Կանադայի հայոց թեմը աջակցում է հայրենիքում ծաւալւող շարժմանը
Կանադայի հայոց թեմի ազգային Պատգամաւորական ժողովը յայտարարութիւն է տարածել, որը ներկայացնում ենք ստորեւ.
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Կանադայի հայոց թեմի Ազգային Պատգամաւորական ժողովը, գումարւած 3-4 մայիսի 2024-ին, յատուկ կերպով անդրադարձաւ Հայաստանի իշխանութեան անձնատւողական եւ միակողմանի զիջումներ կատարելու քաղաքականութեան, Ադրբեջանական կողմին հետ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացին առնչութեամբ։
Թեմիս Գերագոյն ժողովը՝ հետեւելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետի պատգամին ու կոչին, կը դատապարտէ միակողմանի զիջումներ կատարելու Հայաստանի իշխանութեանց քաղաքական կորստաբեր վարքագիծը եւ կը զօրակցի Տաւուշի մեր պապենական հողերուն պաշտպան Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւոր առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր մեր հայրենակիցներուն, մերժելով այն բոլոր որոշումները, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի շահերուն կը հակասեն եւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան սպառնալիք կը հանդիսանան։
Այս օրերուն, առաւել եւս պէտք է ըլլալ միակամ ու միասնական ճիգերով շարունակել պայքարը յանուն արդարութեան, յանուն մեր հայրենիքի անկախութեան ու գոյութեան պահպանման։
ԴԻՒԱՆ ԿԱՆԱԴՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ