Մշակութային

ՇԱՀ ԱՐՄԷՆ տիտղոսը

ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐ

Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ

 

Դարերու ընթացքին Հայաստանը գրաւող ժողովուրդներու ղեկավարները գործածած են այս տիտղոսը. Շահ կը նշանակէ թագաւոր, հետեւաբար Շահ Արմէն՝ Հայոց թագաւոր…:

Առաջինը՝ Սելջուկեան սուլթանութեան քայքայման շրջանին՝ հարաւային Հայաստանի մէջ գոյացած ամենախոշոր սելջուկեան իշխանապետութիւնը կընդգրկէր Վանայ լիճէն դէպի հիւսիս գտնւող երկրամասերը՝ կենտրոն ունենալով Խլաթ քաղաքը, որուն տիրակալները կը կրէին Շահ Արմէն (Հայոց թագաւոր) տիտղոսը: Այս ամիրայութիւնը հիմնեց սելջուկ Սուքման ալ-Կութբին 1100 թւականին:

Երկրորդը՝ սելջուկ Շահ Արմէններու ներքին երկպառակութեան հետեւանքով, անոնք տկարացան, ու 1207 թ. քուրդ Այուբեանները գրաւեցին հայկական տարածքները, անոնք եւս շարունակեցին կրել Շահ Արմէն (Հայոց թագաւոր) տիտղոսը: Երրորդը՝ 14-րդ դարուն Հայաստանի Աղձնիքի տիրակալ մոնղոլ Արտուխեանները կրեցին նոյն հրապուրիչ դարձած Շահ Արմէն (Հայոց թագաւոր) տիտղոսը: Եւ Չորրորդը՝ թուրքմէն Կարա-Կոյունլուներու գերիշխանութեան տարիներուն 15-րդ դարուն, Կարա-Իւսուֆի որդի Իսքանդարը, կը կրէր Շահ Արմէն (Հայոց թագաւոր) տիտղոսը. եւ կը ջանար իր կողմը գրաւել հայերուն: Զգալի թիւով հայեր կային Իսքանդարի բանակի մէջ, եւ կը մասնակցէին իր մղած պատերազմներուն: Իսքանդար իր թշնամի թուրքմէններուն եւ քիւրտերուն դէմ կը պատերազմի եւ կը փրկէ հայերուն. օրինակ Վանայ լիճի ամենամեծ կղզիին՝ Լիմ կղզին ապաստանած հայութիւնը կը փրկւի, «Իմանալով Հաջի բէկի ասպատակութիւնների մասին, Իսքանդարը արշաւում եւ դուրս է քշում ինչպէս Հաջի բեկին, այնպէս էլ Վանայ լճի առափնեայ շրջանները մտած Ղարա-Օսմանին»: Այսպէս, Լիմ կղզին եւ անոր վանքը ապաստանած հայերը կը փրկւին…:

Ինչ էր գաղտնիքը այս տիտղոսին: Հայկական տարածքներ գրաւող օտար տիրակալները, նկատի ունենալով, որ իրենց հպատակները մեծամասնութեամբ հայեր էին, եւ մշակոյթով աւելի բարձր մակարդակի վրայ, անոնց ընդունելի ըլլալու համար կրած են Շահ Արմէն (Հայոց թագաւոր) տիտղոսը. ինչպէս եւ որոշ հայ իշխանական ընտանիքներու մեծ լիազօրութիւններ տւած են, որ կարողանան հեշտութեամբ կառավարել իրենց հայ հպատակներուն:

Ծիծաղելի իրականութիւն, այդ ամիրայութիւնները հայկական էին, բայց կառավարող ուժը օտար էր, ու կը կրէր այդ հրապուրիչ Շահ Արմէն (Հայոց թագաւոր) տիտղոսը…:

ՆԱԽԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՇՐՋԱՆ

ԱՐԱՔՍԸ ԶԱՅՐՈՅԹՈՎ ԼԻ Է ԴԷՊԻ ԿԱՄՈՒՐՋԸ

Քրիստոսէ առաջ հայ-հռոմէական կապերը ընդհանրապէս ոչ բարեկամական էին, ի հետեւանք Հռոմի ռազմական արշաւանքներուն:

Հռոմէական նշանաւոր բանաստեղծ Պուբլիոս Վերգիլիոսի (70 -19Ք.Ա.), որ կը ներկայանայ Հին Հռոմի մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկը, որուն լաւագոյն երկը՝ Հռոմէական գրականութեան գլուխգործոց Էնէականն էր:

Պուբլիոս Վերգիլիոսի հռչակաւոր խօսքը, «Արաքսը զայրոյթով լի է դէպի կամուրջը». կը հանդիսանայ խորիմաստ փոխաբերական արտայայտութիւն մը Հռոմի աշխարհակալ

քաղաքականութեանը հանդէպ Հայ ազգի ունեցած ազատասիրական հոգեբանութեան:

Վիրգիլիոսը, իր այս խօսքին մէջ Արաքսով՝ կը խորհրդանշէր Հայաստանը, եւ կամուրջով՝ Հռոմէական արշաւանքները. եւ ինչպէս յայտնի է Արաքս գետը այն գետերէն է, որ իր ուժգին հոսանքով մշտապէս քանդած է իր վրայ կառուցւող կամուրջները. հետեւաբար Հայ ազգը իր զայրոյթով պիտի ոչնչացնէր Հռոմի յառաջացումը դէպի Արեւելք:

Հայաստանի հարաւին գտնւող երկրորդ գերուժը, Պարթեւական Պարսկաստանն ալ իր կարգին՝ իր կաուրջը շատ ամուր կառուցած էր Միջագետքի մէջ, Բաբելոնի երկիրը դարձած էր կայսրութեան քաղաքական կենտրոնը՝ Տիզբոն մայրաքաղաքով. ու ան ալ Հռոմի նման կը փորձէր իր կամուրջը կառուցել Արաքսի վրայ…:

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ

Արեւմտեան Հայաստանի Հայկական վանքերու ու եկեղեցիներու կալւածներու գրաւումը

Մեծ հարւածը, որ եկաւ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան, տեղի ունեցաւ 19-րդ դարուն, երբ Օսմանեան կառավարութիւնը որդեգրեց Հայոց ոչ նպաստաւոր քաղաքականութիւն մը, որու մասին անդրադարձած է Րաֆֆին իր արժէքաւոր Տաճկահայք կամ Հայոց Հարցը գործին մէջ, «Տաճկաստանի բարձր կառավարութիւնը նկատելով, որ քուրդերի եւ ուրիշ վայրենի ցեղերի բարբարոսութիւններն յառաջ են գալիս նրանց թափառական կեանքի բնաւորութիւնից, վերջին ժամանակներում սկսեց աշխատել, որ նրանք թողնեն չւական կեանքը, թողնեն խաշնարածութիւնը եւ հաստատ բնակութիւններ ունենան, եւ սկսեն պարապւել հողագործութեամբ: Կառավարութիւնը այս դրութեան մէջ մտածում էր զսպել քուրդերին եւ ուրիշ վայրենի ցեղերին: Նպատակը վատ չէր, բայց նա սխալւեցաւ գործադրութեան մէջ: Որովհետեւ փոխանակ քուրդերին Հայաստանի լեռներից հաւաքելու եւ նրանց Տաճկաստանի մի անբնակ կողմում (որպէս Միջագետի եւ Ասորեստանի անապատներն են) գաղթեցնելու, կառավարութիւնն նրանց թոյլ տւաւ հէնց Հայաստանում իրանց համար բնակութեան եւ մշակութեան տեղեր բռնել»:

Այսպէս, քուրդերը որոնք զինւած էին եւ վարժւած բռնութեամբ խլել հայերէն իրենց ուզածը, սկսան տիրանալ հայոց պապենական հողերուն ու կալւածներուն: Այդ բոլորը տեղի կունենար Օսմանեան իշխանութեան աչքի առաջ, առանց որեւէ քայլ առնելու հայոց դէմ գործադրւած այս մեծ մաշտաբով տեղի ունեցած հարստահարութիւնները կանգնեցնելու: Հայոց Պատրիարքարանի կողմէ պատրաստւած առաջին տեղեկագրը, որուն մէջ բողոք կար Հայոց հողերը եւ կալւածները քուրդերուն կողմէ զաւթելու մասին 1872 թ. տեղեկագիրն էր, որ մնաց անպատասխան:

Նոյնը տեղի ունեցաւ նաեւ հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու կալւածներու դէմ: Բնականաբար տեղի ունեցածը Օսմանեան իշխանութեան սրտով էր, այլապէս ան հեշտութեամբ կարող էր միջամտել եւ այդ յափշտակութիւններուն վերջ տալ:

Տեղի ունեցած կալւածներու եւ հողերու զաւթումը մեծ հարւած էր հայութեան, «Բայց երբ վանքերն ենթարկւեցան նոյն վիճակին, որպէս ժողովուրդը, երբ նրանք էլ զրկւեցան կալւածներից՝ իրանց գլխաւոր հարստութիւնից, այն ժամանակ վանքային միաբանութիւններն նոյնպէս ցրւիլ սկսան, եւ հայոց նւիրական տեղերն մնացին ամայի»: Ի հետեւանք Արեւմտեան Հայաստանի Հայկական վանքերու ու եկեղեցիներու կալւածներու գրաւումին, անոնց գործունէութիւնը տկարացաւ, ու սկսաւ անոնց վայրէջքը դէպի անկում:

Կը վերահրատարկենք ՊԱՏՄԱՔԱՂ թիւ 7-էն նիւթ մը, որուն մասին ձեզմէ արձագանգներ ստացած ենք:

ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐ

«Լենկթիմուր … Դա մուր»

Լենկթիմուր (1370-1405) յայտնի թաթար տիրակալ, որուն անւան իմաստն էր Կաղ թեմուր: Ան ստեղծեց կայսրութիւն մը, որ կընդգրկէր Միջին Ասիան, Փենջաբը, Աֆղանստանը, Պարսկաստանը, Ատրպատականը, Միջագետքը, Վրաստանն ու Հայաստանը, եւ հիմնեց Թեմուրեան հարստութիւնը:

Լենկթիմուր վերահաստատեց Չինգիզխանի հիմնած մոնղոլական կայսրութիւնը: Իր գործադրած չարիքներով գերազանցեց իր հեռաւոր ազգական Չինգիզխանին. Թումա Թաւրիզեցի հայ պատմիչը անոր անունը թարգմանեց «դա մուր», «Որտեղ հասնում է՝ մրի նման սեւացնում է, ոմանց կողոպտելով, ոմանց տանջելով, ոմանց սպաննելով, ոմանց գերելով, հօրը որդուց եւ որդուն հօրից բաժանելով»:

Աղբիւր՝ «ՊԱՏՄԱՔԱՂ», թիւ՝ 52, 4 օգոստոսի 2024 թ.

Related Articles

Back to top button