Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Վտանգը

ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Աւելի քան 25 տարի առաջ Վահէ Օշական սոյն վերնագրով յօդւած մը կը ստորագրէր, սկսելով հետեւեալ տողերով. «Կտրատումի, երկփեղկումի չարագուշակ հովեր կը փչեն մեր ազգին վրայէն։ Խորհրդաւոր ախտ մը կը կոտորակէ մեր ուժերը եւ կը սպառնայ ջլատել Սփիւռքն ու Հայաստանը»։ Յօդւածը կը շարունակւէր օրւան իրավիճակի վերլուծումով ու կաւարտէր կարգ մը բացասական հաստատումներով՝ դատապարտելով Դաշնակցութեան հայաստանակենտրոն դարձած ու, ենթադրաբար, Սփիւռքը անհրաժեշտ հոգածութենէ զրկած ըլլալը։

Օրին բնականաբար չէի կրնար համաձայն ըլլալ այդ հաստատումներուն, սակայն եթէ այսօր իր նոյն այդ յօդւածէն կը մեկնիմ ա՛յս յօդւածս գրելու համար, առաջին հերթին ճիշտ այդ առաջին տողերուն անհերքելի իրականութիւն ըլլալուն համար եւ երկրորդ հերթին ճիշտ հակառակին սոսկումով, որ յանկարծ դադրի՛նք հայաստանակենտրոն ըլլալէ՝ մեր ներկայ ողբալի իրավիճակին պատճառաւ։

Ահա վտանգը, որ կը սպառնայ մեզի, կը սպառնայ հայութեան։

Գուցէ հայոց պատմութեան հազարամեակներուն ընթացքին այսքան վտանգաւոր կացութեան մէջ չենք գտնւած, եթէ նկատի չունենանք Մեծ եղեռնը։ Կը թւի թէ հասած ենք նոր եղեռնի մը նախադռան։ Իսկ այս պարագային ոչ թէ կուսակցութեան մը կողմէ Սփիւռքի նկատմամբ կարծեցեալ թերացումի մը նշումով, ինչպէս Օշական կընէր քառորդ դար առաջ, այլ Հայաստանի իշխանութեան իսկ կողմէ սեփական պետութեան քանդումով։ Տասը դար ետք… անգամ մը եւս կը ծախւի Անին։

Այս վտանգ է ամբողջ ազգին համար՝ ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի։

Կը նսեմացւին ազգային արժէքները։ Կը կազմալուծւին ազգային հաստատութիւնները։ Կը հարւածւին ազգային կազմակերպութիւնները։ Կը փորձւի խորտակել հայութեան ինքնութեան մնայուն ողնասիւնը հանդիսացող Հայաստանեայց եկեղեցին։ Կը դատապարտւի Հայ Դատի հետապնդումը։ … … …

Ո՞ւր կը տանին այս բոլորը, եթէ ոչ հայկական պետութեան անհետացման։

Իսկ Սփիւռքի հայութի՞ւնը։

Սփիւռքի հայութիւնը, որ ի սկզբանէ Հայաստանո՛վ է ապրեր, Հայաստանի տեսլականո՛վ վերապրէր ու առանց վհատելու փայփայեր է յոյսը Հայաստան վերադառնալու, որքան ալ անիրականալի թւէր այդ, ինչպէ՞ս պիտի վարւի ան, ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ այս ողբերգական իրականութեան։

Ինչպէ՞ս պիտի դիմադրէ Հայրենիքէն օտարումին,- ա՛լ չեմ ուզեր լսել Հայաստանի մասին, ա՛լ ոչ մէկ լումայ Հայաստանի համար,- ինչպէ՞ս պիտի համոզէ իր զաւակները, որ շարունակեն հայ մնալ, շարունակեն տէ՛ր մնալ հայ լեզւին, մշակոյթին ու պատմութեան, շարունակեն պայքարիլ հայոց իրաւունքներու վերականգման համար։ Ի՞նչպէս։ Ի՞նչպէս։

Խորհրդային բռնատիրութեան ամբողջ 70 տարիներուն Սփիւռքի տարագիր հայութիւնը կրցաւ ինքզինք գտնել ու կազմակերպւիլ, կերտել դպրոց, եկեղեցի թէ ակումբ, ստեղծել մամուլ ու գրականութիւն, եւ մշակոյթ՝ միշտ շնորհիւ Մեծ տեսլականին դաւանող, զայն պաշտպանող ու սերունդէ սերունդ աւանդող մեր ազգային ղեկավարութեան։ Ի գին մեծ զոհողութիւններու, ամէ՛ն տեսակ զոհաբերութեան։ Միշտ հիւսելով նորանոր բոյներ, բայց չմոռնալով ետեւը ձգած, իր հիւսած, բայց մանաւանդ իր նախահայրերո՛ւ բոյները։ Շնորհիւ այդ անմոռ Տեսլականին։

Հիմա ճիշտ այդ Տեսլականի ջախջախո՛ւմն է, որ կը հետապնդւի թշնամիին կողմէ՝ ափսո՜ս, կը հետապնդւի հայանուն մարդոց իսկ ձեռքով։

Իսկ Տեսլականը, ի՛նչ բանաձեւումով ալ, որ զայն ներկայացնենք՝ «Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան», «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ», թէ պարզապէս «Հայաստան, երկիր դրախտավայր», միեւնոյն է, մեզ ոտքի կը պահէր ու պիտի պահէ եթէ յոյսը չկորսւի։ Եթէ յոյսը չըլլայ ի սպառ կորսւողը։ Վտանգը ոչ թէ հողաշերտերու կորուստն է, ոչ թէ նոյնիսկ այդքան մեծաթիւ մատղաշ հայորդիներու կեանքի կորուստն է՝ վասն ոչինչի, ոչ իսկ մեր բազմադարեայ մշակութային կոթողներու կորուստն է, այլ կորուստը յոյսին։

ՅՈՅՍին։

Մենք չենք կրնար չըլլալ հայաստանակենտրոն։ Ի վերջոյ ի՞նչ Սփիւռք առանց Հայրենիքի։ Որո՞ւ Սփիւռքը։ Այո՛, նոյնիսկ անկախ Հայաստանի բացակայութեան, Տեսլականը կրնայ դեռ երկար ժամանակ վառ պահել յոյսը, ինչպէս եղեր է դարերէ ի վեր։

Այս՝ թշնամին լաւ հասկցած է։ Բոլո՛ր թշնամիները լաւ են հասկցած։

Ահա՛ վտանգը։ ՎՏԱ՛ՆԳԸ։

Ահա նաեւ մարտահրաւէրը՝ պահպանելու յոյսը,- մարտահրաւէրը մեր կուսակցութեան, հայկական բոլոր կուսակցութիւններուն համար, բոլոր կազմակերպութիւններուն համար։ Համա՛յն հայութեան համար։

Ամէն մէկուս, քեզի ու ինծի համար։

«Դրօշակ» թիւ 7, 2025 թ.

Related Articles

Back to top button