Ուրկէ՞ հասանք, դէպի ո՞ւր – 1. «Չե՜ն ըներ, ճա՛նըմ». Բայց ըրի՛ն…
Հազար ու մի վէրք ես տեսել,- էլի՛ կը տեսնես…
(…)Աշնան քաղած արտի նման՝ Հազար զոհերի
Չհաւաքւած բերք ես տեսել,- էլի՛ կը տեսնես։
Ե. ՉԱՐԵՆՑ
Երբ մեծն Չարենց իր «Հայաստանին» խորագրեալ գազէլը կը գրէր, վստահաբար իր աչքին առջեւ ունէր հազար փորձանքի ու արհաւիրքի մէջէն անցած Հայաստանն ու մեր ազգը: Նո՛յնքան վստահութեամբ կրնանք արձանագրել, թէ անոր մտքէն չէր անցած, որ իր եւ մեր հայրենիքը պիտի հասնի ներկայ աղէտալի վիճակին, անյատակ վիհն ի վար գլորելու կացութեան:
Հայաստան, որ 1918-ին «անձեւ քաոս»-ի մէջէն ծնունդ առաւ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն, յետոյ, իր զաւակներուն պայքարով, արեա՛ն գնով ընդարձակեց իր տարածքը, զայն վերածեց բացարձակ մեծամասնութեամբ հայաբնա՛կ հայրենիքի, յետոյ, տասնամեակներ շարունակ ենթակայ մնաց խորհրդային կարգերուն (այդ փուլի նւաճումնե՛րն ալ, աղէտնե՛րն ալ ծանօթ են բոլորիս), ի վերջոյ, անկախութեան արեգակը կրկին փայլեցաւ իր երկինքին մէջ. Արցախեան շարժումին ճամբով, անգամ մը եւս պայքարով ու հնարամտութեամբ՝ իր զաւակները յաջողեցան վերաշահիլ խլւած տարածքներ, հիմա, յատկապէս վերջին երեք ու կէս տարիներուն, այսինքն՝ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, մերթ մեծ, երբեմն փոքր քայլերով կը վազէ կորուստէ կորուստ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ բարի խոստումներով իշխանութեան հասած խմբակը կրկին ու կրկին փաստած է, թէ միաժամանակ անկարող է ու ստախօս, համբակներէ կազմւած է գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, քաղաքականէն մինչեւ դիւանագիտական, զինւորական, տնտեսական եւ՝ ներքին համերաշխութիւն գոյացնելու իմաստով (ցանկը երկար է, կայ նաեւ օտարին վարձկանը, կամակատարը ըլլալու փաստացի իրողութիւնը):
Օր չանցնիր, որ վնասարար ձախաւերութեան նոր փաստ մը, կորստաբեր նոր քայլեր չառնւին իշխանապետին ու կողքին (չ)գործողներուն կողմէ: Օր չանցնիր, որ խելամիտ մարդիկ, ի Հայաստան եւ Սփիւռքի տարածքին, իրենց նկատողութիւններով, մեկնաբանութիւններով եւ վերլուծումներով, լսատեսողական ցուցահանդէսներ չսարքեն կործանարար ընթացքին մասին, եւ սակայն, կարծէք թէ այդ բոլորը կը վերածւին անապատի մէջ ցամքող վտակի. լսողներ կան, սակայն շատեր կը նախընտրեն… չլսել ու չտեսնել իրականութիւնները, կը նախընտրեն կրաւորականութիւն, կառչած մնալ իշխանաւորներուն սուտերով հիւսւած «թռչող գորգ»-երուն, որոնք այլապէս փտած են ու ծւէն-ծւէն դարձած, այլեւս անկարող են պահպանելու իրենց կառչողներուն ապահովութիւնը, բարօրութիւնն ու ապագան, ալ ո՜ւր մնաց՝ ազգ ու հայրենիք, Սփիւռք եւ հազարամեակներու ժառանգութիւն:
Կարժէ, որ երբեմն օր աւուր «հրամցւած» վազքին դիմաց կանգ առնենք պահ մը եւ հարց տանք. ուրկէ՞ սկսանք, ո՞ւր հասած ենք եւ այս վազքը դէպի ո՞ւր կը տանի, եւ, ամենէն կարեւորը, ինչպէ՞ս կարելի է – պարտաւո՛ր ենք – կորուստներուն սանձումը, վերականգնումը:
ԱՂԷՏԱԲԵՐ ՔԱՅԼԵՐԷՆ ՄԱՍՆԻԿ ՄԸ
Միացեալ Նահանգներու նախորդ նախագահին՝ Թրամփի պաշտօնավարութեան առաջին տարին չէր լրացած, երբ ամերիկեան թերթ մը հրատարակեց անոր սուտերուն մէկ ցանկը՝ մօտաւորապէս 1 500 սուտ: Անկէ ետք, այդ երկիրը ապրեցաւ բազմաթիւ տաք ու պաղ փուլեր, սակայն զայն կառավարողներուն բերած վնասները անբաղդատելի են մեր հայրենիքի իշխանաւորներուն ըսածներուն եւ ըրածներուն հետ: Մեր ողբերգութիւններուն մէկ արմատը բաւական հին է. քաղաքական մարդիկ, պատմագէտներ, մշակոյթի եւ եկեղեցւոյ ծառայողներ ու շատ-շատեր ամէն քայլափոխի ահազանգ հնչեցուցած են, գալիք նոր աղէտներուն մասին նախատեսութիւններ կատարած են՝ փաստեր ցոյց տալով (հիմա ալ կընեն), սակայն մնացած են անտեսւած. նախատեսութիւններուն մեծ մասը կարճ ատեն ետք իրականութիւն դարձած է, եւ… կործանումը կը շարունակւի մինչեւ այսօր: (Չմոռնանք, որ «նախկին» պիտակին արժանացած Թրամփը կը թւի դարձեալ շահած ըլլալ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն ըլլալու տոմսը):
Չենք ուզեր մտնել «Բիւզանդական բանավէճ»-ի այն ոլորտներուն մէջ, թէ արդեօք այս իշխանաւորները կամովի՞ն, թշնամիին կամակատարը-գործակալը ըլլալո՞ւ, դուրսերէն կառավարւած ըլլալո՞ւ հետեւանքով, թէ՞ անգիտակցաբար (չգործածենք տգիտաբար, դաւաճանաբար եզրերը ) ըրին ու կընեն այս բոլորը, որովհետեւ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին շահերուն դիտանկիւնէն, պատասխանները ո՛չ մէկ տարբերութիւն կընեն (չմոռնանք նաեւ, որ նախորդ իշխանաւորներէն գոնէ երկուքը, երբ նկատցին, որ հասած էին իրենց կարողութենէն վեր պատի առջեւ, հրաժարական տւած էին):
Եկէ՛ք, փորձենք մասնակի ցանկը կազմել «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ներով ու «ապագայ կայ»-ով (իբրեւ թէ) երկիր կառավարողներուն կործանարար արարքներուն:
– Խաղաղութեան փոխարէն, ունեցանք քանի մը, չըսելու համար շարունակական պատերազմներու շղթայ մը (ճիշտ է, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ նախորդ տարիներուն ալ պատերազմական վիճակը ամբողջովին չէր փարատած, սակայն հիմա՞…):
– Անցեալ տասնամեակներու առաւել կամ նւազ յաջողութեամբ տարւած յաղթանակները ո՛չ միայն կը փոշիանան, այլ մինչեւ իսկ փորձ կըլլայ հաւատացնելու, թէ մենք Ո՛Չ ՄԷԿ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏԱՐԱԾ ԵՆՔ, նախկինները միայն պարտութիւն բերած են, 2016-ի պատերազմն իսկ պարտութեամբ աւարտած ենք, Շուշին չենք ազատագրած 1993-ին, այլ «ազերիներէն խլած ենք» ու հիմա վերադարձուցինք իր տիրոջ: Իսկ ամենէն ահաւորն ու ողբերգականը՝ մեր զոհերը անիմաստ բաներու համար ճակատած են թշնամիներուն դէմ: Եւ ահա՝ Եռաբլուրը պղծելու շարաններ…
– Նախ կորսնցուցինք Արցախի 75 առ հարիւրը, մարդիկ ըսին, որ մնացեալն ալ կորստեան վտանգի տակ է. այդ ալ պատահեցաւ վեց ամիս առաջ: Իշխանաւորները, ինչպէս իրենց բոլոր ձախաւերութիւններուն ատեն, նոյնպէս ալ այս կորուստներուն՝ փորձեցին յանցաւորներ գտնել ներսէն ու դուրսէն, յաճախ պարուրւելով «նախկինները ըրած էին» ստաբանութիւններու պատմուճանին մէջ (նախկիններուն մեղքերը գոնէ չեն տարածւիր այս կալւածներուն վրայ): Յաւելւա՞ծ մը կուզէք. հայկական աւաններ եւ շրջաններ՝ թուրքական անունով կոչելը, առանց մոռնալու «Արցախը Ադրբեջանին պատկանած է», «Ադրբեջանին ամբողջականութիւնը կընդգրկէ Արցախն ու Հայաստանի սահմանամերձ մասնիկները» ու նման ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ:
– Երկրի ապահովութեան գլխաւոր երաշխաւորին՝ բանակին «կռնակը կոտրեցին» պատերազմով ու անոր հետեւած՝ անփոյթ վերաբերմունքով: «Բանակը պիտի վերակազմակերպենք»-ներն ու նման հաւաստիքներ լոյս աշխարհ չեկան, ընդհակառակն, արձանագրւեցան աղէտներ, բանակայիններու ձեռքերը իրողական կապանքի մէջ դրւած են, բարձրաստիճան զինւորականներ պաշտօնազրկւեցան ու հալածանքի ենթարկւեցան, բանակի ղեկավարութիւնը մատնւեցաւ խղճալի վիճակի (չմոռնանք, որ թշնամիները քանիցս այս իմաստով պահանջներ ու նախապայմաններ դրին իշխանաւորներուն դիմաց):
– Երկիրը վերածւեցաւ ոստիկանական բռնապետութեան, երբ անդին, խօսքի աճուրդ տեղի կունենար (հիմա ալ տեղի կունենայ, գնո՛ղ ալ կայ), թէ Հայաստանի մէջ օրինակելի՜ ժողովրդավարութիւն կը կիրարկւի: Բաստիոննին մէջ է որ կը կրկնւին… ընդդիմադիրներու դէմ հալածանքները, կը բազմանան քաղաքական բանտարկեալները, անհիմն ու յերիւրածոյ մեղադրանքներ կարձակւին ճշմարտախօս հակառակորդներու դէմ, խաղաղ ցուցարարներ եւ նահատակներու մայրեր ասֆալթ «կը համտեսեն», քւէարկութեամբ ընտրւած ընդդիմադիրներ պաշտօնէ կը հեռացւին, կը բանտարկւին, արդարութիւն պահանջող արցախցի ցուցարաներ իսկ կը խոշտանգւին…:
– Ժողովուրդը մատնեցին երկփեղկումի (երկփեղկումը մեղմ բառ է, կրնանք ըսել՝ բազմափեղկում), այս «տրամաբանութիւնը» տարածեցին նաեւ դէպի Սփիւռք եւ անոր համար գործի լծեցին յատուկ յանձնակատար մը…: Անցեալին ալ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները անթերի չէին, բայց գոնէ կար ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ մակարդակի գործ (հիմա պէ՞տք է երանի տանք նա՛եւ այդ օրերուն, ինչպէս որ երանի կու տանք… 9 նոյեմբերի յայտարարութեան):
– Ազգային արժէքներ եւ աւանդներ դարձան խաղալիք. Եկեղեցին դարձաւ հալածանքի, վարկաբեկումի եւ անտեսումի թիրախ (աղանդաւորականներու եւ օտարամուտ տարրերու հետ գործակցութեամբ): Հայագիտութիւնն ու մեր մշակոյթին հարազատ պահպանման հիմերը հարւածներու տակ ինկան, սկսելով համալսարաններէն, հասնելով մինչեւ միջնակարգի եւ այլ դասագիրքերը: Դարաւոր խորհրդանիշ Արարատը դարձուցին օտարումի նիւթ, փորձեցին «մրցակցութիւն» ստեղծել Արարատի եւ Արագածի միջեւ, ձեւով մը յետին էջ նետելով Սիփանն ու Նեմրութը, Հայկական Տաւրոսն ու Սասունը: Հիմա ո՞վ կը խօսի Մուսա Լեռան եւ Կիլիկիոյ բարձունքներուն՝ Զէյթունի, Վահկայի եւ այլ ամրոցներու մասին…
– 44-օրեայ պատերազմին թէ Արցախի վերջին մասնիկին խլման օրերուն գերի ինկողները ու պատադները մոռացութեան մատնած են, իսկ երբ ազերի զինւոր մը «կը մոլորի» եւ հայկական հող կը հասնի, քանի մը օր ետք, «բարի կամք արտայայտելով»՝ կը վերադարձեն Բաքու, ինչպէս որ ըրին մօտիկ անցեալին՝ ազերի ոճրագործներու վերադարձով, այսպէսով յաւելեալ վառելանիւթ հայթայթելով Ադրբեջանի նախագահին ու անոր քարոզչական մեքենային յոխորտանքներուն: Անոնք այլեւս բացայայտօրէն, բանի՛ւ եւ գործով ցոյց կու տան, որ Հայաստանի իշխանական խումբը միայն մէկ ճամբայ ունի, լիովին կատարել իրենց պահանջները, իրականացնել բոլոր նախապայմանները:
– Տնտեսութեան եւ հասարակական հարցերու տագնապները ունին իրենց ողբերգական պատմութիւնը: Ուկրանիոյ պատերազմին հետեւանքով, պահ մը Հայաստան «ապաստանած» դրամագլուխներ, ըստ մասնագէտ տնտեսագէտներու, արդէն իսկ սկսան եւ «արտագաղթել», ինչպէս կընեն ապրուստի դժւարութիւններու մատնւած հայորդիներ, Հայաստան բռնագաղթւած արցախցիներէն մաս մը: Ապրուստի սղութիւնն ու հարկային կամայականութիւնները այլ ցուցանիշեր են հասարակական-տնտեսական դժւարութիւններու ծանրացման: Հոս ալ կարելի է արձանագրել քանի մը «մանր» յաւելւած, ինչպէս փոխադրածախսերու յաւելումը, Երեւանի քաղաքամէջի կանգառներուն՝ կարմիր գիծերու սակերուն բարձրացումը եւ հոս-հոն «բարեփոխման ծրագիրներու» համար բնակարաններու քանդումները (մոռցւած յաւելւածնե՞ր կուզէք. պայթումի եւ արկածներու հետեւանք՝ քանդումներն ու աղէտները):
– Տնտեսութեան ոլորտին մէջ, երկրին ԱՐՏԱԴՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ նահանջի մէջ է: Օր մը կը լսես, որ ձկնորսները իրենց տարտը կու լան, ուրիշ օր՝ այգեգործները, այս կամ այն պտուղը արտադրողներ, երրորդ օր մը՝ ջուրի սակաւութենէ տառապողներ, ուրիշ օր՝ երկրագործական արտադրութիւնը շուկայ հասցնելու անկարող մնացողներ, մէջ ընդ մէջ ալ՝ Վրաստանի սահմանակայանին փակումներուն զոհ գացողներ:
– Արտաքին քաղաքականութեան՝ յարաբերական կալւածը ունի ի՛ր բազմերես ողբերգութիւնները: Արեւմուտքի հետ իբրեւ թէ նոր յարաբերութիւններ, կամուրջներ հաստատելու համար, հարւածներ կը հասնին նախկին բարեկամութիւններու, կամ կրաւորականութիւն կը ցուցաբերւի այլ դրացիներու նկատմամբ: Կարծէք թէ Հայաստանը նոր է որ լաւ յարաբերութիւններ կը մշակէ արեւմտեան երկիրներու հետ, մոռացութեան կը տրւի, որ անցեալին, երկու աշխարհներուն հետ ալ կային գործակցական եւ որոշ չափով հաւասարակշռւած յարաբերութիւններ (չենք անտեսեր հակադրութիւններու սաստկացումը, սակայն երբ ուրիշներ հին խաղը կը յարմարցնեն նոր կացութիւններուն…): Անցեալին վերագրւած ստաբանութիւններուն եւ անհիմն հաստատումներուն ծիրին մէջ կրնանք արձանագրել նաեւ… Ալմա Աթայի համաձայնութեան «գիւտը»: Իսկ եթէ հոս ալ ուզենք փնտրել «մանր յաւելւածներ», կրնանք գտնել առատութեամբ, գոնէ յիշենք Թուրքիոյ երկրաշարժէն աղէտեալներուն շուտափոյթ օգնութիւն հասցնելը (արցախցիք իսկ նման փութկոտ աջակցութեան չեն արժանանար, մինչեւ իսկ Հայաստանի քաղաքացիութենէ կը զրկւին…), Ուկրանիոյ ժողովուրդին օժանդակութիւն հասցնելը, հիմա ալ… Գազայի աղէտնեալներուն օգնութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը: Սխալ չհասկցւինք աղէտեալին օգնելը առաքինութիւն է, Հայաստանը հարւածող աղէտներուն ատեն՝ շատեր օգնութեան ձեռք երկարած են, սակայն երբ Երեւանի իշխանաւորներուն կողմէ նման քայլերու ետին կերեւին թելադրողներուն կոտոշները, «կարմիր շորերով ցուլերու դիմաց քայլելու» ա՛յլապէս անմիտ պատկերը իր իրական իմաստը կը ստանայ:
– Դիւանագիտական անճարակութիւնն ու հանրութիւնը խաբէութիւններով զբաղեցնելու հնարքներն ալ անսպառ են: Մէկ կողմէ, եւ ամբոխահաճ դիտաւորութեամբ, թուրքն ու ազերին կը հռչակւին ցեղասպան, պատերազմի սպառնալիք տեղացնող, Հայաստանի հողերը գրաւելու պատրաստւողներ, իսկ յաջորդ վայրկեանին, նոյն այդ սպառնալիքները արձակողներուն հետ սիրալի՜ր բանակցութեան կը նստին Բրիւսէլի կամ Մունխէնի մէջ, հլու կամակատարի տրամադրութեամբ, Արեւմուտքէն հասնող ազդանշաններու թելադրանքով (որոնք, ի՜նչ զարմանք, համահունչ են թուրք-ազերիական ծրագիրներուն):
– Եւ որպէսզի հանրութիւնը «զբաղումի նիւթէ» չզրկւի, կայ «մանրադրամներու սակարան», ուր մերթընդմերթ կը բեմադրւին… դպրոցներու ծորակներու եւ խաղավայրերու խեղկատակութիւններ, փողոցներու երկայնքին նոր ծառերու տնկում, ճամբաներու՝ քանի մը ամիս դիմացող կուպրապատում, նախարարի, փոխ նախարարի պաշտօնազրկում, յատուկ դեսպանի հրաժարական, խորհրդարանի նախագահի եղբօր կնոջ ու գործակիցներու հետապնդում եւ արդարացում. եւ ասոնք կը ծառայեցւին էական հարցերու լուսանցքայնացման, մոռացութեան տրւելուն (շարքը դո՛ւն շարունակէ, սիրելի՛ ընթերցողս): Փաստօրէն, ո՞վ կը յիշէ, թէ մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչ «բռնւած» էր, քննութիւն բացւած, յետոյ… մոռցւած՝ շատ ու շատ, եւ աւելի՛ ծանրակշիռ օրինազանցութիւններու, ողբերգութիւններու պէս:
ԸՐԻՆ, ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ
Ինչ որ արձանագրեցին վերը, զրպարտութիւն, յերիւրածոյ վերագրումներ չեն, այլ ՓԱՍՏ են ու արձանագրւած՝ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: Ցանկը շա՜տ երկար է, ամէն օր նորերով կը հարստանայ անարգել եւ անպատկառ քայլերով:
Երբ նման քայլերու մասին անցեալին ահազանգեր հնչեցին բանիմացներու եւ հայրենասէրներու կողմէ, իշխանութեան համակիրներ ըսին. «Մի՛ չափազանցէք, ճա՛նըմ: Ասոնք հայրենասէր են, հայրենիքի բարելաւումը կը ցանկան, անանկ բան չեն ըներ»: Հիմա, 3-4 տարի ետք, վերի փաստերուն պէս բազմաթիւ այլ փաստեր կան, որոնք սկսած են խելամտութեան բերել իշխանաւորներուն բազմաթիւ «սիրահարները»:
Այսօ՛ր ալ ահազանգերը կը կրկնւին ու կահագնանան. այսօ՛ր ալ «ասոնք վաղը այս-այն կործանարար քայլը պիտի առնեն» ըսողներուն՝ կարգ մը սիրահարներ (որոնց շարքին կան բազում կամակատարներ, շահակիցներ) կը փորձեն տարածել այն «տեսութիւնը», թէ ընդդիմադիրները կը չափազանցեն: Փաստը, սակայն, կը մնայ փա՛ստ: Այս արարածները յիշեալ բոլորը ըրի՞ն: Այո՛, ըրի՛ն, վրան ալ քանի մը գաւաթ պաղ ջուր խմեցին (երբեմն ալ «Հայաստանի կարմիր գինին» երգելով գինովցան): Վաղն ալ պիտի ընե՞ն այն՝ որմէ կը զգուշացնեն բանիմացներ, հայրենասէրներ: Այո՛, որովհետեւ ուրիշ բան չեն գիտեր ընել, որովհետեւ… ուրիշ բանի համար չեն բերւած իշխանութեան ղեկին:
Իսկ թէ ինչե՞ր կան անոնց «ճաշացուցակին» վրայ, բոլորն ալ թելադրւած՝ իրենց դրսեցի տէրերէն (եւ այդ տէրերուն շարքին են Անկարան եւ Բաքուն)՝ կը կարօտի նոր սիւնակի մը: Յաջորդիւ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
3-10 մարտի 2024