ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէն կոչ կուղղէ բոլորին անզիջող մնալու Հայաստանի պետական շահերուն սպառնացող դաւերուն դէմ

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները Ադրբեջանի հետ աւելի քան երեք տարի տեւած բանակցութիւններէ ետք յայտարարեցին խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի բովանդակութեան շուրջ բանակցութիւններու աւարտը եւ ընդհանուր ուղղութիւնները: Անոնք այդ համաձայնագիրը ներկայացուցին իբրեւ մեծ ձեռքբերում, մինչ հպանցիկ ակնարկ մըն իսկ բաւարար է հաստատելու, որ անիկա ոչ միայն անձնատւութեան, այլեւ նոյնիսկ Հայաստանի գերիշխանութեան, անվտանգութեան եւ ապագային սպառնացող միակողմանի զիջումներու մէկ օղակն է:
Արդարեւ, բանակցութիւններուն սկիզբը հայկական կողմի ներկայացուցած նւազագոյն պահանջներէն ոչ մէկը յիշւած է հոն. Հակառակը՝ անիկա կօրինականացնէ Ադրբեջանի ցեղասպանութեան եւ պատերազմական ոճիրներով կատարած ձեռքբերումները, ենթահող պատրաստելով ադրբեջանական յաւելեալ պահանջներու:
Այսպէս, յիշեալ փաստաթուղթը չի վերջնականացներ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանագիծը եւ ոչ մէկ ակնարկութիւն կընէ Հայաստանի ճանչցւած տարածքէն հատւածներ բռնագրաւող ադրբեջանական ուժերու հեռացումին կամ ադրբեջանական նոր յարձակումի կանխարգիլման. կանտեսէ արցախահայութեան հայրենիք դառնալու եւ հոն ապահով ապրելու իրաւունքները, ինչպէս նաեւ Ադրբեջանի մէջ պատանդ պահւող հայ գերիներու վերադարձը:
Աւելի՛ն. Ադրբեջան անընդհատ նոր նախապայմաններ կաւելցնէ, ինչպէս` Սիւնիքի վրայով դէպի Նախիջեւան ադրբեջանական հակակշիռի տակ միջանցք, Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւն, Հայաստանի մէջ ադրբեջանցիներու բնակեցում, հայաստանահպատակներու տարատեսակ ամբաստանութիւններու պատրւակով արտայանձնում, Հայաստանի զինաթափում, միջազգային ատեաններու առջեւ հայկական դատերու յետս կոչում, ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի լուծարում եւ այլն:
Վերոնշեալները բաւարար են հաստատելու, որ ոչ թէ խաղաղութեան, այլ անձնատւութեան այս փաստաթուղթը հայկական ստորագրութեամբ կօրինականացնէ ադրբեջանական յանցագործութիւններու ձեռքբերումները եւ կարդարացնէ ապագայ ամէն նոր ոտնձգութիւն, միաժամանակ գործնական եւ օրինական ինքնապաշտպանութեան ամէն հնարաւորութենէ զրկելով Հայաստանը եւ ջնջելով հայկական իրաւունքները պաշտպանելու օրինական հիմքերն ու գործնական հնարաւորութիւնները:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կողմ է երկխօսութեան ու բանակցային միջոցներով արդար խաղաղութեան եւ շրջանային կայունութեան հաստատումին, որմէ կը բխին բոլոր կողմերու ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը:
Սակայն անձնատւութեան այս փաստաթուղթը կայունութեան եւ խաղաղութեան փոխարէն ոճիրներ ու անարդարութիւնը օրինականացնելու կողքին Հայաստանի ու հայութեան համար կը ստեղծէ նոր ու գոյութենական սպառնալիքներ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ այս փաստաթուղթին էութիւնը խաբէութեամբ քողարկող եւ հայ ժողովուրդին նման զիջումներ պարտադրել փորձող կողմերու ընթացքը. նաեւ կոչ կուղղէ բոլորին անզիջող մնալու Հայաստանի պետական շահերուն, միջազգային օրէնքով ճանչցւած հայկական իրաւունքներուն եւ Հայաստանի գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան, անվտանգութեան ու նոյնիսկ ապագային սպառնացող դաւերուն դէմ:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ