Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Ակնարկ. 9 Նոյեմբերի վերափոխումը 8 օգոստոսի

Վաշինգտոնի եռակողմ հռչակագիրը խորքին մէջ պսակումն է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի, «Քառնըկի» հետազօտական կենտրոնի, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին եւ վերջապէս նախագահ Թրամփին կատարած յայտարարութիւններուն: Խաղաղութեան համաձայնագիրին մօտալուտ ըլլալէն մինչեւ ապապատւիրակում, երկարաժամկէտ վարձակալում եւ ապա «հրաշք»-ի կայացում: Այս բոլորը կը տեղաւորւին Միացեալ Նահանգներու տարածաշրջանին մէջ կիրարկած ընդհանուր քաղաքականութեան պարունակին մէջ:

Ի՞նչ նախադէպեր կը կապւին այս բոլորին: Նոյեմբերեան յայտարարութիւնը կէտ առ կէտ իրողապէս կը չեղարկւէր. հակառակ անոր որ պաշտօնական Մոսկւայի ներկայացուցիչները յաճախ կը խօսին եռակողմ պայմանաւորւածութիւններու եւ յատկապէս 9-րդ կէտի արդիական նշանակութեան մասին, այդուհանդերձ իրադարձութիւնները կընթանան հակառակ ուղղութեամբ:

Ռուսական սահմանապահ ծառայութիւնները կը հեռանային «Զւարթնոց» օդակայանէն, Հայաստան-Ադրբեջան սահմանազատւող տարածքներէն, հայ-իրանեան սահմանէն: Այս վերջին կէտն էր հանգուցաւոր բաժինը, որուն ուղղութեամբ չկար աշխարհաքաղաքական համաձայնութիւն:

Մինչեւ այդ Իրանը Սիւնիքի մէջ կը բանար իր հիւպատոսութիւնը, Փարիզը կը հաստատէր պատւոյ հիւպատոսութիւն, որ պիտի իրականացնէր նաեւ հիւպատոսական ծառայութիւններ, իսկ Մոսկւան կը սպասէր Երեւանի համաձայնութեան` բանալու համար Սիւնիքի իր հիւպատոսարանը:

Առ այս պահը Մոսկւան չունի Երեւանի համաձայնութիւնը Սիւնիքի մէջ դիւանագիտական ներկայութիւն ունենալու, մինչ Երեւանը արդէն համաձայնած է, որ ամերիկեան վերահսկողական գործիքակազմ տեղակայւի Սիւնիքի մէջ բացւող նոր հաղորդուղիներուն:

Ըստ էութեան, ուրեմն, Վաշինգտոնի հռչակագիրը չեղեալ կը նկատէ նոյեմբերեան յայտարարութիւնը, յատկապէս 9-րդ կէտը եւ զայն կը վերափոխէ ամերիկեան անվտանգային գործիքակազմի տեղակայումով, «հայ-ամերիկեան» միացեալ ընկերութեան անունին տակ:

Ուշագրաւ է Թեհրանի պաշտօնական դիրքորոշումը այս բոլորին նկատմամբ: Մինչեւ Վաշինգտոնեան հանդիպում ամերիկեան շրջանակներէ արծարծւած հաւանական ներգրաււածութեան հրապարակային առաջարկները չարժանացան Իրանի կտրուկ մերժումին: Մինչեւ այդ Իրանը շատ վճռակամ կը յայտարարէր իր սահմաններու փոփոխելիութեան, «միջանցքեան» տրամաբանութեան եւ որեւէ այլ ուժերու տեղակայման դէմ: Թէ՛ դեսպանի, եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակներով Թեհրանը բաւարարւեցաւ ընդհանուր սկզբունքներ հնչեցնելով:

Կտրուկ մերժում չկայ նաեւ Վաշինգտոնեան հռչակագիրէն ետք եւս: Այս անգամ արտաքին գործոց նախարարին եւ նախագահին կը վերագրւին այն միտքերը, որոնք կը խօսին «միջանցք»-ի գաղափարի մէկ կողմ դրւելուն եւ իրանեան պահանջներու նկատառման մասին: Թէեւ կայ հրապարակային մօտեցում, այլ ուժերու իրանամերձ սահմանային տարածքներ տեղակայւելուն մասին: Կը նկատւին ներթեհրանեան հակասութիւններ նշւած հանգամանքներ ունեցողներուն եւ յեղափոխական պահակագունդի կամ հոգեւոր պետի շրջապատի անձնաւորութիւններու կողմէ, «միջանցք»-ի համաձայնութիւններուն դէմ. նոյնիսկ սպառնական յիշեցումներ:

Պատահական չէ, որ Վաշինգտոնեան հռչակագիրը անմիջականօրէն նախորդեց Ալասքայի հանդիպումին: Հակառակ Մոսկւայի յղումներուն եռակողմ պայմանաւորւածութիւններուն եւ արտատարածաշրջանային ուժերու ներգրաւման դէմ կատարւող յայտարարութիւններուն, չի բացառւիր, որ Մոսկւան ուկրաինական տարածքներու վերահսկողութեան իրաւունք ստանայ Վաշինգտոնէն: Գործարքային վարկածները չեն բացառւիր Հարաւային Կովկաս-Ուկրաինա գիծին վրայ:

Հակառակ այս աշխարհաքաղաքականութեան սակայն, հայկական կողմը հարւածներ ստացաւ Վաշինգտոնի մէջ:

Ա.- Չապահովեց գերիներու վերադարձը, նոյնիսկ եթէ որոշ պահու արծարծեց նման խնդիր:

Բ.- Դէպի խաղաղութիւն գացող հռչակագիր ստորագրեց շուրջ 200 քառ. քմ ներխուժւած տարածքներով:

Գ.- Ընդառաջեց ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի եւ յարակից կառուցակարգերու լուծարման ադրբեջանական պահանջին, միջազգային ատեաններու մէջ փակելով Արցախի հակամարտութեան էջը:

Դ.- Այսպիսով առոչինչ կը նկատւին նաեւ հայկական կողմէն Ադրբեջանի ռազմական յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանական արարքներու դէմ բարձրացւած հայցերը:

Ե.- Հայկական կողմը կը զիջի իր վերջին զիջելիքը. դարեր շարունակ փայփայւած թուրանական կամուրջը գէթ այս պահուն կաշխատի միակողմանիօրէն: Թուրքերուն եւ ադրբեջանցիներուն կը վերապահւի կամուրջի օգտագործումը, թէկուզ ամերիկեան անվտանգային վերահսկողութեամբ:

Զ.- Նոյնիսկ եթէ հայելային տրամաբանութեամբ Արցախէն բռնատեղահանւածներու վերադարձի դիմաց ադրբեջանցի գաղթականներու վերադարձի հարց պիտի դրւէր, ապա հայկական կողմը այդ հարցը պիտի բարձրացնէր իբրեւ ցեղային զտումի ենթարկւած ժողովուրդի մը միջազգային իրաւունքի իրականացման սկզբունք:

Է.- Ռազմական յանցագործին, ահաբեկչական պետութեան եւ ցեղասպանական գործողութիւններ իրականացուցած վարչախումբին դէմ վերացւեցաւ 907 արգելքը: Այդ վերացումը ըստ էութեան կը չեղարկէ այդ բոլոր յանցագործութիւնները գործադրած ըլլալու մեղադրանքը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կապաշրջափակւի ներխուժւած տարածքներով, իր ժողովուրդի մէկ հատւածին ցեղասպանութեան ենթարկւած ըլլալու եւ բռնի տեղահանումներու ենթարկւած ըլլալու փաստերով, ռազմագերիներ անորոշ ժամկէտով արգելափակումի տակ մնացած ըլլալու իրականութեամբ եւ այս բոլորով Արցախի հարցը փակելով:

Տակաւին շատ փակագիծեր կան: Հայաստանը աքցանւած է թրամփեան ուղիով Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի միջեւ: Այդ աքցանի սեղմումը կամ թուլացումը կախեալ է Վաշինգտոնէն: Ապաշրջափակումը ըստ էութեան աքցանումի համազօր երեւոյթ է այս համապատկերին մէջ:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button