Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Պարոն Վարչապե՛տ՝ ա՛լ կը բաւէ

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

 

Եթէ Նիկոլ Փաշինեանին բաց նամակ մը գրելու ըլլայի՝ անոր խորագիրը վերոնշեալը պիտի ըլլար։ Այո, պարոն վարչապետ, ձեր՝ իշխանութեան գալէն ի վեր, բարեկամ եւ ընդդիմադիր՝ ցաւով եւ սոսկումով վկան ու ականատեսը կը դառնան հաշիւ չտալու ձեր անբացատրելի կեցւածքին եւ ամէն կերպով թշնամիին հաճելի դառնալու ու անոր կամքը կատարելու ձեր պատրաստակամութեան:

Սկսած Արցախը ադրբեջանցիներուն անտրտունջ կերպով յանձնելէն եւ հալալ ընելէն, ինչպէս նաեւ արցախահայութիւնը գնչու հաւաքականութեան մը վերածելու ձեր պարտւողական կեցւածքէն, Ալիեւին՝ ադրբեջանցի աքլորատիպ նախագահին, դիմաց լուռ կանգնած հայ ղեկավարի մը համար անվայել համակերպութեամբ, հայրենի մեր սահմանը լայնքով եւ երկայնքով բացիք երէկւան ցեղասպան թշնամիին առջեւ, առանց անոր դիմաց արցախահայութեան վերադարձը ապահովելու իր պապենական հողերը ու անոր գերի տարւած ղեկավարութիւնը ազատ արձակելը պայման դնելու եւ ամէն գնով յաջողցնելու:

Այդ կեղծ, յերիւրածոյ եւ շինծու հաշտութեան պայմանակագիրին տակ, դերասանի լայն ժպիտով ձեր ստորագրութիւնը զետեղելէ ետք, ձեր յաջողութենէն գինովցած՝ թշնամի զոյգ պետութիւններուն հետզհետէ ուռճացող պահանջներուն եւս սկսաք տեղի տալ։

Թւարկենք՝

Ա. Հայոց Ցեղասպանութիւնը այսուհետեւ պիտի ուրանանք եւ չյիշատակենք.

Բ. Արցախի անունը եւ անոր տարագրեալ իրաւատէրերը այլեւս պիտի չյիշենք.

Գ. Սահմանադրութիւնը պիտի փոփոխութեան ենթարկենք, հաճելի գալու համար Ալիեւին.

Դ. «Զանգեզուրի միջանցք»ը անտրտունջ պիտի բանանք ցեղասպան թշնամիին առջեւ.

Ե. Հայապատկան այդ միջանցքը հարիւր տարիներով ամերիկեան ցարդ անծանօթ ընկերութեան մը վարձակալելով՝ անոր տնօրինութեան պիտի յանձնենք, 47 մղոն հայկական այդ անցքին տիրութենէն մեր ձեռքերը ընդմիշտ լւանալով.

Զ. Նաեւ, այդ միջանցքը Ամերիկայի պաշտելի՜ նախագահին անունով «Թրամփի Ճամբայ» պիտի կոչենք, մոռացութեան տալով մեր պատմութեան մեծանուն, պաշտելի հայ հերոսներու անունները.

Է. Թոյլ պիտի տանք, որ այդ Միջանցքէն, աքլորատիպը, անարգել բանակ եւ զինամթերք տեղափոխէ, «առանց հայ մաքսայիններու երեսը տեսնելու…» «Ներտէ՞ օ եողուրթուն պոլլուղու…» (ո՞ւր է այդ մածունին առատութիւնը) պիտի գոչէր թուրքախօս Փանոսը:

Պարոն վարչապե՛տ, այսքանը այլեւս շատ է, չափը մի՛ անցնէք։

Ը. Իսկ վերջին նորութիւնը՝ կարգը եկաւ Արարատ լերան:

Կեանք մը ամբողջ իդէալացուցած մեր ազգային խորհրդանիշը Էրդողանին հաճելի թւալու համար պիտի ջնջւի եղեր հայրենի պետութեան բոլոր պաշտօնական կնիքներուն վրայէն: Այսուհետեւ, միայն մեր «շալւարները» մնացին թշնամիին չյանձնւած:

Եւ առանց խպնելու, թէական հաշտութեան սիրոյն, իր հոգին աճուրդի հանող մեր երջանիկ վարչապետը Վաշինգտոնի մէջ իր յաջողութիւններէն գինովցած՝ քիչ մնաց աքլորատիպին վիզը փաթթւէր. «Պէն էթթիմ, սէն էթմէ» (Ես ըրի, դուն մի ըներ) գոչելով «թէօպէյի» գալու։

Եղբայր, անտէր անտիրական մնացած Հայաստանի մը վարչապետին կողմէ այս ի՞նչ առատաձեռնութիւն է, մարդուս հաւատալը չի գար: Տեղին է հարցնել, թէ որո՛նց հաշւոյն կը կատարւի այդ մէկը: Իսկ այդ բոլորին դիմաց ի՞նչ ստացաւ հայկական պետականութիւնը. պարոն վարչապետ, ըսէ՛ք, որ հրճւինք եւ ուրախութենէն բոլորս մէկ շուրջպար սկսինք:

Գալով Արարատ սուրբ լերան՝ խնդրեմ, անկէ ձեր օրհնեալ ձեռքերը քաշեցէք։ Սուրբ Գիրքին այդ խորհրդանիշը ձեր հօրը ստացւածքը չէ, այլ՝ երկրագունդի 12 միլիոն հայերուն եւ համայն մարդկութեան կը պատկանի՝ վեր մնալով սնանկ պետական մարդու ձեր հասողութենէն եւ հասանելիութենէն: Կը խնդրենք նաեւ, պարոն վարչապետ, մանկութենէն ի վեր հայու մեր գոյութեան երաշխիքը եւ խորհրդանիշը դարձած այդ լեռն ալ, ցեղասպանին հաճելի դառնալու սիրոյն մի՛ պղծէք:

Ո՜վ թուրքին եւ ադրբեջանցիին շուքէն իսկ սարսափող հայրենի իշխանաւորներ, եկէ՛ք վաղն իսկ մեր միւռոնաօծ Արարատ լերան շուրջ սեւ վարագոյր քաշեցէք, որպէսզի Հայաստան այցելող սփիւռքահայերու, նաեւ օտար այցելուներու կարօտակէզ աչքերէն քօղարկէք, Սուրբ Գիրքին մատնանշած Արարատ լեռը, որպէսզի անոնք յանկարծ չհմայւին անոր գեղատեսիլ տեսքէն եւ չարբենան անկէ բխող վեհ զգացումներով… ու յանկարծ չելլեն, անոր վերադարձը չպահանջեն իր իսկական տէրերուն։

Այնպէս կերեւի, թէ ամէն ինչ հապճեպով թշնամիին ընձեռելու ձեր գործընթացը, դժբախտաբար հոն կանգ պիտի չառնէ։ Վաղը միւս օր, Իլհամ Ալիեւ իր կնքահայրէն՝ Ռեջեբ Թայիբ Էրտողանէն, ստացած հրահանգը լի ու լի կատարելով՝ գուցէ պահանջէ եւ նոր պայման մը եւս աւելցնէ՝ «Հայաստան» անունն ալ քարտէսին վրայէն ջնջելով ՝փոխելու եւ «Էրմէնիստան» դարձնելու, կամ ծայրագոյն պարագային՝ Դանոլդ Թրամփին նախասիրած՝ «Ալպանիա» նոր անւանակոչումը ընծայելու անոր։

Ձեր օրհնեալ իշխանութեան տակ, ամէն ինչ կարելի է եւ կը վախնանք, որ շուտով հոն պիտի հասնինք, եթէ չարթննանք ու ազգովին չսթափինք:

Յուսանք, որ հոն չենք հասնիր:

Ասպարէզ

Related Articles

Back to top button