Հայաստան - ԱրցախՀՅԴ Մամուլ

Հին կռւախնձորի մը նոր պատմութիւնը

Հայկի եւ Բէլի օրերէն, հայոց պատմութեան էջերուն մէջ յաճախ նշւած է կռւախնձոր բառը, թէ Հայաստան կռւախնձոր եղած է դրացի եւ այլ հզօրներու միջեւ:

Հաւանաբար «կռւախնձոր» բառին «կռիւ» բաղադրիչը, դարաւոր ճամբորդութեան ընթացքին, ապրած է բազմաթիւ եղափոխութիւններ եւ յեղափոխութիւններ։ Նոյնը կրնանք ըսել… Ադամի եւ Եւայի «խնձոր»-ին մասին, այսինքն՝ խնձոր կոչւած պտուղը մասնագէտ մշակներու փորձերով, ծնունդ տւած է զարմանազան տեսակներու։

Այդ բոլորը՝ շատ բարի, սակայն հայորդիին համար, կռւախնձոր հասկացութիւնը կը մնայ անփոփոխ եւ կտրած է դարերու ճամբայ, այն տարբերութեամբ, որ ժամանակին երբ մարտերը ձիերով եւ սուրերով կը մղւէին, այսօր փոխարինւած են արդիական զէնքերով, պատերազմի «արւեստ»-ին մէջ համակարգիչին ներկայութիւնը գերազանցած է մարդկայինը։

Չենք մոռնար, որ կռւախնձոր հասկացութիւնը միայն Հայաստանի յատուկ չէ: Այսուամենայնիւ, մենք կուզենք կենտրոնանալ Կովկասեան բարձրաւանդակի դիրքին ու աշխարհագրական կարեւորութեան վրայ, որոնք դարերէ ի վեր իրարու դէմ հանած են Հիւսիսն ու Հարաւը, ապա Արեւմուտքն ու Արեւելքը. պատմութեան ընթացքին, ի յայտ եկած են զանազան դերակատարներ, որոնք մերթ ընդ մերթ փոխարինած են զիրար:

Դարեր առաջ Արեւմուտքը Հռոմէական կայսրութիւնն էր, Աղեքսանդր Մակեդոնացիին ստեղծած կայսրութիւնը, խաչակիրները, իսկ Արեւելքը՝ Պարսկաստանը, արաբական կայսրութիւնը, սելջուկներն ու մոնղոլները, անոնց ժառանգորդ Օսմանեան կայսրութիւնը։ Աւելի ուշ եկաւ հիւսիսի կայսրութիւնը՝ Ռուսիան:

Պատմութեան էջերը ցոյց կու տան, թէ Հայաստանը (չմոռնանք Մեծն Տիգրանի կարճ, սակայն յիշատակելի սխրանքը) որքա՜ն պայքարած է այս ահաւոր ուժերուն եւ ստեղծած մրցակցութեանց դէմ։ Պայքարը տեւած է դարեր, երբեմն մեզ հասցնելով բնաջնջման վտանգին:

Ծանօթ խօսք է, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, սակայն անցեալով ապրիլն ու սնանիլը անհեթեթ ու անիմաստ է, եթէ անկէ պիտի չծնին օգտակար եւ փրկարար ուղեցոյցներ:

Այժմու կացութիւնը նկատի ունենալով եւ հետեւութիւններ ընելով՝ պարզ է, որ Հայաստան դարձեալ կը մնայ կռւախնձոր մը՝ նոր Արեւմուտքին եւ Արեւելքին միջեւ։ Այս անգամ արեւմտամէտ կամ արեւելամէտ նախարարութիւններ չկան։ Յստակ դարձած է, որ Արեւմուտքին կողմէ հրահրւած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ն ու անոր ղեկին գտնւող ներկայ վարչակազմը որդեգրած է արեւը մայր մտնցող ճանապարհը։ Արեւմուտք մը՝ որ աշխարհագրականօրէն մղոններ հեռու է Կովկասեան բարձրաւանդակէն: Հոն է նաեւ Հայաստանի հանդէպ բոլորէն աւելի «պղատոնական» գուրգուրանք ցուցաբերող Ֆրանսիան, իսկ ԱՄՆ-ի պարագային՝ Ատլանտեանն ալ պէտք է կտրել, հակառակ անոր որ Կովկասին մօտակայ զինւորական խարիսխներ կան:

Իւրայատուկ է ներկայ օրերու Արեւելքը՝ քաղաքական պրիսմակէն դիտւած։ Ռուսիա, որ միշտ ալ մօտիկ յարաբերութիւններ մշակած է Չինաստանի հետ, Կովկասեան բարձրաւանդակի տարածաշրջանէն ներս, ունի բարեկամ մը՝ Թուրքիան, որ ինչ-ինչ հաշիւներով կրցած է լեզու գտնել «հիւսիսային արջ»-ին հետ։ Այդ հաշիւները ակներեւ են, հիմնւած են թէ՛ նիւթական, եւ թէ՛ ռազմավարական շահերու վրայ, ու աւելի՛ կը շեշտւին, որովհետեւ Երեւանի իշխանաւորները բռնած են Ռուսայէն հեռանալու, զայն շրջանէն վանելու (արեւմտեան ներշնչումով) ընթացք:

Ակներեւ է, թէ այս խրթին կացութեան մէջ, որքա՜ն կարեւոր է արտաքին յարաբերութիւններու «ռազմամթերք»-ը, որ կրնայ վտանգաւոր կացութիւններ շրջանցել եւ ահաւոր պարտութիւններէ փրկել։

Դժբախտաբար, սակայն, պարզամիտ, չըսելու համար անհեռատես ու մանկամիտ գործելաձեւով Հայաստանի ո՛չ միայն աշխարհագրական, այլ նաեւ քաղաքական սահմաններն ալ վտանգւեցան, եւ բախտագուշակ ըլլալու պէտք չկայ, տեսնելու թէ թշնամին ինչպէս խած առ խած կուլ կու տայ Հայաստան-խնձորը։

Հարց է, թէ ի՞նչ պիտի մնայ այդ խածերէն ետք։

Մինչ այդ, այս իշխանութեան «վարպետութիւններուն» հետեւանքով, Հայաստանի բանակը կը մնայ իրողապէս ջլատւած, սահմանները՝ բացորոշ կերպով անպաշտպան, նոյնը՝ անոր կիրարկած քաղաքականութիւնը։

Յատկապէս մտահոգիչ են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի յայտարարութիւնները, թէ Արեւմուտքը կը ձգտի Հարաւային Կովկասը վերածել աշխարհաքաղաքական ճակատումի բեմի, խախտելով տարածաշրջանի ապահովութիւնը։ Դժւա՞ր է տեսնել, թէ այս բառերուն ետին, կայ շրջանը տարբեր Ուկրաինայի մը վերածելու ազդանշանը…

«Հայրենիք»-ի խմբագրական,
Բոստոն

Related Articles

Back to top button