Նախագահական ընտրութիւններէն 6 ամիս առաջ. Ֆրանսայի խռովարար իրադարձութեանց խորքային պատճառները

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ աւելի ճգնաժամեր:
Անցնող սեպտեմբերի կէսէն ի վեր երկրորդական վարժարաններու աշակերտներն ու համալսարանական ուսանողները ծաւալուն ցոյցեր եւ հաւաքներ կը կազմակերպեն՝ բողոքելով ուսուցման պայմաններուն, ուսուցիչներու պակասին, գերբեռնւած դասարաններուն եւ համալսարանական նախապատրաստական յատուկ համակարգին (parcoursup) դէմ: Ուսանողական այս շարժումին շատ արագ միացան սենտիքաները, եւ շարժումը ընդգրկեց շատ աւելի ընդհանուր ընկերային պահանջներ. գնողունակութեան (pouvoir d՛achat) նւազումի եւ սղաճի (inflation) կասեցում, կառավարութեան բիւջէին մէջ թոշակառուներուն, պետական պաշտօնեաներուն եւ տարբեր նպաստներ ստացողներու հաշւոյն կատարւող սեղմումներու մերժում եւ մասամբ նորին: Աստիճանաբար շիկացած այս մթնոլորտին մէջ, հոկտեմբեր 17-ին բռնկած համազգային զօրաշարժը յանգեցաւ ոստիկանութեան եւ քաղաքացիներու միջեւ ծանր եւ արիւնալի բախումներու, աւերածութիւններու եւ թալանի տգեղ ու մտահոգիչ դէպքերու՝ համայն աշխարհին ուշադրութիւնն ու լուսարձակները կեդրոնացնելով երկրին վրայ:
Մայրաքաղաք Փարիզի, երկրորդ եւ երրորդ մեծագոյն քաղաքներուն՝ Մարսէյի եւ Լիոնի, ինչպէս նաեւ տասնեակ մը այլ քաղաքներու մէջ պարզւած կացութիւնը աննախընթաց է Ֆրանսայի նորագոյն պատմութեան մէջ: Նոյնիսկ մայիս 1968-ի հանրածանօթ ցոյցերը չեն ունեցած բրտութեան համապատասխան երեւոյթը: Ապահովական ուժերու անբաւարար տիրութիւնը քննադատութեան եւ դժգոհութեան մեծ ալիք յառաջացուցած է ժողովուրդին մէջ, մինչ իշխանութիւնն ու ընդդիմադիրները զիրար կը մեղադրեն ահաւոր այս իրավիճակին համար:
Քաղաքական կուսակցութիւնները այժմէն իսկ դիրք կը գրաւեն Էմմանուէլ Մաքրոնի յաջորդող հնգամեակին համար: Նախագահական ընտրութիւնները նախատեսւած են 2027-ին (18 ապրիլ եւ 2 մայիս), եւ ներկայ ճգնաժամը փաստօրէն կը զարգանայ ընտրութիւններէն շուրջ վեց ամիս առաջ: Ընտրապայքարն ու ընտրարշաւը արդէն սկսած են սուր ձեւով: Երկուստեք գործածւող ցեխարձակման ոճն ու բառամթերքը բիրտ են ու անխնայ:
Իւրաքանչիւր քաղաքական ճամբար շահագրգռւած է իր մեկնաբանութիւնը պարտադրելու՝ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ:
Ձախը՝ Ընկերվարական եւ Համայնավար կուսակցութիւնները եւ մասնաւորաբար Ժան-Լիւք Մելանշոնի արմատական կուսակցութիւնը՝ Չենթարկւող Ֆրանսան (LFI), կը փորձեն ընկերային զայրոյթը կապել անհաւասարութիւններուն, գնողունակութեան անկման եւ սղաճի հոլովոյթին հետ:
Անոնց խօսոյթը կը հիմնւի ընկերային անհաւասարութիւններուն, դրամատիրական համակարգի քննադատութեան եւ ոստիկանութեան գործելակերպի դատապարտման վրայ: Արմատականներէն ոմանք նկատել կու տան, որ իշխանութիւնը նահանջի մղելու համար երբեմն նոյնիսկ անհրաժեշտ է առճակատումը: Ասոր գաղափարական նպատակը կասկածի տակ դնել է գոյութիւն ունեցող տնտեսական եւ քաղաքական համակարգը:
Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ բոլոր ցուցարարները կամ ձախակողմեան ընտրողները կարդարացնեն բռնութիւնը: Պէտք է յստակ ընդգծել, որ ծայրայեղ ձախ խմբաւորումները եւ անիշխանական որոշ հոսանքներ չեն ներկայացներ ամբողջ ձախը: Միաժամանակ, սակայն, անհրաժեշտ է նաեւ տարբերել գաղափարական համոզումներու տէր ծայրայեղական գործունէութիւն ծաւալող խմբաւորումները այն փողոցայիններէն, որոնք պարզապէս առիթէն օգտւելով կը դիմեն կողոպուտի, աւերումի, թալանի:
Դասական աջը եւ կեդրոնի աջը, մասնաւորաբար՝ Էտուար Ֆիլիփի, Կապրիէլ Աթալի եւ Պրիւնօ Ռըթայոյի նման քաղաքական դէմքեր, շեշտը կը դնեն հասարակական կարգի թուլութեան եւ պետական հեղինակութեան նահանջին վրայ, իսկ ծայրայեղ աջ Ազգային համախմբումը (RN) շեշտը կը դնէ յատկապէս օտարներու, գաղթականներու ներկայութեան եւ ապօրինի մուտքի, սահմաններու անհսկողութեան եւ երկրի փխրուն անվտանգութեան վրայ՝ բնականաբար փորձելով առաւելագոյնս օգտւիլ ներկայ անկայուն իրավիճակէն, դժգոհութեան ալիքէն եւ ապահովական առումով համատարած մտահոգութիւններէն:
Հետեւաբար աջը՝ Հանրապետականներ (LR), Ազգային միաւորում (RN) եւ աջակողմեան այլ հոսանքներ, իրարմէ կը տարբերին, սակայն բոլորն ալ կը պահանջեն՝ պետութեան հեղինակութիւնը, անվտանգութիւնը, պետական հիմնարկներու յարգումը եւ խռովարարներու պատժումը: Անոնց նպատակն է վերահաստատել կարգն ու կանոնը, պաշտպանել պետութեան հեղինակութիւնը եւ ցոյց տալ, որ քաղաքական խստութիւնը ճգնաժամը դիմագրաւելու միջոց է:
Ինչ կը վերաբերի պետութեան, ան պարտաւոր է երաշխաւորել ցոյցեր կազմակերպելու իրաւունքը՝ միաժամանակ պաշտպանելով քաղաքացիները, անոնց ինչքերը եւ պետական հաստատութիւնները: Բանավէճը կը վերաբերի նաեւ հանրային կարգի պահպանման մեթոտներուն:
Հոկտեմբեր 17-ի իրադարձութիւնները եւ հակադրութիւնները աւելի տեսանելի դարձան մասնաւորաբար կառավարութեան եւ արմատական ձախին միջեւ ծաւալած բանավէճերուն ընթացքին:
Հիմա, երբ յարաբերաբար բնականոն վիճակը եւ անդորրը հաստատւած են (առանց բացառելու խռովութիւնները որեւէ պահու վերսկսելու հաւանականութիւնը), աջէն-ձախէն հնչող կարգախօսներէն անդին՝ կը ցցւի գործնական հարցումը. իսկ ինչպէ՞ս պիտի փակւի պետական վնասին գինը, որովհետեւ քաղաքացիական դաշտի վնասները մեծաւ մասամբ կը ստանձնեն ապահովագրական ընկերութիւնները, սակայն պետութեան մասնաբաժինը լուրջ խնդիր է, որ արդէն իսկ կարծարծւի, աւելի ճիշտ՝ կը քաշքշւի խորհրդարանի զոյգ պալատներուն՝ Ազգային ժողովի եւ ծերակոյտի նիստերու թէժ քննարկումներու ընթացքին, նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը կը փորձէ ծախսերը կրճատել, իսկ սենտիքաներն ու ձախակողմեան ուժերը կը պահանջեն հակառակը՝ եկամուտի եւ աշխատավարձի բարձրացում, ինչպէս նաեւ՝ հանրային ծառայութիւններուն յատկացւած միջոցներու յաւելում: Կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ այս խոր տարակարծութիւնը հիմնարար է, որովհետեւ կը վերաբերի՝ բիւջէական սեղմումներուն, խնայողութիւններուն, հարկերուն, թոշակներուն, աշխատավարձերուն եւ ընդհանրապէս ընկերային համակարգի ապագային:
Միւս կողմէ՝ ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը նաեւ դարձած են ընտրապայքարի կարեւորագոյն թեմաներէն:
Հոկտեմբեր 17-ի բռնութիւններու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ Մաքրոնի կառավարութեան, յատկապէս վարչապետ Լըքորնիւի, ներքին գործոց նախարար Նունեզի եւ ոստիկանութեան ու իրաւապահ ուժերու ոչ արդիւնաւէտ պահւածքի նկատմամբ կատարւող խիստ քննադատութեանց ու դժգոհութեանց ի լուր, իշխանութիւնները անմիջապէս սահմանափակումներ կատարեցին ցոյցերու նկատմամբ եւ ոստիկանութեան միջամտութեան յաւելեալ արտօնութիւններ սահմանեցին՝ հակառակ ազատութիւններու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններու վիճարկումին: Սակայն պետութիւնը մինչեւ ո՞ւր կրնայ սահմանափակել ցոյցերը՝ ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, առանց անհամաչափօրէն ոտնահարելու ցոյց կազմակերպելու սահմանադրական իրաւունքը:
* * *
Բռնութիւններու պատկերները կրնան փոխել եւ արդէն որոշ չափով փոխած են բանավէճի ուղղութիւնը: Աշխատավարձերու, դպրոցներու եւ բիւջէի մասին խօսելու փոխարէն՝ քաղաքական պատասխանատուները սկսած են արդէն քննարկել հասարակական կարգին, ոստիկանական ու ընդհանրապէս իրաւապահ ուժերու եւ իրաւապահ մարմիններու համակարգին ու պետութեան հեղինակութեան առնչւող հարցեր: Այստեղ է ահաւասիկ, որ ծայրայեղ աջին եւ անոր ղեկավարին՝ Մարին լը Փենի նկատմամբ վստահութիւնը եւ ժողովրդականութիւնը աճ կարձանագրեն հարցախոյզերուն մէջ, մինչ Մաքրոնի եւ մաքրոնականութեան վարկանիշը քառասմբակ կը նահանջէ, իսկ արմատական ձախի եւ ընդհանրապէս ձախակողմեան շրջանակի վարկանիշը տեղքայլի մէջ է:
Ընտրական այս խօլ արշաւին մէջ հասարակութիւնը ակընդէտ կը սպասէ թէ՛ ձախ, եւ թէ՛ աջ ճամբարներուն մէջ համախմբումներու կամ դաշինքներու, սակայն մինչեւ այս պահը նման խմորումներ չկան երկու հոսանքներուն մէջ հաւասարապէս, որոնք երկուքն ալ ներքին միաւորման լուրջ դժւարութիւններ ունին, եւ որոնք այս պահուս կը հետապնդեն հիմնական մէկ օրակարգ՝ ո՞վ պիտի յաջողի ժողովրդային համատարած դժգոհութիւնը վերածել քաղաքական իշխանութեան. կառավարութի՞ւնը՝ վերականգնելով երկիրը կառավարելու իր կարողութիւնը, ընդդիմադիր ուժե՞րը՝ իշխանափոխութիւն իրականացնելով, ընկերային շարժումնե՞րը՝ պարտադրելով շօշափելի փոփոխութիւններ:
Եւ տակաւին կը մնայ էական հարցում մը. բռնութիւնները կը խեղդե՞ն ընկերային պահանջները, թէ՞ ընդհակառակը, աւելի կը խորացնեն պետական հաստատութիւններուն հանդէպ անվստահութիւնը:
Յառաջիկայ օրերու իրադարձութիւնները պիտի օգնեն աւելի լաւ հասկնալու այս հոլովոյթը: Առաջին մեծ փորձաքարը 5 նոյեմբերն է՝ սենտիքաներու կողմէ յայտարարւած մեծ զօրաշարժի օրը:
* * *
Վերջապէս, հասնինք էական հարցումին. ընդհանուր այս պայքարին մէջ գաղափարական-գաղափարախօսական ենթահող կա՞յ, թէ՞ ոչ:
Ըստ իս, այո՛, տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մէջ գաղափարական ուժերու իրական բախում մը կայ, եւ իմ կարծիքով հոկտեմբեր 17-ի ցոյցերուն, խռովարարներուն եւ յառաջիկայ նոյեմբեր 5-ին նախատեսւած զօրաշարժին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները հասկնալու համար պէտք է նայիլ բռնութիւններէն անդին: Կան տարբեր պայքարներ՝ ընկերային, գաղափարական, հանրային կարգի վերահսկողութեան եւ անշուշտ՝ 2027-ի նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ մղւող քաղաքական պայքար, որուն պատճառով այս հակամարտութիւնը աւելի շեշտակի կը դառնայ, եւ հիմա իւրաքանչիւր ճամբար կը փորձէ ոչ միայն ընտրազանգւածը համոզել, այլ նաեւ՝ իր հակառակորդը ներկայացնել իբրեւ վտանգ հանրապետութեան համար:
Այս հոլովոյթը քաղաքական բեւեռացման դասական երեւոյթ մըն է անշուշտ, եւ այո՛, փաստօրէն գոյութիւն ունի գաղափարական իրական պայքար, բայց անիկա չի սահմանափակւիր ձախի եւ աջի միջեւ բախումով միայն, այլ նաեւ կը հակադրէ հասարակութեան մասին տարբեր ըմբռնումներ. պետական հեղինակութիւնն ու կարգ-կանոնը՝ բողոքին եւ արմատական խզումին դէմ, հաստատութիւններու պահպանումը՝ անոնց խորքային վերափոխման պահանջին դէմ, հանրային անվտանգութիւնը՝ քաղաքական պայքարի որոշ արմատական ըմբռնումներու դէմ, եւ այս բոլորին խորքին՝ ընկերային արդարութեան ու ժողովրդավարութեան տարբեր տեսլականներ:
Հետեւաբար կարեւոր է իրարմէ տարբերել երեք մակարդակ. ցուցարարներու պահանջները, արմատական խմբաւորումներու գաղափարախօսութիւնը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ռազմավարութիւնը:
Ահաւասիկ անկայուն այս պայմաններուն եւ թէժացած այս մթնոլորտին մէջ կը պատկերացւի ընթացքը Ֆրանսայի քաղաքական ներքին առօրեային, յառաջիկայ վեց ամիսներուն:
«Ազդակ»



