ՄիջազգայինՔաղաքական

Լիբանանի վերջին զարգացումները՝ Թուրք-Սաուդական մրցակցութեան Բրիսմակէն դիտւած

Վահրամ Էմմիեան

 

Սիրիոյ մէջ Ասադի վարչակարգին տապալումը առաջին հերթին նպաստեց Թուրքիոյ: Արաբական երկիրները, որոնք տակաւին նոր Սիրիան Արաբական լիկա վերընդունած էին եւ սկսած՝ Դամասկոսի մէջ իրենց դեսպանատուները վերաբանալ ու դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերահաստատել, իրենք զիրենք գտան անախորժ կացութեան մը առջեւ, երբ Թուրքիան իր վերահսկողութեան տակ առաւ Սիրիան:

Սիրիոյ զարգացումները մասնաւորաբար ահազանգ հնչեցուցին Ռիադի մէջ՝ նկատի ունենալով Սաուդական Արաբիան սիւննի աշխարհի ղեկավարի դիրքէն գահընկէց ընելու Թուրքիոյ ախորժակը:

Բնական էր, որ ստեղծւած կացութեան մէջ Սիրիոյ, սաուդական տեսանկիւնէն դիտւած, «անկումէն» ետք Լիբանան եւս թուրքական ազդեցութեան գօտիի վերածւի, քայլ մը, որ կը թւէր կարճ ժամանակի հարց ըլլալ, ինչ որ Լիբանանէն ինքզինք հեռու պահելու Ռիադի քաղաքականութեան լոյսին տակ, լիբանանեան քաղաքական կարգ մը կողմեր մղեց անմիջապէս Անկարա այցելելու եւ նորօսմանական սուլթանին՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանին օրհնութիւնը ստանալու:

Անոնցմէ էին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիդ Ժոմբլադն ու Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որոնք նաեւ Դամասկոս այցելելով՝ հանդիպում ունեցան Սիրիոյ մէջ Անգարայի հովանաւորութիւնը վայելող նոր ղեկավար Ահմետ Շարհի հետ:

Միքաթի 18 դեկտեմբերին Էրդողանի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց. «Լիբանանի նկատմամբ ձեր անձնական սէրն ու մեր սերտ անձնական յարաբերութիւնները գործակցութեան եւ օժանդակութեան բազմաթիւ դռներ պիտի բանան», աւելցնելով, որ՝ «Այսօր նաեւ յոյս կը կապենք ձեր դերակատարութեան եւ շրջանին ու աշխարհի մէջ Թուրքիոյ ազդու ներկայութեան վրայ, մասնաւորաբար՝ մեր աշխարհագրական շրջապատին մէջ քաղաքական արմատական փոփոխութիւններուն մէջ, մանաւանդ՝ Սիրիոյ մէջ»:

Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիդ Ֆայեադ մէկ օր ետք իր թուրք պաշտօնակից Ալփասլան Պայրաքտարի հետ գումարեց ժողով մը՝ քննարկելով Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Սիրիոյ էլեկտրական ցանցերը իրարու կապելու կարելիութիւնը: Բանակցութիւններուն ընթացքին թուրքական կողմը հետաքրքրութիւն յայտնեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ քարիւղի եւ գազի հորատման աշխատանքներուն նկատմամբ: Ֆայեադ թուրքական ընկերութիւնները հրաւիրեց ծանօթանալու լիբանանեան շուկային եւ մասնակցելու սպասւող նւազուրդին:

Քայլեր ու յայտարարութիւններ, որոնց գինը Միքաթին շատ չանցած վճարեց: Արդարեւ, Սիրիայէն հնչած ահազանգին իբրեւ արդիւնք՝ իր կամաւոր թմբիրէն սթափած Սաուդական Արաբիան շուտով վերաշխուժացուց Լիբանանի սիւննիներու հովանաւորի իր աւանդական եւ ընդհանրապէս Լիբանանի մէջ իր առանցքային ու ազդու դերակատարութիւնը՝ կանխարգիլելու համար Սիրիական բեմագրութեան Լիբանանի մէջ կրկնութիւնը:

9 յունւարին, նախագահական աթոռի աւելի քան երկու տարի թափուր մնալէն ետք, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրւեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունը, որ կը վայելէր Միացեալ Նահանգներու, Սաուդական Արաբիոյ, Ֆրանսայի եւ Եգիպտոսի զօրակցութիւնը:

Նախագահի ընտրութենէն ետք կարգը հասաւ սահմանադրութեամբ սիւննի համայնքին վերապահւած վարչապետի պաշտօնին համար թեկնածուի ճշտումին: Յունւարի 13-ին Լիբանանի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցան վարչապետի առաջադրման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ, որոնց մեկնարկէն առաջ, Միքաթիի կողքին, հաւանական թեկնածու նկատւած երեսփոխան Մախզումի յանկարծ յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ վարչապետի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը՝ «փոփոխութեան հաւատացողներուն միջեւ» Նաուաֆ Սալամի թեկնածութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու առիթ ընծայելու համար:

«Կախարդական ցպիկ»-ը շարժած էր, եւ անոր ազդեցութեան տակ, նախապէս Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը առաջադրելու փոխհասկացողութիւն գոյացուցած ուժերն իսկ առաջադրեցին Սալամի անունը: «Տիար» օրաթերթը 16 յունւարին գրեց, որ արաբ դիւանագէտ մը յայտնած է. «Սաուդական Արաբիան նեղացաւ վարչապետի պաշտօնին վրայ իր մնալը ամրագրելու համար Միքաթիի Անկարա այցելութենէն, որ կարծէք սիւննիական հեղինակութեան Սաուդական Արաբիայէն Էրդողանի ղեկավարութեամբ Թուրքիոյ անցած ըլլալու ճանաչում էր»:

Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Նաուաֆ Սալամի յաղթանակի ուրւագծումէն անմիջապէս ետք «Լեբանոն Ֆայլզ» հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ Սաուդական Արաբիոյ դեսպանը ընդունած է Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպան Մուրաթ Լիւթեմը: Ըստ երեւոյթին, վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններու ընթացքը խանգարած էր Անկարայի հաշիւները, ուստի ան շտապած էր այցելելու գլխաւոր մեղաւորին ու անոր փոխանցելու թուրքական կողմին դժգոհութիւնը:

Բարացուցական էր նաեւ վարչապետի նշանակման շուրջ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններէն մէկ օր ետք՝ 14 յունւարին, Լիբանանի մէջ Սաուդական Արաբիոյ դեսպան Ուալիդ Բուխարիի Թրիփոլի այցելութիւնն ու Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մոհամմետ Իմամի հետ հանդիպիլն ու յայտարարելը, թէ թագաւորութիւնը մշտապէս կը կանգնի Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդի կողքին: Ան նոյն օրը վերջին տարիներուն թրքական ազդեցութեան գօտիի վերածւած հիւսիսային Լիբանան իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ այցելեց նաեւ Ալեւիներու իսլամական խորհուրդի նախագահ շէյխ Ալի Քատտուրի:

Յունւարի 17-ին սէուտական «Օքազ» օրաթերթը գրեց. «Լիբանանին թիկունք կանգնելէն հրաժարիլը կրնայ անգամ մը եւս արտաքին ուժերուն անոր ներքին հարցերուն միջամտելու դուռ բանալ»: Օրաթերթը տողատակի կակնարկէր Իրանին, սակայն նաեւ՝ Թուրքիոյ, եւ այդպիսով կը յայտարարէր Սաուդական Արաբիոյ՝ Լիբանանի մէջ աւանդական ազդեցիկ դերակատարութեան վերականգնումը:

Նոյն օրը Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ «զուգադիպութեամբ» բարձրացան գովազդի պաստառներ, որոնց վրայ պատկերւած էին Լիբանանի ու Սաուդական Արաբիոյ դրօշները եւ միայն մէկ բառ՝ «Շնորհակալութիւն»…

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button