Դաշնակցական Բեմ

ՏԱՔ, ՊԱՐՏՔ, ՄԻՋԱՆՑՔ…(*)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

1. Լոս Անջելէս, 9 սեպտեմբեր (11 սեպտեմբերէն երկու օր առաջ): Պատկերասփիւռի լուրերէն կը հաղորդեն, որ կարգ մը հանրային դպրոցներ փակւած են կամ կէսօրեայ դրութեամբ կը բանին, որովհետեւ հեղձուցիչ տաք է: Այո՛, շաբաթներէ ի վեր Լոս Անջելէսի (եւ այլ շրջաններու) մէջ «կրակ կը տեղայ» բառացիօրէն: Անտառային հրդեհները դարձեալ ծուխ ու բնակարաններու հրկիզման սպառնալիք կը տարածեն: Լրագրողներ վազեր են դպրոցներ, ստուգելու՝ թէ ինչո՞ւ պարտադիր արձակուրդ կը տրւի վերամուտէն քանի մը օր ետք: Մանկահասակ աշակերտ մը կըսէ. «Զովացնող սարք չունինք», ուրիշներ չքմեղանքի ոճով կըսեն, որ սարքերը խանգարում ունին (եւ այլն): Կը մտածեմ, որ արդեօք դպրոցներու պատասխանատուները ամրան արձակուրդի օրերուն (կամ այլապէս) չէի՞ն ստուգած սարքերը, թէ՞… նորոգութեան համար պիւտճէ չունին:

2. Նոյն օրը երեկոյեան, վաղեմի մէկ ընկերս դիմատետրեան հետեւեալ լուսանկարը կը հասցնէ հեռաձայնիս:

Արձանագրութիւնները կըսեն. «Երբ դուք կը տքնէիք, մենք Իսրայէլի 24.5 միլիարդ դոլար տւինք, որպէսզի ռմբակոծէ մանուկներ: ԴԱԴՐԵՑՈՒՑԷՔ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄԸ», իսկ իբրեւ բացատրութիւն՝ վարը՝ «Իսրայէլ, հրեաներու երկիրը, Գազայի մէջ 8 ամսւան միջոցին սպաննեց 45 հազար իսլամներ եւ քրիստոնեաներ ու վիրաւորեց 150 հազար պաղեստինցիներ» (մոռցւած են համատարած քանդումները Գազայի եւ Արեւմտեան ափին մէջ):

Կը մտածեմ: Հը՜մ: Ուրեմն կարելի է մինչեւ իսկ մանուկները տաքի «խղճին» մատնելու գնով հսկայական գումարներ հասցնել Իսրայէլ (այս ցուցատախտակը հաստատողները լուր ունի՞ն Ուկրաինա եւ այլուր ղրկւած գումարներէն): Իսկ հասարակ մահկանացուները հլու-հնազանդ կենթարկւին դպրոցներու վարչութեանց կարգարութեան ու իրենց հոգեհատորները տուն կը տանին կանխահասօրէն, առանց մտածելու, թէ իրաւունք ունին բողոքի ձայն բարձրացնելու եւ արդար պահանջ ներկայացնելու «խնայասէ՜ր» իշխանութիւններուն դէմ: Չեմ մոռնար, որ բողոքողներ կան, բայց անոնց ձայնը կը խլացւի կամ տեղ չի հասնիր: (Ու դարձեալ կը մտածեմ. արդեօք ե՞րբ նման պաստառներ ամբաստանութիւններ պիտի արձակեն Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի դէմ, որոնք առատօրէն կօգտւին ամերիկացի բարեկամներէն…)

Հլու-հնազանդ ենթարկւողները ի մտի ունենալով, կը դիմեմ համացանցին, տեսնելու՝ թէ պատերազմներու հնոցներուն առատ վառելանիւթ հասցնող՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պարտքերը ո՞ւր հասած են: Հետեւեալ կայքը (կրնաք դուք ալ այցելել. pgpf.org գլխապտոյտ պատճառող թիւեր ցոյց կու տայ. աւելի քան 35 թրիլիոն դոլար (հոն պիտի գտնէք նաեւ «ժամացոյց» մը, որ ցոյց կու տայ, թէ իւրաքանչիւր ակնթարթի՝ պատրքը որքա՛ն կաւելնայ): Հոն կերեւի նաեւ սարսափազդու այլ թիւ մը. իւրաքանչիւր քաղաքացիի՝ պարտքէն բաժին կիյնայ մօտաւորապէս… 105 հազար դոլար: (Անհատի մը նւազագոյն եկամուտը՝ տարեկան 15 հազար դոլար, ընտանիքի մը – հաւանաբար մէկէ աւելի աշխատողներ – միջին եկամուտը՝ շուրջ 75 հազար դոլար, ընդհանուր միջին՝ 45 հազար դոլար):

3. 10 Սեպտեմբերի.- Այս տողերը կարձանագրենք քանի մը ժամ առաջ այն խեղկատակութենէն, որ պատկերասփիւռի պաստառներէն պիտի տարածւի Քամալա Հերիս-Դոնալդ Թրամփ բանավէճ անունով: Կըսւի, թէ վէճը առաւելաբար պիտի կեդրոնանայ «տնային – ներքին – հարցերու» վրայ: Մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ, ենթադրելու, որ պատերազմներու մատակարարման մասին խոստումներն ու յայտարարութիւնները կապ պիտի չունենան իրական աշխարհին հետ, որովհետեւ այդ աշխարհը կը կառավարւի «վեր-պետական» միաւորներու կողմէ. անոնց շարքին՝ զէնքի ճարտարարւեստի գանձապահները, որոնք հաւասարապէս կը կողոպտեն կառավարութի՛ւնն ալ, ժողովո՛ւրդն ալ: Ամերիկացիներուն համար արդեօք մխիթարակա՞ն է գիտնալ, որ այլ երկիրներու մէջ ալ նման «գանձապահներ» կը կողոպտեն կառավարութիւն ու տքնող ժողովուրդ…

4. Մխիթարւած զգալու նոյն հարցումը՝ մեր հայրենի ժողովուրդին կացութեան լոյսին տակ: Հայաստանի կառավարութեան պարտքերուն գումարը մօտեցած է 12 միլիարդ դոլարի (2005-ին՝ նւազ քան 2 միլիարդ, 2018-ին՝ շուրջ 6.5 միլիարդ դոլար), այսինքն, իւրաքանչիւր քաղաքացիի ուսին նստած է մօտաւորապէս 3.800 դոլարի պարտք (ներառեալ մանուկներ եւ տարեցներ, առանց սեռի խտրութեան): Պարտքի կուտակման մէջ բաժին ունին գումարներու մսխումը (նորակազմ ընկերութիւններու սնանկացում եւ քայքայում), պարգեւավճարներ եւ անբաններու պաշտօններու կոչումը (ԽԾԲ-ի հի՜ն աւանդութեան համաձայն):

5. Այս խորապատկերին առջեւ, ՔՊ-ապետ «իմաստուն ամենագէտ»-ը դարձեալ հրապարակ եկած է «խաղաղութիւն պիտի կերտենք»-ի յանկերգներով, հոգ չէ, թէ ինք եւ «ուսապարկերը» բանիւ եւ գործով վաճառած են Արցախն ու Հայաստանէն պատառիկներ, կը մերժեն մինչեւ իսկ ճանչնալ, թէ Արցախ օտարներու կողմէ ճանաչում գտած իշխանաւորներ ունի, որոնք հիմա հալածանքի, դրժումի եւ արհամարհանքի կենթարկւին Երեւանի նահաջակերտ իշխանաւորներուն կողմէ. իմաստակապետ եւ «խելքի տոպրակներ» պատրաստ են նոր զիջումներու (ցանկը երկար է), «Զանգեզուրի անցք»-ի եւ «Սիւնիքէն անցնող ճամբաներու» բառախաղերով կը զբաղին եւ կը մոլորեցնեն մեր ժողովուրդը, կը հաւաստեն, որ լուծման միջոցներէն մէկն է այդ ճամբաներու հսկողութիւնը վստահիլ… օտար ընկերութիւններու (հիմա նոր բառ մը աւելցած է «հնարքներուն» շարքին. Արտապատւիրակել: Սա արդէն առանձին քննարկելի հարց է, ականատես ենք, որ հարուստ պետութիւններու պատքերը ինչպէ՜ս կուռճանան նման գործառութիւններով): Անդին, Ռուսիա եւ Իրան, առանց ականջ կախելու Հայաստանի իրաւունքներուն եւ իրողական… անտարբերութեան, կը փորձեն լաւագոյն ձեւ մը գտնել այդ ճամբաներուն վերահսկողութեան իրե՛նց պատկերացումներուն իրականացման մասին: Իսկ եթէ «արտապատւիրակելու» հնարքը տեղ գտնէ, ՔՊ-ականներ հաւանաբար վաղը սկսին մտածել նոյնինքն իշխանութիւնն ալ յանձնելու «արտապատւիրակեալներու» (արեւմուտքցի դէտերու նախափորձը ունին, չէ, կրնան հոն ալ հեածնիւներ գործի լծել): Անկէ ետք, ալ ո՞վ իրաւունք կունենայ զիրենք մեղադրելու, որ ինքնիշխանութիւն, գերիշխանութիւն եւ Հայաստանի հողերուն ամբողջականութիւնը չեն պաշտպաներ…:

(*) Այս բառերը հանելուկ մը կը թաքցնեն: Պատասխանը կունենաք այս սիւնակին բաժինները իրարու զօթելով:

Related Articles

Back to top button