ՀՅԴ Հայ Դատի Կենտրոնական խորհուրդի յայտարարութիւնը Արցախեան շարժման եւ ժողովրդավարութեան մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «մոլորութեան» մէջ է։ Բոլշեւիկեան գաղափարախօսութեան մէկ վիժած տարբերակը որդեգրած, Սովետական Միութեան ներքին, վարչական սահմանները յետ Խորհրդային Միութեան միջպետական սահմաններ ճանչցած Նիկոլ Փաշինեանը չէ հասկցած նաեւ ժողովրդավարութեան իմաստը, էութիւնը։ Ըստ պաշտօնական թիւերու, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու յիսուն տոկոսին քւէէն ալ պակաս քւէ ստացած Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան ղեկավարին կը թւի, թէ այդքանով ինք հաստատած է իր «դիկտատուրա»-ն։ Ան չի հասկնար, որ ժողովրդավարութիւնը մեծամասնութեան իշխանութիւնն է, միաժամանակ երաշխաւորելով փոքրամասնութեան մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները։
Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է. «Ցանկացած քայլ, որը հակասում է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդի կատարած ընտրութեանը, իսկ ժողովուրդը ասել է, որ Ղարաբաղի շարժումը չի շարունակւում, չի շարունակւելու, հիմա ցանկացած փորձ այլ մակարդակներում Ղարաբաղի շարժումը շարունակելու բերելու է հայելային արձագանքներ, ընդ որում, էդ պրոցեսը կարա խնդիրներ, այո, առաջացնի»: Նիկոլ Փաշինեանը կանտեսէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան առնւազն աւելի քան կէս միլիոն քաղաքացիներ, իրենց քւէի իրաւունքով, չեն կիսեր իր եւ կամ մեծամասնութեան «Ղարաբաղի շարժումը չի շարունակւում, չի շարունակւելու» տեսակէտը։ Այդ աւելի քան կէս միլիոն ՀՀ քաղաքացիները իրաւունք ունի՛ն իրենց տեսակէտը բարձրաձայնելու, հետապնդելո՛ւ, եթէ նոյնիսկ «էդ պրոցեսը կարա խնդիրներ, այո, առաջացնի»։
Աւելին, Նիկոլ Փաշինեանը, որուն կուսակցութիւնը հետեւողականօրէն հրաժարած է եւ կը շարունակէ հրաժարիլ այն ամէնէն ինչ համահայկակա՛ն է, ազգայի՛ն է՝ կուզէ ստիպել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող հայերը անկախ իրենց քաղաքացիութենէն զրկւին իրենց տեսակէտը ունենալու, այդ տեսակէտը արտայայտելու եւ անոր իրականացումը հետապնդելու իրաւունքէն։ Ան կըսէ. «Ես շատ ուղիղ ասում եմ՝ Միացեալ Նահանգների դաշնակցական լաբբինգը ինչքան էդ ուղղութեամբ ջանքեր գործադրեց, ինչքան քայլեր արեց, ստանալու են…»։ Ա՛յս է Նիկոլ Փաշինեանի ըմբռնումը ժողովրդավարութեան՝ «դիկտատուրա», եթէ ոչ «պրոտելատարիատի», ապա՝ ՔՊ կուսակցութեան։
Նիկոլ Փաշինեանը միաժամանակ, եւ հետեւողականօրէն, կը շարունակէ Ադրբեջանի հակահայ եւ հակաՀայաստան քայլերը արդարացնողի իր վարքագիծը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղւած «Արեւմտեան Ադրբեջանի» քարոզչութիւնն ու այդ ուղղութեամբ Ադրբեջանի պետական քայլերը համարելով պարզապէս «հայելային արձագանքներ»։
Պատմութենէն եւ ներկայ իրականութենէն ոչինչ չհասկցած կամ չհասկցող Նիկոլ Փաշինեանի համար հայ ազգային քաղաքական միտքն է պատճառը, որ Թուրքիան գործադրեր է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ Ադրբեջանը ցեղասպանական քաղաքականութիւն է վարած Արցախի դէմ՝ հայաթափ ընելով զայն, որ Ադրբեջանն ու Թուրքիան այսօր, միասնաբար, կը սպառնան Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան կը սպառնան առնւազն պատերազմով, եթէ չբաւարարւին իրենց պահանջները։
Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ «Ղարաբաղեան շարժումը շարունակելու բոլոր փորձերը […] մենք գնահատելու ենք Հայաստանի ժողովրդին նոր աւանտիւրայի մէջ ներքաշելու փորձ եւ մեր լիազօրութիւնների եւ օրէնքի սահմաններում ամէն ինչ անելու ենք դա կասեցնելու համար»։ Նիկոլ Փաշինեանը կը յուսայ այդպիսով թաքցնել, որ իր իշխանութեան ութնամեայ քաղաքականութիւնն ու քայլերն են, որ «Հայաստանի ժողովրդին նոր աւանտիւրայի մէջ ներքաշել» են, սպառանալիքի տակ դնելով նաե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
ՀՅԴ Հայ Դատի համակարգը նորոգւած վճռակամութեամբ եւ նպատակասլաց ձեւով պիտի շարունակէ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պայքարին՝ պաշտպանելու հայութեան, ներառեալ՝ արցախցիներու, բոլո՛ր իրաւունքները, ամե՛նուրէք։
ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
26 յունիս 2026



