Համազգայինի Կենտրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ չորս կարեւոր հրատարակչութիւն՝ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութիւնը լուսարձակի տակ առնելու համար

Համազգայինի Կենտրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ չորս կարեւոր հրատարակչութիւն՝ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութիւնը լուսարձակի տակ առնելու համար։ Այս մասին տեղեկանում ենք վարչութեան ֆէյսբուքեան էջից։
«Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը, փաստագրումը, արժեւորումն ու հանրութեան ներկայացումը վերջին տարիներուն Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկը դարձած է։
Արցախի շրջափակման, ապա՝ ամբողջական հայաթափման եւ բռնագրաւման պայմաններուն մէջ, երբ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը կը գտնւի ոչնչացման, աղաւաղման եւ պատմական ինքնութեան ջնջման լուրջ վտանգի տակ, Համազգայինի Կենտրոնական Վարչութիւնը ձեռնարկած է շարք մը հրատարակչական նախաձեռնութիւններու՝ նպատակ ունենալով փաստագրել Արցախի հայկական ժառանգութիւնը, զայն հասանելի դարձնել հայ եւ օտար ընթերցողներուն եւ, միաժամանակ, միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնել ստեղծւած իրավիճակը։
Ստորեւ ներկայացւած գիրք-ալպոմներէ առաջ, վերը նշւած նոյն նպատակով, մարտ 2022-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Կրթամշակութային կեանքը Արցախում» խորագիրով գիտաժողով մը, որուն ընթացքին ներկայացւած գիտական զեկուցումները ամփոփւեցան եւ հրատարակւեցան նոյն խորագիրով:
«Արցախ. անաւարտ պատերազմ»
Այս ուղղութեամբ, Համազգայինի Կենտրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, Արցախի շրջափակման օրերուն իսկ հրատարակւեցաւ արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարներու «Արցախ. անաւարտ պատերազմ» գիրք-ալպոմը:
Հրատարակութիւնը լուսանկարներու միջոցաւ կը ներկայացնէ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքները, արցախահայութեան առօրեան, պատերազմի մարդկային ու հասարակական ազդեցութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջափակման ծանր ու ճակատագրական օրերը։
«Արցախ. անաւարտ պատերազմ»-ը եռալեզու՝ հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն, հրատարակութիւն մըն է։ Անոր շնորհահանդէսներն ու ներկայացումները տեղի ունեցան տարբեր երկիրներու մէջ՝ նպատակ ունենալով, որ Արցախի մասին լուսանկարչական այս վաւերագրութիւնը հասնի աւելի լայն շրջանակներու եւ Արցախի իրականութեան մասին վկայութիւն մը դառնայ նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի սահմաններէն անդին։
«Արցախ. վտանգւած ժառանգութիւն – 1»
Արցախի շրջափակման շարունակւող պայմաններուն եւ կարգ մը շրջաններու կորուստին յաջորդած իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, Համազգայինի Կենտրոնական վարչութիւնը ձեռնարկեց նոր եւ հրատապ հրատարակութեան մը՝ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան փաստագրումը եւ վաւերականութիւնը շարունակելու եւ արձանագրելու նպատակով։
Այս ծիրին մէջ, Կենտրոնական վարչութիւնը նախաձեռնեց եւ հովանաւորեց «Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամ»-ի համատնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանի հեղինակած «Արցախ. վտանգւած ժառանգութիւն – 1» պատկերագիրքին հրատարակութիւնը։
Եռալեզու այս հրատարակութիւնը կամփոփէ Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցած պատմամշակութային բազմաթիւ յուշարձաններու, եկեղեցիներու, վանքերու, գերեզմանոցներու, խաչքարերու, բնակավայրերու եւ քաղաքակրթական այլ արժէք ներկայացնող վայրերու փաստագրութիւնը։
Գիրքը, որ միաժամանակ լուսանկարչական եւ փաստագրական աշխատանք մըն է, ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն՝ նկատի ունենալով, որ Արցախի հայկական ժառանգութեան զգալի մասը այսօր այլեւս հասանելի չէ հետազօտողներուն ու այցելուներուն, իսկ մնացեալը կը գտնւի ոչնչացման կամ ինքնութեան փոփոխման վտանգին տակ։
«Արցախ. վտանգւած ժառանգութիւն – 2»
Արցախի ամբողջական կորուստէն ետք, ստեղծւած նոր իրականութիւնը աւելի եւս ընդգծեց պատմամշակութային ժառանգութեան փաստագրութեան հրատապութիւնը։
Այս պայմաններուն մէջ Համազգայինի Կենտրոնական վարչութիւնը ստիպւած եղաւ նոր քայլ մը առնելու եւ նախաձեռնելու Րաֆֆի Քորթոշեանի հեղինակած «Արցախ. վտանգւած ժառանգութիւն – 2» պատկերագիրք-ալպոմի հրատարակութեան։
Նոր հրատարակութիւնը նախորդ աշխատանքին շարունակութիւնն է եւ կը միտի աւելի ամբողջական կերպով փաստագրել Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը՝ լուսանկարներու, պատմական տեղեկութիւններու եւ վաւերագրական նիւթերու միջոցով։
Այստեղ հարկ է նշել նաեւ, որ առաջին հատորին մէջ տեղ գտած որոշ յուշարձաններ արդէն իսկ դիտաւորեալ ոչնչացւած կամ աղաւաղւած են ադրբեջանական իշխանութիւններուն կողմէ: Հետեւաբար, այս երկհատոր աշխատանքը յաւելեալ կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն ունի որպէս փաստագրութիւն:
Այս աշխատանքին իրականացումը կարելի եղաւ նաեւ Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներու հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ, ինչպէս նաեւ պրն. Յարութ Պրոնոզեանի նիւթական օժանդակութեամբ։
Այս երկու պատկերագիրքերուն հրատարակութիւնը կը ստանայ յատուկ կարեւորութիւն նաեւ այն պատճառով, որ անոնք կը հանդիսանան ժամանակի վկայութիւններ։ Անոնք ոչ միայն անցեալի յիշողութիւնը կը պահպանեն, այլեւ նորահաս սերունդին եւ յատկապէս համաշխարհային կարծիքին համար կը ստեղծեն փաստագրական շտեմարան մը՝ Արցախի հայկականութեան եւ մշակութային հարուստ ներկայութեան մասին։
«Բարձրանանք Շուշի»
Համազգայինի Կենտրոնական վարչութիւնը, գիտակցելով, որ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը չի կրնար սահմանափակւիլ միայն առկայ իրողութիւններու արձանագրումով, այլ պէտք է նաեւ շարունակական աշխատանք կատարել այս ուղղութեամբ, այժմ կը նախաձեռնէ եւս մէկ կարեւոր հրատարակութեան։
Այս անգամ խօսքը Վլադիմիր Գէորգեանի հեղինակային լուսանկարներով եւ պատմաբանի գիտական տեղեկութիւններով «Բարձրանանք Շուշի» պատկերագիրքին մասին է, որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ Համազգայինի Կանադայի Շրջանային վարչութեան մեկենասութեամբ։
Շուշին իր պատմական, հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային նշանակութեամբ, Արցախի հայկական ինքնութեան առանցքային խորհրդանիշներէն մէկն է։ Ուստի Շուշիի մասին պատկերագիրքի մը հրատարակութիւնը կը ստանայ ոչ միայն գեղագիտական եւ պատմական, այլեւ վաւերագրական ու ազգային յիշողութեան պահպանման նշանակութիւն։
Այս չորս հրատարակութիւնները՝ «Արցախ. անաւարտ պատերազմ», «Արցախ. վտանգւած ժառանգութիւն – 1», «Արցախ. վտանգւած ժառանգութիւն – 2» եւ «Բարձրանանք Շուշի», առանձին-առանձին արժէքաւոր հրատարակութիւններ ըլլալէ անդին, կը կազմեն իրար ամբողջացնող աշխատանքներու շարք մը։
Առաջինը լուսանկարչական վկայութեամբ կը ներկայացնէ պատերազմի եւ շրջափակման տարիներու արցախահայութեան կեանքը, յաջորդ երկուքը փաստագրութեան միջոցաւ կը լուսաբանեն Արցախի վտանգւած պատմամշակութային ժառանգութիւնը, իսկ «Բարձրանանք Շուշի»-ն իր հերթին կը վերահաստատէ Շուշիի տեղն ու նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի պատմական եւ մշակութային յիշողութեան մէջ։
Նշենք, որ հրատարակւած 3 հատորները Հայ Դատի գրասենեակները զանազան երկիրներու մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն նւիրեցին՝ բարձրաձայնելով վտանգին մասին:
Իսկ մայիս 2026-ին, Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրատարակւած հատորները նւիրեց Լեւոն ԺԴ. Պապին՝ յատուկ ուշադրութեամբ արծարծելով Արցախի մէջ մշակութային եւ եկեղեցական վտանգւած ժառանգութեան հարցը»,-ասւած է գրառման մէջ:






