Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոկտեմբերի երրորդ շաբաթավերջին, ուշագրաւ զուգադիպութիւն մը արձանագրւեցաւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, նաեւ՝ այլուր: Հրապարակային բողոքի մեծ ցոյցեր եւ հաւաքներ տեղի ունեցան իրերանման դրդապատճառներով: Եթէ ուզենք հասարակ յայտարար մը գտնել՝ անշուշտ որ կրնանք. ցուցարարները կը մերժէին իշխանաւորին կամայական, հակաժողովրդավարական եւ մենատիրական արարքները, բռնի ուժի անհամաչափ կիրարկումը:
«Ո՛Չ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒ»
Միացեալ Նահանգներու աւելի քան 2500 (ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու՝ 2700) քաղաքներու մէջ, աւելի քան 7 միլիոն ցուցարար ողողեցին մեծ ու փոքր քաղաքներու հրապարակներն ու խորհրդանշական կենտրոնները: Բողոքը ուղղւած էր մասնաւորաբար նախագահ Դոնալդ Թրամփի, նաեւ իր «պոչիկները» հանդիսացող հանրապետական կուսակցականներու դէմ (նախարարներ, խորհրդարանի անդամներ, նահանգապետեր եւ այլ): Ընդհանուր խորագիրը՝ «Ո՛չ թագաւորներու», ինքնին շատ բան կը բացատրէր: Մարդիկ շատո՜նց տեսած են, որ Թրամփ կը գործէ բռնակալ-մենատէր-միապետի մը պէս, ոտնատակ ըրած է Սահմանադրութիւն եւ Օրէնքներ, իր ափին մէջ կենտրոնացուցած է իշխանութեան երեք թեւերուն՝ օրէնսդիրին, գործադիրին եւ դատականին ղեկավարութիւնները, որոնք կորսնցուցած են ժողովուրդին վստահութիւնը (քննադատները այդ խամաճիկները կը կոչեն Թրամփի ձեռքը, ոտքն ու այլ տեղ համբուրողներ, դեմոկրատ ընդդիմադիրները կը ստանան դժգոհութեան իրենց բաժինը), կամայական ձեւով գործի լծած է ոստիկանութիւն եւ ազգային ուժեր (բանակ եւ այլ): Դժգոհութեան ալիքներ բարձրացուցած են մասնաւորապէս օտարականներու դէմ իշխանաւորին արշաւները (ICE-ի՝ Ներգաղթի եւ սահմանակայաններու հսկողութեան ուժերու բռնարարքները), ընկերային ապահովութեան կալւածին տրւած հարւածները, տնտեսութեան դէմ իրողական սպառնալիքները եւ… շարքը երկար է: Դժգոհութեան նորագոյն պատճառներէն մէկն ալ, կառավարութեան բիւջէին անվաւեր մնալուն հետեւանքով՝ բազմահազար պաշտօնեաներու եւ աշխատողներու գործէ արձակումն է, հետեւաբար՝ որոշ մարզերու մէջ ստեղծւած քաոսը, առանց մոռնալու լատինամներիկեան երկիրներու դէմ զինեալ գործողութիւններու նորագոյն արշաւները, որոնք, ի դէպ, հաւասարապէս դժգոհութիւն ստեղծած են խորհրդարանական երկու կուսակցութիւններուն՝ Հանրապետական եւ Դեմոկրատ շարքերուն մէջ:
Ցոյցերը տարածւեցան Պոստոն-Նիւ Եօրքէն Վաշինգտոն, Շիքակօ, Տենվըրէն Սիէթըլ, Սան Ֆրանսիսքոյէն Լոս Անջելէս ու Սան Տիեկօ, Մայէմիէն Ֆիլատելֆիա եւ այլուր, ամբողջացնելով երկիրը կլանող օղակը: Սա երկրորդ անգամն է, որ երկիրը կը մատնւի նման «ցունամի»ի. առաջին շարժը տեղի ունեցած էր 4 ամիս առաջ, յունիսի կէսերուն, իբրեւ անմիջական շարժառիթ ունենալով բանակի 250-րդ տարեդարձին նւիրւած տօնահանդէսը, որ վերածւած էր Թրամփի տարեդարձին նւիրւած զօրահանդէսի: Այդ օրերուն ալ, շուրջ 2000 քաղաքներու մէջ մօտաւորապէս 5 միլիոն մարդ բողոքի ելած էր Թրամփի կամայական եւ մենատիրական, ինքնագլուխ քայլերուն դէմ: Այդ օրերուն ալ, Թրամփ եւ զօրակիցներ համեմատւած էին Հիթլէրին, Մուսոլինիին եւ նման «պատմակերտ հերոսներու»…
Չանտեսենք մետալին միւս երեսը: Թրամփ եւ իր մականին ենթակաները կը փորձեն քարոզչական մունետիկներու միջոցով հանրութիւնը համոզել, թէ իրենց ըրածներուն մէջ թագաւորական ոչինչ կայ, թէ ցուցարարները «Ամերիկան ատողներ են», ծայրայեղ ձախակողմեաններ, համայնավարամիտներ եւ այլ: Ի՞նչ ընել, երբ մարդիկ չեն համոզւիր նման սուտերով, որովհետեւ բաց աչքերով եւ ուղեղներով կը տեսնեն, որ իշխանաւորը լիարժէք մենատէր-բռնատէրի պէս կը գործէ, իրենց մորթին վրայ կը զգան քաղաքայիններու, ցուցարարներու դէմ իշխանաւորին մատի շարժումներով գործող պահակագունդերուն բռնարարքները: Մարդիկ հիմա շատ աւելի համարձակ կերպով կարտայայտեն թրամփական օրինազանցութիւններուն դէմ իրենց ընդվզումը, վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, որ ժողովուրդին շուրջ 58 առ հարիւրը դժգոհ է նախագահին ընթացքէն, կը զգան նաեւ, որ իշխանաւորին ստեղծած շինծու փոթորիկները կը ծառայեն անոր այլ օրինազանցութիւններուն ու անբարոյ վարքագիծին քողարկման: Մարդիկ չեն մոռցած, որ Թրամփ վերընտրւեցաւ, երբ շալակին ունէր աւելի քան 30 մեղադրագիր, նաեւ պաշտօնազրկման երկու վճիռ: Ի վերջոյ, մարդիկ կը տեսնեն ու կը զգան, որ ժողովրդավարութեան ախոյեան մը հռչակւած այս երկրին մէջ, ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ եւ շատ ու շատ արժէքներ ոտնակոխ կըլլան ամէն օր, աւելի՛ն, իշխանական կուսակցութիւնը կաշխատի աւելցնել իր մենատիրական… մենաշնորհները եւ խաղքութիւններ կը ստեղծէ յառաջիկայ տարւան ընտրութիւններուն ընդառաջ:
ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ
Թրամփականութեան դէմ բողոքի ցոյցերը անցան Միացեալ Նահագներու սահմաններէն անդին եւ արձագանգ գտան Կանադայի ու եւրոպական երկիրներու մէջ. Մատրիտի, Լոնդոնի, Փարիզի, Հռոմի, Բեռլինի եւ այլ քաղաքներու մէջ, հրապարակներ ու ամերիկեան դեսպանատուներու փողոցները ժամադրավայր եղան բացմահազար ցուցարարներու (նկատեցի՞ք, որ շատեր ունին Թրամփի համակիր, հլու-հնազանդ վարիչներ…): Հոն, բողոքողները ունէին այլ նշանախօսք մըն ալ. «Ձեռքդ քաշէ՛ մեր երկիրներէն»…
Կարգ մը դիտողներու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն, որ Փարիզի մէջ այս ցոյցերը կը զուգադիպին կառավարական քաշքշւող տագնապին, հոն ալ ընկերային ապահովութեան, աշխատուժի եւ զանգւածներու իրաւունքները ոտնակոխ ու խաղալիք դարձած են նախագահին ու «շքախումբին» լարախաղացութիւններուն, իշխանութիւնը վարկաբեկւած է, քաղաքական դաշտը մատնւած՝ այլ տեսակի քաոսներու:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՅՆ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երեւան եւս շաբաթ օր բեմ դարձաւ բողոքի եւ արդարութեան պահանջի մեծ ցոյցի մը. հոն ալ շարժառիթները նման էին ամերիկացիներու դժգոհութիւններուն, հոգ չէ թէ այս ալիքը ունէր յատուկ մտասեւեռում՝ իշխանութիւնը քննադատող կրօնական եւ քաղաքային դէմքերու բանտարկութիւնը, անոնց դէմ սաստկացող հալածանքները եւ Սահմանադրութեան, օրէնքի, մարդու իրաւունքներու ոտնակոխման «ուլունքաշարը»: Արդէն աւելի «անմիջականօրէն» կը խօսւի Կաթողիկոսի ձերբակալման հաւանականութեան եւ Եկեղեցին ջլատելու ծրագիրներու մասին…
Անմիջականօրէն՝ աւելի քան տասնեակ մը կալանաւորներու եւ դատապարտեալներու ազատ արձակման պահանջին կողքին, ցուցարարները ունին բազմաթիւ հին ու նոր դժգոհութիւններ: Հայաստանի մէջ ալ տնտեսական եւ ընկերային վիճակներու անկում կայ, մշակոյթի եւ Դատի ոտնակոխում, հոգ չէ թէ ՔՊ-ական իշխանապետն ու իր մանկլաւիկները ոգի ի բռին կաշխատին ժողովուրդը համոզել, որ իրենց տեսածն ու մորթին վրայ զգացածը ճիշդ չէ, իրենց ըսածն է ճիշտը (այսինքն՝ անքողարկելի սուտերը): Որոշ գիւղերու մէջ, թրամփականներ եւ նիկոլականներ կը նոյնանան իրենց ստապատիր հաւաստիքներուն մէջ:
Անշուշտ հիմնական տարբերութիւններ ալ կան՝ Երեւանի եւ մօտաւորապէս 9000-էն 14000 քիլոմեթր հեռու տեղի ունեցած ցոյցերու շարժառիթներուն միջեւ: Հայաստանի մէջ, բողոքի այս ու նման ալիքները չեն կրնար մոռացութեան տալ Արցախի կորուստը, Հայաստանէն պատառիկներու թշնամիին եւ «բարեկամներու» յանձնումը, պատերազմներու մէջ կորսւածներու թղթածրարին անտեսումը, Բաքւի մէջ պատանդներու դատավարութիւնը եւ մեր պատմութեան ու անվիճելի իրաւունքներուն վրայ գիծ քաշելու իշխանախումբին ընթացքը, պարզ խօսքով՝ հայն ու Հայաստանը քարտէզէն ջնջելու ելած թշնամիին գործակատարը դարձած ըլլալու իրողութիւնը (չշարունակենք):
…Ցաւալի նմանութիւն մըն ալ այն է, որ իշխանախումբին անիրաւութիւններուն եւ վնասարար ընթացքին դէմ բողոքի հրապարակային ցոյցերն ու հաւաքները տակաւին կը մնան ապարդիւն, որքան ալ որ արդար ու հիմնաւորւած են անոնք: Իշխանաւորները կը շարունակեն գործել իբրեւ մենատէր-բռնակալներ, թագաւորներ: Պէտք չէ մոռնալ, որ նման վիճակ չի կրնար վերջնականապէս նւիրականանալ: Ատենին, Անգլիոյ մէջ ինքզինք անքննելի հռչական Չարլզ թագաւոր մը ի վերջոյ գլուխը վրայ տւաւ, ֆրանսացիք կառափնատ (կիոթին) կանգնեցուցին Մարի Անթուանէթի եւ չարաշահ դաւաճաններու բազմութեան համար, Հիթլէրներու, Մուսոլինիներու եւ այլ «թագաւորներու» անբարունակ վախճանը ունի իր պատմութիւնը:
Արդարութիւն ու իրաւունք կարելի չէ լռութեան մատնել ընդմիշտ: