Թուրքիայի արտաքին գործոց նախարարը բացայայտ աջակցութիւն է յայտնել Նիկոլ Փաշինեանին՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ

«ԱԼԻՔ» – Թուրքիայի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարել է, թէ շուրջ երկու ժամ տեւած հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է իր ադրբեջանցի գործընկերոջ հետ, որուն ընթացքին քննարկւած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Վաշինգտոն կատարած վերջին այցելութեան ժամանակ ստորագրւած «Թրամփի Ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) շրջանակային փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ նախատեսւող յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Այս մասին հաղորդում է Oragark.com-ը:
«Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, մենք կը տեսնենք, որ պարոն Փաշինեան ներկայիս հասարակական կարծիքի հարցախոյզերուն մէջ առաջատար դիրք կը գրաւէ։ Մենք անկեղծօրէն կաջակցինք անոր կառուցողական դերակատարութեան եւ կը հաւատանք, որ անոր մօտեցումները պէտք է պահպանւին եւ շարունակւին»,- նշած է Հաքան Ֆիդան։
Ինչ կը վերաբերի TRIPP կոչւած ծրաիգրի շուրջ տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն, Ֆիդան ըսած է թէ ադրբեջանական կողմի տեսլականը Թուրքիայի համար կարեւոր է եւ թէ Անկարա ամբողջութեամբ պիտի շարունակէ աջակցիլ Բաքւին այս ուղղութեամբ եւ այլապէս։
Թուրքիայի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ վստահեցուցած է, թէ Անկարան կը ցանկայ, որ Ադրբեջանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրւի, ինչպէս նաեւ կարգաւորւին հայ-թուրքական յարաբերութիւնները։
«Ե՛ւ Ադրբեջանը, ե՛ւ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ Հայաստանը, ունին այս նպատակին հասնելու անհրաժեշտ կամքը»,- ըսած է Ֆիդան։



