Հայ Դատ

Ըրւայնի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան մը տեղադրելու առաջարկը ընդունւեցաւ

Օրենճ քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբը տեղեկացնում է, թէ Ըրւայնի «Գրէյթ» զբօսայգիին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան մը տեղակայելու առաջարկը ընդունւած է զբօսայգիի վարչութեան կողմէ, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ այդ գաւառին հանրային վայրերէն մէկուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան մը կանգնեցնել։

Յուշարձանը ձեւաւորւեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ քաունթիի յուշարձանի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ: Յուշարձանը կը ներկայացնէ թէ հայութեան կրած ահաւոր կորուստը եւ թէ վերապրելու կամքը, իր նորածինը գրկած մօր մը արձանին ընդմէջէն։ Համալիրին մէջ պիտի ըլլան հայութեան այլ խորհրդանիշներ, ներառեալ՝ հայրենիք վերադառնալու կարօտը մարմնաւորող կրունկը եւ անմոռուկ ծաղիկը։

Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ քաունթիի յուշարձանի յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Գէւ Ապաճեան ողջունեց զբօսայգիի վարչութեան որոշումը, զայն համայնքին համար յատկանշական իրագործում մը նկատելով եւ դրւատեց քաղաքապետութեան ցուցաբերած զօրակցութիւնը։

Յուշարձանին կառուցման ընդհանուր ծախսը 600,000-900,000 դոլար է եւ պիտի գոյանայ յուշարձանի յանձնախումբին կողմէ 2025-ին նախաձեռնւելիք դրամահաւաքի արշաւով, որ հաւանաբար երեք տարի տեւէ, որմէ ետք պիտի սկսի կառուցման աշխատանքը, նպատակ ունենալով յուշարձանին բացումը կատարել 2028-ին։

Arfd.am

Related Articles

Back to top button