ՀարցազրոյցՔաղաքական

Հարցազրոյց Միջազգային յարաբերութիւնների եւ քաղաքականութեան մասնագէտ պրոֆեսոր Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանի հետ:

Պրոֆեսոր Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան. «Հայկական դիւանագիտութիւնը պէտք է աւելի ըլլայ քան միջազգային չափորոշիչներու թելադրածը ի մտի ունենալով Հայաստանի խոցելիութիւնը եւ Սփիւռքեան գործօնի կենսական կարեւորութիւնը»

Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանը դոկտորական (PhD) աստիճան ունի Միջազգային յարաբերութիւններում՝ ԱՄՆ-ի Ֆլորիդա նահանգի Միամիի համալսարան (University of Miami, FL)։ Եղել է Բուէնոս Այրեսի «ԱՐՄԵՆԻԱ» թերթի խմբագիր։ Դասաւանդել է Արգենտինայի «Սան Անդրէս» համալսարանի եւ «Լանուսի» պետական համալսարանում, եւ եղել է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հրաւիրեալ դասախօս։

-Ո՞վ էք Դուք ըստ Ձեզ:
Սփիւռքահայ: Մասնագիտութեանս դաշտը Միջազգային յարաբերութիւններն են, գործի ասպարէզներս եղած են հրապարակագրութիւնը, համալսարանական դասաւանդութիւնը եւ ակադեմական ուսումնասիրութիւնը:

-Որպէս միջազգային յարաբերութիւնների եւ քաղաքականութեան պրոֆեսոր, ըստ ձեզ ովքեր պէտք է այսօր արժէքներ սահմանեն, եթէ նկատի առնենք դիւանագիտութիւնը՝ ե՛ւ որպէս արւեստ, ե՛ւ գիտութեան, ապա հայ մտաւորականութիւնը այսօր ինչպիսի դրսեւորումներ է անհրաժեշտ ունենան հայկական շահը առաջ տանելու ուղղութեամբ:

Արժէքներու սահմանումը միանշանակ գործընթաց չէ, ոչ ալ անոր դերակատարները ի սկզբանէ ծանօթ կըլլան: Միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ, արժէքներու, կամ գաղափարներու, գործօնը լաւագոյնս կընկալւի հասարակական կառուցողութիւն (social constructivism) կոչւած տեսութեան ընդմէջէն: Արժէքները միշտ ալ կը սահմանւին պատմաքաղաքական ոլորտի մը մէջ, ուր եւ կը տեղադրւի անոնց ծնունդ տւող, անոնց շուրջ համախոհութիւն առաջացնող եւ, ի վերջոյ, անոնց առաւել կամ նւազ շարունակականութիւն տւող հաստատութիւններու առաջացման գործընթացը: Հետեւաբար, արժէքները, նոյնիսկ անոնք որ կը սահմանենք որպէս «մնայուն», անփոփոխ չեն, եւ անոնց բնոյթի, ձեւի եւ տարողութեան փոփոխութիւնը ինքնին նաեւ քաղաքական մարտահրաւէր է հաւաքականութեան մը «ճակատագիրը» ճշտելու կոչւած ղեկավարութիւններու համար, պետական ըլլան անոնք թէ ոչ-պետական: Արժէքներու սահմանման այս ընկալումին մէջ է, որ պիտի տեղադրել «հայկական շահ» հասկացողութիւնը: Հիմա, «հայկական շահ»-ը պիտի նոյնացնե՞լ «պետական շահ»-ին հետ, ինչպէս հասարակաց հասկացողութիւնը (common sense) կենթադրէ, թէ՞ ի մտի ունենալով Հայաստանի աշխարհաքաղաքական խոցելիութիւնը եւ հայ ժողովուրդի եզակի կացութիւնը (ի մտի ունիմ Սփիւռքեան գոյավիճակը), «հայկական շահ»-ի սահմանումը պարտինք տեղադրել ներազգային համարկումի գործընթացի մը մէջ, որ, ի դէպ, այնպէս ալ տեղի չունեցաւ, եղաւ զուտ հռետորաբանութիւն, իսկ այդ ուղղութեամբ առնւած քայլերը ձեւականէն անդին իրենց բովանդակալից լրումին հասցնելու քաղաքական կամք եւ կարողութիւն չունեցան ոչ հայրենի եւ ոչ ալ Սփիւռքեան քաղաքական, հասարակական եւ համայնքային «ընտրանի»-ները: Ինչ կը վերաբերի հայ մտաւորականի դրսեւորումներուն դիւանագիտական ասպարէզին մէջ «հայկական շահ»-ը առաջ տանելու համար, կարծեմ նախ պէտք է յստակացնել թէ՛ յօդւածներու, հարցազրոյցներու թէ՛ հրապարակային քննարկումներու մէջ կարծիքի եւ տեսակէտի իմաստով դրսեւորում չի՛ պակսիր: Տարբեր հարց է, թէ անոնք որքանով պիտանի կը հանդիսանան «հայկական շահ»-ի պաշտպանութեան համար: Բայց հոս հարցումը թերեւս պէտք է շրջադարձել. որքանո՞վ հայկական դիւանագիտութիւնը, ներառեալ ոչ-պետական կամ հանրային դիւանագիտութիւնը՝ Սփիւռքեան քաղաքական զօրաշարժը (այն ինչ ըստ ինձ շատ սխալ կերպով կը պարզունակւի որպէս «լոբբիստական» աշխատանք…), կարիքը կը զգայ մտաւորական դրսեւորման: Եւ հոս ի մտի ունիմ ազատամիտ, քննադատական մտածողութեան յանձնառու մտաւորականութիւնը, ոչ թէ պատւէր կատարող կամ Կրամիշիի բանաձեւած «օրգանական մտաւորականութիւնը»: Աւելցնեմ, որ դիւանագիտական աշխատանքի մէջ «հայկական շահ»-ի պաշտպանութեան ի խնդիր մտաւորականութեան դրսեւորումները ամենէն աւելի պիտանի կրնան ըլլալ երբ ազգային քաղաքականութեան արտաքին եւ ներքին ոլորտներու եթէ ոչ բացարձակ բաժանումը, ապա եւ առնւազն տարբերման ճիգը առկայ ըլլայ: Բան մը որուն… ճիգը դեռեւս հարկ եղած ձեւով չենք ըներ:

-Ինչպիսին է միջազգային յարաբերութիւնների մոդելը նորագոյն ժամանակներում, որոնք են զարգացումներն ու հիմնախնդիրները։

Միջազային յարաբերութիւններու «մոդել» դժւար է սահմանել միանշանակ: Կան տարբեր եսաբանական դպրոցներ, որոնք կը փորձեն հասկնալ եւ բացատրել միջազգային յարաբերութիւնները՝ որպէս հասարակական երեւոյթ: Բայց տեսութիւնները ընկալման, ճանաչութեան եւ բացատրութեան գործիքներ են, ոչ թէ ինչ որ «ճշմարտութեան» մը բացայայտման բանալի, եւ, այդ իմաստով, երբեք չեն կրնար միակ թէ բացարձակ բացատրութեան մը յաւակնիլ: Շատ ընդհանրականօրէն՝ ուժային յարաբերութիւններն ու ուժերու հաւասարակշռութիւնը, միջազգային հաստատութիւնները (international institutions) եւ գաղափարախօսական արժեհամակարգերը երեք տարբեր տեսական մօտեցումներ են ընկալելու, ճանաչելու եւ բացատրելու համար միջազգային յարաբերութիւնները: Համակարգային եւ գործընթացային տեսանկիւնները իրենց կարգին կրնան ուշադրութիւնը սեւեռել աշխարհաքաղաքական շարունակականութեանց, թէ փոփոխութիւններու վրայ: Այս վերջինները, ի դէպ, հետզհետէ աւելի կը կարեւորւին երկու հիմնական պատճառով: Առաջին, այն ինչ որ ծանօթ է որպէս Վեստֆալեան միջպետական համակարգ այսօր արդէն առնւազն անբաւարար է ուժային յարաբերութիւններու, միջազգային հաստատութիւններու եւ գաղափարախօսական արժեհամակարգերու շարունակականութիւնը, թէ փոփոխութիւնը ընկալելու համար: Երկրորդ, բարձր արհեստագիտութիւնները, ի մասնաւորի արհեստական բանականութիւնը, իրականութեան մեր ամբողջ ընկալումը շատ արագօրէն կը յեղաշրջէ: Շատ ընդհանրական եւ պարզացած նկարագրելու համար միջազգային յարաբերութիւններու համակարգը ներկայիս, այսինքն՝ քսանմէկերորդ դարու արդէն երկրորդ քառորդի սկիզբին, ուժային հաւասարակշռութեան եւ հարստութեան ստեղծման «ծանրութեան կենտրոնը» Աթլանտեանէն Հնդա-Խաղաղական ովկիանոս տեղափոխումը արդէն կասկածի առիթ չի տար: Այս մէկը իր կարգին Եւրասիական աշխարհաքաղաքականութեան դասական, այսինքն՝ 20-րդ դարուն տիրապետած, ընկալման վերատեսութիւն մը կենթադրէ, ի մասնաւորի այն ինչ կը վերաբերի շատ պարզունակացած, եւ ըստ ինծի սխալ ենթադրութիւններու վրայ հիմնւած ու սխալ հետեւումներու առաջնորդող, Արեւմուտք-Ռուսիա բախումին, որ հիմնականօրէն 19-րդ դարուն եւ, մանաւանդ, Պաղ պատերազմին կազմաւորւած ընկալում եւ խօսոյթ է: Ռուսիա, այո, կը մնայ բնական հարստութիւններու ամենամեծ պաշարի, Սիբիրիա, վրայ վերահսկողութիւն ունեցող կորիզային գեր-հզօր պետութիւն -այնքան ատեն, որ ներքնապէս չպառակտւի… Բայց հարստութեան ստեղծման եւ բարձր արհեստագիտութիւններու զարգացման երկու «բեւեռները» ԱՄՆ-ը եւ Չինաստանն են: 21-րդ դարու աշխարհաքաղաքականութեան մէջ Եւրոպան, ի դէմս Եւրոմիութեան (եզակիութիւն մը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ), կը փորձէ իր ուղին գտնել առանց խզելու իր գլխաւոր դաշնակիցին, ԱՄՆ-ի, հետ եւ նւազ Ուկրանիոյ դէմ Ռուսիոյ շղթայազերծած պատերազմի պայմաններուն մէջ… Հարստութեան ստեղծման եւ բարձր արհեստագիտութիւններու զարգացման իմաստով առանձին ուշադրութեան արժանի է Հնդկաստանը՝ տարածաշրջանային, թէ համաշխարհային մասշտապով կացութիւն ստեղծելու իր կարողութեամբ: Տակաւի՛ն, կարելի չէ անտեսել տարածաշրջանային խաղացողներ, որոնք իրենց կշիռը ունին նաեւ միջազգային մակարդակով՝ Թուրքիա, Իրան, Սաուդական Արաբիա, Հարաւային Աֆրիկէ, Բրազիլ, եւ Խաղաղականի ԱՄՆ-ի երկու դաշնակիցները՝ Աւստրալիա եւ Ճապոնիա: Հետեւաբար, թէեւ աշխարհաքաղաքական իմաստով ուժային հաւասարակշռութեան եւ համաշխարհային հարստութեան կիզակէտը փոխադրւած է Հնդակա-Խաղաղական ովկիանոսային տարածաշրջան, ի մտի ունենալով միջազգային բեմի վրայ կացութիւն ստեղծելու կարող բոլոր այս շրջանային հզօր պետութիւնները, ինչպէս նաեւ իրադարձութիւններու յաջորդականութեան արագացումը եւ կանխատեսելիութեան դժւարացումը, կարելի չէ ինչ-որ տեսակի «բեւեռացած» համակարգի մասին խօսիլ, ինչպէս պարագան էր անցնող երեք դարերուն: Աւելի ուշադիր պիտի ըլլալ իրադարձութիւններու յաջորդականութեան անկայունութեան: Միջազգային հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ ֆինանսներու պարագային, որքան ալ որ տկարացած, այնուամենայնիւ տիրապետող կը մնան յետ-Երկրորդ Աշխարհամարտ ստեղծւած եւ իրենց զարգացումը ապրած կառոյցները, որոնք Արեւմտեան «քաղաքակրթութեան» (յղացքը կը գործածեմ ի մտի ունենալով Լուսաւորութեան դարն ու Արդիականութիւնը, ոչ թէ Սամուէլ Հանթինկթընի քաղաքակրթութիւններու բախումի տեսութիւնը) կնիքը կը կրեն: Որեւէ արմատական փոփոխութիւն հոն, մարդկութեան մեծամասնական հատւածի համար ցարդ քիչ ընկալելի «չինական տառատեսակներով» միայն կրնայ տեղի ունենալ, ինչ որ առաջին հերթին շատ լաւ գիտէ ամէն փոփոխութեան հանդէպ աւելի շուտ զգուշաւոր եւ պահպանողական Չինաստանը… Ինչ կը վերաբերի հիմնախնդիրներուն, որ կը հասկնամ միջպետական ուժային յարաբերութիւններու սպառնալիքներէն եւ դրամատիրական համակարգի շուկայական յարաբերութիւններու ռիսկերէն անդին՝ համամարդկային եւ գլոբալ մասշտապով, ապա եւ անոնք երեք են. կլիմայական փոփոխութիւն, թւայնացում եւ հարստութեան կեդրոնացումը աշխարհի բնակչութեան մէկ տոկոսի (խորհրդանշական իմաստով) ձեռքին մէջ: Այս խորքային գործընթացներն են, որ ի վերջոյ աշխարհ մոլորակի եւ մարդկութեան ճակատագրին ինչպէս ըլլալը եւ մինչեւ իսկ ըլլալ կամ չըլլալը պիտի որոշեն: Այդ «որոշման» մէջ, անշուշտ, մարդկային հաւաքականութիւններու եւ անհատներու մօտեցումը, յանձնառութիւնն ու դերը հիմնական են:

-Պարոն Տէր Ղուկասեան ինչպէս է միջազգային յարաբերութիւնների հայկական պրակտիկայի պատմական փորձի Ձեր գնահատականը: Ինչպէ՞ս է եղել միջազգային ինստիտուտների դերը հայկական շահի ապահովման մէջ, անհատն այսօր դեր ունի՞ միջազգային յարաբերութիւններում եւ դիւանագիտութիւնում:

Հարցումին կարելի է պատասխանել համաձայն պատմական ոլորտին: Բայց ընդհանրապէս կարծեմ երեք յատկանիշ եզակի եւ որոշիչ եղած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար: Առաջինը՝ հայկական բարձրաւանդակի աշխարհաքաղաքական դիրքն է՝ գրեթէ միշտ երկու թէ աւելի կայսրութիւններու բախումի եւ մրցակցութեան սահմաններուն: Երկրորդ՝ հաւաքական գոյութեան պահպանումը շատ աւելի պետականազուրկ քան պետականութեան պայմաններու մէջ: Երրորդ՝ հայութեան աշխարհասփիւռ գոյավիճակը, որ 17-րդ դարէն սկսեալ հետզհետէ աւելի որոշիչ դարձաւ հաւաքական գոյութեան պահպանումի եւ զարգացումին համար նոյնինքն պատմականօրէն հայկական աշխարհագրական տարածքին վրայ: Հայ ժողովուրդի ազգային դիմագիծի արդիական կերտումը 18-րդ դարի աւարտի, 19-րդ դարու գործընթաց է (Զարթօնքի շարժումը), իսկ արդիական հողատարածային պետականութեան ստեղծումը 20-րդ դարու նորութիւն, ընդորում առաջին անգամ, 1918-ին, Ցեղասպանութենէն յետոյ եւ որպէս հետեւանք պատմական պայմաններու ստիպումին… Հարցումին պիտի պատասխանեմ ի մտի ունենալով Երրորդ Հանրապետութիւնը, բայց նախքան այդ, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ հայկական պրակտիկայի անմիջական նախընթացին պէտք է անդրադառնալ: Խօսքս յետխորհրդայնացման գրեթէ եօթը տասնամեակներուն կը վերաբերի: Խորհրդային վարչակարգի ծիրին մէջ Հայաստանը ունեցաւ պետականաշինութեան հարուստ կենսափորձ, որ թերեւս պատմականօրէն աննախընթաց էր իր արդիւնաւէտութեան իմաստով, որքան ալ որ այդ պետականաշինութիւնը պայմանաւորւած ըլլար խորհրդային արդիականացման չափանիշերով: Բայց խորհրդային վարչակարգի տարիներուն, Հայաստանը չունեցաւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ պրակտիկա, որովհետեւ չէր ճանչցւած որպէս՝ գերիշխան պետութիւն, որքան ալ որ հայեր բարձր պաշտօններ ունեցած են խորհրդային դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու մէջ, բայց եթէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ պրակտիկայի հասկացողութիւնը դուրս բերենք զուտ միջպետական գործընթացի մը հասկացողութենէն, ապա եւ միջազգային յարաբերութիւններիու մէջ հայկական պրակտիկան Սփիւռքինն է որպէս՝ էթնիկ ծագումով համաշխարհայնացած քաղաքացիական հասարակութիւն, որ այսօր, Սփիւռքեան մասնագիտացած գրականութեան մէջ կը բնորոշւի որպէս «անդրազգային ինքնութիւն»: Եւ այս՝ երկու իմաստով: Նախ՝ Սփիւռքեան կազմաւորման տարիներէն սկսեալ հիւրընկալւած երկիրներու քաղաքական համակարգերու մէջ հայութեան ներկայացուցչական մասնակցութեամբ, որուն յարացուցային օրինակը, թերեւս եզակիութիւնը, Լիբանանն է, բայց ոչ միակը եւ ոչ ալ միակ բնորդը: Ապա, Ցեղասպանութեան յիսուներորդ տարելիցի անկիւնադարձէն սկսեալ, համասփիւռքեան քաղաքական զօրաշարժը ի խնդիր Հայ Դատի պահանջատիրութեան, որ իր տեսակին մէջ եզակի յաջողութիւններու հասաւ երբ պետականազուրկ հաւաքականութիւն մը միջազգային օրակարգի վրայ դրաւ միջպետական յարաբերութիւններու տրամաբանութեան մարտահրաւէր կարդացող խնդիր մը՝ «մոռցւած» Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այս յետադարձ նկատողութիւնը իր կարեւորութիւնը ունի այն իմաստով, որ եթէ Ղարաբաղեան շարժման առաջին օրերէն, երկրաշարժի աղէտի ժամանակ եւ մանաւանդ անկախութենէն անմիջապէս յետոյ Հայաստանը շատ արագ եւ հաստատ կերպով իր տեղը գտաւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, ապա եւ այդ մէկը եղաւ հիմնականօրէն, որովհետեւ համաշխարհային մասշտապով կար կազմակերպւած եւ զօրաշարժի ատակ Սփիւռք: Որ Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարարը որ խօսք առաւ երբ Հայաստան ընդունւեցաւ ՄԱԿ-ի անդամ, Րաֆֆի Յովհաննէսեան, Սփիւռքէն էր՝ այդ արդէն ամբողջ խորհրդանիշ մըն է: Բայց կայ աւելին. եթէ ՀՀ դեսպանատունը այն վայրն է, որ երկրի գերիշխան ներկայութեան փաստը կու տայ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, ապա եւ պիտի ի մտի ունենալ բոլոր այն դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները, որ Հայաստան կրցաւ ունենալ տարբեր երկիրներու մէջ եւ շատ արագ շնորհիւ տեղւոյն հայ համայնքներու թէ անհատ բարերարներու ֆինանսական ներդրումին եւ տարբեր ձեւերով նեցուկին: Հոս նպատակ չկայ Սփիւռքը գովելու, անոր դերը գերգնահատելու եւ նւազ՝ ՀՀ դիւանագիտութիւնը նսեմացնելու կամ թերգնահատելու: Պարզապէս, մեր յիշողութեան մէջ չամրագրւեցաւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ Սփիւռքի պրակտիկայի նախընթացը այնքան որ յաջորդ տարիներուն կարեւորւէր որպէս, փոխսնուցիչ, ես փոխ կառնէի Վարդան Օսկանեանի յղացքը եւ կըսէի՝ «կոմպլեմենտար», կապ, էակա՛ն հայկական դիւանագիտութեան համար, երբ ի մտի ունենանք Հայաստանի նման փոքր, տնտեսապէս անկարեւոր, աշխարհաքաղաքականօրէն խիստ խոցելի երկիր մը, որ դիւանագիտութիւնը պիտի կարեւորէր նոյնքան, որքան պաշտպանական համակարգը: Դժբախտաբար, սակայն, նման հայեցակարգ ստեղծելու ճիգ չեղաւ երբեք: Միջազգային յարաբերութիւններու պրակտիկայի մէջ Սփիւռք-Հայաստան համագործակցութիւնը եղաւ պարբերական, մինչեւ իսկ պատահական, ոչ հետեւողական եւ համակարգւած, եւ աւելի «իմաստուն» եւ «զգոյշ» համարւեցաւ տարբեր հարցերու շուրջ չհամաձայնելու համաձայնութիւնը: Այս կացութեան պատասխանատուն միայն հայրենի քաղաքական ընտրանին չէ: Համասփիւռքեան մասշտապով կառոյցներ եւ զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան մօտ առաջնահերթային եղաւ Հայաստանի հետ ուղղահայեաց յարաբերութիւններն ու Հայաստանէն թելադրւած օրակարգը, եւ անտեսւեցաւ Սփիւռքի արդիականացման հրամայականը, վերակազմակերպումը՝ որպէս համաշխարհային ցանց եւ ոչ թէ առանձին համայնքներու գումար, եւ ինքուրոյն օրակարգի մը առաջացումը՝ անկախ Հայաստանէն թելադրւածէն: Ինչ կը վերաբերի դիւանագիտական պրակտիկայի, եւ ընդհանրապէս քաղաքականութեան մէջ անհատի դերը, ապա եւ այն շատ հիմնական է: Այնքան որ առանց անհատական յարաբերութիւններու պարզապէս չկայ դիւանագիտական պրակտիկա, չկայ քաղաքականութիւն… Մարտահրաւէրը սակայն անհատի եւ իր յարաբերութիւններու գնահատումն է ռազմավարական իմաստով:

-Հայկական դիւանագիտութիւն հասկացութիւնն ինչ ռեֆորմներ է անհրաժեշտ կատարի, որպէսզի համապատասխանի միջազգային չափորոշիչներին:

Չեմ կարծեր, որ հայկական դիւանագիտութիւնը ընդհանրապէս չհամապատասխանէ միջազգային չափորոշիչներուն, ընդհակառակը, հակառակ իր բոլոր սահմանափակումներուն, անկախութենէն յետոյ Հայաստանը կրցաւ պատրաստել բարձր մասնագիտական մակարդակ ունեցող դիւանագէտներ, որոնց արժէքը, ցաւօք սրտի, օրւան իշխանութիւնները երբեմն չհասկցան… Այլ հարց, որ հայկական դիւանագիտութիւնը, ինչպէս արդէն նախորդ հարցումներուն մէջ նկատեցի, պէտք է աւելի ըլլայ քան միջազգային չափորոշիչներու թելադրածը ի մտի ունենալով Հայաստանի խոցելիութիւնը եւ Սփիւռքեան գործօնի կենսական կարեւորութիւնը: Առ այդ, կարծեմ եթէ բարեփոխումներու մասին պիտի մտածել, ապա եւ այդ առաջին հերթին պիտի ըլլայ Հայաստան-Սփիւռք «կոմպլեմենտար» հայեցակարգի մը ստեղծումը որ ինքնին ե՛ւ տեսական, ե՛ւ գործնական իմաստով հսկայ մարտահրաւէր է: Եւ թերեւս այդ ձեւով ալ ընթացք տրւի շատ աւելի լայնամասշտաբ ներազգային համարկումին՝ տեսական բանավէճի, թէ գործնական բնորդի առաջացման համար:

-Հայկական շահի մասին որոշումների կայացման գործընթացները այսօր կենտրոնացած, թէ՞ ապակենտրոն բնոյթ են կրում:

Այդ գործընթացները այսօր կենտրոնացած են, քանի որ «հայկական շահ»-ի հասկացողութիւնը պետականակենտրոն է, ինչ որ եւ բնական է: Միաժամանակ, սակայն, անհրաժեշտ է «հայկական շահ»-ի որոշումներու գոնէ քննարկման համահայկական հայեցակարգ մը, Սփիւռքեան ձայնի եւ քւէի իրաւունքով ներկայացուցչական միջոց մը, ուր եւ կարելի ըլլայ ինչ որ ձեւաչափի ապակենտրոնացում: Այլապէս պիտի մնանք «հայկական շահ»-ի շուրջ նոյն պարբերական/պատահական համաձայնութեան, չհամաձայնելու համաձայնութեան եւ մինչեւ իսկ հրապարակային հակադրութեան իրավիճակին մէջ:

-Ինչպէս էք գնահատում տնտեսական գործօնի դերը հայկական դիւանագիտութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ:

Երկու իմաստով շատ կարեւոր: Առաջին, եւ շատ պարզ, դիւանագիտական աշխատանքը ինքնին ահագին բիւջէ կենթադրէ: Երկրորդ, Հայաստանի տնտեսական զարգացումը որպէս դիւանագիտական աշխատանքային դաշտ:

-Սփիւռքեան կառոյցները որպէս անդրպետական կազմակերպութիւններ արմատական ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք է կատարեն, որպէսզի հնարաւոր դարձնեն դերակատարութեան եւ ազդեցութեան բարձրացումը, մասնաւորապէս միջազգային յարաբերութիւններում եւ գործընթացներում, փոխներազդող գործօնի վերածւելով եւ որպէս ոչ կառավարական բաղադրիչ:

Սփիւռքեան կառոյցներու ղեկավարութիւնները նախ պէտք է Սփիւռքի ինքնուրոյն օրակարգ ունենան…

-Պատերազմի հետեւանքով ի՞նչ հասարակութիւն ունենք այսօր, ի՞նչ յարաբերութեան մէջ են հասարակութիւնն ու պետութիւնը, նրանց միջեւ յարաբերութիւն կա՞յ: Ինչպիսի՞ն է այդ յարաբերութիւնների իդէալական տարբերակը:

Եթէ հարցը հայրենի հասարակութեան կը վերաբերի, հանգամալից պատասխանի մը համար անհրաժեշտ է շատ աւելի մօտէն ծանօթ ըլլալ այդ իրականութեան, եթէ ոչ հոն ապրելով այլ յաճախակի այցելելով եւ, մասնաւորաբար, հասարակագիտական մօտեցումով ուսումնասիրել գործընթացները, ինչ որ իմ պարագաս չէ: Սփիւռքէն թէկուզ եւ ամենօրեայ եւ մօտէն հետեւելով հայրենի իրադարձութիւններուն կարելի է միայն ճիգ ընել առարկայական ընդհանուր ընկալում մը ներկայացնելու: Նոյնը, սկզբունքով, ճիշտ է նաեւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու հասարակութեանց պարագային, որոնց մասին որեւէ դիտորդ կրնայ կարծիք մը ունենալով հետեւելով տեղւոյն համայնքի մամուլին, թէ սոցիալական ցանցերու մէջ լոյս տեսած տեղեկութիւններու: Ինչ կը վերաբերի ընդհանրապէս յետպատերազմեան հայկական հասարակութեան որպէս՝ վերացական հասկացողութիւն, վարկածի կարգով կարծեմ սխալ չէ խօսիլ թրաումայի, շփոթի, թերեւս վախի, քաղաքական բեւեռացման եւ ապագայի մտահոգութեանց մասին: Սփիւռքի պարագային երեւի պիտի նշել հիասթափութիւնը եւ անզօրութեան զգացումը: Ամենէն ցաւալին, սակայն, այս ընդհանուր ընկճւածութենէն դուրս գալու ուղի հարթող ղեկավարութեան մը պակասն է:

-Պարոն Տէր-Ղուկասեան մտաւորականի տեղը պետութեան կողքի՞ն է, թէ՞ մտաւորականը պէտք է մշտապէս ընդդիմադիր լինի պետութեանը:

Մտաւորականը պէտք է ըլլայ յանձնառու, ազատամիտ, քննադատական, եւ հարկ եղած պարագային պէտք չէ խուսափի ինքնաքննադատութենէ, որպէսզի չմատնւի երբեք ինքնասիրահարումի եւ մեծամտութեան փորձառութեան, չիյնայ ամենագէտի հիւանդագին բարդոյթի թակարդին մէջ: Այնքան ատեն, որ մտաւորականի այս կերպարով հանդէս կու գայ, անոր պետութեան կողքին թէ ընդդիմադիր ըլլալը երկրորդական է:

-Կարող ենք արձանագրել, որ Հայաստանի, Սփիւռքի, Արցախի ռեսուրսները սահմանափակ են, հետեւաբար ինչպէ՞ս է հնարաւոր փոքր ռեսուրսով հասնել հայանպաստ մեծ արդիւնքների:

Սահմանափակ ռեսուրսները ռազմավարական մօտեցումով վարչակարգումի ճամբով:

-Պրոֆեսոր Տէր-Ղուկասեան եկէք փորձենք համեմատել այն ժամանակ, երբ նոր էիք մուտք գործել հասարակական, գիտական գործունէութեան ասպարէզ եւ հիմա՝ այս օրերին, այսօրւայ հայկական մշակութային, գիտական, հասարակական կեանքի Ձեր գնահատականը, կատարելագործման ելքերը: Այս ասպարէզները այսօր աւելի շատ ի՞նչ են պահանջում աշխատա՞նք, ներշնչո՞ւմ, ինքնակատարելագործո՞ւմ, որոնք են տւեալ ոլորտների կարծրացած այն մօտեցումները, որոնք անհրաժեշտ է կոտրել, նորացնելու, նորը կառուցելու համար:

Բարդ հարցում է, փորձեմ պարզ պատասխան մը ի մտի ունենալով բացառաբար սփիւռքեան կացութիւնը: Անցեալի իդէալականացման թակարդակը շրջանցելու համար, եւ առանց ինքնախարազանումի դասական խօսոյթին դիմելու, կարծեմ, որ այսօրւայ պահանջները կարելի չէ հասկնալ առանց Սփիւռքեան գոյավիճակի նոր յարացոյցի մը, առանց Սփիւռքեան նախագիծի մը որպէս՝ կազմակերպական եւ զօրաշարժի ուղեցոյց, եւ առանց համասփիւռքեան ինքնուրոյն օրակարգի մը, որ ոչ Հայաստանով պայմանաւորւի, ոչ ալ Հայաստանէն թելադրւած ըլլայ: Միայն ինքնուրոյն օրակարգն է, որ Սփիւռքին թոյլ կու տայ հայրենիքի հանդէպ իր յանձնառութեան մասին մտածելու՝ «ձուլումի», «ուծացումի» եւ նման ուրւականներու հալածանքէն ձերբազատւած, բարդոյթներէ զերծ, անկաշկանդ եւ ստեղծագործ ձեւով:

Շնորհակալութիւն յարգարժան պրոֆեսոր:

Զրոյցը՝ ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆԻ

Related Articles

Back to top button