Դաշնակցական Բեմ

Քիմըլ յաղթանակ, Միքայէլ արք. պարտեա՞լ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ամերիկացի կատակաբան Ջիմի Քիմըլ երեքշաբթի, 23 սեպտեմբերի երեկոյեան փոքր պաստառ վերադարձաւ, մօտաւորապէս շաբաթ մը տեւած պարտադիր լռութենէ ետք: Քիմըլ մէկն է այն կատակաբաններէն, որոնք ամերիկեան տարբեր քաղաքներու պատկերասփիւռի կայաններէ ժողովուրդը կը զւարճացնեն մասնաւորաբար քաղաքական երգիծանքով, ամենասուր, երբեմն ալ չափ ու սահման չճանչցող նետարձակումներով «կը գնդակահարեն» պետական մարդիկ՝ ամերիկացի թէ այլ, ցոյց կու տան անոնց ապիկարութիւններն ու իրենց պաշտօնին անատակութիւնը: Անոնք նիւթ կը դարձնեն կեանքի տարբեր ծռութիւններ ալ, սակայն առաւելաբար ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ յղացքով:

Կատակաբանները իրենց գործը յառաջ կը տանին՝ հիմնւելով խօսքի ու կարծիքի ազատութեան այն սկզբունքներուն եւ իրաւունքին վրայ, որ Միացեալ Նահանգները – եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան ու ժողովրդավար այլ երկիրներ – յատկանշած են դարերէ ի վեր: Պետական մարդիկը խարանելու այս «աւանդութիւնը» պատկերասփիւռի աշխարհ մտած է տասնամեակներ առաջ, խծբծանքի ու դատապարտանքի թիրախ եղած են իրերայաջորդ նախագահներ, որոնք առհասարակ հանդուրժողութեամբ կամ գոնէ անտարբերութեամբ դիտած են այդ բոլորը, չեն վարանած հիւրընկալւելու զիրենք գետնէ-գետին զարնող կատակաբաններու յայտագիրներէն:

Միջանկեալ արձանագրենք, որ այս յատկութենէն զուրկ չեն փոքր եւ այլապէս ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ մեծ քայլեր չառած (ինչպէս կը վերագրւի անոնց) երկիրներ: Յիշատակենք գոնէ երկու օրինակ – եւ սա բաղդատականի մօտեցումով չենք ըներ, – մէկը Սիրիայէն, միւսը Լիբանանէն: Սիրիոյ մէջ, անցեալ դարու երկրորդ կէսերուն ծնունդ առաւ Դորիդ Լահհամ անունով հանճար մը, որ խումբ մը ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ գաղափարակիցներու եւ հանճարներու հետ գործակցաբար՝ ստեղծեց թատերական եւ շարժապատկերի անմահ գործեր, սկզբնական շրջանին յաճախ հալածանքի ենթարկւեցաւ խծբծանքի ենթարկւող իշխանաւորներու կողմէ, սակայն յետոյ… վայելեց անոնց համակրանքն ու զօրակցութիւնը, որքա՛ն ալ որ սուր ըլլային քննադատութիւնները: Լիբանանի մէջ ալ, գրեթէ նոյն տարիներուն, հրապարակ եկաւ Հասան Ալա-էդդին անունով հանճար մը, որ ճանչցւեցաւ Շուշու անունով. ան ալ կողքին ունէր հայրենասէր համախոհներու խումբ մը. մասնաւորաբար անոր թատրոնը շեշտակիօրէն քաղաքական քննադատութեան բեմ էր (պատկերասփիւռի յայտագիրները առաւելաբար զւարճաբանութիւն էին), ան ալ հալածանք կրեց իշխանութիւններէն (առիթով մը օրւան նախագահը իրաւա՛մբ որակած էր… թմբուկ), սակայն անոր արժէքը չխամրեցաւ: Դորիդ Լահհամ ապրող առասպել մըն է մինչեւ այսօր, իսկ Շուշուն կանուխ հրաժեշտ տւաւ կեանքին:

Փակենք փակագիծը եւ վերադառնանք ամերիկեան պատկերասփիւռի նշեալ աշխարհը:

Այս «աւանդութիւնը» ուժգին երկրաշարժի ենթարկւեցաւ վերջին ամիսներուն, երբ «կայսերական» Թրամփի մէջ վերականգնեցաւ (արդեօք երբեւիցէ մարա՞ծ էր) իր այն «դատողութիւնը», որ կը բանէր պատկերասփիւռային «Էփրենթիս» կոչւած իր յայտագիրին օրերուն (ատիկա Սպիտակ Տուն մուտքէն բաւական առաջ էր), ուր յաճախ խօսակիցին երեսին կը նետէր «You are fired» հրահանգը (Գործէ արձակւած ես): Ահա այդ «տրամաբանութեամբ» օժտւած Թրամփ մըն է որ վերադարձած է Սպիտակ Տուն, նոյնիմաստ հրահանգներ կարձակէ իր կամքին դէմ կանգողներու երեսին, մինչեւ իսկ եթէ գիտակ մարդիկ հաստատեն, որ իր ըսածը սխալ է, հիմ չունի, կամայական է: Նորագոյն վկայութիւնը եղաւ ցաւազրկող դեղի մը մասին իր «վճիռը»:

Սա կամ նա ոլորտի պատասխանատուներ ըստ կամս գործազրկելու «ձեռքը» վերջերս հասաւ Քիմըլի պէս կատակաբաններու, որոնք «զհաց մեզ հանապազորդ»ին հետեւելով, պատէ-պատ կը զարնեն զինք եւ իր համբակ, աշխատանքի տւեալ ոլորտին հետ կապ չունեցող նախարարներու եւ նշանակեալ պատասխանատուներու սխալները: Թրամփ անձամբ կրկէս մտաւ, վարկաբեկիչ արտայայտութիւններով թիրախաւորեց զինք ցեխը կոխող գրեթէ բոլոր կատակաբանները, որոնցմէ մէկը, մի՛շտ նախագահին ճնշումներուն հետեւանքով, անցեալ յուլիսի կէսերուն իմացաւ, թէ զինք հիւրընկալող պատկերասփիւռի ընկերութիւնը պիտի չվերանորոգէ իր պայմանագրութիւնը, որ կը սպառի 2026-ի մայիսին: Այդ որոշումը հսկայ աղմուկ բարձրացուց ո՛չ միայն մամուլի եւ քաղաքական շրջանակներու, այլ նաեւ ժողովրդային զանգւածին մէջ: «Արձագանքներէն» մէկը եղաւ այն, որ գործազրկութեան ենթակայ կատակաբանը արժանացաւ… «Էմի» մրցանակին, որ բարձրարժէք պարգեւ մըն է, ինչպէս՝ Օսկարը: Թրամփեան արշաւը աւելի՛ սաստկացաւ, եւ ահա, տասը օր առաջ, Քիմըլ մէկ օրւան մէջ զրկւեցաւ իր յայտագիրը վարելու իրաւունքէն: Պատճա՞ռը. որովհետեւ Քիմըլ (թրամփականներու ակնոցով), «անպատշաճ ակնարկութիւն ըրած էր հանրապետականներու ի նպաստ քարոզչութիւն վարող գործիչի մը սպանութեան մասին: Խորքին մէջ, կատակաբանին ակնարկութիւնը չունէր այն գոյնը՝ որ ներկայացւեցաւ զինք պաշտօնազրկողներուն կողմէ: Չմտնենք բաւական ծանօթ մանրամասնութիւններուն մէջ:

Կարծէք թէ սա եղաւ բաժակը յորդեցնող վերջին կաթիլը: Բողոքի ալիքը արագօրէն վերածւեցաւ ցունամիի: Պատկերասփիւռի տւեալ կայանն ու զայն հովանաւորող, նիւթապէս կառավարող ընկերութիւնները ամենախիստ քննադատութիւններու թիրախ դարձան: Ամենէն ազդու գործօնը եղաւ այն, որ մարդիկ դադրեցուցին այդ կայաններուն իրենց բաժանորդագրութիւնը (հը՜մ, մի՛շտ դրամի դերը…): Տեղի ունեցան նաեւ ծաւալուն ցոյցեր: Ի վերջոյ, վերահաս վնասներու սարսափով վարակւած ընկերութիւնները յետս կոչեցին որոշումը եւ Քիմըլ վերադարձաւ իր յայտագիրին, անոր վարկը աւելի՛ բարձրացաւ, հետեւողներուն թիւը կրնայ բազմապատկւիլ (քանի մը ամիսէ ի վեր 20 միլիոնը անցած է), հոգ չէ թէ պատկերասփռումը արգիլւած կը մնայ շարք մը քաղաքներու եւ նահանգներու մէջ:

Քիմըլի յաղթանակը բոլորին կողմէ ընկալւեցաւ իբրեւ ազատ խօսքի, տարրական իրաւունքի, բռնատիրութեան դէմ ժողովրդավարութեան յաղթանակ (յիշատակելու համար միայն գլխաւոր գիծերը): Թրամփ բացայայտ դարձուցած է որ պիտի չհրաժարի իր «դատէն», պիտի շարունակէ հալածել զինք ու իր սխալները քննադատողները:

Ի դէպ, աւելցնենք, որ կատակաբանին յաղթանակը Թրամփի եւ իր խմբակին կրած միայնակ նահանջը չէ: Անոր բազմաթիւ որոշումները՝ պաշտօնազրկումներու եւ այլ տնօրինումներուն մասին (գրեթէ բոլորն ալ կամայական հրամանագիրներով եւ Սահմանադրութիւնը անտեսող քայլերով) մարտահրարւէներ կը դիմագրաւեն, մաս մըն ալ չեղարկւած են արդարամիտ դատաւորներու կողմէ (հապա՜, այս երկիրին մէջ կան դատաւորներ, որոնք կը համարձակի՛ն իշխանապետին կամքին դէմ վճիռ արձակել): Նման նահանջներ նոյնքան լուսարձակ չեն գրաւեր, որքան եղաւ կատակաբաններու «դատ»ին պարագային, նկատի ունենալով անոնց վայելած լայն ժողովրդականութիւնն ու զօրակցութիւնը, բայց մանաւանդ հանրութեան մէջ այն գիտակցութիւնը, որ խօսքի, կարծիքի ազատութիւնը նւիրական իրաւունք է, ո՛չ ոք իրաւունք ունին ըստ կամս ոտնակոխ ընելու այդ իրաւունքը: (Յիշեցնենք, որ այլ ոլորտներու մէջ ալ ժողովուրդը նկատառելի յաղթանակներ կը տանի):

***

Մեր յաջորդ տողերը չենք արձանագրեր բաղդատականի մօտեցումով:

Ամերիկացի կատակաբաններուն շուրջ բարձրացած փոթորիկն ու անոր մասնակի արդիւնաւորումը՝ Քիմըլի վերադարձով, զուգադիպեցան այն օրերուն, երբ Երեւանի մէջ, իշխանաւորներուն աւելի՛ անբարունակ կամայականութիւններուն եւ օրէնք ու սահմանադրութիւն ոտնակոխող արարքներուն հետեւանքով, «եզրակացւեցաւ» ընդդիմադիր կրօնաւորի մը՝ Միքայէլ արքեպիսկոպոսի դատավարութիւնը:

Դատաւորը զայն մեղաւոր հռչակեց, անգամ մը եւս վկայելով, որ Նիկոլ Փաշինեան որքա՜ն ճիշտ էր ու «ժողովրդավա՜ր», երբ կը յոխորտար, որ Հայաստանի մէջ չկայ դատաւոր մը (այլապէս նաեւ՝ որեւէ պաշտօնատար), որ իր կամքին հակառակ գործէ: Փաստօրէն, այս կրօնաւորը միակը չէ, որ անհիմն մեղադրանքներով, պարզապէս իշխանաւորներուն սխալները ցոյց տալուն ու քննադատելուն, իշխանափոխութիւն պահանջելուն պատճառով կալանաւորւած է եւ կը մեղադրւի:

Դիտողներու ուշադրութենէն չի վրիպիր, որ այս մեղադրանքը կը հնչէ այն պահուն, երբ Հայաստանի առջեւ դրւած՝ Ադրբեջանի ծանօթ պահանջները նոր հնչեղութիւն կը գտնեն, ՔՊ-ականները թափ կու տան յառաջիկայ տարւան (չըլլալիք) ընտրապայքարին ու յառաջ կը վազեն թուրք-ազերիական պահանջները իրականացնելու ճամբուն վրայ, դարձեալ «ջուրի երես» կու գան… Եկեղեցւոյ դէմ պայքարը վերասաստկացնելու ծրագիրները: Ինչո՞ւ. որովհետեւ Կաթողիկոս(ներ), կրօնաւորներ, քաղաքական մարդիկ ու տնտեսական հզօրանքի տէրեր կը դատապարտեն իշխանաւորներուն թրքահաճոյ ընթացքը, Արցախի եւ ընհանրապէս Հայրենիքի՛ն յանձնումը, աւելի՛ն՝ հայութեան իրաւունքները եւ խորհրդանիշները համաթուրանական ծրագիրներու զոհասեղանի մատուցելու անոնց կործանարար «քաղաքականութիւնը»:

Դիտողները նոյն հնչեղութեամբ կը յիշեցնեն, որ իշխանաւորներուն կամայականութիւնները քանիցս մնացած են անվաղորդայն ու գլխիվայր շրջւած են, երբ ընդդիմադիր գործիչներ անպարտ արձակւած են (հը՜մ, ուրեմն Հայաստանի մէջ ալ ամէն բան ՔՊ-ատիպ չէ): Այս գիծին զարգացումը, կըսեն դիտողները՝ կրնայ բոլոր կեղծ մեղադրանքները ի վերջոյ ճշմարտութեան եւ արդարութեան պատին զարնել ու փշրել, բանտարկեալներն ու մեղադրեալները կրնան շուտով վերագտնել իրենց ազատութիւնը (Բաքւի դատավարութիւնները՝ այլ տագնապ), զգաստութեան բերել իշխանաւորներուն սուտով համակւածները՝ Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Եւ ահա ճիշտ ա՛յս դիտանկիւնէն ալ կարելի է զուգորդում տեսնել ամերիկեան ու հայկական հողերու վրայ պատահած անարդար տնօրինումներուն միջեւ, զանոնք հասցնել Արդարութեան նոյն վախճանակէտը:

Related Articles

Back to top button