Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Անսալով ՀՅԴ կոչին. Բազմահազար հայորդիներ բուռն կերպով դատապարտել են Ադրբեջանին, որպէս ցեղասպան պետութիւն. բախում ապահովական մարմինների հետ

Յակոբ Բագրատունի. «Կոչ կուղղեմ Լիբանանի պետական շրջանակներուն չծառայելու ցեղասպանական պետութիւններուն` Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի»

Սեպտեմբերի 28-ի կէսօրէ ետք ժամը 17:00-ին, անսալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կոչին, Լիբանանի տարբեր շրջաններէն բազմահազար հայորդիներ համախմբւեցան Ադրբեջանի դեսպանատան առջեւ` բուռն կերպով բողոքելու համար Ադրբեջանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ: Ապահովական մարմինները յայտնապէս Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի կողմէ ստացած էին պատւէր` խիստ կերպով հակազդելու ցուցարարներուն:

Անտեղիօրէն օգտագործւած արցունքաբեր գազերու պատճառով արձանագրւեցան բազմաթիւ վիրաւորներ: Անոնք բոլորն ալ փոխադրւեցան հիւանդանոց:

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունի դատապարտեց ապահովական մարմիններու ոչ համարժէք հակադարձութիւնը եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան որոշ շրջանակներու չենթարկւելու Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի սադրանքներուն:

Ցուցարարները պարզած էին պաստառներ, որոնց բովանդակութիւնը կը բացայայտէր Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի ցեղասպանական դիմագիծը, ռազմական ոճրագործի հանգամանքը եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն պատասխանատւութիւնը:

Ցուցարարները նաեւ միջազգային ընտանիքէն պահանջեցին պատժել 21-րդ դարուն ցեղասպանութիւն իրականացնող Ադրբեջանի պետութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէին անունով արաբերէնով խօսք արտասանեց Լուդւիկ Այւազեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ մարդկային 4 հազար տարւան մշակոյթ կը բնաջնջւի տարբեր ազգերու պայքարի զոհասեղանին վրայ, ազգեր, որոնք կը դաւեն, կը ծրագրեն ու կը գործադրեն, կողմ կըլլան կամ կը բաւարարւին դատապարտումի ամօթալի հաղորդագրութիւններով: Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը անկարող է կասեցնել հաւաքական ցեղասպանութիւնը 21-րդ դարուն, յաչս աշխարհին:

Այւազեան նշեց, որ Արցախի Հանրապետութիւնը կը դատարկւի իր իսկական բնակիչներէն, անոր մշակոյթը կը քանդւի, ինչպէս կատարւեցաւ Արեւմտահայաստանի մէջ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, որուն ենթարկւեցաւ հայ ժողովուրդը: Իսկ այսօր թուրքերուն եղբայր ադրբեջանցիները կը շարունակեն նոյն ընթացքը: Ան լուսարձակի տակ առաւ, որ 1915 թւականին, երբ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ փոփոխութիւն կատարւեցաւ, հայութիւնը գինը վճարեց իր արեամբ, որ նւազ թանկ նկատւեցաւ քարիւղէն, իսկ այսօր` շուրջ հարիւր տարի ետք, երբ կրկին այդ փոփոխութիւնը կապրի աշխարհը, անգամ մը եւս կը հոսի հայուն արիւնը, որ նւազ թանկ կը նկատւի գազէն:

Լուդւիկ Այւազեան յայտնեց, որ պատահածին պատասխանատու են բոլորը` ոճիրը ծրագրողը, գործադրողը, Հայաստանի կողմնակալ դաշնակիցը, Հայաստանի անատակ վարչապետը, ինքնիրեն ժողովրդավար, քաղաքակիրթ, ազնիւ ներկայացնող միջազգային ընտանիքը, որ լոկ դիտողի դերին մէջ մնաց: Ան նշեց, որ 20-րդ դարու համաձայնագիրները կը պատռին, շրջաններու սահմանները եւ ազդեցութեան գօտիները կը փոխւին, նոր համաձայնագիրներ կը կնքւին` բոլորն ալ փոքր ազգերու արեամբ:

Ան շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը հազարներով համախմբւած է Լիբանանի մէջ Ադրբեջանի դեսպանատան առջեւ` իբրեւ բողոք Արցախի եւ Հայաստանի դէմ կատարւող ադրբեջանական-թուրքական յարձակումներուն, իբրեւ մերժում միջազգային ընտանիքին լռութեան: Այւազեան դիտել տւաւ, որ լիբանանահայութիւնը կը շրջափակէ դեսպանատունը այն երկրին, որ ոճիրներ գործեց մարդկութեան դէմ, սպանեց, չարչարեց, տեղահան ըրաւ հայութիւնը իր պապենական հողերէն, ինչպէս նաեւ աշխարհին կու գայ յիշեցնելու, որ իրաւունքը չի մեռնիր, այնքան ատեն որ իրաւատէր կայ:

Իր խօսքը աւարտելով` Լուդւիկ Այւազեան հաստատեց, որ մեր համբերութեամբ, վճռականութեամբ եւ պայքարի ոգիով պիտի շարունակենք մեր երթը, մինչեւ որ մութ ամպերը փարատին Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական բռնագրաււած շրջաններուն երկինքէն:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունի հետեւեալ խօսքը ուղղեց ցուցարարներուն` դիտել տալով, որ այս ցոյցին հազարներով մասնակիցները ընդառաջեցին հայ ժողովուրդի կանչին, ազգի կոչին, Եռաբլուրի մէջ հանգչող, բայց պայքարող նահատակներու կտակին, Բուրջ Համուդի գերեզմանատան մէջ տակաւին իրենց հանգիստը չգտած Լիսբոնի նահատակներուն, Դեր Զորի անապատներուն մէջ տակաւին իրենց ոսկորները չհանգչած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Այսօր պատմութեան մէջ նոր էջ մը կը բացւի, նոր էջ կը բացւի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որովհետեւ Ադրբեջանն ու Թուրքիան նոր ցեղասպանութիւն գործեցին մեր դէմ:

Բայց եւ այնպէս Յ. Բագրատունիի խօսքը ընդհատւեցաւ` ապահովական ուժերուն կողմէ ցուցարարներուն վրայ արձակւած արցունքաբեր գազերու արձակման, ստեղծւած իրարանցումին եւ արձանագրւած վիրաւորներուն պատճառով: Ան կոչ ուղղեց ապահովական ուժերուն եւ բանակայիններուն, որ չպաշտպանեն ոճրագործները, այլ պաշտպանեն իրաւունքը` շեշտելով, որ ցուցարարները անոնց դէմ չեն:

Որոշ դադարէ մը ետք Յակոբ Բագրատունի կրկին խօսք առաւ` դիտել տալով, որ, ըստ երեւոյթին, Ներքին ապահովութեան ուժերուն տւած հրահանգները բաւական կարծր էին` Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի հետ գործակցող լիբանանցի ղեկավարներուն կողմէ:

Ապա ան շարունակեց իր խօսքը` շեշտելով, որ այս ցոյցին մեծաթիւ լիբանանահայութեան ներկայութիւնը փաստ է, որ մեր ժողովուրդը չէ հիասթափած: «Ասիկա առաջին պարտութիւնը չէ, որ ունեցանք մենք, Ցեղասպանութիւնը, տեղահանութիւնը, գաղթականութիւնը պարտութիւն էին, բայց մենք կրկին ոտքի կանգնեցանք, անկախ հանրապետութիւն, ազատ Արցախ, ազատ Հայաստան ունեցանք, իսկ այսօր Արցախը յանձնւեցաւ Հայաստանի անշնորհ իշխանութիւններուն կողմէ, այսօր պարտւած ենք Արցախի մէջ, բայց չենք պարտւած իբրեւ ժողովուրդ, չենք պարտւած իբրեւ հայ ցեղ, իբրեւ հայ ազգ: Կը պարտւինք այն օրը միայն, երբ մեր հոգիներէն դուրս կը շպրտենք հայկականութիւնը, երբ մեր նահատակները կը յիշենք միայն մեռելոցներուն, երբ կըսենք` Հայաստանը մերը չէ, Արցախը մերը չէ»,- հաստատեց Բագրատունի: Ան դիտել տւաւ, որ այսօր Արցախի ու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցողը հարւած է համայն հայութեան, իսկ մեզ հոս հասցնողները Հայաստանի իշխանութիւններն են, այսպէս կոչւած ժողովրդավար բռնատէրն է:

Ապա ան անդրադարձաւ նախորդ 3-4 տարիներուն արձանագրւած նահանջին, պարտւողական-յանձնւողական քաղաքականութեան, ազատ խօսքն ու իրաւունքի ձայնը լռեցնելու ներկայ իշխանութիւններու քաղաքականութեան, աւելի՛ն` արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութեան, որուն հետեւանքները ծանր եղան: Բագրատունի շեշտեց, որ Արցախը ամբողջ հայութեան է, եւ ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր գայլերու վոհմակին` աւելցնելով, որ ան մեծ նւէր է Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանին: Ան կոչ ուղղեց պայքարելու, որպէսզի արցախահայութիւնը վերադառնայ Արցախ, եւ անիկա պատմական անունի մը չվերածւի, չթրքանայ Հայաստանը, այլ մնայ հայկական, կոչ ուղղեց կոտրելու շղթաները, գիտակցելու, որ մեր բռունցքն է, որ մեր ժողովուրդը կը պաշտպանէ, եւ ոչ թէ դիւանագիտական ժպիտները: «Մենք անպայմանօրէն պիտի յաղթենք, այնքան ատեն որ ունինք երիտասարդութիւն, ունինք հայու սիրտ, հայու կամք, հայու բռունցք»,- հաստատեց Բագրատունի` շեշտելով, որ մենք վճռած ենք ապրիլ, պայքարիլ եւ շարունակել հայութեան երթը:

Ապա ցոյցին վայրը գտնւող տեղական լրատւամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատգամաւոր Բագրատունի նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր լիբանանցիներուն, որոնք զօրակցեցան հայութեան` անհասկնալի նկատելով լռութիւնը անոնց, որոնք տակաւին չի գիտեր, թէ Թուրքիան էր, որ Լիբանանը գրաւեց եւ սպանդներ գործեց Լեռնալիբանանի մէջ: Ան շեշտեց, որ այսօր ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ 120 հազար արցախահայութեան նկատմամբ գործադրւող ցեղային զտումը պէտք է նկատւի մարդկային դատ մը, որուն պէտք է զօրակցիլ, պատժել ոճրագործը իբրեւ պատերազմի ոճրագործ: Ան դիտել տւաւ, որ մենք ճիշտ է, որ խաղաղասէր ժողովուրդ ենք, կապեր չունինք, բայց եւ այնպէս այսօր հասած ենք տեղ մը, ուր խաղաղասիրութիւնն ու դիմացինը յարգելն ալ ունին սահման:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Լիբանանի վարչապետը, նախարարներն ու պատգամաւորները պէտք է կեցւածք ունենան Արցախի մէջ տեղի ունեցածին նկատմամբ` մոռնալով, որ շահեր ունին Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի մէջ:

Յայտնենք, որ Ադրբեջանի դեսպանատան ապահովութիւնը ստանձնած ուժերը ցուցարարներուն նկատմամբ կիրարկեցին անհամաչափ ուժ, որուն պատճառով արձանագրւեցան բախումներ: 30 վիրաւորներ փոխադրւեցան հիւանդանոց:

«Arfd.am»

Related Articles

Back to top button