Տեղի ունեցաւ «Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար» ուսումնասիրութիւններու մրցանքի ամփոփիչ միջոցառումը
Հինգշաբթի, փետրւարի 1-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» Երիտասարդական կենտրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի յայտարարած «ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ» ուսումնասիրութիւններու մրցանքի ամփոփիչ միջոցառումը, հովանաւորութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութեան:
Ծրագիրը, որ սկիզբ առած էր 2023 թ. յունիսին, նպատակ ունէր մէկտեղել հայ ուսանողութեան մասնագիտական կարողականութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ եւ ծառայեցնել ընդհանրապէս Հայ Դատին եւ յատկապէս Արցախեան հիմնախնդրին: Ապա տրամադրելի դարձնել կատարւած ուսումնասիրութիւնները հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու՝ արդիւնաւէտ օգտագործման համար: Երկարաժամկէտ իմաստով նախաձեռնութիւնը կը միտի առարկայականօրէն վերլուծելով հարցերը, նպաստել քննական մտքի եւ մօտեցումներու զարգացման, որ հիմնաքարն է հասուն քաղաքական մտքի եւ գործունէութեան:
Միջոցառման ներկայ էին՝ Արցախի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ նախարար, Նորիկ Մկրտչեանը, ԱՀ ԱԺ պատգամաւորներ Վահրամ Բալայեանը եւ Մետաքսէ Յահոբեանը եւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ՝ Արմենուհի Կիւրեղեանը, Քրիստինէ Վարդանեանը եւ Գառնիկ Դանիէլեանը:
Միջոցառումին ելոյթ ունեցան ծրագրին մասնակցող լաւագոյն ուսանողները, ներկայացնելով իրենց կատարած ուսումնասիրութիւնները, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ փոխանցեցին ուսանողներուն խորհրդատուները։ Ծրագրին աշխատասիրութիւն յանձնած են 12 ուսանողներ եւ 1 ուսանողական խմբակ՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Իրանէն եւ ԱՄՆ-էն:
Յատուկ գնահատանքի արժանացան հետեւեալ երկու նիւթերը, որոնք իրենց կարեւորութեամբ եւ այժմէականութեամբ կը յատկանշւին:
– «Արցախի շրջափակման եւ բռնի տեղահանութեան կործանարար անդրադարձը՝ Արցախի մանուկներու իրաւունքներու եւ հոգեվիճակին վրայ»: Խորհրդատու՝ Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան, ՀՀ
Ուսանող՝ Տաթեւ Դաւթեան, ՀՀ
– «Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան հիմնախնդիրը»: Խորհրդատու՝ հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի ղեկավար, ՀՀ
Ուսանող՝ Վահագն Խաչատրեան, ԱՀ
Յաղթող ճանաչւեցան հետեւեալ ուսանողները.
– Առաջին մրցանակ ՝ 1000 ԱՄՆ դոլար
Նիւթ՝ «Ադրբեջանի յարաբերութիւնները Վրաստանի հետ»:
Խորհրդատու՝ Աբրահամ Գասպարեան, «Ջենեսիս Արմինիա» կենտրոնի հիմնադիր տնօրէն, ՀՀ Ուսանողական խմբակ՝ Յովհաննէս Ղազարեան, Լիլիթ Եկմալեան եւ Լադուշ Սիմոնեան, ՀՀ
– Երկրորդ մրցանակ՝ 750 ԱՄՆ դոլար
Նիւթ՝ «Ադրբեջանի խաւիարային դիւանագիտութիւնը՝ Եւրոպայի մէջ»: Խորհրդատու՝ Հեղինէ Էւինեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէնուհի, Բելգիա ուսանող՝ Նարօտ Նորամանեան, Հոլանդիա
– Երրորդ մրցանակ՝ 500 ԱՄՆ դոլար
Նիւթ՝ «Ադրբեջան եւ Իսրայէլ յարաբերութիւնները»:
Խորհրդատու՝ Շահան Գանտահարեան, Բէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լիբանան
Ոուսանող՝ Ժաննա Վարդանեան, ՀՀ
Աւարտին բոլոր մասնակիցները ստացան գնահատագիրներ եւ նւէրներ: Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք ծրագրի նւիրատուներուն եւ խորհրդատուներուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ երիտասարդական հարցերու պատասխանատու ընկեր Յովսէփ Տէր-Գէորգեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ նշեց, որ ծրագրի երեք հիմնասիւներն են՝ ուսանողները, ուսումնասիրութիւնները եւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին լծւած հաստատութիւնները, որոնց համար այս ուսումնասիրութիւնները ոչ միայն տեղեկութիւններու աղբիւր են, այլ առաջարկութիւններ եւ գործունէութեան հեռանկարային առաջադրանքներ: Ընկերը շեշտեց, որ հայութեան ուժը հայ մարդն է եւ մասնաւորաբար հայ ուսանողութիւնը եւ այս ծրագիրը մեր համեստ ներդրումն էր համախմբելու հայ ուսանողներուն ներուժը եւ նորարարական միջոցով բարձրացնել անոնց ներդրումը եւ ներկայութիւնը ազգային կեանքէն ներս: Ուսումնասիրութիւններէն ոմանք կանդրադառնան, թէ ինչպէս տարիներու ընթացքին թշնամի Ադրբեջանը օգտագործեց իր ունեցած միջոցները հասնելու համար իր ներկայ իրագործումներուն՝ նաւթի, խաւիարային դիւանագիտութեան, դաշնակիցներու եւ այլ հնարաւորութիւններու ճամբով: Հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ այսօր, յայտնեց ընկերը այն է, թէ ինչպէ՞ս մենք պիտի յաջողինք հզօրանալ որպէս պետութիւն եւ կասեցնել այս պարտութիւններու եւ նահանջի գահավէժ ընթացքը, վերածելով զայն վերելքի ու վերականգման ճանապարհի, որ պիտի տանի դէպի նոր յաղթանակներ:
Առաջիկային այս հարցադրումին շուրջ հայ ուսանողութիւնը համախմբելու առաջարկութիւնը ի միտի ունենալով, մենք պիտի շարունակենք, համաձայն մեր առաքելութեան Հայ ուսանողութիւնը հայանպաստ գործունէութեան մղելու եւ առաւելաբար այսօր Արցախի համար եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի խնդիր:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ
2 փետրւարի, 2024 թ.