Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ադրբեջանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ (Յունւարի 23-ին ԽՄԲ.)առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանի «Սիասա Եոմ» յայտագիրի խօսնակ Ռանտա Մանսուրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Լիբանանի վրայ շարունակւող իսրայէլեան յարձակումներուն, ըսաւ. «Անկասկած, եթէ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը պիտի նկարագրենք, նւազագոյնը, որ կրնանք ըսել, այն է, թէ բոլորս մտահոգ ենք, եւ վտանգներ կան: Պատերազմի ուրւականը հեռացւեցաւ, սակայն չենք կրնար ճշդել, թէ մինչեւ երբ»:
«Լիբանանի հարցին պէտք է մօտենալ շրջանային կացութեան եւ արտաքին փոփոխութիւններու ծիրին մէջ: Առաջին` իսրայէլեան վտանգը գոյութիւն ունի Իսրայէլի ստեղծումէն ի վեր, երկրորդ` Լիբանանի մէջ կամ անկէ դուրս ոչ ոք թող մտածէ, թէ Իսրայէլի հետ որեւէ խաղաղութիւն, որ ոչ արդար է, անհրաժեշտօրէն կը յանգեցնէ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման, որովհետեւ արիւնով, ոճիրով ու բռնագրաւումով գրւած պատմութիւն գոյութիւն ունի: Մարդոց մօտ գտնւող այս յիշողութիւնը կարելի չէ ջնջել», ըսաւ երեսփոխանը:
«Մենք 1915 թւականին ցեղասպանութեան ենթարկւեցանք, եւ մինչեւ այսօր չենք մոռցած ու չենք կրնար մոռնալ, նոյնիսկ եթէ Հայաստանի պետութիւնը վաղը Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի հետ խաղաղութիւն կնքէ, ուստի եւ չենք կրնար յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին խօսիլ», շեշտեց Բագրատունի:
«Զէնքի մենաշնորհի հարցին բոլորս համաձայն ենք: Սակայն զէնքի մենաշնորհումը պէտք է ըլլայ յարձակումներու դադրեցումով, իսրայէլեան ուժերու հեռացումով, խախտումներու դադրեցումով եւ գերիներու ազատ արձակումով, իսկ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն տունդարձի եւ վերաշինութեան հարցերը, կը կարծեմ, որ մենք կրնանք ներլիբանանեան մակարդակով լուծել», յայտնեց ան:
«Լիբանանի դէմ պատերազմը չդադրեցաւ, որովհետեւ առօրեայ յարձակումներ, զոհեր ու քանդում կայ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ: Այս իրողութենէն մեկնելով` մենք Իսրայէլի դէմ լիբանանեան միացեալ եւ արդար կեցւածք մը կ՛ուզենք», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
«Մենք զէնքի մենաշնորհման եւ պետութեան կառուցման հետ ենք, պայմանով, որ պետութեան թիկունք կանգնինք բոլորս, ներառեալ Դիմադրութիւնը, որ թիկունք կը կանգնի», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններուն` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը յիշեցուց, որ 2017 թւականին, երբ խորհրդարանին մէջ արտերկրի լիբանանցիներուն 6 երեսփոխաններ ընտրելու հարցը քւէարկութեան դրւեցաւ, Հայկական երեսփոխանական պլոքը դէմ քւէարկեց` աւելցնելով. «Մենք իբրեւ սկզբունք դէմ ենք երկու պատճառներով. նախ եւ առաջ, որովհետեւ մենք արտերկրի լիբանանցիներուն երեսփոխաններ ընտրելու իրաւունքին հետ ենք:
«Երկրորդ` եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը հայ համայնքն է, եւ մենք թերեւս մնացեալ համայնքներուն ունեցածին թիւին կէսին չափ լիբանանահայ սփիւռք ունինք: Որոշումը այն էր, որ մենք վեց յաւելեալ երեսփոխաններու պիտի քւէարկենք, սակայն յաջորդ ընտրութիւններուն թիւը 134-էն 128-ի պիտի նւազեցնենք, եւ յստակ չէր, թէ ո՛ր աթոռները պիտի ջնջենք, հակառակ անոր որ նաեւ կը պահանջէինք, որ արտերկրի հայերը եւս ներկայացուած ըլլան: Այս պատճառներով մենք դէմ քւէարկեցինք»:
«Լսողաց ենք, թէ մեկակեդրոնի եւ թեքնիք յետաձգման շուրջ կան բանակցութիւններ եւ որոշ փոխզիջումնային լուծումներ, սակայն միշտ գոյութիւն ունի մտավախութիւն, որ խորհրդարանի նստաշրջանը երկարաձգւի, բան մը, որուն մենք դէմ ենք», ընդգծեց Բագրատունի:



