներու, խոշտանգումներու եւ այլ ծանր յանցագործութիւններու համար մեղադրուողները կամ դատապարտւողները․․․:
Պատասխանը չեկաւ 19 Բաղրամեան պողոտայէն, այլ Բաքւի նո՛յն միակողմանի դատարանէն, ուր Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարը՝ զօրավար Լեւոն Մնացականեան արի՛աբար հաստատեց իր մասնակցութիւնը Արցախի ազատագրական պայքարին եւ շեշտեց․ «Հոն, ուր ես չեմ մասնակցած, եթէ անհրաժեշտութիւնը ըլլար՝ կը մասնակցէի»:
Պաշտօնական Բաքւի եւ Երեւանի կողմէ ուղղակի եւ անուղղակի կերպով բեմադրւող այս խեղկատակութեան դիմաց, մեր ժողովուրդը չէ քնացած: Ան կաշխատի գերեվարւած պատանդներուն դատը հասցնել միջազգային ականջներ: Ընդդիմադիր ճակատը, իր կարգին, ճիգ կընէ այս հարցը պետական քաղաքականութեան օրակարգին վրայ դնելու, սակայն մէյ մը «մոռցէք», ուրիշ օր «կաշխատինք» ըսող ՔՊ-ականները՝ միաձայնութեամբ կը խափանեն նման փորձեր, առարկելով որ նման քայլեր վնաս պիտի հասցնեն պատանդներու դատին:
Մէկ բան յստակ է սակայն. ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԸ կարելի չէ ընդմիշտ լռութեան մատնել:
«Հայրենիք» – Բոստոն
Խմբագրական