Վիլսոնէն Թրամփ կամ Սեւրէն` «Իրական Հայաստան». Սեւրի դաշնագիրի 105-ամեակին առիթով

Սեւրի դաշնագիրը անքակտելիօրէն կը կապւի Վիլսոնի իրաւարարութեան հետ: Գործընթացները պէտք է դիտարկել այդ օրւան պայմաններուն ճիշտ գնահատական տալու մօտեցումներով եւ նկատելու Թուրքիոյ ուղղութեամբ միջազգային ընտանիքի բանեցուցած ճնշումներուն տարողութիւնը:
Եւ որովհետեւ միջազգային օրւան քաղաքականութեան առաջնային գիծերու վրայ էին Միացեալ Նահանգները, անոր նախագահին կը վստահւէր իրաւարարութիւն, սահմանագծելու համար Հայաստանը: Քաղաքական ընկալումով` մասնատելու համար Թուրքիան:
Ամերիկեան դերակատարութիւնը վճռորոշ եղած է տարբեր տարածաշրջաններու համար եւ այս պարագային յատկապէս Թուրքիոյ դերի բարձրացման կամ թուլացման միտումները նկատի ունենալով:
Սեւրի օրերուն ճնշումը Թուրքիոյ վրայ էր. հիմա, Թրամփով ճնշումը Ռուսիոյ վրայ է: Սեւրեան Հայաստանը հարւած էր Թուրքիոյ: «Իրական Սիւնիք»-ը Մոսկւայի դէմ ուղղւած հարւած է: Քայլ` ռուսական գործօնի տարածաշրջանէն հեռացումի:
Միանգամայն Վաշինգտոն հրաւիրւիլը Հայաստանի վարչապետին եւ Ադրբեջանի նախագահին այս ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ պէտք է դիտարկել: Ապու Տապիով սկսած եւ Վաշինգտոնով շարունակւող հանդիպումները ըստ էութեան նախկին եռակողմ համաձայնութիւններու չեղարկումն են: Աւելի ուղղակի` ռուսական երաշխաւորութեան կամ միջնորդութեան կտրուկ մերժումը եւ անոր փոխարինումը ամերիկեանով:
Աւելի՛ն. եթէ նախապէս կը խօսւէր բացւելիք հաղորդակցութեան ուղիները ռուսական վերահսկողութեամբ աշխատցնելու մասին, հիմա արդէն արտապատւիրակումի կամ վարձակալման պատկերացումներով խօսքը կերթայ ամերիկեան մասնաւոր ընկերութեան Սիւնիք տեղակայումին:
Իրադրութիւնները կը յուշեն, որ ոչ թէ ճանապարհներու անվտանգութեան վերահսկողութիւնը ապապատւիրակելու մասին են քննարկումները, այլ ընդհանրապէս գերիշխան որոշումները ապապատւիրակելու:
Հիմա ուրեմն, իրադարձութիւնները այնպէս են, որ ամերիկեան հաւանական ներկայութիւնը Սիւնիքի մէջ ոչ թէ անվտանգային նպատակներէ կը մեկնի կամ թուրքեւադրբեջանական դաշինքի նկրտումները զսպելու որոշումներէն, այլ պարզապէս ռուսականը չէզոքացնելու, հեռացնելու քաղաքականութենէն:
Եւ եթէ ճիշտ ընկալենք իրադարձութիւններուն քաղաքական շարժառիթները, ապա շատ պարզ կը դառնայ, որ շարժառիթներու փոփոխութեամբ հիմնովին կը փոխւին նաեւ քաղաքականութիւնները: Եթէ Վաշինգտոնը որեւէ պահու զսպիչ գործողութիւններու անցնի Անկարայի դէմ, ապա պիտի յիշէ, որ իր նախորդ նախագահներէն մէկը ծովային ելք խոստացած էր հայերուն ասկէ 105 տարի առաջ:
Յիշելու այդ պահը քաղաքականօրէն կը հասուննայ: Մինչ այդ, սակայն, իրաւատէրը պէտք չէ հրաժարած ըլլայ խոստում ստացած իր հանգամանքներէն: Ասիկա չենթադրեր, որ հարցը պէտք է արծարծէ միջազգային ատեաններուն մէջ: Բացարձակօրէն չենթադրեր նաեւ, որ «իրական Հայաստան»-ի կեղծ գաղափարախօսութեան տարազին տակ ընդմիշտ, իրաւապայմանագրային տեսքերով հրաժարի իր պատմական իրաւունքներէն: Սկսելով Անկախութեան հռչակագիրի իրաւադրոյթներէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը ուղղակի, իսկ Անկախութեան հռչակագիրը անուղղակի յղում ունին Սեւրին եւ իրաւարար վճիռին: Քաղաքականութիւնը յարափոփոխ է, իրաւատէր մնալու սկզբունքը` անսասան: «Իրական Հայաստան»-ի ոչ մէկ «գաղափարախօս» կրնայ իրաւազրկել հայ ժողովուրդը Սեւրով եւ իրաւարար վճիռով հաստատուած իրաւունքներէն:
«Ազդակ»-ի խմբագրական