Ակնարկ. Հարաւային Կովկասէն Ուկրաինա՝ անցնելով Ալեասկայէն

Ալեասկայի հանդիպումը ընդհանուր հաշւով Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ Ուկրաինոյ հաշւոյն ընդհանուր համաձայնութեան գալն է: Կանուխ է անշուշտ վերջնական եզրակացութեան յանգիլը, այդուհանդերձ, որոշ նախադրեալներու մասին կարելի է արձանագրումներ կատարել:
Հայաստան-Ադրբեջան Վաշինգտոնեան հռչակագիրէն անմիջապէս ետք Ալեասկայի հանդիպումի թւականի հրապարակումը իրադարձութիւններու առումով որոշ փոխկապակցւածութիւն կը յուշէ: Եթէ Վաշինգտոնեան հռչակագիրը շատ ընդհանուր ուրւագծումով Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Կովկասի տեղակայումը կենթադրէ, ապա այդ կը նշանակէ ռուսական նահանջ այդ ճակատին վրայ: Իսկ նահանջի փոխարէն աշխարհագրական այլ ճակատի վրայ տեղաշարժ. այս պարագային՝ Ուկրաինոյ ուղղութեամբ:
Տարածքներու հարցը անքննարկելի էր Ուկրաինոյ նախագահին համար, որ ոչ շատ ետք իր այս յայտարարութենէն խօսեցաւ տարածքներու հարցը քննելու կարելիութեան մասին՝ ընդգծելով, որ ժամանակը հասած է պատերազմը դադրեցնելու: Հարաւային Կովկասը Ուկրաինոյ դիմաց սկզբունքը կրնայ աւելի տեսանելի ըլլալ, եթէ համաշխարհային լրատւամիջոցներու հրապարակած նիւթերը համապատասխանեն իրականութեան:
Այսպէս. ըստ «Ռոյթերզ» գործակալութեան, Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահը նախապայմաններ ներկայացուցած է՝ Ուկրաինոյ պատերազմը դադրեցնելու համար:
Ա.- Ուկրաինոյ զինւած ուժերը դուրս կու գան Դոնեցկէն եւ Լուգանսկէն, սակայն Սումիի եւ Խարքովի տարածքները կը վերադարձւին Ուկրաինոյ վերահսկողութեան:
Բ.- Զինադադար չի նախատեսւիր մինչեւ լիարժէք համաձայնագիրի ստորագրումը:
Գ.- Ղրիմի մէջ Ռուսիոյ ինքնիշխանութեան պաշտօնական ճանաչում:
Դ.- Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու առնւազն մէկ մասի վերացում:
Ե.- Արգելք Ուկրաինոյ՝ ՆԱՏՕ-ի անդամակցութեան:
Զ.- Ռուսերէն լեզւի պաշտօնական կարգավիճակ Ուկրաինոյ մէջ, ինչպէս նաեւ ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ ազատ գործելու իրաւունք:
Պահ մը ընդունինք, որ այս նախապայմանները կը համապատասխանեն իրականութեան: Խաղաղութիւն ստանալու համար Կիեւ կը զիջի տարածքներ, կը հրաժարի ՆԱՏՕ-ի անդամակցութենէն, կարտօնէ ռուսերէնին կարգավիճակ տալը եւ ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ անարգել գործունէութիւնը:
Մոսկւան ալ գիտէ, որ բոլոր նախապայմանները անպայման չեն բաւարարւիր: Այստեղ ամենէն հիմնական խնդիրը տարածքներուն կը վերաբերի: Բանակցային առանցքային նիւթը տարածքներն են: Հոս է, որ փոխզիջումը պիտի փորձեն իրականացնել:
Մամուլի այս հրապարակումները աւելի իրատեսական կը սկսին թւիլ: Մանաւանդ որ այս մասին հետեւեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն: Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարած է, որ Մոսկւան զիջումներու գացած է Ուկրաինոյ 5 շրջաններու հարցին մէջ աւելի վաղ ունեցած իր դիրքորոշումէն: Ըստ անոր, Սպիտակ տունը Զելենսկիի հետ պիտի քննարկէ տարածքային փոխանակման հարցը: Ըստ Ուիթքոֆի, այս հարցը չէ քննարկւած Պուտին-Թրամփ հանդիպումին: Ան յոյս յայտնած է, որ Վաշինգտոնը կը կարենայ կազմակերպել Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուկրաինոյ միջեւ եռակողմ հանդիպում:
Դժւար է արձանագրելը, որ իսկապէս Թրամփ-Պուտին հանդիպումին չէ քննարկւած տարածքներու հարցը: Աւելի դիւրին է ընկալելը, որ եռակողմ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ: Եռակողմը կը յիշեցնէ մօտիկ անցեալին կայացած եռակողմ մը դարձեալ Վաշինգտոնի վկայութեամբ եւ միջնորդութեամբ: Կը յիշեցնէ նաեւ Հարաւային Կովկաս-Ուկրաինա իրադարձութիւններու կապը կամ քաղաքական աշխարհագրութեան փոխանակումը:
«Ազդակ»