Հայաստան - ԱրցախՄիջազգայինՔաղաքական

Թրամփի ծրագիրը՝ նպաստաւոր Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ համար․ ան կը տկարացնէ Հայաստանը

ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ

Ընդհանրապէս ներկայացւած որպէս մշտական խաղաղութեան ծրագիր մը՝ որ ձեռք բերւած է Դոնալդ Թրամփի միջնորդութեամբ, Վաշինգտոնի մէջ Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ստորագրւած համաձայնագիրը չէ արդար ծրագիր մը։ Ան առաւելութիւն կու տայ Ադրբեջանին եւ Թուրքիոյ՝ որ ՆԱՏՕ-ի կամուրջն է շրջանին մէջ։

Բացատրութիւններ։

 

Զանգեզուրի միջանցք՝ հարւած մը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, Թրամփի հովանաւորութեամբ

Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ, Դոնալդ Թրամփի հովանաւորութեամբ ստորագրւած պայմանագիրը հաստատեց Զանգեզուրի միջանցքի կառուցումը։ Խթանողներուն կողմէ ներկայացւած որպէս խաղաղութեան եւ շրջանային բացման ծրագիր, այս «Trump Route for International Peace and Prosperity» (TRIPP) անունը կրող միջանցքը իրականութեան մէջ լուրջ հարւած մըն է Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան։

 

Ինքնիշխանութեան կորուստ եւ ռազմավարական տկարացում

Այս միջանցքը, որ կանցնի միջազգային ճանաչումով Հայաստանի տարածքէն, փաստօրէն կառնէ Հայաստանի վերահսկողութիւնը այդ գօտիին վրայ։ Հարաւային սահմանը՝ Իրանի հետ՝ երկրի քիչ մնացած ռազմավարական բացումներէն մէկը, կը տկարանայ։ Այս անցքին վրայ վերահսկողութեան կորստը գլխաւոր աշխարհաքաղաքական տկարացում մըն է, որ կնեղցնէ Երեւանի տնտեսական եւ դիւանագիտական կարողութիւնները։

Աւելի՛ն՝ համաձայնագիրը կը նախատեսէ, որ միջանցքի կառավարումն ու անվտանգութիւնը, ԱՄՆ-ի հսկողութեան տակ, կընդգրկէ նաեւ թուրքական ուժեր եւ, հաւանականօրէն, ՆԱՏՕ-ի ներկայութիւն։ Մէկ գոցւած պետութեան համար, որ արդէն մշտական ռազմական ճնշման տակ է, թոյլ տալ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով թշնամական կամ երկիմաստ ուժերու ներկայութիւնը՝ գոյութեան վտանգ մըն է։

 

Փանթուրքիզմի ճանապարհը

Այս միջանցքը չէ չեզոք ծրագիր մը։ Ան թուրք-ադրբեջանական «Մեծ Միութիւն» փանթուրքիստական ռազմավարութեան սիւններէն մէկն է։ Ան ֆիզիկապէս կը միացնէ Թուրքիան Ադրբեջանի, ապա՝ Կենտրոնական Ասիայի թրքախօս հանրապետութիւններուն։ Անկարան եւ Բաքուն տարիներէ ի վեր կը պահանջէին զայն, պարտադրեցին պատերազմով եւ դիւանագիտական ճնշումով, եւ այսօր կը ստանան իրագործումը առանց Հայաստանի համար որեւէ փոխհատուցումի։ Հայաստանի համար, այս ընթացքը թշնամական աշխարհաքաղաքական մայրուղի մըն է՝ բացւած երկրի սրտին մէջ։

 

Համաձայնագիր մը առանց Հայաստանի շահերու

Ամենաանհանգստացուցիչը ոչ միայն համաձայնագրի բովանդակութիւնն է, այլ նաեւ Հայաստանի համար որեւէ օգուտի բացակայութիւնը։

Փաշինեան չպահանջեց Ադրբեջանի բանտերուն մէջ պահւող հայ գերիներու ազատ արձակումը։ Ան օրակարգի չդրեց 2023-ի ցեղասպանական զտումէն ետք բռնաքալւած Արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը։ Ան նոյնիսկ չստացաւ յստակ պարտաւորութիւն մը՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ գտնւող ադրբեջանական զօրքերու հեռացման մասին։

Այս պասիւութիւնը մաս կը կազմէ այժմ արդէն ծանօթ կաղապարին՝ միակողմանի զիջումներ, ռազմավարութեան բացակայութիւն, յաջորդական հրաժարումներ։

 

Փաշինեանի համակարգի ձախողումը

Եօթը տարիէ ի վեր, Փաշինեան բազմաթիւ զիջումներ կատարած է։ Այս կեցւածքը կրնայ մեկնաբանւիլ երկու ձեւով՝ կամ ան մաս կը կազմէ նախապէս ծրագրաւորւած գծի մը, որ կը կազմակերպէ Հայաստանի ետք քաշւիլը, կամ ալ ան ամբողջական դիւանագիտական եւ քաղաքական ձախողումի արդիւնք է։ Երկու պարագային ալ, փաստերը կը խօսին իրենք իրենց համար՝ անոր պաշտօնավարութիւնը տկարացուցած է պետութիւնը, վտանգի տակ դրած է ազգային անվտանգութիւնը եւ արագացուցած է համազգային համերաշխութեան քայքայումը։

Զանգեզուրի միջանցքը միայն մէկ փուլն է։ Ակնյայտ ազդանշաններ կան՝ Թուրքիոյ հետ բացում՝ Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան գնով, Ադրբեջանի դէմ միջազգային դատական ընթացքերէն հրաժարում, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դիւանագիտական ճիգերէն հրաժարում։ Փաշինեան վերջերս Շւէյցարիոյ մէջ տեղի ունեցած դասախօսութեան ընթացքին կասկածի տակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը։

 

Եզրակացութիւն Թրամփի ծրագիր մը՝ շահաւոր փանթուրքիստական ուժերուն համար

«Տարածաշրջանային խաղաղութեան» պատրւակին տակ, այս ծրագիրը կծառայէ Անկարայի եւ Բաքւի շահերուն։ Ան կը զօրացնէ փանթուրքական առանցքը, կը տկարացնէ Հայաստանը եւ ուղղակի կը սպառնայ անոր ազգային անվտանգութեան։ Զանգեզուրի միջանցքը չէ կամուրջ մը դէպի խաղաղութիւն եւ կայունութիւն, այլ ռազմավարական ճեղք մը՝ բացւած ազգի սրտին մէջ։

Related Articles

Back to top button