Հալէպը՝ թէժ մարտերի կիզակէտում. Սիրիական բանակը շարունակում է դիմագրաւել ահաբեկիչներին
Ազգային առաջնորդարանը հալեպահայերին յորդորում է խուճապի չմատնւել
«ԱԼԻՔ» – Հալէպում իրավիճակը շարունակում է լարւած եւ անորոշ մնալ:
Սիրիական բանակը շարունակում է դիմագրաւել Թուրքիայի կողմից հովանաւորւող ահաբեկչական խմբաւորումների յարձակումներին՝ Հալէպում եւ Իդլիբի գիւղերում:
«Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ զինւած ուժերը, որոնք կը գործեն Հալէպի եւ Իտլիպի գիւղերու ճակատներուն վրայ, կը շարունակեն դիմակայել այն մեծ յարձակումին, որ սկսած են այսպէս կոչւած «ալ-Նուսրայի ահաբեկչական ճակատի»-ն մաս կազմող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք, բացի անօդաչու թռչող սարքերէն, կօգտագործեն տարբեր տեսակի ծանր եւ միջին զինատեսակներ եւ կը յենին օտարերկրեայ ահաբեկչական խումբերու աջակցութեան:
Մեր զինւած ուժերը յաջողած են մեծ կորուստներ պատճառել յարձակող խումբերուն, որոնց շարքերուն մէջ հարիւրաւոր ահաբեկիչներ սպանւած եւ վիրաւորւած են, ոչնչացւած են տասնեակ զրահամեքենաներ եւ մեքենաներ, վար առնւած եւ ջախջախւած տասնեօթ անօդաչու թռչող սարքեր:
Գլխաւոր հրամանատարութիւնը աւելցուցած է. «Մեր զինւած ուժերը կը շարունակեն ամրապնդել մարտական տարբեր առանցքներու բոլոր կէտերը՝ այդ առանցքներուն վրայ ահաբեկչական թափանցումները կանխելու եւ անոնց յարձակումները ետ մղելու համար։ Մարտական գործողութիւնները կը շարունակւին»։ Գլխաւոր հրամանատարութիւնը եզրափակած է. «Ահաբեկչական խմբաւորումները իրենց հարթակներուն վրայ կը հրապարակեն ապակողմնորոշիչ տեղեկութիւններ, տեսերիզներ՝ քաղաքացիները ապակողմնորոշելու համար։ Ուստի կը թելադրւի հետեւիլ պետական պաշտօնական աղբիւրներու»,- հաղորդել է Հալէպում տպագրւող «Գանձասար» շաբաթաթերը:
«Գանձասար»-ը նաեւ փոխանցել է, որ Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանը հալէպահայութեանը յորդորել է մնալ բնակարաններում, պահպանել սառնասրտութիւնը եւ խուճապի չմատնւել։