Արդեօք կը տեսնե՞նք – 1. Հայաստան արդէն ինկա՛ծ է Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ…
Երեւանի իշխանաւորներուն ձախաւեր ու կործանարար վարքագիծը քննադատողները մերթ ընդ մերթ, օր աւուր կը զգուշացնեն, որ մեր հայրենիքը կրնայ մօտ ատենէն ամբողջականօրէն իյնալ Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ, թէ՝ բախտաւոր պէտք է նկատենք մենք մեզ, եթէ Երեւանի շուրջ պատառիկ մը հող մնայ Հայաստան անունով:
Եկէ՛ք, իրականութիւնները դիտենք աւելի՛ ցաւցնող ակնոցով, չոր իրականութիւնները ՏԵՍՆԵԼՈՒ տրամաբանութեամբ, քով-քովի բերենք ընդհանուր պատկերին մասնիկները եւ տեսնենք, որ Հայաստան արդէն իսկ ինկա՛ծ է Թուրքիոյ եւ անոր գործակից՝ Ադրբեջանի տիրապետութեան տակ, գրաւումը իրականացած է կալւած առ կալւած:
Երեւցող բաժինները, որ խորքին մէջ համազօր են ծփացող սառցալեռան երեւցող մասին, բացայայտ են: Արցախը կորսւած է (առայժմ), Հայաստանէն հարիւրաւոր (ըստ որոշ գնահատականներու՝ աւելի քան հազար) քառ. կլմ. տարածութիւն անցած է Ադրբեջանին, կը գտնւի անոր ուղղակի կամ անուղղակի գրաւումին տակ: Իշխանաւորները որքա՛ն ալ փորձեն այս բոլորին մեղքը նետել այլոց ճիտին, աղաղակող ճշմարտութիւնները բացայայտ են, միայն մտային կոյրերն ու ճշմարտութիւնը բարձրաձայնողներուն դիմաց խուլ ձեւացողներն են որ կը մերժեն տեսնել այս իրականութիւնը:
Յիշեալ ու այլ բացայայտւած իրականութիւններուն կողքին, կան եւ օրէ օր կաւելնան նոր փաստեր, Հայաստանի վրայ թուրքական տիրապերութիւնը ապացուցող նորութիւններ: Իսկ թէ անոնց մասին կը խօսւի՞, թէ՞ չի խօսւիր՝ ճշմարտութենէն բան չի փոխեր:
Ցանկը երկար է. արձանագրենք քանի մը փաստ.
- Հայաստանի շուկաները ողողւած են ամէն տեսակի թուրքական արտադրութիւններով, որոնք ուղղակի հարւածի տակ կը դնեն հայ արտադրողները, գիւղացի թէ գոծարանատէր, այս կամ այն կալւած: (Մասնիկ մըն է ոռոգման ջուրի աղբիւրներու կորուստը): Այսպէսով, Թուրքիա ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ կը տարածէ Հայաստանի վրայ, իսկ երբ երկրի մը տնտեսութիւնը նւաճւած է, պէտք չունինք սպասելու, որ թուրքական լիրան փոխարինէ Դրամը:
- Ադրբեջանի եւ Հայաստանի բանտերուն մէջ գերի ու պատանդ բռնւած են բազմաթիւ հայորդիներ՝ զինւորներ, պետական ու քաղաքական մարդիկ: Անոնց «յանցանք»-ը ունի նոյն հասարակ յայտարարը. դէմ են Ադրբեջանի հակահայ վարքագիծին, Արցախի գրաւումին, դէմ են թուրք-ադրբեջանական ծրագիրներուն իրողական գործակատարը դարձած՝ Երեւանի վարչախումբի քաղաքական ընթացքին (եւ թող մէկը չըսէ, թէ ասոնք թշնամիին գործակատարը չեն):
- Ադրբեջան շուրջ երեք տարի առաջ ոչինչ տալով կորզեց ականապատ դաշտերու քարտէզները: Հիմա դարձեալ քարտէզ կուզէ, Երեւան պատրաստ է ոչինչի փոխարէն տալու քանի մը «հատոր»: «Գերիները քանի մը շաբաթ եւս կը դիմանան»-ը մոռցւած է: Եթէ Որբերեան հիմա ապրէր, «Գիւղիս ճամբան» սքանչելի բանաստեղծութեան մէջ բոլորովին այլ իմաստով պիտի գրէր «Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան, Հին երազներս ամպերու պէս կանհետին» տողերը…:
- Հայաստանի իշխանութիւնները միայն ձեւական խօսքերով է, որ կը հոգան բանակն ու կը փորձեն (իբրեւ թէ) վերականգնել զայն, մինչդեռ Թուրքիա եւ Ադրբեջան կրկին ու կրկին կը պնդեն, որ Հայաստանին բանակ ու զէնք պէտք չեն (չմտնենք մանրամասնութիւններու մէջ, իսկ ադրբեջանական այ՛դ «վարկածին կարձագանգեն մեր «ազգընտիր»-ն ու գործակիցները), հետեւաբար, թշնամին նա՛եւ զինւորական իր կամքը կը պարտադրէ Հայաստանին: Եթէ այս մասին կասկած կայ որեւէ մէկուն ուղեղին մէջ, կը նշանակէ, թէ ուղեղները… շոգիացած են:
- Թշնամական կողմը քանի մը տարի առաջ, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, հրապարակ նետեց զգայացունց պահանջ մը (շատեր տարիներէ ի վեր կը յիշեցնեն սա), թէ Հայաստան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր Սահմանադրութիւնը կամ ունենայ նոր Սահմանադրութիւն: Նիկոլ Փաշինեան վերջերս պաշտօնապէս որդեգրեց նա՛եւ այս պահանջը եւ հրապարակ նետեց «նոր սահմանադրութեան մը պէտք ունինք»-ը: Սա, շատ մը այլ բաներու կողքին, ի յայտ բերաւ, թէ «Նիկոլին ճեպը» ո՞վ բաներ կը նետէ. «նախկիննե՞ր»-ը, թէ՞ Թուրքիա…: Այսինքն, Թուրքիա իր կամքը կը պարտադրէ (Նիկոլին ձեռքերով) մինչեւ իսկ Հայաստանի հիմնական Օրէնքներուն կալւածին վրայ: Ուրեմն, տնտեսական, քաղաքական, օրէնսդրական եւ զինւորական «գրաւումը»՝ թուրքական տիրապետութիւնը կը հասցնէ աւելի համապարփակ տարողութեան:
* * *
Վերոյիշեալ «գրաւումները» մէկը միւսէն աւելի՛ վտանգաւոր են, սակայն կուզենք յատուկ կարեւորութեամբ կանգ առնել վերջին կէտի՝ նոր սահմանադրութեան մը պարտադրանքին վրայ, որովհետեւ անիկա ունի նոյնինքն Հայաստան-պետութեան ու մինչեւ իսկ ողջ Հայ ժողովուրդի լինելութեան սպառնացող ենթաբաժանումներ: Այս մասին ամէն օր կը խօսին մտաւորականներ, պատմաբաններ, օրէնսգէտ-սահմանադրագէտներ, նա՛եւ ընդդիմադիրներ ու այս իշխանութեան ձախաւերութիւնը մատնացոյց ընողներ: (Ըստ իշխանաւորին, գործակիցներուն ու զանոնք թմբկահարող գիտոսիկներուն՝ անոնք բոլորը ապուշ են, ոչինչ գիտեն-կը հասկնան, որովհետեւ Աստւած 2018-ին ամենագէ՜տ Նիկոլ-փրկիչը տւած է Հայաստանին, որ պատրաստ է մինչեւ իսկ Հայկ Նահապետը ղրկելու գրողին ծոցը…):
Թւենք նաեւ վտանգւած ենթաբաժանումներէն մէկ քանին, որոնք միայն թուրքատիպ ներշնչումներէ չեն բխիր, սակայն գլխաւոր շահարկողը Թուրքիան է՝ Ադրբեջան կոչեցեալ «եղբօր» հետ (վաղը կու գայ նաեւ օրը, երբ Էրդողան Ալիեւին նման «եղբայր» պիտի կոչէ Փաշինեանը):
– Հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի քարտէզի վերախմբագրումի փաստը, այնպէս մը, որ նոր սերունդը քայլ առ քայլ խզւի մեր պատմութենէն ու ԱԶԳԱՅԻՆ աւանդներէն, ամբողջական Հայաստանի գաղափարէն, պատմական իրականութենէն (դարձեալ խօսի՞նք «կեղծ քաթակորիաներ»ու մասին):
– Հրաժարում՝ պատմականօրէն հայապատկան հողերու պահանջատիրութենէն, նոյնինքն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցման պահանջատիրութենէն: Սա պիտի տանի պաշտօնական Երեւանի կողմէ ընդունելու, որ Արցախը, Նախիջեւանը, Արեւմտեան Հայաստանն ու պատմական այլ հողեր երբեք հայութեան չեն պատկանած: Պիտի հետեւի, որ Սիւնիքը, Երեւանը, Սեւանն ու Հայաստանի մնացեալ տարածքներն ալ թուրք-ադրբեջանական նկատելու յոխորտանքները ճիշտ են:
– Նոր սահմանադրութեան մը (Թուրքիայէն ներածւած) ծրագիրը կընդգրկէ մեր զինանշանը, դրօշն ու անկախ պետականութիւն խորհրդանշող շատ բաներու «վերախմբագրումը», այնպէս մը, որ թուրքական տիրապետութիւնը, այսինքն՝ Թուրքիոյ կամքը տարածւի նաեւ նման աւանդներու վրայ:
– Յստակ է, որ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան եւ դիրքին նսեմացման, լուսանցքայնացման ծրագիրը նոր մակարդակ պիտի նւաճէ «նոր սահմանադրութեան» ճամբով: Մինչդեռ կարելի չէ անտեսել, որ Եկեղեցին, իբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ եւ էական միջնաբերդ, անպայման կապւած չէ այս կամ այն հոգեւորականի անւան հետ, այլ այդ հոգեւորականները իրե՛նք ծառաներն են Եկեղեցւոյ, Ազգին, ու այլոց նման՝ պահապանները՝ մեր պատմութեան ու իրաւունքներուն: Թուրքիա վաղը կրնայ իր տիրապետութեան տակ անցած Հայաստանի մէջ ալ Եկեղեցւոյ վստահիլ այն դերը, որ սուլթան մը իրականացուց 1463-ին, հաստատելով Պոլսոյ պատրիարքութիւնը:
– Թուրքական տիրապետութեան քայլ առ քայլ տարածումը ուղիղ հարւածի տակ պիտի դնէ Հայաստան-Սփիւռք կապերը: Համայնավարներու օրով ալ այդ կապերը հարւած կրած էին, սակայն այդ օրերուն կար դուրսէն հասնող պարտադրանք, որ յամենայնդէպս նման չէր այսօրւան վտանգին, որովհետեւ անկախ Հայաստանի կառավարիչ «ազգընտի՜ր» Փաշինեան, գործակիցներն ու մինչեւ իսկ Սփիւռի հարցերու (ան)գործակատարը կրկին ու կրկին բացայայտած են, որ Հայաստան եւ իրենց իշխանութիւնը – հետեւաբար նաեւ Թուրքիոյ կամքը քայլ առ քայլ յառաջ տանող խմբակը – Սփիւռքի ներուժը չեն տեսներ մեր պահանջատիրութեան լծակից-յենարանի տրամաբանութեամբ, այլ ինչ որ «հայ-դատական» է, մերժելի է իրենց համար, որովհետեւ ա՛յդ է Հայաստանը գործնապէս գրաւած Թուրքիոյ պահանջը, ճամբու քարտէզը, որուն մէկ օրինակը դրւած է իրենց «ճեպը»:
– Նոր սահմանադրութիւնը, ինչպէս կահազանգեն իրազեկներ՝ նոր եւ աւելի հատու հարւած պիտի հասցնէ նաեւ Հայ ընտանիքին: Նախանշանները բացայայտ եղան վերջին տարիներուն, երբ «Եւրոպա մեզմէ որոշ պահանջներ ունի՝ իր ընտանիքին մէջ ընդունելու» արդարացումով՝ միասեռականներու եւ սեռափոխւածներու դատին պաշտպանութիւնը հնչեց կառավարութեան ու խորհրդարանի բեմերէն (որո՞ւ հոգը, թէ մինչեւ իսկ Եւրոպայի կարգ մը անդամներ վերապահ են կամ կը մերժեն նման ընտրանք): Այս կալւածին մէջ, թուրք-ադրբեջանական ուղղակի տիրապետութեան հարց չի տեսնւիր, թէեւ մեր թշնամիներուն համար սա այլապէս «ազգային արժանիք» է…
* * *
Կը տեսնե՞նք Հայաստանի վրայ թուրքական տիրապետութեան տարածումը՝ նոյնինքն այս վարչախումբին հլու կամակատարութեամբ: Չե՞նք տեսներ, որ Հայաստան արդէն իսկ ինկած է Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ, ամբողջականը կամակատարներուն առաքելութեան վերջին բաժինն է…:
Տեսնելն ու զգալը միայն սկիզբն են Գործին, որուն նպատակն է անկախութեան պահպանումը, հողերու ազատագրումը եւ թուրքական ամէն տեսակի վտանգի չէզոքացումը: Այլ խօսքով, այս վարչախումբին հեռացումը միայն սկիզբը պիտի ըլլայ աւելի քան հազար մղոն տաժանակիր ճամբորդութեան:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
27-29 յունւարի 2024