ՄիջազգայինՔաղաքական

Աշխարհը կառավարող «իմաստուններ»…

Աշխարհի այս կամ այն շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ աղէտալի զարգացումներուն հետեւողը, եթէ պահ մը «շունչ մը քաշէ» եւ բանականութիւնը գործածելով՝ կշռադատէ եղած-չեղածը, դժւարութիւն չունենար եզրակացնելու, որ աշխարհը ներկայիս (խորքին մէջ երկար ատենէ ի վեր) կը ղեկավարւի «իմաստուններով», որոնք տխմարութիւններ դուրս տալու, տագնապները դարմանելու փոխարէն՝ կրակին վրայ նաւթ թափելու «քաղաքականութեան» կը հետեւին: Ու եթէ ներկայ փուլի ամենէն տաք գօտիները կը հանդիսանան Ուկրանիան ու Գազան, դժւար չէ տեսնել, որ երեւութապէս մեղմացած գօտիներ կը մնան նոյնքան վտանգաւոր կրակի վրայ:

Վերցնենք քանի մը օրինակ, որոնցմէ կարելի է հետեւութիւններ հանել այլ շրջաններու, անոնց նկատմամբ նո՛յն «իմաստուններուն» դիրքորոշումներուն մասին:

  • ՈՒԿՐԱՆԻԱ. Ֆրանսիայի նախագահը քանի մը օր առաջ հրապարակ եկաւ չնաշխարհիկ մտածումով մը. ըսաւ, թէ պէտք է արեւմտեան երկիրներէ՝ այսինքն՝ ՆԱՏՕ-էն զինւորներ ղրկել մարտադաշտ, Զելենսկիի իշխանութիւնը պաշտպանելու եւ ռուսները հեռացնելու համար (անմիջապէս արձանագրենք, որ ռուսները ասկէ-անկէ վանելու դիտաւորութիւնը փորձառական դաշտ ընտրած է նաեւ Հայաստանը): ՆԱՏՕ-ի միւս անդամները անմիջապէս հակազդեցին, թէ՝ Մակրոն իր կօշիկէն վեր ելած է, պէտք չէ ելլէ (այլ հարց, թէ իրենք – կամ զիրենք կառավարողները – իսկապէս ի՞նչ կը մտածեն նման առաջադրանքի իրականացման մասին): Ռուսիոյ հակազդեցութիւնը եղաւ աւելի՛ սպառնական, ու Պուտին անգամ մը եւս խօսեցաւ կորիզային զէնքերը դէպի Արեւմուտք լարելու մասին: (Կընէ՞, չը՞ներ, բոլորովին այլ հարց եւ… արհաւրիքի նախանշան): Եւ շուտով տարածւեցան մեկնաբանութիւններ, թէ՝ Մակրոնի այս մտածումը քիչ մը «անհատական» նկարագիր ունի, որովհետեւ ռուսները ճիգ ըրին եւ ֆրանսացիները դուրս շպրտեցին արեւմտեան Աֆրիկէի կարգ մը «գաղութներէ»: Կամ այն՝ որ ֆրանսացիներուն ախորժակն ալ բացւած է, կուզեն մասնակից դառնալ Ուկրանիոյ շուրջ ուռճացող զէնքի շուկային, անկախ անկէ, թէ նման մրցավազք, որ արդէն կտրած է երկրորդ տարւան սահմանը, ինչպիսի՜ ահաւոր հետեւանքներ կունենայ Ուկրանիոյ վրայ, այսինքն՝ քանդում, զոհեր, վիրաւորները, գաղթականներ, տնտեսութեան կործանում…
  • ԳԱԶԱ. Գազացիք այս օրերուն եօթներորդ ամսւան մոմը պիտի տնկեն արիւնաշաղախ կարկանդակին վրայ. վեց ամսւան մէջ, արձանագրւած են աւելի քան 30 հազար զոհ, վիրաւորներու եւ քանդումի հաշիւը եւս շա՛տ ծանր է: Աշխարհի՝ ինքզինք քաղաքակիրթ ու մարդու կեանքի արժէքը բարձր բռնող աշխարհի աչքերուն առջեւ, «Համասը պիտի ոչնչացնենք»-ի դրօշը պարզած իսրայէլեան իշխանութիւններուն ոճիրները կը շարունակւին ԱՆԿԱՇԿԱՆԴ: Զինադուլի կոչերը, որոնք կը հասնին Իսրայէլի ամենէն սերտ գործակիցներէ՛ն անգամ, գործնական ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կունենան: Ինչո՞ւ, որովհետեւ «զինադուլը անյետաձգելի է» ըսողներ գործնական ո՛չ մէկ զսպիչ քայլ կառնեն, իսկ «գլխաւոր բարեկամ»-ը՝ Միացեալ Նահանգներ, մէկը միւսին ետեւէ կը խափանէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի սեղանին հասնող՝ մինչեւ իսկ սոսկական զինադուլի մը հաստատման միտող բանաձեւերը, հազար ու մէկ դատարկաբանութիւն մէջտեղ նետելով: Այլ խօսքով, Բայդէն, իր փոխնախագան ու նախարարներ, բանբերներու ամբողջ երգչախումբը, դաշնակիցներու հետ միասին, բացայայտ դարձուցած են, որ Նեթանիահու պէտք չունի անսալու իրենց կոչերուն, այլ անոր կը թելադրեն շարունակել ջարդն ու քանդումը: Կարմիր ծովուն մէջ տեղի ունեցող վտանգաւոր զարգացումները եւս բարիք չեն խոստանար, որովհետեւ այդ գօտիին մէջ եւս, աշխարհի «իմաստունները», մթնոլորտ մեղմացնելու եւ դարմաններ գտնելու փոխարէն, կը բարձրացնեն սպառնալիքներու, ռազմական գործողութիւնները աւելի՛ եւս ընդարձակելու մարտակոչերուն դեսիբելները (ի հաճութիւն, օրինակի համար, զէնքի արտադրիչներուն եւ «պատերազմի ճարտարարւեստը» դէպի շահու նոր բարձունքներ տանողներուն):
  • ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ. Գերագոյն ատեանը, չես գիտեր ինչո՛ւ՝ ընտրութիւններու առաջին փուլի նախօրեակին, բեկանեց դատական բոլոր այն վճիռները, որոնք կրնային արգելք ըլլալ նախագահական ընտրապայքարին Թրամփի մասնակցութեան: Իմաստո՜ւն դատաւորները փաստօրէն կ’ըսեն, թէ պէտք է մոռնալ ո՛չ միայն նախկին նախագահին ձախաւերութիւնները, այլ նաեւ այն, որ անոր խրախուսանքով, ամբոխը յարձկում գործեց ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ եղող՝ խորհրդարանին վրայ, մարդիկ սպանւեցան, վիրաւորւեցան, քանդում-վնասներ արձանագրւեցան օր ցերեկով: Այլ խօսքով, Գերագոյն ատեանին այս վճիռը կրնանք ընդունիլ իբրեւ այնպիսին, որ անհատ մը, հոգ չէ, թէ նախագահի պաշտօն վարած ըլլայ, կրնայ ամէն տեսակի օրինազանցութիւն ընել եւ… վեր մնալ օրէնքէն, մինչդեռ հասարակ մահկանացուներ կրնան երկար տարիներ բանտ նետւիլ, մինչեւ իսկ մահապատիժի ենթարկւիլ շատ աւելի պարզ ոճիրներու համար (բնականաբար մոռցւած են այլ օրինազանցութիւններ, ինչպէս՝ պետական գաղտնիքներ բովանդակող թղթածրարներ՝ սեփական բնակարանի մը բաղնիքին մէջ մթերումը կամ այլ գայթակղութիւններ, որոնք, յամենայնդէպս, յառաջադէմ աշխարհին մէջ կրնան դիտւիլ իբրեւ… տղամարդու հերոսութիւն):

* * *

Նման իմաստութիւններու ցանկը կրնանք շարունակել երկար, յիշատակել Թուրքիան, Ադրբեջանը, Արգենտինան ու այլ երկիրներու դրածոյ ղեկավարները: Արեւելքէն մինչեւ Արեւմուտք, անցնելով Աֆրիկէէն եւ այլ գօտիներէ, աշխարհը դարձած է բառացիօրէն իմաստակներով ղեկավարւող վայր մը: Բնականաբար վարագոյրներուն ետին կը պահւըտին իսկական խաղացողները, որոնց համար նիւթական շահերը Ալֆա եւ Օմեղա են, իսկ մարդոց կեանքն ու երկիրներու բարօրութիւնը՝ մսխւելու արժանի մանրադրամ:

Կրկնենք. աշխարհի ղեկը մնացած է այնպիսիներու ձեռքը, որոնք իմաստութիւն եւ բանականութիւն կոչւած արժէքներն ու արժանիքները կը սպառեն նախաճաշի, ճաշի եւ ընթրիքի հետ (ոմանք կը գերակատարեն եւ գիշերներն ալ կարթննան՝ բան մը աւելի՛ ուտելու համար), մի՛շտ հաւատարիմ կամակատարները մնալով իրենց գեր-պոսերուն, որոնք կը լափեն կարկանդակն ու անոր քրեմը, փշրանքներ ձգելով… կամակատարներուն: Իսկ զանգւա՞ծը: Աստւած լուսաւորէ՜ Ֆրանսիայի Մարի Անթուանէթ թագուհիին հոգին…

Քաղաքակիրթ ու յառաջադէմ աշխարհի այս «արժանիքներուն» ի տես, ինչո՞ւ զարմանալ, երբ Հայաստանի իշխանութիւնը կ’ընէ նոյնը՝ որպէսզի ետ չիյնայ «յառաջդիմութենէն»: Եւ որո՞ւ հոգը, եթէ մեր պարագային՝ երկիր, պետականութիւն, նոյնինքն հայրենիքը դրւած են խաղասեղանին վրայ, որուն դիմաց, իշխանութիւնը կը սիրէ մնալ… կամակատար հանդիսական, որպէսզի յիշեալ փշրանքներէն չզրկւի:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
4 մարտի 2024

Related Articles

Back to top button