ԳաղափարականՄիջազգայինՍփիւռքՔաղաքական

Լիբանանի վրայ Սիոնիստական ռեժիմի ահաբեկչական յարձակումը պատերազմական յանցագործութիւն է

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը

Երեքշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2024-ին Լիբանան ականատես դարձաւ սիոնական ոճիրներու նոր փուլի մը, որուն ընթացքին կատարւեցաւ հաղորդակցութեան մեծաթիւ սարքերու պայթեցումը: Ոճրային այս արարքը պատճառեց բազմաթիւ զոհեր, որոնց շարքին՝ երեխաներ, հազարաւոր վիրաւորներու կողքին:

Այս արարքը, որ հազարաւորներ թիրախաւորեց հեռու եւ ապահով քաղաքային միջավայրերու մէջ, կը ներկայանայ իբրեւ ամբողջական բնորոշումով պատերազմական ոճիր եւ մարդկութեան դէմ ոճիր, ինչ որ լիբանանեան պետութիւնը կը պարտաւորեցնէ աշխատանք տանիլ բոլոր պատկան կառոյցներուն մօտ՝ դէմ դնելու համար անսանձ թշնամիին:

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէն, դատապարտելով այս ահաւոր ոճիրը, կը ցաւակցի զոհերու ընտանեկան պարագաներուն՝ Աստուծմէ ողորմութիւն հայցելով անոնց հոգիներուն համար, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Related Articles

Back to top button