«Կենա՛ց, համբա՛կ Քուրց»
Հետեւեալը՝ միջազգային լրատու աղբիւրներու 23 փետրւարի հաղորդումներէն, որոնք այլապէս ողողւած են Ուկրանիայով, Գազայով, Նաւալնիով եւ… թրամբանման արարածներով: (Իսկ այսօր ո՜վ կը յիշէ Արցախն ու Բաքու մնացող մեր պատանդները…):
Աւստրիոյ մէկ դատաւորը նախկին վարչապետ Սեբաստիան Քուրցի (պահպանողական, հիմա 37 տարեկան) դէմ 8 ամիս բանտարկութեան առկախեալ վճիռ արձակած է, որովհետեւ ան իր առաջին պաշտօնավարութեան օրերուն (պաշտօնավարած է երկու անգամ. 2017-2019 եւ 2020-2021), մեղսակից եղած է կաշառակերութեան դէպքի մը, ու երբ քննութիւն բացւած է 3 տարի առաջ, ստած է քննիչներուն: Տղէկը բնականաբար չ’ընդունիր մեղադրանքը: Դատավարութիւն մը կը նախատեսւի առաջիկայ հոկտեմբերին:
Առանց խորանալու մանրամասնութիւններուն մէջ, տրւած տեղեկութիւններէն քաղենք քանի մը կէտ: Քուրցի վարչապետութեան օրով, կազմւած է գործարար ընկերութիւն մը, որուն տնօրէն նշանակւած է իր մէկ սերտ գործակից-բարեկամը: Այդ ընկերութիւնը, «տակից» դասաւորումներով, կողմնակալ վերաբերմունք ունեցած է ի նպաստ ռուսական ընկերութեան մը: Խնդրոյ առարկայ է իշխանութեան «դերակատարութիւնը» այդ ու նման գործառնութիւններու մէջ: Յստակ է նաեւ մէկ բան. սա Աւստրիոյ քաղաքական կեանքը ամենէն ուժգին ցնցումին ենթարկող դէպքն է վերջին 30 տարիներուն: (Իսկ թէ կան քաղաքական մրցակցութիւններու եւ հակառուս տրամադրութիւններու ծալքեր, ատիկա մեր գործը չէ այս պահուն):
* * *
Երբ այս լուրը Հայաստան հասեր է, վարչապետ Փաշինեան եւ քանի մը «ուսապարկեր» – որոնց շարքին՝ Աւինեան, Սիմոնեան, Պապիկեան եւ նմաններ – սեղանի մը շուրջ ճաշի նստած են եղեր՝ ֆրանսացի հիւր նախարարին հետ տեսակցութիւններէ ետք: Քուրցի դէմ դատավճիռը իմանալով, բոլորը մէկ խնդուք մը պայթեցուցեր են եւ սրտառուչ զրոյց մը ունեցեր են: Արտայայտւած կարծիքներէն՝ լսւած են հետեւեալները.
– Վա՜յ, խե՜ղճ տղայ, մէկ սուտի համար քեզ բանտ պիտի նետեն: Ելի՜ր, Հայաստան եկո՜ւր, մենք քեզի ապաստան կու տանք:
– Հոս մենք կաշառակերութեան հազար տեսակ խաղեր կը խաղանք, ճամբաներու կուպրապատումը կամ այլ ծրագիրներ առանց մրցոյթի կը վստահինք մեր ազգականներուն, չենք ալ ստուգեր, թէ անոնք ի՞նչ որակի գործ կիրականացնեն:
– Մենք օրական տասը սուտ կը գլորենք, տարիներէ՜ ի վեր կը խաբենք մեր ժողովուրդը, որուն հասկացողութիւնը այնքա՛ն բթացուցած ենք սուտերով, որ տակաւին հաւատացողներ կան, թէ մենք «ազգընտիր» ենք:
– Համբակ է ան, որ մէկ սուտ նետելով՝ կը բռնւի եւ մէջը կը մնայ: Պէտք է այնքա՛ն առատ սուտեր նետես, օր մը ըսածդ յաջորդ օրը ժխտես, նման բան ըսած ըլլալդ ուրանաս, մէկ սուտդ սուտերու ամբո՜ղջ հեղեղով մը ողողես, որպէսզի ո՛չ թէ ըսածներդ, այլ զանոնք լսողներն ալ յորձանուտին մէջ կորսւին: Վա՜յ չօճուխ, վա՜յ…
Յայտնի չէ թէ ո՞վ, սրամտութիւն մը ըրած է ըսելով. «Բայց այդ տղէկին ստախօսութիւնը Աւստրիան կործանումի չէ տարած, պետականութիւնը Դամոկլեան սուրի տակ չէ դրած…»: Ուրիշ մը վրայ բերած է. «Մեր վարպետութիւնն ալ ճի՛շտ հոն է արդէն: Մեր այնքա՜ն վիթխարի են, որ շատեր չեն հաւատար թէ… սուտ կը խօսինք»: Անգլիացիները խօսք մը ունին. «Սուտ մը նետէ եւ բաւարար չափով կրկնէ. ատեն մը ետք անիկա իբրեւ ճշմարտութիւն պիտի ընկալւի» (Tell a lie often enough, it becomes the truth):
Երրորդ մը եզրափակած է մխիթարական խօսքով մը. «Մեր բախտէն, միակ ստախօս իշխանաւորները մենք չենք: Բազմաթիւ մեծ ու փոքր պետութիւններու ղեկավարներ ալ իրենց սուտերով ստեղծած են… սուտերով օրօրւելու տրամադիր ժողովուրդներ, հետեւորդներ: Մե՞նք ենք յանցաւորը, որ մեր սուտերով երկիր կը կործանի, իսկ ուրիշներու սուտերը նոյնքան վնասաբեր չեն»:
Երբ խնդուքը դադրած է, բոլորը միասին բաժակները բարձրացուցած են բացագանչելով. «Կենա՛ցդ, համբա՛կ Քուրց»:
* * *
Զարմանալի՞ է, որ աշխարհը հիմա բոլորովին տարբեր ոճով կը թաւալի արեգակին շուրջը…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
23 փետրւարի 2024