Դաշնակցական Բեմ

«Հայաստան խենթ չէ մնացած…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան երկու թեկնածուներուն՝ Ջօ Բայդէնի եւ Դոնալդ Թրամփի միջեւ պատկերասփռւած առաջին բանավէճը (դուք ըսէք՝ բեմադրութիւնը) հազիւ աւարտած (հինգշաբթի՝ յունիսի 27-ի գիշերը), գրաւոր ու լսատեսողական մամուլը ողողւեցաւ անթիւ ու անհամար մեկնաբանութիւններով: Ընդհանուր տպաւորութիւնը այն էր, որ Թրամփ կէտեր շահած է այժմու նախագահին դէմ: Սա բնականաբար ահազանգի մատնեց Դեմոկրատ կուսակցութիւնը, զրոյցներ հրապարակ եկան, որ անոր ղեկավարները կը մտածեն Բայդէնը փոխարինող թեկնածուի մը մասին: Դեմոկրատները նաեւ համակիրներէ դրամ մուրալու արշաւի մը սկսան հազար ու մէկ միջոցով, գործի լծելով ականաւոր դէմքեր…

Համակարգիչիս դիմաց նստած, կայքէջէ-կայքէջ ոստոստելով, զանազան մեկնաբանութիւններ կը կարդայի-կը լսէի, երգիծանկարներ աչքէ կանցնէի, մտածելով, որ ընտրապայքարի նորագոյն կրկէսը բաց յայտարարւած է, գլխաւոր եւ երկորդական խամաճիկներ բեմ հանւած են եւ հասարակութիւնը՝ բարեմիտ (կրնանք ըսել նաեւ մանկամիտ) մարդիկ տարւած են այս նոր խեղկատակութիւնները դիտելով, առանց յաճախ անդրադառնալու, որ նման թատերակներ որքա՛ն մեծ դեր կը խաղան զանգւածները զբաղեցնելու եւ անոնց ուշադրութիւնը կենսական տագնապներէ այլուր շեղելու համար (եւ սա միայն Միացեալ Նահանգներու մենաշնորհը չէ, նոյնը՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Եւրոխորհրդարանին մէջ եւ այլուր, մի՛շտ տարբեր բեմագրութիւններով, բայց ըստ ամենայնի բեմադրիչներու նոյն դասով…): Կը մտածէի, թէ նման խեղկատակութիւններ կը յաջողին դիտող-կարդացողը տանիլ հոն, ուր պետական հսկայական գումարներու մսխումը, ժողովուրդներու վիճակւած ահաւոր ողբերգութիւնները եւ նման՝ իրակա՛ն տագնապներ կը նսեմացւին, կը քշւին լուսանցքի վրայ, կը ստեղծեն «այդ հարցերն ալ կը քննարկւին»-ի խաբկանքը: Միտքս գնաց նաեւ Հայաստան, ուր իշխանաւորները աշխուժօրէն կընդօրինակեն նման հնարքներ…

Փաստօրէն, զանգւածները զբաղ պահելու ձգտող մեկնաբանութիւններն ու արձագանգները առաւելաբար կենտրոնացած են, եւ իրաւա՛մբ, այն իրողութեան վրայ, թէ Սպիտակ Տան թեկնածուներէն մէկը փաստւած յանցապարտ մըն է, ուսապարկին մէջ ունի առ նուազն 34 վճիռներու բեռ մը, իսկ միւսը առիթ չի փախցներ ցուցադրելու, թէ իր իմացական կարողութիւնները տեսանելի նահանջ կրած են. եւ ահա, աշխարհի հզօրագոյն պետութիւնը համարւողի ժողովուրդին վիճակւած է, ներկայի դրւածքով, որոշել, թէ ո՞րն է աւելի լաւը. բանտարկութեան արժանի՞ մը, թէ հանգստարան տարւելիք մրցակիցը: Եւ անշուշտ կարելի չէ մտածել, թէ երկուքին «թելերը» իրենց մատներուն կապած՝ աներեւոյթ «բեմադրիչները» ուրախանալու ամէն պատճառ ունին, որովհետեւ բեմին վրայ երեւցողներուն իւրաքանչիւր շարժումը՝ խօսքը, զանոնք աւելի՛ եւս պիտի ընկղմէ այն տղմափոսին մէջ, որ անոնց համար պատրաստած են նոյնինքն շահամոլ – եւ խորքին մէջ հայրենիք չունեցող – բեմադրիչները: Հին խաղի մը նորագոյն արարները…

* * *

Այս ու նման մտածումներով տարւած էի, երբ հնչեց հեռաձայնիս զանգը: Գիծին միւս ծայրէն լսւեցաւ կատակասէր բարեկամիս ձայնը.

. Ես անանկ կը տեսնեմ, որ Հայաստանի մէջ խենթ չէ մնացած, ամէն մարդ խելացի դարձած է,- նետեց, առանց նախաբանի:

. Ուրկէ՞ ծնաւ այս գիւտդ,- պատասխանեցի՝ ընդառաջելով կատակին:

. Երկիրը մտանւած է ահաւոր վիճակի, կորուստէ-կորուստ եւ պարտութենէ պարտութիւն կերթանք ամէն քայլափոխի, սակայն Պարոյր Սեւակին ըսածին պէս խենթեր չկան, որպէսզի այս վիճակէն դուրս գալու հնար մը գտնեն, «երբ չի մնում ելք ու ճար»,- բացատրեց դառնացած:

. Երկու բան ըսեմ,- պատասխանեցի.- Նախ այն, որ հնարք փնտռող եւ պայքարող «խենթեր» կան, սակայն գիտես, իշխանութիւնը, կռնակը թշնամիներուն եւ «խաղաղասէր բարեկամներու» տւած, կարելի եւ անկարելի, ամէն օրէնքը ոտքի տակ առնող քայլերով ամէն միջոցի կը դիմէ, բողոքի շարժումը «մարած է» յայտարարելով, եւ իր խաբէութիւններուն հաւատացողներ կը գտնէ: Երկրորդ, ինչո՞ւ պիտի ուզէիր, որ Հայաստանի մէջ խենթ մնացած ըլլար. չե՞ս տեսներ. խենթերը տարածոած են աշխարհով մէկ: Բայդէն-Թրամփ վէճը մտիկ ըրի՞ր:

. Չէ՜ հա՛, խե՞նթ եմ, որ ատանկ բաներու վրայ ժամանակս մսխեմ…

. Ես ալ մտիկ չըրի, բայց տե՛ս, աշխարհը անոր ստեղծած փոթորիկով տարւած է հիմա:

. (Աշխարհին հասցէին այստեղ չգրւելիք բան մը նետելէ ետք շարունակեց) Իմ չհասկցածս այն է, որ մեր ժողովուրդը, Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս, այսքան հանդուրժողութիւն ցոյց կու տայ եւ գործնական քայլեր չ’առներ, թշնամիին ծրագիրները գործադրող խումբը օր առաջ հեռացնելու համար…

. Ի՜նչ կ’ըսես,- չարացայ:- Մարդը ազգընտի՜ր է, ինքզինք անվիճելիօրէն օրինական հռչակած է, շատո՜նց յայտարարած է, որ կ’ընէ եւ պիտի ընէ այն՝ ինչ որ ինք ճիշտ կը տեսնէ, այսօր ըսածը յաջորդ օրւանին հակառակն է, որո՞ւ հոգը… «ազգընտի՜ր»…

. Հապա մեր ունեցած վնասնե՞րը…,- ընդմիջեց.- Արցախի եւ Հայաստանէն կորուստնե՞րը… ցանկը չէ վերջացած, Ադրբեջան եւ անոր ետին կեցած Թուրքիան իր ըրած ամէն մէկ զիջումէն ետք նոր ֆաթուրա մը (պարտամուրհակ) կը ղրկեն Երեւան, եւ ինք ալ «ժողովուրդը խաղաղութիւն կուզէ» քարոզելով, կու տայ եւ կու տայ: Եթէ ասան երթայ՝ տալիք բան պիտի չմնայ…

. Անոր բերած վնասները ես ու դուն կը տեսնենք,- քիչ մը լրջացայ.- ընդդիմադիրները, աւելի քան երեք տարիէ ի վեր անոր զիջումներուն դէմ պայքարողները գիտեն ու կը տեսնեն, բայց մի՜ զարմանար. շատեր չեն ուզեր հաւատալ ընդդիմադիրներուն, կը յամառին չտեսնել, չլսել իրականութիւնները, մինչեւ իսկ եթէ իրականութիւնները տասը մատներովդ իրենց աչքը կոխես,- փորձեցի բացատրել:

. Բարեկա՛մս. ասոր մէջ չտեսնելիք, չհասկնալիք ի՞նչ կայ,- շարունակեց վրդովմունքը: Ա՞յնքան դժւար է տեսնել, որ Արցախը ինչպէս նւիրեց Ադրբեջանին, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Արցախը Ադրբեջանին պատկանած է միշտ եւ հիմա փոշման է, որ այդ գիտցածը 2018-ին չէ ըսած… Ինչպէ՞ս կարելի է չտեսնել ու չյիշել, որ ի՜նչ տեսակի յայտարարութիւններով ինքզինք Արցախի պաշտպանը հռչակած էր, յետո՞յ… հիմա՞: Ա՞յդքան դժւար է տեսնել, որ նւէրներու շարքը հասած է Հայաստան, Տաւուշէն, Սիւնիքէն եւ Գեղարքունիքէն մասեր արդէն տւած է եւ կը յոխորտայ, որ անկլաւներն ալ պիտի տայ… Յետոյ պիտի նայի, թէ ֆաթուրային մէջ ի՞նչ նորութիւններ կան, եւ այս ամէնը կընէ «աննախընթաց» կրկնելով: Դժւա՞ր է տեսնել, որ Ադրբեջան խաղաղութիւն չուզեր, «սահմանադրութիւն պէտք է փոխէք», «անցեալը, Արարատն ու Ցեղասպանութիւնը պէտք է մոռնաք», կըսէ՝ իրաւունք-միրաւունքի մասին ա՛լ մի խօսիք… Մէկ խօսքով, մեր աչքը կը կոխէ, որ իր վերջնական նպատակը Հայաստանը վերցնելն է, լաւագոյն պարագային, վաղը պիտի ըսէ, որ եթէ հայերը կուզեն հանգիստ ապրիլ, պէտք է ընդունին Ադրբեջանի կամ Թուրքիոյ հպատակութիւնը, իսկ Հայաստանն ալ պիտի կոչէ «Արեւմտեան Ադրբեջան»… Որքա՞ն կոյր ու տխմար պէտք է ըլլալ՝ ասոնք չտեսնելու եւ չհասկնալու համար… Դժւա՞ր է տեսնել եւ յիշել, թէ ի՛նչ ըրաւ Արցախի մէջ, ինչե՛ր ուզեց պարտադրել արցախցիներուն, որոնք մերժեցին այդ պայմանները եւ զօրով գաղթական դարձան, հիմա ալ Հայաստանի մէջ պատէ-պատ կը զարնուին…: Սարուխ (հրթիռ) թռցնող հայերը այսքանը չե՞ն կրնար տեսնել…

. Տեսնելու եւ հասկնալու համար աչք եւ ուղեղ պէտք է. այս իշխանութեան կողքին եղողներուն աչքերն ու ուղեղները չւրը տարած է: Բայց վստա՛հ եղիր, որ Հայաստանի մէջ Պ. Սեւակի ըսածին պէս խենթեր մի՛շտ ալ գտնւած են, պիտի պիտի գտնւին: Ինքը՝ Սեւակը չէ՞ ըսած նաեւ, որ «ուշ-ուշ են գալիս, բայց ո՛չ ուշացած…»: «Խենթերու» նորագոյն գործը Տաւուշէն սկսաւ մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ…

. Եկո՛ւր, համաձայնինք, որ հիմա ուշացումի, «ուշացած»-ներ սպասելու ժամանակը չէ, հիմա ա՛յն ժամանակն է, երբ պէտք է երգենք. «Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ»: Ամէն ուշացում նոր վնասի դուռ պիտի բանայ:

Եւ քանի մը երկվայրկեան ընդմիջումէ ետք՝ շարունակեց.

. Այսօր լուր մը կար. Երեւանի քաղաքապետութիւնը 60 հազար ցախաւել կորսնցուցեր է եղեր… Թէեւ ըսւեցաւ, որ անոնք չեն կորսւած, բայց իմ կարծիքովս, այդ աւելները հասած ըլլալու են ընդդիմադիր ցուցարարներուն, որպէսզի վաղը-միւս օր «60 հազար կտրիճներով» ուսապարկապետն ու ուսապարկերը աւլենք-տանինք: Որքա՛ն շուտ, ա՛յդքան լաւ: Աւլողները իմ սպասած խենթերս պիտի ըլլան…

28 յունիսի 2024

Related Articles

Back to top button