Արդեօք կը տեսնե՞նք – 3. Ուշ հասկցողներ…
Եթէ պահիկ մը մոռնանք, լուսանցքի վրայ ձգենք թուրք-ադրբեջանական բարեկամական-թշնամական տրամադրութիւններու մասին ՔՊ-ապետին եւ «ուսապարկերուն» ամէն օր, ամէն ժամ իրենք զիրենք հակասող, զիրար ժխտող յայտարարութիւնները, կեցւածքները, ու կենտրոնանաք վերջին օրերու փուլին վրայ, կը տեսնենք, որ մարդուկները սկսած են աւելի յաճախ խօսիլ Բաքւի – եւ Թուրքիոյ – ոչ-խաղաղասիրական տրամադրութիւններուն մասին, նոր յանկերգ մը մտած է քաղաքական բեմ (առաւելաբար ներքին սպառումի համար), թէ՝ Ադրբեջան խաղաղութիւն չուզեր, կը խոչընդոտէ խաղաղութեան ճիգերը, մեր խաղաղասիրութեան եւ անկէ բխող առաջարկներուն՝ կը պատասխանէ ռազմատենչ եւ վտանգալից յայտարարութիւններով, գործերով:
Անկախ թուրք-ադրբեջանական զինավարժութիւններէն ու Բաքւի զէնքի մթերանոցները ուռճացնելէն՝ արձանագրւեցաւ ո՛չ արհամարհելի խորհրդանշական բան մըն ալ: Ալիեւ Էրդողանէն նւէր ստացաւ… կացին մը, յիշեցնելով ու պանծացնելով սաֆարովեան «հերոսութիւնը» (խօսք կայ, որ Արցախի ամբողջութեան բռնագրաւումէն առաջ՝ Բերձորի անցքը մօտաւորապէս տարի մը փակ պահած «կենսոլորտի պաշտպաններ»-ը նոր գործի մը կոչւած են. սկսած են բազմացնել գայլերու գորշագոյն սերունդ մը…):
Հակառակ այս իրազեկութեան խաղին, «մենք խաղաղութեան հաւատարիմ ենք»-ը կը մնայ ծամոց: Իսկ թէ ո՞ւր պէտք է փնտրել ապուշ մը, որ խաղաղութիւն չի ցանկար՝ բոլորովին այլ հարց է:
Ընդդիմադիր ճակատէն եւ մասնագիտական իրազեկ շրջանակներէ տարիներէ ի վեր հնչած են ու կը հնչեն Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ թշնամական տրամադրութեանց մասին ահազանգեր, իրարու կը յաջորդեն ՓԱՍՏԵՐ, սակայն իշխանաւորները մի՛շտ ալ արհամարհած են դաժան իրականութիւնները եւ իրենց չնաշխարհիկ երազներու աշխարհին մէջ կը փորձեն պահել բարեմիտ զանգւածը: Հիմա, երբ իրենք ալ որոշ չափով սկսած են ձայնակցիլ վերահաս վտանգին մասին ահազանգողներուն (կարծեմ քիչ մը շատ լաւատես եմ. մարդիկը չեն ահազանգեր, այլ պարզապէս աւելի յաճախ կը կրկնեն իրական մտահոգութիւնը), ստեղծւած է պատկեր մը, որ կը յիշեցնէ բաւական հին անեկդոտ մը:
Մարդ մը կենդանաբանական պարտէզ կերթայ ժամանցի համար: Կը տեսնէ, որ կենդանիները գահ-գահ կը խնդան, մէկ քանին՝ գետինը տապլտկելու աստիճան: Կը նկատէ, որ էշը միակն է, որ հանդարտ կանգնած է անժպիտ: Կը հարցնէ, թէ ի՞նչ պատահած է: Անասնապահ մը կը բացատրէ, որ փիղը զւարճալիք մը պատմած է:
Քանի մը օր ետք, մարդը դարձեալ կենդանաբանական պարտէզ կերթայ, կը տեսնէ, որ բոլորը հանդարտ նստած են կամ իրարու հետ կը զրուցեն, միայն էշն է, որ խնդալէն կը ճաթի, գետինները կը տապլտկի: Մարդը անասնապահին կը հարցնէ, թէ էշը ինչո՞ւ այդքան ուրախ է առանձինն: Բացատրութիւն. «Կը յիշե՞ս, քանի մը օր առաջ փիղը ճոք մը պատմած էր ու բոլորը կը խնդային: Էշը այսօր հասկցաւ այդ ճոքը»…
* * *
«Առակս ի՞նչ ցուցանէ», պիտի հարցնէր մանկութեանս օրերու մէկ ուսուցիչս: Այն՝ որ ՔՊ-ականները նոր սկսած են հասկնալ այն՝ ինչ որ բանիմաց մարդիկ տարիներէ ի վեր կը կրկնեն ու կը կրկնեն, կը զգուշացնեն Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան սին երազներով տարւելէ, կահազանգեն, թէ համաթուրանական ծրագիրը կը մնայ ի զօրու, թէ՝ Երեւանի վարիչները մասնակից կը դառնան անոր իրականացման, սակայն իշխանականները կը յամառին իրենց «քայլ»-երթին մէջ, «թռի էլ էծ է» տրամաբանութեամբ:
Յիշեալ անեկդոտը պատմելով՝ նպատակ չունինք վարկաբեկելու որեւէ մէկը, մանաւանդ… էշը, որուն մասին կայ աղւոր խօսք մը, թէ՝ նոյն փոսը երկու անգամ չիյնար: Իսկ երբ այս վարչախումը, իր պետին առաջնորդութեամբ, սովորութիւն դարձուցած է իյնալ նոյն փոսը, ինքզինք խաբելով, թէ փոսը նոյնը չէ, մի՛շտ աւելի խորն է՝ հետեւութիւնը կը վստահիմ ընթերցողիս:
Բուն վտանգը հո՛ն է, որ իրենց «իյնալներ»-ը միայն իրենցմով չէ սահմանափակւած, այլ իրենց հետ անյատակ անդունդն ի վար կը տանին հայրենիքն ու ամբողջ ազգը: Ո՞վ է վտանգին ահագնութիւնը տեսնողը, իսկ տեսնողները ո՞ր օրւան կը սպասեն:
Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն ժամ կահագնանայ իշխանափոխութեան պահանջը, որ դարձած է անյետաձգելի հրամայական: Այս «ուշ խնդացող»-ներուն հեռացումը պիտի չնշանակէ, որ յաջորդ օրն իսկ փրկութեան նաւը բարձրացած պիտի ըլլանք, այլ անիկա պիտի ըլլայ փրկութեան նաւուն կառուցման առաջին գործնական արարքը: Անկէ անդին, կայ նո՛յնքան երկար ճամբորդութիւն՝ հետզհետէ աւելի՛ փոթորկող ծովերու վրայ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
27-29 յունւարի 2024