Հայաստան - Արցախ

Տեղքայլ կամ ժամանակ շահելու մարտավարութիւն

Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խոստացւած խաղաղութեան պայմանագիրը կուշանայ: Պայմանագիրի խմբագրումը տակաւին չէ իրականացած ու կողմերը, զայն վերջնական տեսքի բերելու համար կը փոխանակեն առաջարկներ: Գրեթէ տարի մը առաջ ըսւած էր, որ խմբագրումը կայացած է, բացի քանի մը կէտերէ: Կը յուշւէր միաժամանակ, որ չհամաձայնեցւած կէտերը էական չեն: Այժմ հետզհետէ կը պարզւի, որ այդ կէտերը կը վերաբերին, բացի «Զանգեզուրի միջանցք»-ի կարգավիճակէն, Հայաստան անունով ծանօթ լեռնաշխարհին սահմանումին: Ադրբեջան վտանգաւոր կը համարէ որեւէ նշում, որ ներկայ Հանրապետութեան սահմաններէն (այն ալ թէական) դուրս հողամասերու կը վերաբերի: Չի գոհանար Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեամբ, որ Հայաստան հողային ոչ մէկ պահանջ ունի իր դրացիներէն եւ թէ ապագային ալ պիտի չունենայ: Կուզէ, որ այս խոստումը միայն խոստում չմնայ, այլ ստանայ օրինական վաւերականութիւն: Այդ վաւերականութեան համար անհրաժեշտ է, որ ոչ միայն ընթացիկ քաղաքականութեան մէջ մոռցւին պահանջատիրական նկրտումները, ինչ որ արդէն իրականացած է, այլ նաեւ Սահմանադրութենէն ջնջւին Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատին հետ աղերս ունեցող բոլոր նշումները:

Այդ տեսակի նշումները կը պատկանին Սահմանադրութեան անփոփոխելի յօդւածներուն: Անոնց փոփոխութիւնը Ազգային ժողովի միջոցով անկարելի է, իսկ հանրաքւէով` թէական: Ուրեմն անհրաժեշտ է, ինչպէս Նիկոլ Փաշինեան կըսէ, Չորրորդ Հանրապետութիւն մը հիմնել` բոլորովին նոր Սահմանադրութիւն մը ընդունելով: Պատմութեան հետ, հինի ու նոյնիսկ անմիջական նախորդներուն հետ ամէն կապ խզած հիմնական օրէնք մը: Հայերը, անոնց շուրջ մէկ երրորդ հատւածը աւելի ճիշտ, 2018-ին նոր պետութիւն մը հիմնած է: Նախապէս Հայաստան գոյութիւն չէ ունեցած. այդ անունով սխալմամբ կոչած են անորոշ հողամաս մը, ուր ապրած են օտարերկրացի ծագումով հայեր:

Ազերիական պահանջին գոհացում տալու համար անհրաժեշտ էր նախապատրաստական աշխատանքի ձեռնարկել: Նամակագրական բանակցութիւններով ժամանակ շահելով, հարկ էր հայ մարդոց մտքերը նախապատրաստել, հերթով հրապարակելով քաղաքացիներու ձգտումները նոր հունաւորումի ենթարկող մտքեր: Այսպէս, Արարատ լեռը Արագածով փոխարինելու գաղափարը, զինանշանի փոփոխութեան միտքը, քայլերգի անյարմարութեան նշումը, Հայոց պատմութիւնը Հայաստանի պատմութեամբ փոխարինումը, դասագիրքերէն ազգային գաղափարներու վտարումը եւ ընդհանրապէս Հայոց պատմութեան նենգափոխումը, դպրոցներէն ու հանրային վայրերէն պայքարի խորհրդանիշերու հեռացումը, եւ վերջապէս` հայրենիքը պետութիւնն է գաղափարի ժողովրդականացումը: Հայերս, Քրիստոսէ առաջ երկրորդ դարուն պետութիւն չենք հիմնած, այլ արդէն քսաներեք դարերէ ի վեր զբաղեր ենք պետականութեան ժխտումով: Այժմ, եկած է ժամանակը պետականակենտրոն մտածողութիւն ունենալու եւ 29800 քառ. Քմ.-ի վրայ կերտելու Հայաստանի առաջին եւ միակ անկախ պետութիւնը:

Պետականութեան կայացման ու ամրացման դէմ չենք: Սակայն ինչո՞ւ այդ կայացումը պիտի հակադրենք նոյնիսկ հեռաւոր անցեալի պետական կազմաւորումներուն: Ի՛նչ իրաւունքով, գալիք սերունդներուն կողմէ ամբողջական հայրենիքի տեսիլքը իրականացնելու կարելիութիւնը արգելակենք: Քաղաքացիները ընտրեր են այս իշխանութիւնը տւեալ ժամանակի մը համար. ոչ մէկ իշխանութիւն յաւիտենական է, ուրեմն չի կրնար ապագայի հաշւոյն մշտնջենական որոշումներ կայացնել եւ ազգի ճակատագիրը կանխատեսել:

Ներկայ իշխանութիւնները իրենց նախընտրական ծրագիրին մէջ այժմ կատարածին հակոտնեայ նպատակներ արձանագրած էին: Տարբեր բան կը քարոզէին: Հիմա, քանի որ յայտնապէս անկարող են իրագործելու իրենց խոստացածը, թող պարկեշտութիւնը ունենան խոստովանելու իրենց ձախողումը եւ հեռանան: Քանի որ, ինչպէս կըսէ ժողովրդային առածը, բան մը մտածել եւ այլ բան ըսելն ու ընելը անբարոյութեան վատթարագոյն տեսակն է:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Arfd.am

Related Articles

Back to top button