Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Սիւնիքի վաճառքը վճռումի սեմի՞ն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Եթէ կուզէք՝ անակնկալ սեպեցէք, թէեւ անախորժ անակնկալները սովորական դարձած են հայուն համար: Երեւանի լրատու մէկ աղբիւրը երկուշաբթի, 4 օգոստոսին հաղորդեց լուր մը, թէ չորս օր ետք, ուրբաթ, 8 օգոստոսին, Դանալդ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ պիտի հիւրընկալէ Ալիեւն ու Փաշինեանը:

Լուրը «ծնած» է ազերի լրագրողէ մը, որ կը գործէ Վաշինգտոնի մէջ: Ան հաւաստած է, որ այս եռակողմ գերաստիճանը սարքւած է, որպէսզի Հայաստանի եւ Ադրբեջանի պետութեանց վարիչները «խաղաղութիւն հաստատելու իրենց նպատակը յայտարարեն»: (Գնա՛ եւ հասկցիր, թէ ի՞նչ կը նշանակեն այս քանի մը բառերը): Լուրին  հաւաստիութիւնը ստուգելու համար, յիշեալ լրատու աղբիւրը դիմեր է վարչապետ կոչեցեալի գրասենեակը, որ անպատասխան ձգած է զանգը:

Հարցը հոն չէ, թէ արդեօք պէ՞տք է հաւատք ընծայել թշնամի կողմի մէկ լրագրողին լուրին: Հարցը, ո՜չ, հարցե՜րը հոն են, որ նման լուրի հաւատալը մէկ աղէտ է, չհաւատալը տարբեր աղէտ: Կայ նաեւ այն՝ որ պաշտօնական Երեւանը շատո՜նց ստեղծած է աւանդութիւն մը, որ իր ընելիքները գաղտնի կը պահէ մինչեւ մէտասաներորդ վայրկեան, յետոյ թուրքին ու ազերիին հաղորդածը կիրականանայ, հետեւանքն ալ այն կըլլայ, որ եւրոպական կամ արաբական երկրի մը այս կամ այն քաղաքին մէջ նման հանդիպումներ նոր վնասներ, նոր նահանջներ եւ նոր կորուստներ «կը պարգեւեն» Հայաստանին (Արցախը առայժմ կորսւած-գացած կը համարւի), իսկ ՔՊ-ական դասը կը փորձէ իւրաքանչիւր կորուստ ու նահանջ ազգին հրամցնել իբրեւ շահ, նւաճում եւ «ապագայ կայ»-ին մէկ նոր հանգրւանը: Ո՜վ կը յիշէ մարդուկին այն հաւաստիքը, որ Արցախը տալով՝ Հայաստանը շահեցանք: Վա՜յ, այդ ի՜նչ մե՜ծ նւաճո՜ւմ է՜ր…

***

Վաշինգտոնեան եռակողմը, եթէ իրականանայ, յայտնապէս (ժամանակաւորապէս) սառնարանը պիտի դնէ քանի մը հրատապ հարց, ինչպէս՝ ընդդիմախօսներու բանտարկութիւնը, Էջմիածինի վրայ հրոսակային արշաւը, տնտեսական խայտառակութիւններու արդար քննարկումները եւ այլ բաներ (մթնոլորտային հարցերը մասամբ մարդոց հասողութենէն անդին կը դասւին):

Անմիջական եւ անխուսափելի հարցում մը կը ծագի. ինչի՞ պիտի ծառայէ եռակողմանի (հաւանական) հանդիպումը: Աչքի առջեւ ունենալով միայն վերջին շաբաթներուն (նախկինները չենք անտեսեր), Վաշինգտոնէն ու Ադրբեջան-Թուրքիա ճակատէն հնչած «աւետիսները» եւ անոնց ընդառաջ երթալու մեր վարպետ ստրկամիտներուն տրամադրութիւնները, կարելի է շարք մը նախատեսութիւններ ընել, եւ անոր համար մարդս մարգարէ ըլլալու պէտք չունի: Ընենք արագ եւ ոչ ամբողջական թւում մը:

  • Ադրբեջան եւ Թուրքիա, հրապարակային երկխօսութիւններով, կրկին ու կրկին պահանջ դրին «Զանգեզուրի միջացք»-ը ունենալու, այդ ուղղութեամբ ալ արդէն շատո՜նց գործնական նախապատրաստութիւններ կը տեսնեն: Թշնամի կողմը հաւաստեց, որ Երեւանի վարչախումբը «ճկունութիւն ցոյց կու տայ» (այս պահանջին ընդառաջելու ուղղութեամբ):
  • Վաշինգտոն հասաւ այլ «աւետիս» մը: Մարդիկը բացայայտօրէն ըսին. եկէ՛ք, սա «միջանցք»ի հարցին տանք… միջին լուծում մը, այսինքն՝ այդ շրջանը 100 տարւան համար մեզի վարձու տւէք (իսկ մինչեւ 100 տարի, կա՛մ էշը կը մեռնի, կամ իշատէրը…):
  • Հայաստանի «իմաստունը» սկսաւ խօսիլ խնդրոյ առարկայ ճամբուն (որ հիմա տարբեր անուններով ծախու հանւած է) «արտապատւիրակման» մասին: Շուտով յստակ դարձաւ, որ արտապատւիրակումը կրնայ իրականանալ՝ շրջանը օտար ընկերութեան մը վստահելով: Եւ «Բիւզանդական վէճ» մը ծագեցաւ, թէ նման ընտրանք գերիշխանութեան զիջում պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ: Պաշտօնական Երեւանը փորձեց – եւ կը շարունակէ փորձել – ազգը համոզել, որ զիջում պիտի չըլլայ, եւ իբրեւ օրինակ կը բերէ երկաթուղիներու, օդակայանի եւ այլ հաստատութիւններու արտապատւիրակւած ըլլալը (այլ հարց՝ թէ ինչո՞ւ հայը չի յանձանձեր նման հաստատութիւններ. պատասխա՞նը. չարաշահներ եւ սնանկացումը տանողներ շարքի կանգնած են…): Ընդդիմադիրները, իմաստուն ու բանգէտ մարդիկ կըսեն, որ իշխանութիւնները դարձեալ կը ստեն, որովհետեւ անոնց այսպէս կոչւած՝ բարի խոստումներն ու դրական նախատեսութիւնները յետոյ հակառակին փաստերով ամրագրւած են ու նորանոր վնասներ պատճառած՝ մեր հայրենիքին: (Այս բանավէճին եւ նախատեսութիւններուն մէջ չենք նախընտրեր աւելի խորանալ):

***

Վերի խորապատկերին դիմաց, եւ մի՛շտ հարցականի տակ դնելով հանդիպումին հաւանականութիւնը, «անիկա ինչի՞ պիտի ծառայէ»ին՝ տանք քանի մը պատասխան.

  • Յայտնապէս «Զանգեզուրի միջանցքին արտապատւիրակման» ծրագիրը եփած կերակուր է, կը մնայ, որ Թրամփ, խաղաղարարի իր պատմուճանին վրայ, նոր աստղ մը աւելցնելու նպատակով, փորձէ Ալիեւէն ու Փաշինեանէն ապահովել շահաբեր խոստումներ: Շահաբերը՝ ամերիկացիներուն ու դաշնակիցներուն, նաեւ՝ Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի համար (իսկ ինչո՞ւ մոռնալ, որ Փաշինեան անոնց գլխիկոր գործակատարն է, Հայաստանի շահերուն դիտանկիւնէն մատը-մատին զարնելու տրամադրութիւն չունի):
  • Այս ծրագիրին իրականացումը՝ Վաշինգտոն եւ մեր անմիջական թշնամիները կը դիտեն իրենց եւ դաշնակիցներու շահերուն դիտանկիւնէն: Անոնք վստահաբար վերջերս մե՜ծ ցնծութեամբ իմացան, որ Հայաստանի նոր օրերու «Աբիսողոմ աղան»՝ նախագահի աթոռին նշանակւած Վահագն Խաչատուրեանը, Սիւնիք իր այցելութեան օրերուն, փորձեց ժողովուրդին ծախել ճամբաներու բացման ծրագիրը, զայն ներկայացուց (իբրեւ թէ) Հայաստանի ու մասնաւորապաէս սիւնեցիներուն համար շահաբեր, սակայն ստացած պատասխաններէն մէկն էր. «Մենք քեզի չենք հաւատար…»: Ի դէպ, կա՞յ հայ մը, որ թշնամի-դրացիներուն հետ խաղաղութիւն եւ գործակցական յարաբերութիւն չցանկայ: Սակայն երբ բաց աչքերով եւ աղաղակող փաստերով կը տեսնենք, որ իշխանաւորներուն «խաղաղութեան ծրագիր»-ները միայն ու միայն Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի հացին կարագ ու մեղր կը քսեն, Թուրքիա եւ Ադրբեջան ՊԵՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՎ լիարժէք հակահայութիւն կը տանին, Հայաստանին կը խոստանան ուղղակի եւ անուղղակի ենթակայութիւն՝ վասալութիւն, մինչեւ անգամ հողային յաւելեալ կծկո՛ւմ, մինչեւ անգամ՝ անէացո՛ւմ (կոյր ու խուլ պէտք է ըլլալ, չգիտակցելու՝ թէ Ալիեւ ինչ ըսել կուզէ Սեւանն ու Սիւնիքը, նոյնինքն Երեւա՛նը ազերիապատկան հռչակելով), բանականութիւնը կը թելադրէ ըլլալ իրատես, այսինքն տեսնել, որ Երեւանի վարչախումբը շահերը կը դիտէ բացառապէս… թուրք-ազերիական ակնոցով:
  • Եթէ առաւելաբար առեւտրական եւ շահադիտական «ուղեղով» Թրամփ մը Ալիեւի եւ Փաշինեանի կըսէ՝ «հո՛ս եկէք», կը նշանակէ, որ անմիջական նպատակը պիտի ըլլայ Փաշինեանի «թեւը ոլորել», որպէսզի պաշտօնապէս ընդունի «արտապատւիրակումը», այսինքն՝ վաճառէ Սիւնիքը՝ «միջանցք» անւան տակ (գնողը, գիտենք, ո՛վ պիտի ըլլայ. Արցախը վկայ… ): Ատենին, Հիլըրի Քլինթըն յոխորտացած էր, որ Հայաստանի օրւան նախագահին թեւը ոլորած էր, որպէսզի ընդունէր «ֆուտբոլային դիւանագիտութեան» արդիւնքը՝ փրոթոքոլները, սակայն յետոյ յայտնի եղաւ, որ չէր յաջողած: Շատո՜նց փաստւած է, որ Փաշինեան նոյնքան ուժեղ կամ ճկուն բազուկ չունի (իսկ եթէ բան մը ունի՝ այդ ալ կը գործածէ Եկեղեցւոյ ու ընդդիմադիրներու դէմ՝ «ներսը շնագայլ, դուրսը մուկ» տրամաբանութեամբ): Ան բացայայտեց, որ պատրաստ է Սիւնիքը վաճառքի հանելու, եւ՝ աճուրդով, երբ սկսաւ խօսիլ արտապատւիրակման «հնարք»ին մասին (որ իր ուղեղին մէջ տեղադրւած էր թշմանիներուն կողմէ):
  • Արտապատւիրակման ծրագիրին իրականացման մէջ, Վաշինգտոն կրնայ այս կամ այն ձեւով, ուղղակի կամ անուղղակի տարազներով, գլխաւոր դերակատարութիւնը յանձնել… թրքական ընկերութեան մը, եւ պարտադրել՝ ամէն բանի «ասէ՛ք, կանե՛նք» ըսող Փաշինեանին, որ ընդունի այդ ընտրանքը: Անկէ անդին, նոր մարգարէներ փնտրելու պէտք չունինք, հասկնալու՝ թէ Սիւնիքին գլխուն – եւ Սիւնիքէն սկսեալ – ինչպիսի՜ աղէտներ կրնան իրարու յաջորդել:

***

Առաջադրւած հանդիպումին իրականացումը՝ մէկ աղէտ, չիրականանալը (կամ յետաձգումը) ուրիշ աղէտ: Իսկ եթէ իրականանայ, ՔՊ-ական վարչախումբը ինքզինք աւելի՛ հզօրացած ու քաջալերւած պիտի զգայ մէկ կողմէ՝ ընդդիմադիրներու եւ յատկապէս Եկեղեցւոյ դէմ բռնադատութիւններուն մէջ, միւս կողմէ՝ յառաջիկայ տարւան ընտրութիւնները շահելու ախորժակով:

Երկու պարագային ալ, ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄԸ հրամայական է, ընդդիմադիրներուն միասնութիւնն ու ազգ ու հայրենիք պահելու կամքը ունեցող զանգւածներուն՝ ընդդիմարդիրներուն շուրջ համախումբումը, ՀԶՕՐԱՆՔի ապահովումը՝ կենսական:

Իսկ երբ կը խօսինք միասնութեան մասին, անշո՛ւշտ որ ի մտի ունինք նա՛եւ ամբողջ ՍՓԻՒՌՔԸ:

4 օգոստոս 2025

Related Articles

Back to top button