Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Արդեօք կը տեսնե՞նք – 2. Էշը կորսնցնողին սպառնալիքի պատմութիւնը

Ամէն անգամ, երբ Արեւելքէն կամ Արեւմուտքէն Հայաստանի-հայութեան ի նպաստ կեցւածք հնչէ, Ադրբեջանի ուղղւած դատապարտանքի արդար խօսքեր եւ զգուշացման կոչեր արձակւին, ըսեն, թէ այսինչը կարմիր գիծ է, եւ Ադրբեջան (իմանալ նաեւ՝ Թուրքիա) պէտք չէ անկէ անդին անցնին, ոտնատակ պէտք չէ ընեն Արցախն ու Հայաստանը, ի՞նչ մեղքս պահեմ, կը յիշեմ առածի կարգ անցած պատմութիւն մը, որ մանկութեանս լսած եմ երէցներէս:

Պատմած են թէ հին օրերուն, երբ տակաւին ինքնաշարժ ու նման հրաշալիքներ մուտք չէին գործած մարդոց կեանքէն ներս, ճամբորդ գիւղացի մը, իշուն վրայ բազմած, երեկոյ մը կը հասնի անծանօթ գիւղ մը, կը դիմէ այդ օրերու պանդոկը՝ խան մը, եւ գիշերելու համար ապաստան կը խնդրէ: Խանատէրը բնականաբար կը հիւրընկալէ անծանօթը, սենեակ մը եւ ընթրիք կը տրամադրէ, էշն ալ կը տանին, կը կապեն ախորին մէջ:

Առաւօտուն, ճամբորդը կարթննայ, նախաճաշը կընէ, պահանջւած գումարը կը վճարէ առանց սակարկելու, յետոյ կը խնդրէ, որ էշը բերեն, որպէսզի շարունակէ ճամբան:

Գործաւորը ախոր կերթայ եւ… ո՜վ զարմանք: Էշը չկա՜յ: Գողցւեր է: Կուգայ, կիմացնէ իշատիրոջ, թէ էշը չկայ: Մարդը բնականաբար կը զայրանայ եւ խանին առջեւի հրապարակը ելլելով՝ կրակ ժայթքող աչքերով կը սպառնայ գիւղացիներուն.

– Ձեզի մինչեւ կէսօր ժամանակ կու տամ, որպէսզի գտնէք եւ բերէք էշս: Եթէ չբերէք, ե՛ս գիտեմ, թէ ինչ պիտի ընեմ:

Մարդիկ կը վախնան, մտածելով, որ այս մարդը յայտնապէս «կռնակ ունեցող» մէկն է, որ նման սպառնալիք կարձակէ: Կողքի փողոցին մէջ քով-քովի կու գան, խելք-խելքի կու տան, թէ պէտք է անպայման էշը գտնեն, փրկւելու համար վերահաս վտանգէն: Փոքր գիւղ է, բոլորը կը ճանչնան զիրար, գիտեն, թէ քանի՞ իշու գող կայ: Որոշ ժամանակ ետք, կը գտնեն գողը, էշը իրենց առջեւը ձգած՝ կը հասնին խան եւ կաւետեն, որ համեստ չորքոտանին գտնւած է: Չքմեղանք՝ «Կերեւի թէ լաւ չէինք կապած, կապը քակեր է եւ գացեր է դաշտին մէջ խոտ ուտելու…»:

Մարդը գոհ կը մնայ, գտնողին ալ պարգեւ մը կու տայ եւ իշուն վրայ բազմելով՝ կը պատրաստւի ճամբայ ելլելու: Հրաժեշտէն առաջ, մէկը կը համարձակի մօտենալ եւ հարցնել.

– Բարեկա՛մ, եթէ էշդ չգտնէինք, ի՞նչ պիտի ընէիր, սպառնացիր, թէ գիտե՛ս՝ ինչ պիտի ընես:

– Ի՞նչ պիտի ընէի կը կարծես… Քալելով պիտի շարունակէի ճամբաս,- կը պատասխանէ մարդը եւ «չօ՜, չօ՜» ըսելով, էշը ճամբայ կը հանէ:

* * *

Սիրելի ընթերցողս, Հայաստանի եւ հայութեան տագնապներով կլանւած ազգակիցս: Այս պատմութիւնը զւարճալիքի մը տրամաբանութեամբ մի՛ ընկալեր, այլ անոր մէջ տես մեր ողբերգութեան այն երեսը, որ կը ստեղծւի մեզի ի նպաստ եւ թուրքին ու ադրբեջանցու դէմ սպառնալիքներուն եւ զգուշացումներուն լոյսին տակ:

Մասնաւորապէս 44-օրեայ պատերազմի օրերուն ու անկէ ասդին, եթէ կազմենք հատորը Ադրբեջանին ու անոր ետին կանգնող մեծագոյն ոճրագործին ուղղւած զգուշացումներուն, պատժական քայլերու ակնարկութիւններուն, հաւանաբար Արագած լերան բարձրութեամբ թղթածրար մը կունենանք (չէ՛, Արարատի մասին մի՛ խօսիք: Անիկա… Հայաստանի չի պատկանիր): Թղթածրարին մէջ տեղ պիտի գտնեն բոլոր այն ԽՕՍՔԵՐԸ, որոնք հաստատեցին Արցախին ուղղւած սպառնալիքները, յետոյ՝ յարձակումներուն եւ ռմբակոծումներուն դէմ զսպիչ արտայայտութիւնները, կառավարութիւններու, բանբերներու, խորհրդարաններու, ՄԱԿ-ի, Միջազգային Ատեանի եւ դեռ՝ քաղաքներու եւ աշխարհատարած կազմակերպութիւններու հնչեցուցած զգուշացումները, ճշտւած կարմիր գիծերը (որոնց նշաձողը գիտէք, թէ ո՛ւր հասած է): Վերջերս, թղթածրարը հարստացաւ նորով մը, երբ Եւրոխորհրդարանը կասեցուց ադրբեջանցի անդամներու անդամակցութիւնը, իսկ Ֆրանսիա դիւանագիտական քայլերով հակադարձեց Բաքւի քննադատութիւններուն եւ շփացածի քայլերուն:

Ասոնք վա՞տ բաներ են: Անշո՛ւշտ թէ ոչ: Այդ իրագործումները արդիւնք են տքնաջան աշխատանքի, դիւանագիտական շփումներու: Սակայն բոլոր հանգրւաններուն ալ, անոնցմէ ետք ալ, մենք տեսանք ու կը տեսնենք, որ Ադրբեջան եւ անոր ետին կանգնող Թուրքիան դրական տեղաշարժի ո՛չ մէկ նշան ցոյց կու տան, ընդհակառակն, մէկը միւսին ետեւէ (փաշինեանական տրամաբանութեան հետեւելով) ասֆալտին կը փռեն սպառնալիքներն ու զգուշացումները, գիտնալով, որ ՆԻՒԹԱԿԱՆ-ՌԱԶՄԱԳԻՏԱԿԱՆ շահակցութիւնը տեղ մը աւելի ծանր պիտի կշռէ, քան խօսքերով ու բանաձեւերու պատրաստւած ճաշասեղանները: Անցեալի փորձառութիւններն ալ այդ սորվեցուցած են այդ ոճրածին պետութիւններուն:

Բնականաբար չենք կրնար մենք մեզ մխիթարւած զգալ, երբ կը տեսնենք, որ աշխարհը նոյն ձեւով՝ միայն խօսքերով կը հակազդէ պաղեստինցիներու դէմ Իսրայէլի ոճիրներուն (ոճրագործներու ցանկը կրնանք երկարել). հոն ալ խաղաղութեան կոչեր, զգուշացումներ եւ նման ազնիւ արտայայտութիւններ խօսքի համադամներ կը շարեն սեղանին, իսկ կազացիներուն ջարդը կը շարունակւի գրեթէ անարգել, ու ոճրագործը քաջալերա՛նք ալ կը ստանայ:

Զգուշացումներուն եւ սպառնալիքներուն բութ մնալուն մէջ բաժին ունինք նաեւ մենք, որ բողոքի եւ արդարատենչութեան մեր ձայնը, գո՛րծը չենք դրսեւորեր այնպէս՝ որ հասկնալի պիտի ըլլայ աշխարհին: Տեղ մը մէկը ցաւցնելու մասին չենք մտածեր (ցաւցնելը անպայման բիրտ ահաբեկչութիւն չենթադրեր): Տակաւին, բթացնող գործօն է այն, որ Երեւանի իշխանութիւնը՝ հայութիւնը յաչս աշխարհին պաշտօնապէս ներկայացնողը՝ չունի յստակ կեցւածք ու ուղեգիծ, այլ ընդհակառակն, իր յեղյեղուկ ոստոստումներով, ո՛չ միայն շւարումի կը մատնէ նախ՝ մեր ժողովուրդը, նաեւ՝ մեզմով հետաքրքրւողները (որոնք ամէն պատրւակ կրնան գտնել չհետաքրքրւելու), այլ յաճախ միջազգային հրապարակ կու գայ մեր իրաւունքները հարւածող կեցւածքներով: Ադրբեջանը օր մը կը հռչակւի խաղաղութեան ճամբու ընկեր, ուրիշ օր մը՝ սպառնալիք, երրորդ օր մը՝ Արցախը պատուհասող, Հայաստանը մասնատելու ելած, յետոյ՝ Արցախը բանիւ եւ գործով կը նւիրեն Ադրբեջանին, կը խոստանան Հայաստանէն ալ նւէրներ տալ, եւ Թուրքիա կը պնդէ, որ Երեւան պէտք է իրականացնէ խոստումները, ընթացք տայ Ադրբեջանի բոլոր պահանջներուն: Առաջարկներ կերթան-կու գան, բոլորն ալ ի վնաս Հայաստանին: Հետեւողական յեղյեղեկութիւնը կը հասնի հոն, որ մէկ օրւան մէջ իսկ, իշխանական մը թշնամին կը կոչէ իր անունով, ուրիշ մը կը փորձէ համոզել, թէ անոր հետ խաղաղութիւնը մօտալուտ է, պէտք չէ Ալիեւի սպառնալիքներուն ականջ տալ, որովհետեւ ան… ընտրապայքար կը մղէ: Չեն անդրադառնար, որ նման կրաւորականութեամբ՝ ջուր կը լեցնեն Ալիեւի «յաղթանակներու երթ»-ի ջաղացքին, աւելի եւս կը բթացնեն թմրած ուղեղով հայերը: Ու կարմիր գիծերը անշարժ կը մնան… Երեւանի կենտրոնական փողոցներուն ասֆալտին վրայ:

* * *

Այս բոլորը տեսնողներ եւ գործելու տրամադիրներ կան, սակայն ջլատող ազդակները կը մնան տիրապետող: Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի զգուշացում եւ սպառնալիք ուղղողը ինքզինք դրած է վերոյիշեալ պատմութեան՝ էշը կորսնցնող մարդուն կօշիկներուն մէջ եւ ներքնապէս կ’ըսէ. «Եթէ մեր խօսքերուն ընթացք պիտի չտրւին, մենք ալ քալելով կը շարունակենք ճամբան…»: Եթէ սա ուրիշին համար բացատրութիւն ունի (բայց ո՛չ՝ արդարացում), մեզի՝ հայերուս համար բթացումն ու «անկարող ենք բան մը ընելու» մտածողութիւնը գիտե՛նք, թէ ինչպիսի սպառնալիքներու տակ կը դնեն մեր հայրենիքը, կը ջքացնեն ամենէն շօշափելի թւացող կարմիր գիծերը:

Իսկ լուծո՞ւմը: Աւելորդ անգամ կրկնենք. ձեռքերու միացումով՝ անատակներուն եւ ժողովուրդը բաժանւածութեան, անգործութեան մատնողներուն հեռացումն է բեմէն, եւ սա միայն առաջին քայլը պիտի ըլլայ խորացող անդունդէն վեր բարձանալու երթին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
27-29 յունւարի 2024

Related Articles

Back to top button