Հայաստան - ԱրցախՄիջազգայինՔաղաքական

Արցախի Հայկական ժառանգութեան եւ գերիներու ազատ արձակման հարցերը ներկայացւեցան կրօնական ազատութեան յանձնաժողովին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատւիրակութիւն մը եւ անոր ընկերացող իրաւական մասնագէտներ, հոգեւորականներ, պետական պաշտօնատարներ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովին (USCIRF) ներկայացուցին Արցախի մէջ հայ քրիստոնէական մշակութային եւ եկեղեցական ժառանգութիւնը ոչնչացնելու նպատակով Ադրբեջանի համակարգւած գործունէութեան փաստերը, միաժամանակ կոչ ընելով, որ Բաքւի իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցւի՝ ադրբեջանական բանտերուն մէջ ապօրինի կերպով պահւող հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար։ Այս մասին հաղորդել է Arfd.am-ը:

Պատւիրակութեան անդամները նաեւ իրենց մտահոգութիւնները փոխանցեցին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հայ եկեղեցիին դէմ սկսած անընդունելի արշաւին եւ Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին նկատմամբ սպառնալիքներուն գծով։

Հայ Դատի գլխաւորած պատւիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Այիդա Տիմէճեան, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմէն Հրանդ քհնյ. Երէցեան, հայր Սերոբ Ազարեան, Գլենդէլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արտի Քասախեան, Հայ իրաւաբանական միութեան փոխատենապետ եւ Արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի հիմնադիր անդամներէն իրաւաբան Սթիւ Տէտէյեան, «Կալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ մարդկային իրաւանց հարցերով ՄԱԿ-ի նախկին պատւիրակ Յարութ Սասունեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային հարցերու համակարգող Կարէն Ճինպաշեան, Հայկական իրաւանց պաշտպանութեան ճակատի վարչութեան անդամ եւ իրաւաբան Անի Նազարեան, նախկին շրջանային դատախազ եւ ամերիկեան բանակի վեթերան Յարութիւն Քասախեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անձնակազմի երկար տարիներու անդամ Ալեքս Մանուկեան։

Իրենց մանրամասն ներկայացումներէն ետք, պատւիրակութեան անդամները նաեւ կոչ ըրին յանձնաժողովին, որ Ադրբեջանը դասեն «Յատուկ մտահոգութեան արժանի երկիր»ներու կարգին, նկատի առնելով այդ երկրին մէջ կրօնական ազատութիւններու աղաղակող ոտնակոխումները։

Նման դասաւորում մը նաեւ առիթ պիտի ընծայէ մօտէն հետապնդելու հայերու հալածանքը, նպաստելու հայ գերիները ազար արձակելու ջանքերուն եւ քրիստոնէական ժառանգութեան փաստագրւած ոչնչացումը դատապարտելու։

Related Articles

Back to top button