Հզօր Սփի՞ւռք՝ ուժեղ Հայաստա՞նի մը համար
Անցած տարւան մէջ հայութեան հիասթափութիւնն ու հոգեկան ընկճւածութիւնը խորացաւ այն աստիճան, որ երբեւիցէ չէր եղած, գէթ իմ գիտակից կեանքի տարիներուս: Ծանր յուսախաբութեան հետեւանքով հայ մարդուն մէջ յառաջացաւ այն զգացումը կամ առնւազն հարցականը, թէ տապանաքա՞ր մը դրւած է արդեօք վերնագրով արտայայտւած կարգախօսին վրայ…:
Այս ծանր ու մահացու զգացումը յեղաշրջելու, յեղափոխելու, «յոյսով լեցւեցաւ» երգը կենսագործելու հրամայականը այս տարւան գերխնդիրն է:
Դժխեմ, շա՜տ դժխեմ կացութեան մը մէջ կը գտնւինք ազգովին՝ Սփիւռքէն-Հայաստան:
Հայրենիքի պետական այրերը դրօշի վերածած են «խաղաղութեան» խաբուսիկ օրակարգը, անգիտանալով, որ ամէն պայմանագիր պարզ թուղթի կտոր մըն է, ո՛չ աւելին: Չգիտցող չկայ, որ Արեւելքն ու Արեւմուտքը կայսերական տրամաբանութենէ բխող իրենց շահերը ունին եւ կը գործեն միա՛յն այդ հարթակներուն վրայ:
Անոնք հմուտ են յարմար պահեր ստեղծելու եւ իրենց ռազմաքաղաքական շահերու աղիւսակը հիւսելու այնպէս, որ օգտւին քու ուժէդ, դիրքէդ կամ տկարութենէդ, համոզելով քեզ միաժամանակ, որ փոխադարձաբար՝ քու եւ իրենց շահերը կը համընկնին իրարու:
Մեզի դաս եղած պիտի ըլայ՝ թէ՛ Արեւելքէն, եւ թէ՛ Արեւմուտքէն անցեալի մէջ ու աւելի թարմ՝ օրերս մեր կրած ցաւատանջ յուսախաբութիւնները, որոնք հետեւանք էին անոնց խաբէութեանց եւ մեր միամտութեան, դիւրահաւատութեան:
Մարդ կը զարմանայ, թէ պետական ղեկին վրայ գտնւող այրեր Արցախի աղէտէն վերջն իսկ, ինչպէ՞ս կը հաւատան ու կը դաւանին եւ կը փորձեն հաւատացնել, թէ երկրի խաղաղութեան ու բարգաւաճման յոյսի ապաւէնն է «Խաղաղութեան պայմանագիր» կոչւող թուղթ մը…:
Իսկ խոստացւած խաղաղութեան երաշխաւորնե՞րը: Երեխայ պիտի ըլլաս անոնց անկեղծութեան վրայ հաւատք ընծայելու համար:
Տարօրինակ թող չթւի ըսելու նոյնիսկ, որ որոշ չափով մխիթարական պիտի ըլլար, եթէ համարւէր, որ այսքան բարձրաձայնւած խաղաղութեան օրակարգը ներքին սպառումի կը ծառայէ, երկրի հասարակութիւնը մոլորեցնելու եւ ընտրութեանց պարագային անկէ աւելի քւէ կորզելու համար է…:
Սա՝ ի Հայաստան:
Նոյնպէս յուսահատական է Սփիւռքի կացութիւնը: Մտահոգիչ չափերով պարպւած են արդէն Միջին Արեւելքի աւանդապահ եւ միւս հայօջախներուն համար արիւնատար համարւող հայահոծ հայագաղութները եւ հետզհետէ աւելի կը նօսրանան անոնք, իսկ այնտեղի մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան ապահովումը գերխնդիր մըն է ինքնին, չհաշւած այդ երկիրներու մէջ մեծարժէք հաստատութիւններու անորոշ ապագան: Իսկ Արեւմտեան կողմն աշխարհի նորահաս սերունդներուն կը սպառնայ օտարացումը:
Եւ այս կացութեան մէջ, հայ մարդը ինկած է համատարած անտարբերութեան գիրկը, ինչ որ աւելի ահաւոր է, քան ամենէն ահեղ թշնամին:
Ինչո՞ւ այս տխուր հաստատումները:
Պարզապէս ըսելու համար, որ ներկայ կացութիւնը չի յեղաշրջւիր ոգեշունչ գրառումներով ու ճառերով, ցանկութիւններով ու մաղթանքներով, ոչ ալ իմաստալից խմբագրականներով ու յօդւածներով կամ տպաւորիչ պատգամներով ու կոչերով:
Կացութիւնը այնքան խոր է ու մտահոգիչ, որ թերեւս որոշ չափով յեղաշրջւի ան այն պարագային միայն, որ ի գործ դրւի անհրաժեշտ ջանքը ազդու միջամտութիւններու՝ համահայկական ռազմավարութեան մը մշակման ի խնդիր համախմբելու համար հայ իրականութեան մէջ դերակատար ուժերը եւ ատով իսկ յոյսով պարուրելու հայ մարդոց հոգիները:
ՀՀ-ի վարչապետին անձնակենտրոն ու ինքնապարտադիր նկարագիրը եւ յոխորտանքով կառավարելու մնայուն վիճակը թէեւ կասկած չեն թողուր այլ հաւանականութիւններու, այսուհանդերձ կրնայ բացառւած չըլլալ, որ ան իր ետին համահայկական նեցուկ ու յենարան չունենալուն պատճառովն է խաղաղութեան օրակարգի մը կառչելու խարխափումը:
Այսպէս կամ այնպէս, հարկաւոր է յուսատու մեծ ցնցում մը, այնքան ուժեղ, որ վերակենդանացնէ թմրած ջիղերը եւ ազգը վերագտնէ հոգեկան ամրութիւնն ու կորովը այնպէս, ինչպէս յատուկ եղած է իրեն՝ իր պատմութեան երկայնքին: Այսինքն՝ խորագոյն դժբախտութիւններուն մէջ իսկ յոյսով նայի ապագային եւ պարտութիւններու մէջ՝ յաղթանակներ գտնէ:
Կրկնենք. ցնցում մը՝ ուժեղ, յուսատու եւ վճռական ցնցում մը: Ահա Նոր տարւան սպասւած նւէրը: Ժամանակ չկայ:
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Աթենք, 7 յունւարի 2024
Arfd.am