Ինչի՞ համար է Սրբազան շարժումը
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ամէն օր, օրական բազմաթիւ անգամներ, ծանօթներ, բարեկամներ ու ընկերներ հարց կու տան, թէ ի՞նչ պիտի պատահի Հայաստանի մէջ: Շարժում մը սկսեր է արդէն գրեթէ ամիսէ մը ի վեր. ե՞րբ պիտի վերջանայ ու ի՞նչ արդիւնքով: Հանրային սպասումը միշտ այսպէս է` շուտափոյթ արդիւնք կը պահանջէ: Իսկ վերջին օրերուն, կիրակի, 9 յունիսի հաւաքէն ետք, երբ յայտարարւեցաւ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ հրաւիրելու նախաձեռնութեան մասին, շտապողականութիւնը աւելի անմիջական դարձաւ:
Իրողապէս, ի՞նչ տեղի կունենայ:
Շարժումին տեսանելի անմիջական նպատակը Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութենէն հեռացումն է: Փաշինեանի իշխանութենէն հեռացումը, եւ ոչ` իշխանափոխութիւնը, վարչաձեւի փոփոխութիւնը: Իշխանափոխութիւնը պիտի կատարուի ժողովրդային ազատ ընտրութեամբ, ընտրութեամբ մը, որուն հաւասար իրաւունքներով եւ հնարաւորութիւններով մասնակցելու պիտի հրաւիրւին բոլոր քաղաքական ուժերը: Ժողովուրդը պիտի ընտրէ անշուշտ ներկայացւող ծրագիրներու հիման վրայ, այնպիսի ծրագիրներու, որոնց մէջ տեղ չունենան ամբոխավարութիւնն ու ձրի ամբոխահաճութիւնը: Փաշինեանի հեռացումէն ետք, անհրաժեշտ է կազմել ժամանակաւոր կառավարութիւն մը, անկուսակցական մասնագէտներէ կազմւած, որ պիտի ունենայ երկու պարտականութիւն. կանգնեցնել զիջումներու ընթացքը եւ սեղմ ժամկէտներու ընթացքին կազմակերպել Ազգային ժողովի ընտրութիւններ: Ժամանակաւոր կառավարութեան վարչապետը (առաջադրւած է Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը) եւ նախարարները չեն կրնար թեկնածու ըլլալ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութեան. անոնք իշխանութիւն պահելու խնդիր չունին: Այսպէս, նոր իշխանութիւն մը պիտի ձեւաւորւի ժողովուրդին կողմէ, ինչպէս ըսւեցաւ` կառավարական ծրագիրներու հիման վրայ:
Այս գործընթացը սահմանադրական ու խաղաղ միջոցներով իրականացնելու երկու ճանապարհ կայ. խորհրդարանը անվստահութիւն կը յայտնէ կառավարութեան, որ հրաժարած կը համարւի, կամ վարչապետը կամաւոր հրաժարական կու տայ, որ նմանապէս կը յանգի կառավարութեան հրաժարականին:
Թեթեւօրէն քննենք այս կարելիութիւնները:
Կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու դիմում կրնայ ներկայացնել Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն մէկերրորդը` 36 պատգամաւոր:
Ընդդիմադիրները կըսեն, որ կրնան ապահովել այդ թիւը: Խորհրդարանը պարզ մեծամասնութեամբ կրնայ անվստահութիւն յայտնել, այսինքն` 54 պատգամաւորներով: Ընդդիմութիւնը այդ թիւը ապահովելու համար պէտք ունի մեծամասնութենէն 18 կամ 19 պատգամաւորի քւէներուն, որ առ այժմ անկարելի կը թուի: Անվստահութեան նախագիծին պէտք է ընկերանայ առաջադրւած նոր վարչապետին անունը: 55 քուէ չապահովելու պարագային, նոր դիմում կարելի է ներկայացնել վեց ամիս ետք միայն: Պարզ է, որ այս ընտրանքը յաջողութեան հնարաւորութիւն չունի, գէթ ներկայ հանգրւանին:
Երկրորդ ընտրանքը աւելի պարզ է եւ… մատչելի: Վարչապետը, անդրադառնալով, որ կորսնցուցած է ընտրողներու մեծամասնութեան վստահութիւնը, ժողովրդավարական հասկացողութեամբ կը քաշւի եւ կը դիմէ ժողովուրդին` իր կամքը արտայայտելու: Այն պատճառաբանութիւնները, որ Ազգային ժողովը ընտրւած է հինգ տարւան ժամկէտով եւ կառավարութիւնը կազմւած է նոյնքան ժամանակով իշխելու համար, ժողովրդավարական հասկացողութեամբ ընդունելի չեն: Օրինակները չեն պակսիր: Շուրջ տասը օր առաջ, Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանը լուծւեցաւ եւ նոր ընտրութիւններ նշանակւեցան սովորական ժամկէտէն առաջ. կիրակի երեկոյեան, Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն պարտութիւն կրելով, Ֆրանսայի նախագահը լուծեց խորհրդարանը եւ նոր ընտրութիւններ նշանակեց: Մեր ժամանակներուն կատարւած այս երկու լուծարումները եւ արտահերթ ընտրութիւններու հրաւէրները ճշմարիտ ժողովրդավարութեան ցուցանիշներ են: Հայաստանի մէջ, շատոնց վարչապետը դիմած պէտք է ըլլար այս քայլին: Երբ կը յամառի, ողբերգական դէպքերէ ետք, պահել իշխանութիւնը եւ չդիմել ժողովուրդին իրմով կամ ուրիշով իշխանութիւն կազմաւորելու ընտրութիւն կատարելու համար, յարգած չ՛ըլլար այն ժողովրդավարութիւնը, որով կը յոխորտայ: Ժողովուրդին կը մնայ օրէնքին թոյլատրած միջոցներով ճնշում բանեցնել, Սրբազան շարժումի դիմել:
Խորհրդարանի արտակարգ նիստ գումարելու դիմումը մերժւեցաւ Ազգային ժողովի խորհուրդին կողմէ: Օրէնքի ուժով, արտակարգ նիստ կրնայ գումարւիլ 17 յունիսին: Հոն պիտի քննարկւի փոփոխութեան երկրորդ տարբերակը դիւրացնող ուղերձի նախագիծ մը. դիմում «Կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան մասին»: Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը կըսէ, որ բոյկոտի պիտի ենթարկէ պարտադրական նիստը, որպէսզի մեծամասնութիւն չգոյանայ եւ անիկա տեղի չունենայ: Ահա ժողովրդավարութեան եւ սահմանադրական օրէնքի նոր ոտնահարում մը:
Եթէ այս փորձն ալ ձախողի, կը մնայ շարունակել ճնշումը, բացատրել ու իրազեկել, որպէսզի ճշմարտութեան հաւատացողներուն թիւը անդադար աճի, այնքան աճի, որ փոփոխութիւնը անդառնալի ըլլայ:
Պէտք չէ յուսահատիլ ու ձեռնթափ ըլլալ: Պայքարը կրնայ երկար տեւել:
Ազդակ