Հայաստան - Արցախ

Սխալ ու ձախողութեան դատապարտւած ճամբու քարտէզ մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ բաժանմունքին փոխտնօրէն Անդրէյ Նասթասին ընդգծելով, որ Ռուսիան հանդէս կու գայ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ բոլոր վիճայարոյց հարցերու բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ճամբով լուծման տեսանկիւնէն, յայտնեց, որ ատոր հասնելու համար ճամբու քարտէզ կը նկատւի եռակողմ ձեւաչափի վերագործարկումը՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ադրբեջանի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ:

Այդ «ճամբու քարտէզ»-ին՝ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնութեան վերականգնումը, սակայն, առաջին հերթին կենթադրէ երկու բան. արցախահայութեան տունդարձ եւ ռուսական ուժերու Արցախ վերադարձ:

Առաջինին պարագային, ռուս պաշտօնատարը կը նշէ, թէ որովհետեւ հայ-ադրբեջանական տագնապը կը կրէ ձգձգւած բնոյթ, երկարամեայ դիմակայութեան պատճառով երկու կողմերէն ալ կան հազարաւոր գաղթականներ ու տեղահանւածներ, աւելցնելով. «Խօսքը միայն գաղթականներու մասին չէ, այլ նաեւ՝ յուշակոթողներու աւերումը թոյլ չտալու»:

Ան այդպիսով կորդեգրէ հայկական կողմի արցախահայութեան տունդարձի եւ պատմամշակութային կոթողներու պաշտպանութեան վերաբերեալ օրինական պահանջին դիմաց Ադրբեջանի բազմիցս ու բարձրագոյն մակարդակով յայտարարած պահանջը՝ ադրբեջանցիներու «Արեւմտեան Ադրբեջան» վերադարձն ու անոնց այնտեղ գտնւող պատմամշակութային կոթողներու պաշտպանութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդին՝ ռուսական ուժերու Արցախ վերադարձին, ռուսական կողմը պէտք է պատասխան տայ հետեւեալ հարցումներուն. ռուսական ուժերը առաջին հերթին ինչո՞ւ հեռացան, արցախահայութիւնը ինչո՞ւ տեղահանւեցաւ, եւ ի՞նչ են այն երաշխիքները, թէ այս անգամ նախկինէն տարբեր պիտի ըլլայ: Այլ խօսքով, Մոսկւան պէտք է գիտակցի, որ գոյութիւն ունի նախադէպ մը, անոր իբրեւ հետեւանք՝ աղէտ մը, եւ այդ աղէտէն բխող վարկի կորուստ ու անվստահութեան մթնոլորտ մը:

Ռուս խաղաղապահ ուժերը խաղաղութիւնը չպահպանեցին, ուստի եւ արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւորի իրենց պաշտօնին մէջ եւս թերացան՝ արտօնելով, որ արցախահայութիւնը տեղահանւի, որուն իբրեւ անմիջական հետեւանք՝ ռուսական ուժերու իբրեւ անվտանգութեան երաշխաւորի վարկը մեծապէս վնասւեցաւ, եւ Արցախի մէջ անոնց ներկայութիւնը առաւել եւս իմաստազրկւեցաւ, ուստի եւ անոնք հեռացան:

Եթէ Մոսկւան այսօր իր ուժերը կուզէ Արցախ վերադարձնել, այդ ցանկութիւնը չի կրնար իրագործել ադրբեջանական թէզերու որդեգրմամբ, այլապէս Անկարա-Բաքու-Մոսկւա յարաբերութեան դառն փորձառութեան տէր արցախահայութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի մօտ իր նկատմամբ նւազագոյն վստահութիւնն իսկ չի ներշնչեր ու չի նպաստեր՝ իբրեւ անվտանգութեան երաշխաւորի իր վարկի վերականգման, որ նախապայման է իր առաջարկած «ճամբու քարտէզ»-ի վերակենդանացման:

Եթէ եռակողմ ձեւաչափի վերագործարկումը Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ բոլոր վիճայարոյց հարցերու բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ճամբով լուծման ճամբու քարտէզ է, ապա Ռուսիան որդեգրած է վերստին կեանքի կոչելու սխալ ու ձախողութեան դատապարտւած ճամբու քարտէզ մը:

Related Articles

Back to top button