Կոնգրեսականները պահանջեցին հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Կոնգրեսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Պրետ Շըրմըն, ինչպէս նաեւ կոնգրեսականներ Ջիմ Քոսթա, Ջուտի Չու եւ Լորա Ֆրիտմըն յունիսի 23-ին, Կոնգրեսի շէնքին մէջ տւին «1000 օր. հիմա ազատ արձակեցէք հայ պատանդները» խորագրւած մամլոյ ասուլիսը՝ Ադրբեջանի կողմէ ապօրինի կերպով պատանդ պահւող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ռազմագերիներուն եւ քաղաքացի պատանդներուն բանտարկութեան 1000-րդ օրւան առիթով։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ասուլիսին մասնակցեցաւ անոր գործադիր վարիչը՝ Արամ Համբարեան։
Առնւազն 19 հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքային պատանդներ կը շարունակեն ապօրինի կերպով պահւիլ Բաքւի բանտերուն մէջ։ Անոնց մէջ կան՝ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան (2022-2023), Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան (2020-2023), Բակօ Սահակեան (2007-2020) եւ Արկադի Ղուկասեան (1997-2007), ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան եւ նոյն բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեան։
Յատկանշական է, որ մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ այն միջոցին, երբ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը կը պատրաստւի քննարկել Շերմոնի օրէնսդրական փոփոխութեան առաջարկը, որ Բաքւէն կը պահանջէ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդները։
Իր խօսքին մէջ, Շերմոն յիշեց 2023-ին Արցախը հայաթափելու Ադրբեջանի արշաւը, սկսելով շրջափակումէն ու հասնելով ռազմական գործողութիւններուն, որոնց հետեւանքով աւելի քան 100,000 հայեր բռնի կերպով տեղահանւեցան իրենց պատմական հայրենիքէն։ Ան արտայայտւեցաւ Արցախի ղեկավարներուն բեմականացւած դատավարութիւններուն եւ անոնց ընթացքին ներկայացւած երեւակայածին ամբաստանութիւններուն մասին, շեշտելով, թէ իսկական խաղաղութիւն կարելի է հաստատել բոլոր գերիներուն ազատ արձակումէն ետք։
Ջու խօսեցաւ Արցախ կատարած իր այցելութեան մասին, որուն պատճառով Բաքու արգիլած էր անոր Ադրբեջան մուտքը։ Ան շեշտեց, թէ տեղահանւած արցախցիները պէտք է վերադառնան իրենց հայրենիքը, եւ անմիջական քայլերու պէտք է դիմւի պաշտպանելու համար Արցախի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը։
Ֆրիդմըն դատապարտեց հայ գերիներու կեղծ դատավարութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը բնաջնջելու Բաքւի քաղաքականութիւնը, Ադրբեջանի վարչախումբը պատասխանատւութեան կանչելու կոչ ընելով։
Կոստա պահանջեց Ադրբեջանէն, որ իր ուժերը հեռացնէ Հայաստանի հողերէն եւ դատապարտեց հայ գերիները պատանդ պահելու Բաքւի քաղաքականութիւնը, շեշտելով, որ Վաշինգտոն պէտք է յաւելեալ ճնշում բանեցնէ Բաքւի վրայ՝ ապահովելու համար հայ գերիներուն ազատ արձակումը։
Իր կարգին, Համբարեան կեղծ խաղաղութիւն համարեց Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ գոյացող համաձայնութիւնը, շեշտելով, որ անոր իրականացումը համազօր պիտի ըլլայ Բաքւի ցեղասպանական արարքները վարձատրելուն, ազդարարելով, որ Բաքւին շնորհւող զիջումներուն փոխարէն, Ադրբեջան միայն նոր ճնշումներու, նոր բռնութիւններու եւ նոր յարձակումներու պիտի դիմէ։
Ան իսկական խաղաղութեան համար կենսական համարեց՝ բոլոր պատանդներուն անյապաղ ազատ արձակումը, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն ադրբեջանական զօրքերու հեռացումը, արցախահայութեան ապահով վերադարձը Արցախ՝ միջազգային երաշխիքներով, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։
Հայ գերիներուն բանտարկութեան 1000-րդ օրւան առիթով զանոնք ազատ արձակելու կոչեր կատարեցին նաեւ ծերակուտական Ադամ Շիֆ եւ կոնգրեսականներ Եանկ Քիմ, Վինս Ֆոնկ ու Թամ Լանթոսի անւան Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովը։








