Իսրայէլի թիրախը Հարաւի Ապազինումէն անդին՝ Լիբանանի միասնականութիւնն ու համակեցութիւնը հարւածել, երկպառակում սերմանելն է

11 մայիսին լիբանանեան. «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական պատգամաւորական բլոկի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հիմնականին մէջ զրոյցը կենտրոնացաւ լիբանանեան ներքին թէ արտաքին քաղաքական հրատապ հարցերու վրայ:
Ստորեւ՝ հարցազրոյցի գլխաւոր կէտերը.
Նախ եւ առաջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վրայ շղթայազերծւած պատերազմին գծով Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններու վայր նկատւող Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամաբադի մէջ կայացող ժողովին մասին հարցումին անդրադառնալով պատգամաւոր Բագրատունի վեր առաւ Իսլամաբադի դիւանագիտական դերակատարութիւնը՝ Օմանի, Կատարի եւ Սուդական Արաբիոյ ճիգերուն կողքին, դիտել տալով, որ յարձակումներն ու անոնց ընկերացող սպառնալիքները (յատկապէս՝ հարաւային Լիբանանի գծով) տակաւին կրնան շարունակւիլ: Այս գծով կը նախատեսւի սկզբնական զինադադարէ ետք յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին «Ո՛չ յաղթական, ո՛չ պարտեալ» սկզբունքով մնայուն լուծման յանգիլ՝ միջազգային (որուն ծիրին մէջ նաեւ՝ Լիբանանի) քաղաքական իրավիճակի կամ վարչակարգի վերադասաւորման հեռանկարով, նշեց պատգամաւոր Բագրատունի եւ աւելցուց, որ այս առնչութեամբ կը սպասւին նախագահ Թրամփի Չինաստան այցելութեան արդիւնքները:
Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութեանց սկզբունքին գծով Յակոբ Բագրատունի յիշեցուց, որ Լիբանանի ոեւէ նախագահ կամ բարձրաստիճան անձնաւորութիւն ցարդ նման կեցւածք չէ ցուցաբերած, եւ նման քայլ մը գրեթէ «թապու» կը նկատւէր: Այս իմաստով ան ուշագրաւ նկատեց նախագահ Ժոզեֆ Աունի լուսարձակէ հեռու դրսեւորած այն կեցւածքը, որ եթէ ուղղակի բանակցութիւններով կարելի է կասեցնել պատերազմը, ազատագրել, վերստանալ Լիբանանի գրաւեալ տարածքները, ազատ արձակել ցարդ Իսրայէլի մօտ արգելափակեալ լիբանանցի գերիները, ապահովել լիբանանցի տեղահանւածներու տունդարձը, ամրագրել Լիբանանի գերիշխանութիւնը Բէյրութի թէ Հարաւի մէջ, այդ պարագային ինք պատրաստակամ է: Սակայն, ան դիտել տւաւ, որ նախագահ Աունի բանակցութեանց պատրաստակամութեան այս մղումը ոմանց կողմէ սխալ մեկնաբանւեցաւ: Ըստ Բագրատունիի, նմանապէս ոմանց կողմէ սխալ մեկնաբանւեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կեցւածքը եւ ստեղծւած մթնոլորտը շահագործւեցաւ քաղաքական պատճառներով: Ան դիտել տւաւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեբիհ Բըրրի եւս անպայմանօրէն համաձայն չէր ուղղակի բանակցութեանց թէ Բէյրութի ապազինման գծով առնւող քայլերուն, թէեւ ան այդ խօսակցութեանց մթնոլորտին մէջ էր:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս «Հեզբօլլահ»-ն լռեց ու չհակադարձեց իր ղեկավարին՝ Սէյէդ Հասան Նասրալլայի սպանութեան, բայց Իրանի հոգեւոր առաջնորդ այաթ. Սէյէդ Ալի Խամենէիի սպանութեան առիթով հրապարակ իջաւ վրէժխնդրութեան պահանջով ու զօրակցեցաւ Իրանին, պատգամաւոր Բագրատունի ըսաւ. «Այո՛, սխալ էր «Հեզբօլլահ»-ի այդ քայլը, սակայն Իսրայէլ առիթի կամ պատճառի պէտք չունի Լիբանանի վրայ յարձակելու համար»: Այս գծով ան դրւատեց բանակի հրամանատարին ցուցաբերած չէզոք կեցւածքը՝ չներքաշուելու միջլիբանանեան շիի-սիւննի երկպառակութեան թէ բախումներու իսրայէլեան ծուղակին մէջ՝ յիշեցնելով, որ Իսրայէլ քաջ գիտէ, թէ Բէյրութի բնակչութեան մեծամասնութիւնը սիւննի է, «արդ, անոր նպատակը, թիրախը՝ Հարաւի ապազինումէն անդին Լիբանանի միասնականութիւնն ու համակեցութիւնը հարւածելն ու երկպառակութիւն սերմանելն է՝ սկսելով Բէյրութէն», շեշտեց ան: Բագրատունի յիշեցուց, թէ՝ «Իսրայէլ թշնամի է ու գրաւած է լիբանանեան տարածքներ, բայց մենք (լիբանանցիք) չենք ըմբռներ հարցին էութիւնը, հարցին պատճառը եւ կառարկենք, թէ ինչո՛ւ կը դիմադրենք»: Ան աւելցուց. ««Հեզբօլլահ»-ի դիմադրութիւնն է, որ ազատագրեց Լիբանանը 2000 թւականին ու դիմադրեց Իսրայէլին յուլիսեան պատերազմին (2006), այնպէս, ինչպէս անցեալին դիմադրութիւն կատարւեցաւ օսմանցիներուն դէմ, ապա՝ Ֆրանսական հոգատարութեան եւ ետքը՝ սիրիական ուժերուն դէմ: Գազայի 7 հոկտեմբեր 2023-ի (Համասի կողմէ) գործողութեան մասին հարցումին անդրադառնալով՝ պատգամաւոր Բագրատունի յայտնեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը ծրագրած էր Լիբանանի վրայ յարձակում գործել ու այդ մասին յայտարարեց նոյնինքն Իսրայէլ: Բագրատունի թերահաւատութեամբ ակնարկեց Իսրայէլի հետ զինադադարի յայտարարութեան՝ հարց տալով, թէ այսօր ո՛վ կը հաւատայ յայտարարւած զինադադարին, երբ օրական կը լսենք նոր յարձակումներու աւերներուն մասին:
Սուրիոյ մասին հարցումի մը պատասխանելով եւ թէ արդեօք կը փափաքի՞ Սիրիա այցելել՝ Բագրատունի ըսաւ. «Այո՛, կերթամ, համա՛յն աշխարհը ճանչցաւ Սիրիոյ նախագահին իշխանութիւնը»:



