Ակնարկ. Վաշինգտոնի անհամբերութիւնը արբանեակ պետութիւններէն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նշանակւած նախարարին յայտարարութիւնը միջինարեւելեան տարածաշրջանի պատկերացումներուն ուղղութեամբ որոշ լուսարձակներ կրնայ բանալ հետագայ գործընթացներուն վրայ:
Մինչ այդ նկատենք, որ ամերիկեան նոր վարչակազմին համար Սաուդական Արաբիան կարեւորագոյն գործընկեր է թէ՛ տնտեսական ներդրումներու, եւ թէ՛ տարածաշրջանին մէջ հիմնական ազդեցութիւն վերահաստատելու առումներով: Առաջին յայտարարութիւններէն էր այն, որ Ռիադը վեց հարիւր միլիարդ դոլարի, չորս տարւան կտրւածքով ներդրումներ պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Մինչ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նշանակւած նախարարին հեռաձայնային առաջին հաղորդակցութիւններուն ներառւած է իր սէուդցի պաշտօնակիցը:
Ուրեմն. այս ընդհանուր դերակատարութեան վերարժեւորման քաղաքականութեան մէջ պէտք է դիտարկել Ռուբիոյի ակնկալութիւնը, թէ` Սիրիոյ, Լիբանանի եւ Գազայի մէջ հասարակաց շահերը ամրապնդելուն անհամբերութեամբ կը սպասեն:
Անհամբերութիւնը արագ ակնկալութիւն է: Ըստ էութեան սակայն քանի մը կէտ պէտք է նկատել այս բոլորին մէջ: Նշւած երեք միջավայրերուն մէջ արմատական փոփոխութիւններ տեղի կունենան: Կը փոխւին ազդեցութեան գօտիներ, կը նորացւին հովանաւորներ, միջնորդներ եւ երաշխաւորներ:
Փորձենք աելի խորանալ այս յայտարարութեան ետին գծւած քաղաքականութեան ծալքերուն մէջ: Տարածաշրջանին եւ յատկապէս նշւած երեք երկիրներուն մէջ իրանեան եւ ռուսական գործօնները նախկին առկայութիւնը չունին: Փոխարէնը նպաստաւորւած են Իսրայէլը, Թուրքիան եւ Սաուդական Արաբիան: Աւելի ընդհանուր հայեացքով` Միացեալ Նահանգները իր արբանեակներուն միջոցով:
Արբանեակ պետութիւններուն միջեւ սակայն կան երեւութական եւ խորքային հակասութիւններ: Իսրայէլն ու Թուրքիան կը շարունակեն հռետորաբանական պատերազմը որոշ հրադադարային կանգառներով, իսկ Սաուդական Արաբիան, որ Գազայի պատերազմէն առաջ փուլ առ փուլ կառաջնորդւէր Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու հաստատման, կառկախէր գործընթացը պատերազմին պատճառով:
Բայց կայ իրողական մրցապայքար Սաուդական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ արաբական աշխարհին, աւելի մասնակի սիւննի զանգւածներուն վրայ ազդեցութեան տարածման ուղղութիւններով:
Թուրքիան աւելի ներկայութիւն է հիմա Սիրիոյ մէջ, քան Սաուդական Արաբիան: Լիբանանի պարագային Վաշինգտոնը Սաուդական Արաբիոյ յանձնած է ներկայացուցիչի պաշտօն. այդ մէկը չի նշանակեր անշուշտ, որ Անկարան պիտի հրաժարի իր լիբանանեան ծրագիրներէն:
Սաուդական Արաբիան միայն լիբանանեան կտրւածքով չէ, որ աշխուժ է: Պաշտօնամուտին, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը առաջին հեռախօսազրոյցը կունենար Սաուդական Արաբիոյ թագաժառանգին հետ: Նախքան հանդիպումը արդէն կը յայտարարւի մեծածաւալ ներդրումներու մասին. ներդրումային տարազին տակ աստղաբաշխական թիւեր կը հրապարակւին:
Նոյնքան ուշագրաւ է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը թագաժառանգը կը ներառէ իր առաջին հեռաձանային հաղորդակցութիւններու շարքին: Արագ ակնկալութիւնը փոխանցելով, որ Գազայի, Լիբանանի եւ Սիրիոյ մէջ շահերու համընկնումներ արձանագրւին եւ ըստ այնմ ծրագիրները իրականանան: Ընդհանուր կամ հասարակաց շահերը կը վերաբերին ներգրաււած վերը նշւած պետութիւններուն` Թուրքիոյ, Սաուդական Արաբիոյ եւ Իսրայէլին: Կը նշւի նաեւ առաջին քննարկումներու վայրը` Սաուդական Արաբիա: Եթէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդէն գոյութիւն ունին ռազմավարական դաշինքներ, ապա Սիրիոյ նորահաստատ իշխանութիւններուն ամերիկեան նախորդ վարչակարգը կը թելադրէր յարաբերութիւններ հաստատել Թել Աւիւի հետ: Նշւեցաւ, որ նախքան պատերազմը Ռիադը կը պատրաստւէր Թել Աւիւի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու: Լիբանան-Իսրայէլ կնքւած հրադադարի յայտարարութեան մէջ կար կէտ` երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման գործընթաց սկսելու:
Ընդհանուր շահերու համապատկերը կրնայ ուրւագծւիլ այս հանգամանքներուն նշումով: Տարածաշրջանին մէջ արբանեակ պետութիւններու ազդեցութիւններու նոր դաշտեր են, պատերազմներէ ետք ստեղծւած իրավիճակներու լոյսին տակ:
Ամերիկեան նոր վարչակազմի ներկայացուցիչը առաջնային կարգով կարծարծէ մեր տարածաշրջանին մէջ արբանեակներու ներդաշնակ գործունէութեան հրամայականը: Շեշտելով իր պետութեան անհամբերութիւնը:
«Ազդակ»