Միջազգային

Օգտագործել թուրքերու ընծայած առիթները

Սիմի Վելի եւ Վեսթ Լէյք բնակող բարեկամուհիներ քիչ առաջ հեռաձայնով իմացուցին հետեւեալը:

Շրջանին մէջ հրատարակւող եւ ձրիօրէն բաժնւող «Acorn» թերթին 3 նոյեմբերի թիւին մէջ լոյս տեսած է «Fire of Anatolia» խորագրեալ հետեւեալ լուրը-ծանուցումը (ստորեւ նկարն ու բովանդակութիւնը).

The dance show, inspired by the mythological land cultural history of Anatolia, Turkey, helps celebrate the Republic of Turkey’s 100th anniversary. Part of the proceeds from tickets and sponsorship will go to help people affected by the earthquakes in Turkey this year. 8 p.m. Nov.7, Kavli Theater, 2100 East Thousand Oaks, Boulevard, tickets $79-$130. 

Չենք ուզեր կանգ առնել by the mythological land cultural history of Anatolia, Turkey բառերուն վրայ եւ հարց տալ, թէ խօսքը ինչպիսի՞ պատմութեան եւ մշակոյթի մասին է: Չենք ուզեր խօսիլ նաեւ նման թերթերու այլապէս ընձեռած դաշտերուն մասին: Մեզ հետաքրքրողը այն է, որ հոս, մեր «քթին տակ» կազմակերպւած է ձեռնարկ մը, որ հայերուս, մասնաւորաբար երիտասարդութեան ու Հայ Դատի գործիչներուն կընծայէ իւրայատուկ առիթ մը: Կարելի է անմիջապէս զօրաշարժի ենթարկել մեր ժողովուրդը եւ ԳՈՐԾԻ անցնիլ, ցուցական քայլերով աշխատիլ խափանել այս ձեռնարկը, իսկ եթէ երկու օրւան մէջ նման տարողութեամբ գործ կարելի չէ իրականացնել, ապա ոճրածին պետութիւնը դատապարտող պաստառներով ու թռուցիկներով «միջամտել» այս ձեռնարկին, հոն հաւաքւողներուն աչքերուն դիմաց պատռել «Գորշ քայլ»-ին դիմակը:

Հաւանաբար սա միայնակ ձեռնարկը չէ, որ Թուրքիոյ պետութեան դրդումով եւ հովանաւորութեամբ կը կազմակերպւի Աթաթուրքին կողմէ հաստատւած «հանրապետութեան» 100-րդ տարեդարձին առիթով. հաւանաբար նման ձեռնարկներ կը կազմակերպւին այլուր, այլ երկիրներու մէջ եւս: Հետեւաբար, կարժէ, որ մեր ռադարները բաց պահենք եւ օգտագործենք թուրքերուն կողմէ՛ իսկ մեզի ներկայացող առիթները, յիշեցնելու, որ «Կարմիր սուլթան»-ին ժառանգորդ իթթիհադականներուն եւ անոնց առաքելութիւնը անշեղօրէն շարունակող այսօրւան Թուրքիոյ վարքագիծին մէջ էական ոչինչ փոխւած է, Էրդողաններ կրնան պաղեստինցիներուն տառապանքներուն համար դատապարտել ոճրագործ իսրայէլը, սակայն չեն կրնար ջնջել ԻՍԿԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ, որ հարուստ է թուրքական ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐՈՎ, որոնց տարբերակները կը կատարւին Գազայի, Արեւմտեան ափին, Հարաւային Լիբանանի, Սիրիոյ եւ այլուր:

Մեր առաջարկածը ՄԵԾ ԳՈՐԾ չէ, այլ ցուցական նւազագոյն միջոցառում մը, կաթիլ մը ճիգ՝ թուրքին դիմակազերծման եւ մեր արդար իրաւունքներուն հրապարակման ճամբուն վրայ:

* * *

…Անցեալ դարու 60-ականներու երկրորդ կէսէն սկսեալ, երբ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը նոր եւ ազդու գործի «դարաշրջան» մը թեւակոխած էր, մէկ կողմէ՝ ՄԱԿ-ի ուղղութեամբ, միւս կողմէ՝ տարբեր երկիրներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով, իսկ այլ գիծերու վրայ՝ համայնավարներու տիրապետութեան տակ եղող Հայաստանի մէջ իսկ «Մեր հողերը, մեր հողերը» նշանախօսքին հնչեցումով ու յուշակոթողներու բարձրացումով (պատմութեան միւս դրւագները ծանօթ են), Ապրիլ 24-ը դարձած էր մեր իրաւունքներուն յիշեցման ցուցական արարքներու ժամադրավայր մը:

70-ականներու սկիզբը, ապրիլի մը, Բէյրութի մէջ լուր տարածւեցաւ, որ թուրք ուսանողներ Ամերիկեան համալսարանի մէկ համբաւաւոր սրահին մէջ (վերի ծանուցումին մէջ յիշատակւած սրահն ալ նշանաւոր սրահ է այդ շրջանին մէջ) կազմակերպած են «թուրքական մշակոյթի շաբաթ» մը եւ իբրեւ յարմարագոյն թւական, ընտրած են… Ապրիլ 24-ի շաբաթը: Հայկական ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններ, օրւան ղեկավարներուն քաջալերանքով, զօրաշարժի ենթարկւեցան: Հանդիսութեան բացման օրը, հազարաւոր երիտասարդներ, պաստառներ պարզած, խմբւեցան Ամերիկեան համալսարանի նշեալ սրահին առջեւ եւ բառացիօրէն գրաւեցին շէնքը: Համալսարանի պահակները անակնկալի մատնւած էին, փորձեցին արգիլել հայութեան ցոյցը, բայց արդէն ուշ էր. անոնց փորձը յաջողութիւն չգտաւ:

Թուրք ուսանողները, որոնց թիւը քանի մը տասնեակ չէր անցներ, ջղագառութեան մատնւեցան: Քանի մը հոգի փորձեց խռովութիւն ստեղծել եւ ձեռնամարտի բռնւիլ հայ ուսանողներու հետ, սակայն դաւը չյաջողեցաւ: Հուսկ, թուրքական շաբաթը խափանւեցաւ: Թուրքական դեսպանատունը ահագին աղմուկ բարձրացուց, սակայն Լիբանանի մէջ հայութեան ի նպաստ ստեղծւած մթնոլորտը, շնորհիւ երկարաշունչ աշխատանքի, տեղ չտւաւ թուրքական վրդովմունքին:

* * *

Այդ օրերուն, հայութիւնը նման աշխատանքի համար չունէր սեփական պետութեան յենարանը: Այսօր ունինք անկախ պետութիւն, որուն իշխանութիւնը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
5 նոյեմբերի 2023

Related Articles

Back to top button