ՄիջազգայինՔաղաքական

Պատերազմի շարունակութիւնը եւ աղէտաբեր հետեւանքներու հաւանականութիւնը

Կեանքի սպառնացող ահաւոր վտանգի կողքին եւ անկէ անդին, Լիբանանի վրայ շղթայազերծւած պատերազմը շարունակւելու պարագային, ընկերային, առողջապահական, կրթական, տնտեսական աղէտներու դիմաց կրնայ կանգնեցնել ամբողջ երկիրը:

Ա.- Մէկուկէս միլիոնի հասնող գաղթականներ` Լիբանանի նման փոքր երկրի մը համար, ուր աղէտներու հակակշռումի պետական համապատասխան համակարգը թոյլ է, հակառակ արտաքին օժանդակութիւններուն` դժւար է կացութեան ամբողջական տիրութիւն յանձանձումը կատարել:

Գաղթակայաններու մէջ մաքրութեան անբաւարարութիւնը, փոխանցիկ հիւանդութիւններու եւ համաճարակներու մնայուն վտանգը, երկարաժամկէտ եւ անբուժելի հիւանդութենէ տառապող անհատներու անհրաժեշտ խնամքի եւ միջավայրի բացակայութիւնը լրջագոյն մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն բոլորը:

Ձմեռնամուտին կրիփի հաւանականութիւնը եւ «Կորոնա» ժահրի (թէկուզ` ոչ վտանգաւոր) տարածումը կրնայ ստեղծել հաւաքական առողջապահական խնդիրներ: Այս բոլորին կողքին, հիմնական հարց կը մնայ հիւանդանոցներու անբաւարար կարողականութիւնը, երբ մեծ թիւով հիւանդանոցներ այսօր արդէն դադրած են գործելէ (երկրի հիւանդանոցներուն 15 առ հարիւրը), երբ շարք մը այլ հիւանդանոցներ կը գործեն ոչ բնական ընթացքով: Աւելի՛ն. հիւանդանոցներ նաեւ կը շարունակւին թիրախ դառնալ ռմբահարումի:

Բ.- Հարիւր հազարէ աւելի աշակերտութեան եւ հազարաւոր համալսարանական ուսանողներու գաղթական կարգավիճակը կրթական տարեշրջանին համար հիմնական խնդիր է: Աւելի քան 30.000 ուսուցիչներ նաեւ այսօր գաղթական դարձած են եւ ի վիճակի չեն իրենց առաքելութիւնը իրականացնելու: Խաղաղութեան հաստատման պարագային նաեւ, երկար ժամանակի պիտի կարօտի ուսումնական կրթական բոլոր հաստատութիւններու բնականոն գործունէութեան վերադարձը, տրւած ըլլալով, որ մեծ թիւով քաղաքացիներու բնակարանները քանդւած են, եւ անոնք դատապարտւած են գաղթական ապրելու երկար ժամանակ, երբ այս ծիրին մէջ կրթական հաստատութիւնները այսօր գաղթակայաններու վերածւած են:

Գ.- Տնտեսական տագնապը բնականաբար մեծ թիւով հաստատութիւններ պիտի պարտաւորեցնէ գործէ արձակելու իրենց պաշտօնեաները, եւ գործազրկութիւնը, իր կարգին, ընկերային աղէտի պատճառ պիտի դառնայ, եւ որուն դարմանումին համար պետութեան օժանդակութեան ծրագիրները ոչ մէկ ատեն կրնան բաւարար դառնալ եւ երաշխաւորել քաղաքացիին ընթացիկ պէտքերը:

Տագնապներու շարքը կարելի է երկարել. այս եւ այլ բազմապիսի դժւարութիւններու տակ պիտի կլանւի ամբողջ ժողովուրդը: Տակաւին չենք անդրադառնար երկրի շրջափակման հաւանականութեան առկայութեան մասին, որ տագնապին բնականաբար աւելի սուր ու վտանգաւոր բնոյթ պիտի տայ:

Հայկական պրիսմակէն մօտենալով հարցին, այս բոլորը կանխատեսելով` անհրաժեշտ է մնալ զգօն եւ խուճապային մթնոլորտէ հեռու` կառչիլ գործին: Բոլոր ժամանակներէ աւելի համախմբւածութիւնը, համադրւած աշխատանքը, կազմակերպւածութիւնը, համայնքի կառոյցներուն աշխատանքին եւ առաքելութեան նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւնը եւ, վերջապէս, ներկայ փուլը շրջանցելու համար իւրաքանչիւրի հեռու անձնակեդրոնութենէ` բոլորին ցաւին ու տագնապին բաժնեկցելու գիտակցութիւնը անհրաժեշտ են, որպէսզի կարելի ըլլայ թեթեւցնել տագնապը: Անշուշտ հարկ է մի՛շտ ըմբռնենք նաեւ այն իրականութիւնը որ տագնապը համընդհանուր է:

Մինչ այդ մաղթենք, որ այս հաւանականութիւնները մնան պարզապէս մտահոգութիւն, եւ շուտով իրականութիւն դառնայ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատումը:

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ազդակ

Related Articles

Back to top button