Հայ ԴատՄիջազգայինՍփիւռք

Հայ Դատի յանձնախումբը պատւեց Կանադայի Սենատի անդամ Լէօ Հուսաքոսը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կանադայի Հայ Դատի յանձնախումբին, կիրակի, մարտի 3-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Մոնրէալի Հայ կենտրոնի «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ի պատիւ Կանադայի Սենատի անդամ Լէօ Հուսաքոսի, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Կանադայի Կենտրոնական կոմիտէի, Լաւալի եւ Մոնրէալի կոմիտէներուն ու Հայ Դատի յանձնախմբերուն, պատկան մարմիններու Հայ կենտրոնի հովանիին ներքոյ գործող միութիւններու եւ Մոնթրէալ-Լաւալ շրջանին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հերակ Հերկելեան, որ իր խօսքին մէջ նախ ողջունեց սենատորի տարիներէ վրայ երկարող անդամն ու իր որդեգրած հայանպաստ կեցւածքը, ինչպէս նաեւ Արցախի շրջափակման եւ արցախահայութեան բռնագաղթի ենթարկման առնչութեամբ անոր հրապարակաւ եւ պետական ոլորտներէն ներս բարձրաձայնումն ու դատապարտումը:

Ապա խօսք առաւ Կանադայի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախկին թեկնածու Յակոբ Էւէրէկլեան, որ բարեկամական վաղեմի կապեր ունի սենատոր Հուսաքոսին հետ: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հուսաքոսի ազնիւ նկարագրին, արդարութեան եւ արդարադատութեան սկզբունքային իր հաւատարմութեան, խղճմտութեան եւ յատկապէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպան հանդիսանալու երկարամեայ ուղիին: Էւէրէկլեան անգամ մը եւս հաստատեց, թէ մեր համայնքը տարիներէ ի վեր ականատեսը դարձած է հայ ժողովուրդին հանդէպ Հուսաքոսի անսասան կեցւածքներուն, մեր դատին հանդէպ իր զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ ամէն անգամ որ մեր համայնքը կարիքը կունենայ իր ձայնը հասանելի դարձնելու, ան կը հանդիսանայ մեր խօսքի թարգմանը՝ հրապարակաւ, Կանադայի խորհրդարանի կամ Սենատի դահլիճներուն մէջ:

Անկէ ետք ելոյթ ունեցաւ Հուսաքոս, եւ հաստատեց Կանադայի պետութեան տարիներու վրայ երկարող բարեկամութիւնը Հայաստանի ու կանադահայ համայնքին հետ, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման զօրակցութեան գծով: Ան անդրադարձաւ Արցախի շրջափակման եւ արցախահայութեան բռնագաղթի ենթարկւելուն եւ խստօրէն դատապարտեց Կանադայի կառավարութեան կողմէ Թուրքիոյ զինամթերք մատակարարելու արգելակման որոշումը չեղարկելու ու Թուրքիոյ զինամթերքի վաճառման վերսկսումը: Այս առումով, ան պահանջեց, որ հաշւի կանչւին բոլոր մեղսակից կողմերը, որովհետեւ յանցագործութիւնները միշտ կրկնելի են, երբ կը մնան անպատիժ:

Սենատի անդամը կոչ ուղղեց կանադահայ համայնքին, ինչպէս միշտ, նոյնպէս այսօր եւ ապագային աշխոյժ մասնակցութիւն բերելու եւ սատարելու Կանադայի հասարակական եւ քաղաքական կեանքի զանազան ոլորտներուն մէջ եւ այդպիսով նաեւ սատարելու կանադահայ համայնքին մտահոգութիւններն ու պահանջները բարձրաձայնելու ամենուրեք, ինչպէս նաեւ յայտնեց իր անշահախնդիր նւիրումը Հայ Դատին, արցախահայութեան իրաւունքներուն, Հայաստանի հետ բարեկամութեան սատարման՝ ի խնդիր արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հաստատման:

ՀՅԴ Կանադայի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան շնորհակալական խօսքով դրւատեց ծերակուտական Հուսաքոսի քաղաքական արդարապաշտ գործունէութիւնն ու կանադահայութեան զօրակցութիւնը եւ սենատորին փոխանցեց Կանադայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ արժեւորման եւ երախտագիտութեան յուշատախտակ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց ներկաներուն հետ:

Arfd.am

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button