Դաշնակցական Բեմ

Ի՞նչն է անհասկանալի – Ա. Բ. Գ.

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ի՞նչն է անհասկնալինա.

Ինչպէս որեւէ մահկանացուի՝ ինծի ալ երբեմն կը պատահին կէս-երազային, անրջային պահեր:

Նորագոյնը եղաւ քանի մը օր առաջ: Պահ մը ինքզինքս գտայ բաց դաշտի մը մէջ, երկաթուղիի մը կողքին: Անդիէն հռնդիւնով կու գար շոգեկառք մը (չէ՛, շոգիով բանող տեսակէն չէր), Ճակատին գրւած էր «ԱՇԽԱՐՀ», տակը 2024-ին վրայ ջնջումի նշանով տախտակ մը, իսկ միւս կողմը՝ 2025-ով տախտակ մը: Ունէր բազմաթիւ կառքեր՝ վակոններ: Չհաշւեցի, սակայն կարծեմ 200-էն աւելի ըլլալու էին. անոնց վրայ արձանագրւած էին ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն, թեկնածուներու եւ տակաւին անկախութեան սպասող երկիրներու անունները:

Ուշադրութիւնս գրաւեց ուրիշ կէտ մը. ի՜նչ զարմանք… Յառաջ սուրացող շոգեկառքը անփոփոխ էր, միայն յիշեալ տախտակներն էին փոփոխութիւն նշողը: Երկիրնե՛րն ալ նոյնն էին, վայրաշարժին վարորդներն ալ (կիսամութ ապակիէն անտեսանելի էին) յայտնապէս չէին պատրաստւէր իրենց գործը ուրիշներու յանձնելու, մանաւանդ, որ մօտերը կամ հեռուները՝ որեւէ կայարանի նշոյլ չկար: Կարգ մը կառքերու պատուհաններէն կերեւէին ճամբորդներ, որոնք հրճւանքի եւ տօնական մթնոլորտի մէջ էին, որովհետեւ տարւած էին այն պատրանքով, որ նոր տարեթիւ մը փակցւած է շոգեկառքի ճակատին: Իսկ այլ կառքերու մէջ կը տիրէր տրտմագին մթնոլորտ: Դէմքերուն կը ցոլային ահի, ծանր տագնապներու հոգեվիճակ: Ոմանց դէմքէն յայտնի էր, թէ մոռցած են զւարճութիւն հասկացութիւնը, կորսնցուցած՝ զւարճանալու կարողութիւնը: Կային նաեւ աւելի, ահաւոր պատկերներ՝ հրդեհւած կառքեր, որոնց պատուհաններէն ճամբորդներ կը փորձէին դուրս ցատկել եւ փրկւիլ հրկիզումէ (տարօրինակօրէն, նման աղէտեալներու մէջ, կային անկիւններ, ուր ճամբորդներ խրախճանք սարքած էին…), մինչ այլ կառքերէ՝ հրդեհւածներուն (իբրեւ թէ) օգնութեան հասնողներ, ջուրի փոխան՝ վառելանիւթ կը շատրւանէին խեղճերուն կառքին ուղղութեամբ……

***

Անրջական պատկերները քանի մը ակնթարթ տեւեցին, բայց խորապէս ազդւած եւ տպաւորւած՝ ես զիս մղեցի իրական աշխարհ վերադառնալու: Եւ ահա, մտապատկերիս մէջ սկսան փայլատակել աշխարհը ահաւոր տագնապներու մատնող վիճակներէն ծնած որոտումներ, որոնց յաջորդեց հարցումներու տեղատարափ մը: Ամենէն հնչեղ հարցումները, բնականաբար, հետեւեալներն էին.

Աշխարհը ո՞ւր էր տասնամեակ մը կամ աւելի առաջ…

Ո՞ւր հասած է հիմա…

Դէպի ո՞ւր… Ո՛չ միայն 2025-ին, այլ յառաջիկայ տարիներուն, տասնամեակներուն:

Մարդիկ ի վերջոյ իրենց ձեռքերով պիտի քանդե՞ն այդ շոգեկառքն ու երկաթուղին, ճամբորդերը պիտի շարունակե՞ն զոհաբերւիլ նեղ հաշիւներու, որոնց անգա՛մ հաշւապահներուն փրկութիւնը երաշխաւորւած չէ…

Իսկ մեզի համար ամենէն կարեւորը՝ վերոյիշեալ հարցումներուն դիմաց ի՞նչ է մեր հայրենիքին վիճակը, ուրկէ՞ կու գանք եւ ո՛ւր կերթանք, որքա՞ն իրազեկ ենք ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ եւ անխուսափելի նկատւող արհաւիրքներուն, վերջապէս՝ կրաւորականութիւնն ու անտարբերութիւնը որքա՞ն կրնան կլանւած պահել մեզ, որպէսզի մեր աչքերը բանանք եւ մենք մեզի հարց տանք.
ԱՐՁԱՆԱԳՐՒԱԾ ԵՒ ԳԱԼԻՔ ԱՐՀԱՒԻՐՔՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ի՞ՆՉՆ Է ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻՆ:

***

Մեր այս տողերուն մղում տւողը այն է, որ ազգովին, օրը օրին եւ հանգրւան առ հանգրւան կապրինք մայր հայրենիքին կրած բազմազան կորուստներուն ցաւը: Կան նախանձախնդիր իրատեսներ, որոնք իրենք զիրենք մղած են ԲԱՆ ՄԸ ընելու եւ անվերջանալի հողմապտոյտէն դուրս գալու ճիգին, իսկ անդին կան հայեր, որոնք մինչեւ իսկ եթէ դաժան իրականութիւնները կը տեսնեն ու կը զգան՝ կը նախընտրեն մնալ ձեռնածալ, բռնւած են հազար ու մէկ քարոզչական ալիքի ազդեցութեան պատանդի վիճակին մէջ, եւ կը սպասեն, որ լուծումները դուրսէն գան կամ նմանին հեքիաթներու աւարտին՝ երկինքէն ինկող խնձորներու: Ալ ի՞նչ խօսք՝ իրականութիւնները չտեսնողներուն մասին, որոնք իշխանութեան բոլոր սուտերն ու խոստումներէ ետդարձները, զանոնք արդարանցնելու պատճառաբանութիւնները կլլելու պատրաստ են ամէն օր ու ամէն ժամ: Հապա անո՞նք, որոնք զգեստաւորւած են անբնական անտարբերութեան մը պատմուճանով եւ այս վարմունքը կը փորձեն արդարացնել «մենք ասանկ բաներէ չենք հասկնար, ընելիք չունինք» ըսողելով:

ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՄԱՍ ԱՌ ՄԱՍ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆՔ: ՉԵ՞Ն ՏԵՍՆԵՐ: Բոլոր մարզերուն մէջ անկումէ անկում կըերթանք իբրեւ հայրենիք, պետութիւն եւ ազգ: Ինչո՞ւ դժւար է այս իրականութիւնը տեսնել…

Մեր մտքին մէջ ծագող հարցումները բազմաբնոյթ են: Կարելի չէ անոնց հատորը արձանագրել այստեղ: Սակայն երբ քանի մը փունջ արձանագրենք այս սիւնակներուն մէջ, երբեք ալ ի մտի չունինք, որ մեր հարցերը պէտք է անջատաբար եւ անհաղորդի աչքով դիտենք մեզ անմիջականօրէն շրջապատող երկիրներու կամ հեռաստաններու մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներէն: Այստեղ բաւականանանք միայն սա արձանագրելով, որ մօտակայ եւ հեռաւոր շրջաններու մէջ ալ երբեմն կան «անհասկնալի» դէպքեր, զարգացումներ, սակայն քիչ մը քաղաքականացում, քիչ մըն ալ շրջահայեացութիւն կօգնեն, որ «անհասկնալի» երեւցող շատ մը բաներ աւելի՛ պարզ ու հասկնալի դառնան, եւ մենք մտածենք քիչ մըն ալ օգուտ քաղել անոնցմէ: Ու եթէ պէտք է խօսիլ օրինակներով՝ նշենք գոնէ մէկ քանին. Ուկրաինան ու Եւրոպան, Սիրիան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը, Վրաստանն ու նախկին խորհրդային տարածքը, աչքերը երկարել մինչեւ ամերիկեան ցամաքամասի հիւսիսն ու հարաւը, առանց մոռնալու կենտրոնականը, յետոյ նաեւ արեւելեան կողմն աշխարհի՝ իր բազում բաղադրիչներով:

Եւ որովհետեւ մեր մտահոգութիւններուն եւ մտասեւեռումին կիզակէտը մեր հայրենիքն է ու հայութիւնը, իր հայրենի եւ սփիւռքեան հատւածներով (աշխարհագրական բոլոր տարածքներով), վերադառնանք մեզ չարչրկող հիմնական հարցումին. Ի՞ՆՉՆ Է ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻՆ այն բոլորին մէջ, որոնք կը փոթորկեն մեր հայրենիքն ու ազգը, կը սպառնան յաւելեալ կորուստներու տանիլ մեզ հաւաքաբար:

Եւ որովհետեւ վերը նշեցինք, որ այդ հարցերը պիտի արձանագրենք փունջ-փունջ, եկէք, հարցադրումը նետենք կալւած առ կալւած, առանց յաւակնելու, որ պիտի ըլլանք համապարփակ եւ սպառիչ:

***

Փորձենք ըլլալ ըստ կարելւոյն առարկայական, չմնալ այս կամ այն հոսանքին եւ քարոզչական մեքենային ազդեցութեան տակ (հոն կան յարգելիներն ու ցնդաբանողները), այլ, կրկնւող հարցումին պատասխաններ որոնենք՝ պահ մը, մի՛այն պահ մը մոռնալով իշխանաւո՛րն ալ, ընդիմադի՛րն ալ: Որդեգրենք այն դիրքը, որ մարդս կունենայ հայելիի մը դիմաց նստելով եւ միայն ու միայն իր տեսածը եւ փաստացի լսածը աչքի առջեւ ունենալով: (Կրկնենք, որ մեր հայեցակէտը, տեսողութեան դաշտը պիտի ընենք յետահայեաց եւ դէպի ապագայ նայելով): Նոյն հայելին մեր դիմաց պահենք նաեւ Արցախի հարցին մասին ինքնաքննարկումէն ետք ալ, հայրենիքն ու հայ կեանքը յուզող միւս տագնապներուն դիտարկման պահուն:

Ուրեմն, սկսինք մեզ յուզող ամենէն ցաւոտ հարցէն՝ Արցախէն:

ԱՐՑԱԽի հարցը, 1988-էն ասդին (պահ մը մէկդի ձգենք նաեւ նախընթաց տասնամեակները, 1920-ականներէն մինչեւ 60-ականներ), կտրած է բազմաթիւ հանգրւաններ, կերտած է ԴՐԱԿԱՆ բազմաթիւ փուլեր: Մինչեւ 2020-ի անկիւնադարձը, զինւորական-ապահովութեան ու դիւանագիտական գետիններու վրայ, ձեռք բերած ենք բազում իրագործումներ: Ճի՛շտ է, անոնք չեն հասած Արցախի անկախացման եւ Հայաստանի վերամիացման (եւ սա անկասկած որ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ գերնպատակներէն մէկն էր), սակայն ձեռքբերումները անտեսելի չէին՝ հակառակ բոլոր թերիներուն, եւ արձանագրւած են իբրեւ պատմական փաստեր:

Յետոյ եկաւ յիշեալ անկիւնադարձը եւ քանի մը ամսւան մէջ, մեր յաղթական բանակը տարւեցաւ ահաւոր պարտութեան ու կոտորածի: Սա փաստ է եւ հոն անհասկնալի բան չկայ, պէտք չէ՛ ըլլայ: «Թաւշեայ» իշխանութիւնն անգամ որոշ գիծերու մէջ սկզբնապէս շարունակեց անցեալ տասնամեակներէն իրեն փոխանցւած ՀԱՅԿԱԿԱՆ ժառանգութեան կրողն ու պահապանը ըլլալու դերը, սակայն շուտով դիմափոխւեցաւ, կրնանք ըսել՝ դիմակը վար առաւ եւ բացայայտ դարձաւ, որ իր պետով ու լծակիցներով թուրք-ազերիական ծրագիրներու կամակատար-գործադրողն է եղեր, դարձաւ հալած իւղ՝ մտնելու համար դուրսերէն՝ թշնամիներէն ու անոնց գործակիցներէն հրամցւած կաղապարներուն մէջ:

Եթէ այս իրականութիւնը հասկնալի չէ կամ տակաւին երկմտողներ կան, կը բաւէ աչքի առջեւ բերել պարզ իրականութիւններ (եւ այս իրականութիւնները ընդիմադիրներուն յերիւրանքները չեն): Նախ՝ նոյնինքն 44-օրեայ պատերազմին տանող քաղաքական-զինւորական կեցւածքները, սկսելով «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»-էն մինչեւ «Յաղթելու ենք»-ները, իսկ կարճ ատեն ետք՝ «Արցախը Ադրբեջանի կը պատկանի» ազերիական «տեսութեան» որդեգրումն ու իրականացման հող պատրաստող կեցւածքները, գետնի վրայ առնւած քայլերը, որոնք հասցուցին պատմական հռչակագիրի մը ստորագրումին, եւ եւրոպացի ազդեցիկ պաշտօնատարի մը կողմէ այն հաստատումին, որ այս իշխանութեան պետն է որ առաջին անգամ ըլլալով Արցախը ճանչցաւ իբրեւ ազերիական հող (որո՞ւ հոգը, թէ սա ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ դրժումն ու ժխումն է): Իսկապէ՛ս, դժւա՞ր է հասկնալ եւ յիշել, թէ Արցախը ո՛չ հեռաւոր ու մօտիկ անցեալին, ո՛չ ալ երէկ ու այսօր Ադրբեջանի չէ պատկանած: Դժւա՞ր է յիշել, որ Արցախի մնացեալ քառորդ տարածքին պաշարումէն շա՜տ առաջ էր որ իշխանաւորը փաստաթուղթ ստորագրեց ու Արցախը գործնապէս նւիրեց Ադրբեջանին, որ անկէ ետք, նախ պաշարեց լքւած բեկորը, զայն հեղձամահ ըրաւ մօտաւորապէս 10 ամիս եւ ի վերջոյ, փաշինեանական ստորագրութեամբ «նւիրականացած» իր իրաւունքին վստահելով՝ «ներքին հարց կը լուծեմ» յոխորտանքով կուլ տւաւ մնացեալ բաժինը, բռնի գաղթի հանեց շուրջ 120 հազար հայորդի, որոնք ի դէպ Արցախէն բռնագաղթւածներուն ընդհանուր թիւը հասցուցին աւելի քան 150 հազարի:

Արցախի վերջին նախագահին՝ «Արցախի լուծարքը» յայտարարող ծանօթ գիրը միայն անխուսափելի դարձած ստորակէտ մըն էր այս հոլովոյթին մէջ: (Միջանկեալ շեշտենք կարեւոր կէտ մը. Արցախէն բռնագաղթւածներուն թիւը շուրջ 150 հազար է. 2020-ին բռնագաղթւած շուրջ 100 հազարէն Հայաստան մնացած էին մօտաւորապէս 30 հազար: Առաջին բռնագաղթւածները պէտք չէ դուրս ձգել հաշւեցոյցէն, մինչդեռ վերջին աւելի քան մէկ տարին, բոլորն ալ յանկերգի վերածած են 120 հազարի մասը: Իսկ եթէ փակագիծը բանանք, մոռացութենէ դուրս կու գան բազմահարիւր-հազարաւոր հայեր, որոնք Արցախեան Շարժումի պայթումէն ետք բռնագաղթւեցան Բաքւի ցեղասպանական եւ հայատեացութեան վարքագիծին հետեւանքով): Եւ յանկարծ, քարոզչամեքենան գործի լծւեցաւ եւ փորձեց դաւաճանի եւ Արցախը յանձնողի պիտակ փակցնել Ստեփանակերտի պատնէշները վերջին պաշտպանողներուն, մէկ կողմէ քողարկելու ազերիներուն իրե՛նց իսկ լծակցութիւնը եւ միւս կողմէ… վստահելով մարդոց կարճ յիշողութեան վրայ (յիշողութիւն՝ որ յարատեւ բթացումի, հետեւաբար նաեւ իրականութիւնները տեսնելու դժւարութեան կը մատնւի ահա՝ կործանարարներու քարոզչութեան հետեւանքով):

Արցախի ողբերգութեան մէկ այլ «անհասկնալի» երեսն ալ այն է, որ բռնագաղթւածները կը դիտւին իբրեւ «արտերկրային» արարածներ, Հայաստանի իշխանութիւնները զանոնք դուրս ձգած են Հայաստանի քաղաքացի ըլլալու իրաւունքէն (կարգ մը օտարներ եւ այլ երկրացիներ աւելի՛ յարգանք եւ հոգածութիւն կը վայելեն, քան արցախցիք, եւ խօսքը միայն ապրուստի պայմաններու մասին չէ, այլ քաղաքական իրաւունքներու): Դժւա՞ր է հասկնալ, որ նման ընթացքով, Երեւանի վարիչները գործնապէս կը կրկնեն այն՝ ինչ որ Ալիեւ եւ իր հովանաւորները կը շեփորեն, թէ՝ արցախցիք Ադրբեջանի հպատակ են, պէտք է իրենց հարցերը լուծեն Բաքւի հետ քննարկումներու ճամբով: Հապա՞ գերի տարւած եւ ցայսօր պատանդ մնացող քաղաքական եւ զինւորական պատասխանատուները, որոնք խամաճիկ դատարաններու ձեռքը խաղալիք դարձած են (հոն ալ խաղ մը կայ. երբ Արցախը կար, լուծամն ընտրանքներու դիմաց Բաքու մի՛շտ ալ պատ քաշած է, յետքայլ ըրած՝ իր տւած համաձայնութիւններէն, իսկ հիմա, երբ Արցախի մէջ հայ չէ մնացած, տարբեր դեր կը խաղայ….): Հոս ալ պէտք չէ դժւար ըլլայ տեսնելը, որ համաչափ գիղի մը վրայ, երեւանի իշխանութիւնները հալածանքի եւ բանտարկութեան կը մատնեն բոլոր անոնք, որոնք Հայաստանի՛ շահերը կը պաշտպանեն, կը դատապարտեն ՔՊ-ականներու դաւադիր լծակցութիւնը՝ Ադրբեջանի հետ:

Առանց այլ մանրամասնութիւններ յիշատակելու, արդեօք մեր տեսածներն ու լսածները բաւարար չե՞ն (առանց ընդդիմադիրներու միջնորդութեան), թէ Երեւանի իշխանաւորները ահաւասիկ աւելի քան 3 տարիէ ի վեր կը կրկնեն այն՝ ինչ որ կըսեն ազերիներն ու անոնց թուրք եղբայրները (անմիջապէս յիշեցնենք, որ Թուրքիա ալ ի՛ր ՀԱՍԿՆԱԼԻ խաղը կը խաղայ եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար, պայման դրած է որ Հայաստան ընդունի Ադրբեջանի ԲՈԼՈՐ պահանջները, լուծէ անոր հետ խնդիրները, որոնց վախճանական գումարը… Հայաստանի մեծ մասին, եթէ ոչ ամբողջութեան վերնալն է): Դժւա՞ր է տեսնել, որ ազերիական իւրաքանչիւր պահանջի դիմաց ետքայլ ընելէ ետք, Երեւանի իշխանաւորները նոր պահանջներու ցանկ մը կը դիմագրաւեն եւ… պատրաստակամութիւն ցոյց կու տան իրականացնելու այդ պահանջները, այսինքն՝ դարձած են ազերիական պահանջներու գործադիր ձեռքերը, ճամբայ հանած են զանոնք: Դժւա՞ր է տեսնել ու հասկնալ, թէ Բաքւէն ինչպիսի՜ սպառնալիքներ եւ հիմք չունեցող պահանջներ կը հասնին հանգրւան առ հանգրւան…

Արցախի գլխուն եկած պատուհասները (պէտք ունի՞նք այլ մանրամասնութիւններ յիշատակելու) եթէ որոշ չափով հասկնալի են յիշեալ ու նման իրականութիւններու վերաքաղով, նոյնքան ալ հասկնալի պէտք է ըլլան քաղաքական-դիւանագիտական երեսները: Ամենէն աղաղակող կէտերէն մէկը այն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, փոշիացնելով նախորդ տասնամեակներու դիւանագիտական գէշ-աղէկ յառաջդիմութիւնները, նորագոյն փուլին՝ տարւած են երկկողմանի «բանակցութիւններով» (դժւա՞ր է տեսնել, որ հոն բանակցութիւն չկայ, այլ մի՛շտ եւ մի՛շտ ազերիական պահանջներու դիմաց ընկրկում ու նահանջ, տա՛լ-տա՛լ-տա՛լ): Մօտաւորապէս 30 տարի, հարցին լուծման հետապնդումը կը կատարւէր ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ միջնորդներու, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներէն երեքին մասնակցութեամբ ու հովանաւորութեամբ: Դժւա՞ր է տեսնել, որ այդ բեմը քանդելով ու միայն Ադրբեջանի հետ սեղան նստելով (իսկ Ադրբեջանի հայաջինջ ու հայաստանաջինջ ծրագիրները ամէն օր նոր արտայայտութիւն եւ յիշեցում կը գտնեն), Երեւանի իշխանաւորները իրենք զիրենք եւ Հայաստանը, անոնց ճամբով նաեւ մեր ազգը մատնած են կապւած տոտիկներով գառնուկի մը դրութեան, գառնուկ մը՝ որ մսավաճառէն խղճմտանք կերազէ…

ԱԶԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ «վերադարձի գիւտը» Արցախի հարցին մէկ այլ երկարաձգումն է, ինչպէս որ նման երկարաձգումներ են Հայաստանէն հողերու ազերիական պահանջներն ու անոնց իրականացման գործադրութիւնը, յաջորդ ծրագիրները: Արցախը մաս առ մաս խլելու եւ «30 տարւան գրաւման դիմաց 150 միլիառ դոլարի վնասուց հատուցում պահանջելու» առընթեր՝ Ադրբեջան շատո՜նց գործադրութեան դրած է Հայաստանն ալ պատառ-պատառ կլանելու իր ծրագիրը (այդ մասին՝ աւելի ուշ), սակայն մինչ այդ, լծւած է հայաթափւած Արցախը ազերիներով բնակեցնելու ծրագիրին իրականացման, վրան գումարելով 300 հազար ազերիներ Հայաստան «վերադարձնելու» իր պահանջը: Այլ խօսքով, Հայաստանի այժմու բնակչութեան (լաւատես գնահատումով՝ 3 միլիոն) թիւը տասը առ հարիւրով աւելցնելու երազ մը, որուն հեռահաս նպատակներուն մասին ոեւէ խելամիտ հայ հասկնալու դժւարութիւն պէտք չէ ունենայ (եւ ինչպէ՞ս համակարծիք չըլլալ անոնց, որոնք նման հեռանկարի մը մէջ կը տեսնեն այսօրւան իշխանաւորներուն ի նպաստ քւէարկողներու թիւի զգալի աճ մը…):

Կարելի է երկար ցանկեր յիշել եւ յիշեցնել, որպէսզի հասկնալու դժւարութիւն ունեցողներ տեսնեն եւ հասկնան, թէ Երեւանի այսօրւան իշխանութիւնը ինչպէ՛ս ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԸ իր ձեռքով եւ մասնավճարներով յանձնեց Ադրբեջանի (պահ մը ըսենք՝ որ եղածին կանխամտածւած ըլլալը տեսնելը կրնայ դժւար ըլլալ), զեռոյացուց անցեալի դժւար եւ արեան գնով ձեռք բերւած իրագործումները, հիմա ալ լծւած է իր կործանարար վարքը «նախկիններուն» ուսերուն նետելու մրցավազքի մը, որուն մէջ… առանձին է, մրցակից չունի, ո՛չ մէկ խելամիտ անձ տրամադիր է հետը վէճի նստելու, որովհետեւ… վիճելի հարց չկայ: Եւ իւրաքանչիւր հայ, որո՛ւն հանդէպ ալ համակրանք կամ հակակրանք ունենայ, չի կրնար անտեսել ճշմարտութիւնները, պէտք չէ դժւարութիւն ունենայ տեսնելու եւ ըմբռնելու դաժան իրականութիւնը, իշխանաւորներուն վնասարար եւ հայրենակործան ընթացքը, թուրք-ազերիին բանբերն ու ձեռքերը ըլլալու իրականութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի այլ «փունջերու»՝ պիտի մանրամասնենք յաջորդիւ:

 

Ի՞նչն է անհասկնալինԲ.

Նախորդ սիւնակով, փորձեցինք լուսարձակի տակ բերել Արցախի հարցին վերաբերեալ կարգ մը «անհասկնալի» թւացող իրականութիւններ, իբրեւ հետեւանք՝ սուտ տեղեկութիւններու եւ խեղաթիւրող քարոզչութեան: Բնականաբար կարելի էր բազում այլ իրականութիւններ, ՊԱՏՄԱԿԱՆ եւ փաստագրւած իրականութիւններ յիշատակել, սակայն բաւականացանք այդքանով եւ ըսել՝ «հասկցողին՝ շատ բարեւ»:

Հիմա, մեզ նոր տարի փոխադրող շոգեկառքին հետ հասնինք Հայաստան, եւ մի՛շտ նոյն հայելիին դիմաց առանձին նստելով, առանց իշխանաւորներու եւ այլոց միջամտութիւններուն՝ փորձենք քանի մը էական հարցում դնել մայր հայրենիքին պատահածներուն եւ անոր սպառնացող վտանգներուն մասին, մի՛շտ կրկնելով հարցումը. այս իրականութիւնները տեսնելն ու հետեւութիւններ հանելը արդեօք իսկապէս դժւա՞ր է որեւէ խելամիտ հայու, մինչեւ իսկ իշխանաւորներէն շահ ունեցողներու-ակնկալողներու համար, եթէ նմաններու մէջ կայ ազգ ու հայրենիքի տէր ըլլալու կաթիլ մը գիտակցութիւն:

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ կալւածը առաջնայինն է, ունի իր բաղադրիչները՝ բանակ, սահմաններու ապահովութիւն, ծայրամասերու պահպանում, ներքին կայունութիւն եւ այլն: Կանգ առնենք մէկ քանիին առջեւ:

44-օրեայ պատերազմը, դժւար չէ հասկնալ՝ որ ահաւոր հարւած տւաւ մեր բանակին (զոհ, վիրաւոր, զինապահեստի կորուստ…), սակայն անկէ ասդին, ո՛չ բանակի ֆիզիկական վերականգնումը (համալրում, զինւորական ծառայութեան պահանջւած դրութիւն, վերազինում եւ այլն), ո՛չ ալ զայն ամրապնդող՝ քաղաքական ենթահողը լաւ ընթացքի մէջ են: Այս տողերը չենք արձանագրէ՝ որոշ դրական քայլեր անտեսելու կամ արհամարհելու մօտեցումով (նոյնը՝ այլ գետիններու վրայ), սակայն պէտք չէ դժւարութիւն ունենալ, տեսնելու՝ որ մեր բանակը եւ ընդհանրապէս հայրենիքի պաշտպանութեան բազուկը չեն այն, որ էին Արցախեան Ազատամարտի առաջին փուլերէն սկսեալ եւ յաջորդող տասնամեակներուն, մինչեւ Ապրիլեան Պատերազմ, մինչե՛ւ իսկ Տաւուշի ճակատումները (44-օրեայ պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ): Բանակի զինումը դարձած է քարոզչութեան նիւթ, սահմանային դիրքերու ամրացումը՝ խնդրական եւ առաւելաբար նահանջողական, իսկ հոս-հոն արձանագրւած ցաւալի դէպքերը (զօրակայանի մը մէջ հրդեհը եւ քննութիւններուն ձգձգումը, անձնասպանութիւններ…), երիտասարդը բանակ ներգրաւելու դաստիարակիչ գործի բացակայութիւնը, բանակի դերին արժեզրկումը («Մեր տղաքը անիմաստ կերպով զոհւեցան»-ներ, հետեւաբար՝ «մեր տղան ինչո՞ւ պէտք է բանակ երթայ եւ անիմաստ կերպով զոհ երթայ»ի հոգեվիճակի տարածում, բանակային ծառայութենէ խուսափելու հնարքներու տարածում…) եւ նման իրականութիւններ ինքնաբերաբար բանակը կը դնեն այն ուղիին մէջ, որ… թրքահաճոյ է: Այս իրականութիւնները տեսնելով, դժւա՞ր է հասկնալ, թէ Ադրբեջան եւ Թուրքիա ինչո՛ւ Հայաստանէն կը պահանջեն զինաթափւիլ (երէկ պահանջեցին Արցախի զինաթափումը եւ իրենց նպատակին հասան Երեւանի իշխանաւոր հայանուններու ձեռքերով):

Դժւա՞ր է տեսնել, որ սահմաններու պաշտպանութիւնը բանակէն՝ սահմանապահներու փոխանցումով, հայրենքի հզօր բազուկին կը զլացւի իր ամենէն էական պարտականութիւնը: Դժւա՞ր է տեսնել, որ սահմանամերձ այս կամ այն հողամասը բազկի ուժով չպաշտպանելու «քաղաքականութիւն»-ը ինչպէ՜ս կը յարմարի թշնամիի՛ն պահանջներուն եւ ծրագիրներուն:

Եւ սա արդէն մեզ կը հասցնէ յարակից նիւթի մը՝ իշխանութեան ղեկին նստածներուն կողմէ հողերու մաս առ մաս զիջումին, Ադրբեջանի նւիրելուն, այդ գետնի վրայ եւս ազերիական (եւ թուրքական) ծրագիրներու գործակատարը դառնալու «հերոսութեան»: Փաստ է, որ եթէ Արցախի կորուստը (կամ Ադրբեջանին նւէր տալը) այս իշխանաւորներուն «ծառայասիրութեան» ցարդ ամենէն ցնցիչ արարքն էր, նոյն այս իշխանաւորներուն «սխրանքներուն» արտայայտութիւնները եղան Սեւ լիճի, Սիւնիքի (Գորիս-Կապան ճամբուն մէկ հատւածն ու սահմանային հողեր), Ջերմուկի բարձունքներուն եւ Տաւուշի ԱՆՎԻՃԵԼԻՕՐԷՆ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ տարածքներուն իրական եւ իրողական զիջումը (Հայելին պէտք է յիշեցնէ՝ «Կարժէ՞ անոնց համար պատերազմի մտնել…» յոխորտանքը):

Տաւուշի մէջ, հրապարակ նետւեցաւ նոր այլանդակութիւն մը՝ սահմանազատում եւ սահմանագծում անունով. եթէ միւս շրջաններուն մէջ կէս-բերան կըսեն, որ ազերիական բանակները գրաւած են Հայաստանի պատկանող հողեր, Տաւուշը «նոր դարաշրջան» մը բացաւ՝ զիջողականութեան վրայ պաշտօնական մը կնիք աւելցնելով: Սահմանազատման համաձայնագիրով է որ Հայաստանի պատկանող հողեր յանձնւեցան Ադրբեջանի: Եւ հիմա, դժւա՞ր է տեսնել եւ հասկնալ, որ Ադրբեջան նոյնինքն Հայաստանէն արդէն խլած է շուրջ 250 քառ. կլմ. տարածութիւն (լաւ հաշիւ գիտցողը թող ստուգէ, թէ սա քանի՞-պատիկն է Ապրիլեան պատերազմին՝ Արցախէն կորսւած շուրջ 400 հեքթար հողաշերտին), իսկ ռազմագէտներու եւ աշխարհագրագէտներու դատումով, ազերիական վերահսկողութիւն հաստատւած է Հայաստանի սահմանային աւելի քան հազար քառ. կլմ. տարածութեամբ հողերու վրայ, ըստ էութեան՝ ռազմագիտական-պաշտպանական նշանակութիւն ունեցող բարձունքներ:

Այնպէս կերեւի, որ այս բոլորը միայն սկիզբն են Հայաստանի երկունքներուն: Փասատօրէն, դժւա՞ր է տեսնել ու վերծանել յառաջիկայ ծրագիրները (մի՛շտ թուրք-ազերիական, եւ մի՛շտ Երեւանի իշխանաւորներու կամակատարութեամբ), սկսելով Տիգրանաշէնէն ու սահմանային այլ գիւղերէ (որոնց ազերիական անունները արդէն իսկ որդեգրած է իշխանապետը), մինչեւ ամբողջ Սիւնիքը: Դժւա՞ր է լսել ամէն օր Անկարայէն ու Բաքւէն – նաեւ անոնց շահակիցներէն – հնչող՝ «Զանգեզուրի միջանցք» եւ «Արեւմտեան Ադրբեջան» բառերը: Պահ մը մտծենք, որ Երեւանի իշխանաւորները ոգի ի բռին կը փորձեն լաւ ծրագիր մը՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» մը մատուցել աշխարհին: Իրական գետնի վրայ, աղաղակող են աննպաստ բացագանչութիւնները. Ադրբեջան «Արեւմտեան»-ով ի մտի չունի լոկ Սիւնիքը, այլ աչքերը սեւեռած է Հայաստանի ամբողջ (գէթ մեծագոյն) տարածքին: Եւ ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել եւ հասկնալ՝ մտացածին թիւով՝ 300 հազար ազերիներու Հայաստան «վերադարձ»-ի պահանջին նպատակը: Այդ պահանջին յետին նպատակը հասկնալը այնքան դժւար չէ, որքան այն կրաւորականութիւնն ու անտարբերութիւնը (թերեւս նաեւ լուռ հրճւանքը), որ կը ցուցաբերւի Երեւանի իշխանաւորներուն մօտ: Հակադարձութիւնները՝ բացարձակ մերժում եւ յերիւրանքներու հերքում չեն, այլ կարտայայտեն «Չեմ ուզեր, բայց գրպանս դիր»-ի տրամադրութիւն: Ո՛չ մէկ ազդու խօսք՝ արցախցիներու իրենց տունն ու պատմական հայրենիքը վերադառնալու, ինքնորոշման եւ նման իրաւունքներու մասին, մոռցւած են ադրբեջանական այլ շրջաններէ բռնագաղթւած հայերը (Բաքու, Սումկայիթ, Գանձակ եւ այլն):

Եթէ այս ու նման հարցումներով ինքզինք յուզող, մտածող եւ կշռադատող հայը սկսի ստոյգ պատասխաններ գտնել, արդէն ինքզինք լծած կըլլայ, առանց որեւէ մէկուն միջամտութեան կամ ազդեցութեան՝ ճշմարտութիւներուն ծալքերը անձա՛մբ բանալու առաքելութեան, այսինքն՝ կը բարելաւէ այս իշխանախումբին կործանարար քայլերը դժւարութեամբ տեսնելու կարողութիւնը: Երբեմն հայելիին դիմաց առանձին նստիլն ու իրականութիւնները տեսնելու ճիգ ընելը որքա՜ն օգտակար է…

Քանի կը խօսինք ապահովութեան դաշտին մասին, անաչառ դիտողը պէտք չէ դժւարութիւն ունենայ տեսնելու, որ ներքին ապահովութեան ուժերը ինչպիսի՛ դերակատարութեան բերւած են վերջին տարիներուն, միյան իշխանաւորներու իրողական թիկնապահը ըլլալլու դերին կողքին, դարձած են ցուցարարներ հետապնդող, ծեծող եւ անոնց վրայ ռումբ նետող ձեռքեր: Հապա նահատակներու ծնողներուն հանդէպ խժդուժ արարքնե՞րը.. Այս բոլորը տեսնելը եւ հասկնալը ի՞սկապէս դժւար է:

Այլ ծալքեր

Բանանք նաեւ քանի մը այլ ծալք եւ անոնց վրայէն անցնինք շատ աւելի հպանցիկ ակնարկով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆը, որուն անունով երդում կու տան իշխանաւորները, ամէն օր որ հազար ձեւով կը խողխողւի մեր հայրենիքին մէջ: Թւենք քանի մը աղաղակող փաստ:

Ոստիկանութիւնը, նշեցինք արդէն, դարձած է ընդդիմադիր եւ այլախոհ իրատեսներուն գլխուն «շողշողացող սուր»: Բողոքի ցոյցերու մասնակիցներ, մինչեւ իսկ նահատակներու ընտանիքները յաճախ կը կրեն այդ սուրին վէրքերը:

Տեղական ընտրութիւնները դարձած են ծաղր ու ծանակ: Եթէ ընդդիմադիր մը տեղ մը ընտրութիւն շահի, ասելի ու նորահնար խաղերով՝ իշխանախումբը չեղեալ կը հռչակէ արդիւնքը, ընտրեալը կրնայ մինչեւ իսկ երկար ատեն բանտ տարւիլ (նման «հոգածութիւն» կը վայելեն նաեւ ընդդիմադիր դէմքեր), յետոյ կը փաստւի, որ անոնք յանցանք չեն գործած, կրնան ազատ արձակւիլ կամ տնային կալանքի տակ առնւիլ, կը սարքւին ընտրութիւնները խեղաթիւրող (իբրեւ թէ արեւմուտքէն ներածւած) նոր ձեւեր, ու քաղաքապետ կը դառնայ իշխանախումբին համակիր-անդամ մը, որ շուտով կը ստանայ կուսակցական տոմս (ոմանք երանի՜ կու տան… համայնավարներու օրերուն):

«ՔՊ-ական ժողովրդավարութեան» օրինակներ են – եւ դժւար պէտք չէ ըլլալ սա տեսնել – խորհրդարանական (եւ յանձնաժողովներու) նիստերը, դատական համակարգի գործունէութիւնը (երբ դատաւոր մը իշխանաւորին աչքին անբաղձալի վճիռ արձակէ, կրնայ հեռացւիլ աթոռէն): Այս «ժողովրդավարութեան» պտուղները կը համտեսեն մինչեւ իսկ ՔՊ-ապետին հետ քալողները (շատեր արդէն հեռացած են եւ կոկորդ կը պատռեն, որպէսզի հասկնալու դժւարութիւն ունեցողները իրենց ուղեղները դուրս բերեն ՔՊ-ի լւացքի մեքենայէն), կուսակիցներ: Մոռցւած է, թէ ժողովրդավարութեան մէջ կայ իշխանութեան երեք թեւերու անջատման եւ փող-հակակշռումի հասկացութիւն մը. Հայաստանի իշխանութիւնը վերածւած է իրողական մենատիրութեան (բռնատիրութիւնը ծա՞նր որակում է…):

Նոյն «ժողովրդավարութեան» անունով, եւ իշխանախումբին ուղղակի հովանաւորութեամբ, հրապարակ կը բերւին շինծու ընդդիմադիր խմբակներ, որոնք ըստ էութեան՝ կը լծւին իշխանախումբին ի նպաստ քարոզչութեան, յուսալով, որ ապագային, իրենց ալ ուսապարկային դերեր բաշխւին խորհրդարանին մէջ կամ այլուր:

Ժողովրդավարութիւնը նոր դիմագիծ կը զգենու՝ դէպի Արեւմուտք վազելու եւ արեւմտեան ամենէն այլանդակ «բարեկարգումներ»-ը որդեգրելու քայլերուն ճամբով: Առանց երկար մանրամասնելու, հոս արձանագրենք, որ (եւ սա ժողովրդավարութեան հասկացութեան հետ ուղղակի կապ չունի, այլ դիւանագիտական կալւած կը մտնենք արդէն) այդ «արեւելումները» կը կատարւին ի վնաս բարեկամներու եւ դաշնակիցներու հետ կապերու ու գործակցութեան: (չմտնենք այս անունով «Եւրոպա պիտի մտնենք»ի կամ նման առաջադրանքներու մանրամասնութիւններուն մէջ: Միայն հարց տանք. ո՞վ դէմ է նման ընթացքի, եթէ բանականութիւնն ու հիմնաւորեալ ձեւերը ըլլան գերիշխող):

Այս ծիրին մէջ, պէտք չէ անտեսել չարաշահութեան եւ նման աճպարարութիւններու այլ փաստ մը, որ աղաղակող է: Իշխանութիւնը ինքզինք հռչակած է անառարկելի, միակ ճշմարիտը, «ընտրեալ մանտաթաւոր»-ը, խումբ՝ որ ուզածը կընէ, իրաւունք ունի ամէն բան ընելու, մինչեւ իսկ Արցախ եւ հայրենիք ծախելու, եւ իր քարոզչութեան թակարդին մէջ պատանդ առած է համակիրներ, չէզոքներ ու մինչեւ իսկ սփիւռքցի դժւար հասկցողներ: Մինչդեռ եթէ մեր աչքերը ուղղենք դէպի ժամանակակից աշխարհի մօտակայ ու հեռաւոր շրջաններ, դժւար չէ տեսնել, որ երէկ ընտրւած եւ ժողովուրդին վստահութիւնը շահած վարչախումբ մը, սխալ ու ձախաւեր կիրարկումներու հետեւանքով (Ֆրանսա, Գերմանիա, Բրիտանիա, Կորէա, Բանգլադէշ, Աֆրիկեան եւ հարաւ-ամերիկեան երկիրներ…) վստահութիւն կը կորսնցնէ, կը տապալի, իշխանութենէ կը հեռացւի, իշխանաւորներու դէմ մինչեւ իսկ մահապատիժ կը պահանջւի: Իսկ մեր միտքը խճողող օրինակներուն մէջ չկայ մէկը, որ հայրենիքէն հող նւիրած է թշնամիին…

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ըսւածն ալ «նորարարութիւններու» խաղալիք կը դառնայ, եւ որեւէ մէկը պէտք չէ դժւարութիւն ունենայ տեսնելու՝ որ Հայաստանի յարաբերութիւններն ու կապերը նոյնքան քանդւած են բարեկամին ու չէզոքին հետ, որքան միւս կալւածները: Իսկ եթէ Թուրքիոյ եւ Ադրբեջաի հետ բարեկամութիւն խաղալը դիւանագիտական նւաճում կը սեպւի, մնացեալը շա՜տ աւելի դիւրին հասկնալի պէտք է ըլլայ: Փաստօրէն, Հայաստան վանած է Մինսկի խումբը (որուն մօտալուտ լուծարքը «կաւետեն» աջէն ու ձախէն), իր իսկ հրաւէրով Հայաստան եկած եւրոպացի դէտերը (որոնց զբօսաշրջիկ եւ այլոց գործակատարը ըլլալը փաստւած է) եւս կրնան շուտով գահազուրկ ըլլալ եւ փոխարինւիլ… թուրք-ազերիներով, իբրեւ նախաքայլ՝ այլ թափանցումներու (ազերիներու Հայաստան «վերադարձի» ծրագիրներուն անդրադարձանգ արդէն): Իսկ թէ ինչո՞վ կը «լեցւի» իրերայաջորդ խզումներով ստեղծւած պարապութիւնը՝ տեսանելի չէ, իշխանաւորները հաւանաբար ի մտի ունին… օդը, որ տեսանելի չէ: Իսկապէ՛ս, դժւա՞ր է տեսնել, որ Արցախի նշաձողը իջեցնել-իջեցնելէ ետք, զայն այրել-փոշիացնելէ ետք («մենք զերոյական կէտէ կը սկսինք բանակցութիւնները…»), հիմա արդէն կարգը հասած է Հայաստանի նշաձողին, նշաձողերո՛ւն, որոնք պտոյտի ելած են սահմանագիծերէն մինչեւ ներքին տարածքներ, Երեւանի նշաձողն իսկ կրնայ մտնել կիսատ-պռատ նորոգւող ճամբաներու կուպրին տակ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ եւ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ եղծանումը առանձին կալւած է, եւ հոն ալ, ամէ՛ն բանէ աւելի՝ բարձր կը հնչեն Ադրբեջանէն եւ Թուրքիայէն եկած ազդարարութիւններուն արձագանգները: Բաւականանանք արագ թւումով: Պատմութեան նենգափոխումը կը կատարւի հայանուններու ձեռքով, նմանապէս՝ ազգային աւանդներուն ու հետեւաբար՝ գլխագիր Մշակոյթին աղաւաղումը, արմատախլումը յառաջ կընթանայ օր ցերեկով: Արարատը՝ Արագածին, Հայոց Պատմութիւնը՝ Հայաստանի պատմութեան շինծու «մրցակից» հանելը, Սահմանադրութեան ու Ազգային Քայլերգի (օրհներգ) վերախմբագրումի փորձերը մաս կը կազմեն թրքահաճոյ, այսինքն՝ Թուրքիոյ պարտադրած նահանջներուն: Անոնք մաս կը կազմեն Ալիեւի ցանկագրած պահանջներուն եւ նախապայմաններուն. Եթէ ասիկա չհասկցող կայ, Ալիեւը յանցաւոր չէ: Իսկ այդ պահանջներուն հրապարակումին զուգահեռ՝ ՔՊ-ականներու եւ անոնց պետին նոյնիմաստ ծրագիրներու հռչակումը՝ նմանապէս չի կարօտիր խոր իմացութեան. Հասկնալը շա՜տ դիւրին է: Այլանդակ դասագիրքերու որդեգրումը, ուսումնական ծրագիրներու մէջ հայագիտական նիւթերու իբրեւ թէ արդիականացոմը եւ մասամբ նորին՝ Հայաստանն ու Հայը կառաջնորդեն դէպի «նոր հ-ա-յ-ու» տիպարի մը, որմէ կարճ ատեն ետք կրնայ մնալ միայն… ա՜ բացագանչութիւնը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՎԻՃԱ՞Կ եւ յարակից հարցե՞ր: Արդէն հասանք ամենէն հասկնալի եւ ԶԳԱԼԻ կալւած, որովհետեւ պարզ քաղաքացին (բացի իշխանութեան հոգատարութիւնը վայելող եւ չարաշահութիւնը, փտածութիւնը նոր բարձունքներու հասցնող ընտրանիէ մը) ամէն օր կը տեսնէ, կը զգայ եւ կապրի տագնապին ահագնութիւնը: Երկրագործութեան եւ պտղամշակութեան կալւածները տարբեր տեսակի հարւածներ կրած են եւ «ձերբազատած»՝ պետական հոգածութենէ: Ապրուստի սղութիւնը դարձեալ լուսարձակի տակ եկաւ ամանորի շրջանին, փոխադրամիջոցներու սակագիներուն բարձրացումը, Երեւանի մէջ կանգառներու «առեղծւած»-ն ու ճամբաներու խճողումները եւ նման «պայթումներ» խլացուցին աւելի հին ու յարակից տագնապներ: Այսօր ո՞վ կը յիշէ առեւտրական կեդրոնի մը պայթումն ու զոհերը, քննութիւններուն անհետեւանք մնալը: Ո՞վ կը խօսի բնական աղէտի հետեւանքով վնասւածներուն մասին: Որո՞ւ հոգը, թէ զանգւածներ ապրուստի տարրական կարիքներու ճնշումին տակ են, իսկ անդին, իշխանախումբը եւ հովանաւորները բազմապիսի պերճանքներ կը վայելեն: Այս բոլորը բաց աչքերով տեսնողին՝ դժւա՞ր է հասկնալ, թէ այս խումբը… կը գերակատարէ համայնավար իշխանութիւններու տարիներու մենաշնորհներն ու պաշտօնական կողոպուտը, քաղաքացիէն բան մը աւելի՛ փրցնելու տենդը, պետական պարտքերը ուռճացնելու եւ անկէ մաս մը պարգեւավճարներու գանձնակը նետելու «տնտեսագիտութիւնը» (պետական պարքը անցած է 12 միլիարդ դոլարի սահմանը, նոր պարտքեր պիտի կուտակւին շուտով): Ալ ի՜նչ խօսք՝ երկրի արտադրողականութեան, այլոց հետ առեւտուրի հսկայական նահանջին եւ ստեղծւած բացները «հարկ վճարող հերոս ժողովուրդ»-ին գրպանէն հանելու մրցավազքին մասին: Կարել ի շարունակել «Զո՞րն ասեմ, զո՞րն խոստովանիմ»-ով եւ օգտագործել իշխանապետին մէկ սիրած բառը. այս բոլորը… աննախընթաց են:

Մեր մատնանշած իրականութիւնները, երկիրը վնասներու եւ կորուստէ-կորուստ տանող վարչախումբին համբակութիւնները տեսնելը դժւա՞ր է. կը կարծենք թէ ո՛չ, այլ կը բաւէ, որ մէկը անկեղծ ըլլայ նա՛խ ինքն իրեն հետ, ինքզինք ազատագրէ սուտերու եւ կեղծիքներու ազդեցութիւններէն, առանց անպայման ընդդիմադիրերուն ըսածը լսելու՝ միայն ու միայն իր դատողութեան ու գիտելիքներուն վստահի եւ հայելիին դիմաց նստած՝ մտածէ, ապա գործի անցնի եւ տեսնէ ու հասկնայ շատ կարեւոր բան մը՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է կասեցնել անկումը, լծւիլ բարեշրջման ԳՈՐԾԻՆ, մանաւանդ տեսնել, որ տօնածառի լոյսերէն անդին, ինչպիսի՜ մթագնած բաւիղներ լուսաւորութեան կը սպասեն:

 

Ի՞նչն է անհասկնալինԳ.

Նախորդ երկու բաժիններով, հպանցիկ եւ ոչ ամբողջական պատկեր մը գծեցինք, փորձ մը եւս ըրինք իրականութիւնը չտեսնող, չհասկցող եւ ընդունիլ դժկամող հայերուն ցոյց տալու, որ մեր հայրենիքին ունեցած կորուստները անհատնում են եւ անհորիզոն, իսկ գլխաւոր պատասխանատուն ներկայի իշխանական խմբաւորումն է:

Չունինք այն մտածումը, թէ մեր հասցէագրած զանգւածը բթամիտներու, հասկնալու կարողութենէ զուրկ ամբոխ մըն է: Մեր մօտիկ եւ քիչ մը աւելի հեռաւոր անցեալի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հայը ԴԱԺԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ եւ ահաւոր թերիները տեսած եւ հասկցած է թէ՛ Օսմանեան ու Ցարական կայսրութիւններուն, եւ թէ՛ խորհրդային բռնատիրական եւ չարաշահութիւններով հարուստ փուլերուն, ծառացած է ու արդարատենչ պայքար մղած անոնց դէմ: Բռնատէրն ու չարաշահը չեն զատորոշւած իրենց ազգային-քաղաքական պատկանելիութեան հիմամբ, այլ բազմաթիւ հայ համայնավարներ (մասնաւորաբար խորհրդայնացման փուլի առաջին սերունդը) ՏԵՍՆՒԱԾ ԵՆ որ նոյնքան վնասարար էին, որքան օսմանցին ու ցարականը: Այդ փուլերուն, բռնատէրներուն դէմ ազատագրական եւ իրաւունքի դրօշ բարձրացնողները վայելած են մեր ժողովուրդի յարգանքը, մինչեւ իսկ պաշտամունքի առարկայ եղած են: Նոյն ատեն, չենք կրնար մոռնալ, որ ապազգային եւ ապազգայնացնո՛ղ համայնավարներ իրենց օրերուն համակիրներ ունեցած են, առաւելաբար՝ միահեծան քարոզչութեան ազդեցութեամբ, սակայն նաեւ օրւան դրութենէն շահ ապահովելու տրամադրութեամբ: Փակագծային մօտեցումով կարժէ հոս արձանագրել այն, որ երբ ԱԶԳԱՅԻՆ կուսակցութիւններն ու ազգայնական մտածողութիւնը համայնավարներու սկզբնական տարիներուն հաւասարապէս հալածանքի եւ քննադատութեան ենթակայ էին «կարմիր» Երեւանի (եւ զայն հովանաւորողներուն) կողմէ, անիկա ստեղծեց ազգայնական պայքարի բեմ, բնականաբար՝ Սփիւռքի մէջ: Եւ նոյն՝ համայնավարական քարոզչութեան հետեւանքով, ատեն մը ետք այդ բեմին վրայ Դաշնակցութիւնը մնաց գրեթէ առանձին, դարձաւ քննադատութեան գլխաւոր թիրախը (չմտնենք այլ մանրամասնութիւններու մէջ), ինչպէս որ կը պատահի… այսօր. եւ Դաշնակցութիւնը մխիթարւելու պատճառ չունի, երբ կը տեսնէ, որ այսօրւան բեմին վրայ առանձին չէ, հոն են նա՛եւ, ընդդիմադիր այլ կուսակցութեանց եւ խմբաւորումներու կողքին՝ նահատակներու ծնողները, ընտանիքները, Արցախէն բռնի հեռացւածներն ու իրողապէս թողլքւածները…

Յամենայնդէպս, անցեալի փուլերը իրարու հետ բաղդատելը ճիշտ չէ, թէեւ բաղդատելը կրնայ օգտակար ըլլալ, այն իմաստով, որ պիտի օգնէ ներկայի ստապատիր քարոզչութեան ստեղծած եւ տեսողութիւն մթագնող աչքաթաղանդը պատռելու (մեր կեանքին մէջ տակաւին կան բթացեալներ եւ իշխանաւորներուն քարոզչութեան ուռկանին մէջ ԿԱՄՈՎԻՆ բռնւածներ, որոնք կը հաւատան, որ օրինակի համար՝ երկիրը տնտեսական յառաջդիմութիւն կապրի, լաւ պաշտպանւած է, ամէն բան լաւ է, կը ձայնակցին իշխանաւորներու բոլոր սուտերուն տարածման, զանոնք կը բաշխեն արտերկրի օջախներուն):

Արագօրէն չենք ցատկեր յետվերանկախացման շրջանի բացթողումներուն եւ թերութիւններուն վրայէն, սակայն մեզի համար, ՀԱՍԿՑՈՂի՛ն համար, աւելի՛ կարեւոր են ներկան եւ յաջորդ փուլերը: Այս ճշմատրութեան գիտակցումը մեր ազգը ո՛չ միայն պիտի ազատագրէ անցեալին պատանդը մնալու եւ իշխանութեան կողմէ ԲՈԼՈՐ ՆԱԽԿԻՆՆԵՐԸ հաւասարապէս անընդունելի հռչակելու մոլուցքէն, ինքնանդամալուծումէն, այլեւ պիտի նպաստէ մեր դիմաց տարածւող հորիզոնին պայծառացման, որքան ալ որ այդ հորիզոնը մթագնած ըլլայ ներքին եւ արտաքին՝ մօտակայ եւ հեռակայ արհաւիրքներու մութ ամպերով:

***

Դրական է այն զարգացումը, որ իշխանականներու ենթահողը ըստ էութեան հսկայական մաշում կրած է, թէ՛ ժողովուրդին (մայրաքաղաք ու շրջաններ, առանց մոռնալու Սփիւռքը) եւ թէ քաղաքական շրջանակներու, ներառեալ՝ նոյնինքն ՔՊ-ական եւ ՔՊ-ամէտ ոլորտներու մէջ: Իշխանաւորներու ձախաւերութիւնները, դաւաճանութեան համազօր ընթացքը, պաշտօնի չարաշահումներն ու պետական միջոցներու մսխումները հիմա շատ աւելի տեսանելի են, իշխանաւորներուն հանդէպ վանողականութիւնը շատ աւելի խորացած է, քան, օրինակ, 44-օրեայ պատերազմին անմիջապէս յաջորդող փուլին: Եւ այս տեղաշարժին մէջ, ընդդիմադիրներու պայքարը՝ հրապարակային, խորհրդարանական թէ քաղակական գետիններու վրայ, մեծ դեր ունեցաւ: Հոս ալ անհասկնալի եւ արհամարհելի բան չկայ:

Վանողականութեան խորացման մէջ, կրկնենք, կարեւոր դեր ունեցան նոյնինքն այն ՔՊ-ականները, որոնց անհանդուրժելի վարմունքը աւելի՛ ու անվիճելիօրէն բարձր կը հնչէ, հասած է այն աստիճանին, որ նոյնինքն ՔՊ-ականներ կը բացայայտեն խաղքութիւնները եւ կը հեռանան խմբակէն (անոնց ուսապարկին մէջ կուտակւած յանցանքները չեն մոռցւիր, արհամարհելի չեն նաեւ նեղ շահերու հաշւարկները): Չմոռնանք (եւ հասկնանք), որ անցեալ տարիներուն, բազմաթիւ «քալող»ներ արդարօրէն եւ ճակատաբաց լքեցին քայլարշաւը, միացան ընդդիմադիրներու շարքերուն: Անոնցմէ շատեր շահու ակնկալութեամբ չէին միացած «քալող»ներուն, այլ հիմնականին մէջ դժգոհ էին «նախկիններէն», յետոյ, անոնք նո՛յն ոգիով, այսինքն՝ առանց շահու ակնկալութեան միացան ընդդիմադիրներուն եւ բարձրաձայնեցին իշխանականներուն սխալ ընթացքը, դաւաճանական քայլերը: Պատճա՞ռը. անոնք տեսան սխալները, դաժան իրականութիւնը, հասկցան, որ… հասկնալը դժւար չէ եղեր:

***

Քանի հասանք ընդդիմադիրներու պայքարին եւ անոնց դերակատարութեան, պէտք է ընդունինք, որ հոս ալ կայ «անհասկնալի» բան մը, այն՝ որ բազմահանգրւան եւ արդար բողոքները, ալիք-ալիք բարձրանալէ ետք, չհասան (այսօր ալ կը թւին ետ մնացած ըլլալ) բաղձալի արդիւնքին:
Այս՝ տեսակ մը տեղքայլը կամ մինչեւ իսկ որոշ յառաջընթացէ ետք յետքայլերը ունին տրամաբանական բացատրութիւններ, ՀԱՍԿՆԱԼԻ պատճառներ: Կայ քարոզչութեան դաշտին մէջ իշխանականներու անհամեմատ առաւելութիւնը, որ կը հասնի մենաշնորհի (ընդդիմադիրներու տեղեկատւական գործիքները բաղդատաբար սահմանափակւած են), կայ այդ քարոզչութեան ազդեցութեան տակ՝ ընդդիմադիրներո՛ւն հակադրւողներու, բոլորը «նախկին» սեպելով՝ անոնց շուրջ չբոլորուելու «ախտ»ը, կայ նաեւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՈՒՄ-ի ճամբուն վրայ բաւարար յառաջընթացի պակասը (նախկին սիւնակներուն մէջ անդրադարձանք այս վիճակին եւ անտարբերներու, կրաւորական կանգնողներու իրականութեան): Ասոնք անմիջական եւ բացորոշ ազդակներ են: Սակայն կան բազմաթիւ այլ գործօններ, որոնք չեն նպաստեր հայրենքի փրկութեան միտող շարժումներուն, պատճառ կըլլան անոնց ստեղծած ալիքներուն յումպէտս վատնումին: Թւենք մէկ քանին, մի՛շտ կրկնելով Ի՞ՆՉՆ Է ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻՆ, մասնաւորաբար՝ ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ:

– Ընդդիմադիրներու միջեւ միացեալ ճակատի մը ամրացման ուշացումը: Անցեալ տարիներուն, մէկէ աւելի հանգրւաններ ցոյց տւին, որ շարժումը հասունցած է, իշխանափոխութեան ձգտողները, մէկդի դրած մասնակի հաշիւները, հեռու կանգնելով «ես պէտք է իշխեմ»-ի մրցավազքէն, քաղաքական շատ աւելի հասուն վիճակ ստեղծեցին, սակայն բաղձալին չիրականացաւ: Բոլորն ալ գիտեն, կը խոստովանին ու ճակատաբաց կը յայտարարեն, որ մէկ կամ միւս կուսակցութիւնը, համախմբումը (խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական) առանձինն անկարող է յանձն առնելու երկրին ղեկը, բոլորն ալ նոյն լեզուն կը խօսին՝ երբ կը ձաղկեն իշխանականներուն ձախաւերութիւններն ու թշնամիին ծրագիրներուն գործակատարը դարձած ըլլալու ընթացքը, սակայն էական հանելուկը կը մնայ անլոյծ, կարծէք թէ «Քորդեան հանգոյց»-էն ա՛լ աւելի բարդ ու անբեկանելի հանգոյց մը դրւած է բոլորին առջեւ: Մերթ ընդ մերթ, այս կամ այն ընդդիմադիր ներկայացուցիչ, իշխանութիւններուն դէմ ճակատակիցներու համահունչ քննադատութիւններով ու դատապարտանքներով հրապարակ գալով հանդերձ՝ չի մոռնար իրեն նման մտածող ու դիրքաւորւած այլ ընդդիմադիրներուն ուղղութեամբ մանր նետեր արձակել: Այս վիճակը յայտնի կըլլայ, երբ ոմանք կը սկսին խօսիլ ուրիշները առնւազն անտեսելու ոճով (ձեւով մը անցեալի սեփական ուղղութիւնը արդարացնելու, ճիշտ ըլլալը փաստելու եւ պաշտպանելու ճամբով): Չեն անդրադառնար (արդեօ՞ք), որ նման՝ թերեւս ակամայ դրսեւորումներ հանրութեան կողմէ կընկալւին սխալ մեկնաբանութեամբ, եւ մարդիկ կըսեն. «Ասոնք իրար չեն հասկնար, մէկզմէկու ձեռքը բաւարար ամրութեամբ կամ անկեղծութեամբ չեն բռներ», եւ սա բնականաբար ջուր կը լեցնէ իշխանականներու ջաղացքին: Չենք ուզեր օրինակներ արձանագրել, սակայն հայրենի զանգւածային մամուլին մէջ յաճախ տեսանելի են լիակատար համերաշխութեան տկարութիւնները:

– Ընդդիմադիրներու բաց բեմին եւ կուլիսներուն մէջ, ուշացում, դանդաղում կապրի այլ հրամայականի մը մարմնաւորումը. սա բազմիցս կրկնւած է գրեթէ բոլորին կողմէ («բոլորին»ը չընդգրկեր իշխանութեան համակիր-իշխանամէտ… շինծու ընդդիմադիրները): Այդ ալ, իշխանափոխութեան հրամայականին շուրջ համախոհութիւնն է, ՕՐԷՆՔԻ ՃԱՄԲՈՎ եւ առանց բրտութեան իշխանափոխութիւն բերող՝ ամբողջական եւ միացեալ ԾՐԱԳԻՐ-ի մը, «ճամբու քարտէզ»-ի մը բիւրեղացումը: Նախորդ կէտին մէջ ակնարկեցինք մասնակի հաշիւներէ հրաժարելու հրամայականին, շատերու այս իմաստով յայտարարութիւններուն (որոնց անկեղծութեան կասկածելու պատճառ չունինք): Նման համապարփակ եւ հեռահաս ծրագիր կարելի է կազմել շատ կարճ ժամանակի մէջ եւ դարձնել հանրութեան սեփականութիւնը: Հայաստան ունի երկրի մը կեանքը դասաւորող եւ մարզերուն բնական գործունէութիւնը երաշխաւորող մասնագէտներու բանակ մը: Ունինք պաշտպանութեան, ապահովութեան, դիւանագիտութեան, տնտեսութեան (իր բոլոր ենթամարզերով՝ առեւտուր, ճարտարարւեստ-արդիւնաբերութիւն, երկրագործութիւն, մինչեւ իսկ զբօսաշրջութիւն), ընկերային հարցերու, մէկ խօսքով՝ երկրին սիւները հանդիսացող յենարաններուն հմուտ եւ փորձառու մասնագէտներ, որոնց պարտականութիւն պէտք է վստահիլ ո՛չ միայն ԲՈԼՈՐԻՆ ԳՈՐԾԱԿՈՒԹԵԱՄԲ նման «ճամբու քարտէզ»ի մը պատրասութեան իմաստով, այլ զանոնք եւ նմաններ ներգրաւել երկրի կառավարման վարչակազմերուն մէջ, կենտրոնական եւ մարզային մակարդակներով: Եւ որքա՜ն ընդարձակ են այդ մարզերը, եւ որքա՜ն ձեռքերու կը կարօտին անոնց վերականգնումն ու բնական վիճակի վերադարձը, նոր յառաջդիմութեան, իսկակա՛ն յաջադիմութեան իրականացումը: Իսկ ո՞վ կըսէ, որ այս ու այլ աշխատանքներու մէջ, Սփիւռքը պէտք է նկատել դիտողի-հետեւողի դերով, ինչո՞ւ չվերականգնել Հայաստան-Սփիւռք տկարացած կամուրջները («Ի՞նչն է անհասկնալին»ի շարքին, կանգ չառին Սփիւռքի հետ մայր հայրենիքի կամուրջներուն հասած վնասներուն, իբրեւ հետեւանք՝ այժմու իշխանաւորներու շահատակութիւններուն, շահատակութիւն՝ որ ուղղակի կը յիշեցնէ համայնավարներու վարքագիծը, երբ ոմանք կը յորջորջւէին «հայաստանասէր», իսկ ուրիշներ…: Յետոյ, յայտնի եղաւ իսկական հայաստանասէրն ու սնանկութեան մատնւեցաւ սխալին քարոզչութիւնը, ՆԱԽԱՊԷՍ «ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ»Ն ԴԱՐՁԱՒ ՀԱՍԿՆԱԼԻ, ինքնասրբագրում տեղի ունեցաւ):

– Ժողովուրդին մէջ ի բնէ առաջնորդողի դեր ունեցողներու լռութիւնը կամ կրաւորականութիւնը (նաեւ իշխանութեան հաճելի ըլլալու վարքագիծը, ինչպէս կըլլար… համայնավար իշխանութիւններու օրերուն): Մտաւորականներու, արւեստագէտներու (երգիչ, նկարիչ, գրող եւ այլն) եւ մասնագիտական տարբեր ասպարէզներու մէջ գործողներ կան, որոնք իրենց գիտելիքներուն եւ հայրենասիրութեան ցոլացումը կը բերեն հրապարակ, արդարօրէն կը ձայնակցին ընդդիմադիրներուն, ճիշտ կը գտնեն իշխանափոխութիւնը՝ թշնամիին ծառայողներուն հեռացումն ու հաշւետւութիւնը: Սակայն այս ալիքը մասնակի է, բաւարար հզօրանք չունի: Եթէ միայն յիշատակենք, որ Արցախեան շարժումի սկզբնաւորման փուլին, մեր սերուցքը (չթւենք անւանի դէմքերը, որոնց շարքին էին գիտնական ու բանաստեղծ, քաղաքական գործիչ եւ այլք) ինչպիսի՛ միասնականութիւն ցուցաբերեցին եւ դէմ դրին ամենահզօ՜ր խորհրդային իշխանութիւններուն, աչք առին բանտարկւիլ բայց չկոտրւեցան, չքծնեցան. այս քանի մը բառով՝ արդէն բաւարար բան ըսած կըլլանք այսօրւաններէն մեր արդար սպասումին մասին:

***

… Ատեն մը առաջ, բարեկամի մը հետ զրոյցի մը պահուն, անկէ լսեցի հետեւեալը. «Այս ընդդիմադիրները կարծես թէ աւրւած ձայնապնակի վերածւած են, մի՛շտ նոյն քննադատութիւնները կը կրկնեն, ա՛լ ձանձրացանք: Պէտք է նոր բան ըսեն, որպէսզի ժողովուրդը քալէ իրենց կողքին»: Իմ կարգիս իրեն հարց տւի, թէ ինչո՞ւ կրկնութիւն կը տեսնէ ընդդիմադիրներուն բողոքի եւ դատապարտումի արտայայտութիւններուն մէջ, երբ անոնց արդար քննարկումներն ու քննադատութիւնները, դատապարտանքի խօսքերն ու կրկնւող, բազմապատկւող սխալներուն բացայայտումը տեղ չեն հասնիր, հանրութեան լայն խաւերուն կողմէ չեն որդեգրւիր: Եթէ իշխանաւորները ամէն օր նորութիւն մը ունին ձախաւերութեան եւ հայրենիքին ու ազգին հասցուցած վնասներու ճամբուն, ուրեմն ընդդիմադիրները ի՞նչ պէտք է ընեն, որպէսզի քայլ պահեն այդ նորութիւններուն հետ, բացի անկէ, որ ամէն օր ժողովուրդին իմացութիւնը մրճահարեն՝ ցոյց տալու, ՀԱՍԿՆԱԼԻ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ իշխանաւորներու վնասարար ընթացքը:

Հիմա արեւու լոյսի չափ յստակ է, անամպ երկինքի մէջ փայլող արեւո՛ւ պէս յստակ, որ ՔՊ-ական իշխանութիւնը ինքզինք մատնած է անկարողութեան (կայ նաեւ թշնամիին գործակալ ըլլալն ու անկէ շահ ապահովելը), հետեւաբար, ընդդիմադիրներուն եւ ամբո՛ղջ ազգին կը մնայ ձեռք առնել փրկութեան ղեկը: Ընդդիմադիրներուն առաքելութիւնը այս իմաստով կրկնակիօրէն ծանր է, սակայն անխուսափելի: Անոր կը մնայ ո՛չ միայն անյապաղ վերջնականացնել փրկարար «ճամբու քարտէզ» մը, այլ նաեւ անոր շուրջ հաւաքել բոլոր քաղաքական միաւորներուն, բայց մանաւանդ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ տրամադիր զանգւածներուն, գիտակից եւ իսկապէս քաղաքականացած ժողովուրդին ձեռքերը, ո՛ւր որ ալ գտնւին անոնք, հայրենի հողին վրայ թէ սփիւռքեան օջախներու մէջ: Սա դժւար առաքելութիւն է, սակայն անկարելի չէ: Եթէ անգամ մը եւս դիտենք մեր շուրջ-բոլորը, երբեք ալ դժւարութիւն պիտի չունենանք տեսնելու, որ հոս-հոն երէկ անկարելի կամ անհաւանական նկատւող վիճակներ փոփոխութեան կենթարկւին կարճ ժամանակի մէջ (թէեւ անոնցմէ մաս մը՝ դէպի վատը տանելով): Կը բաւէ, որ մարդիկ միացնեն ձեռքերը, առաւելաբար վստահին սեփական բազկին (ուժ եւ դիւանագիտութիւն), գործեն ծրագրւած եւ հեռատես, շրջահայեաց մօտեցումով:

Related Articles

Back to top button