4546
Հայ ազգի պատմութիւնը սերտօրէն ազդւեցաւ Հայաստանի հարաւին գտնւող՝ կէս հազարամեակէ աւելին՝ երկարակեաց Աբբասեան խալիֆայութեան (750-1258) հզօրութեան ելեւէջներէն:
Մեր պատմութեան մէջ, Բագրատունեաց թագաւորութիւնը (885-1045) հիմնւեցաւ 885 թ. այն ժամանակ, երբ արդէն Հայաստանի հարաւին գտնուող հարեւան Աբբասեան խալիֆայութիւնը իր 1-ին պատմաշրջանէն (750-847)՝ հզօրութեան եւ ընդարձակման անցած էր իր 2-րդ պատմաշրջանին (847-946)՝ Թուրքական կամ տկարացման:
Բագրատունեաց թագաւորութիւնը շարունակեց իր գոյութիւնը Աբբասեան խալիֆայութեան 2-րդ եւ 3-րդ պատմաշրջաններուն (կարմիրով նշւած), որոնք Խալիֆայութեան պատմութեան՝ թուրքական եւ պարսկական ազդեցութեան պատմաշրջաններն էին, հիմնականօրէն յետամնաց եւ խաւարամիտ:
Աբբասեան խալիֆայութեան 4-րդ պատմաշրանը (1055-1258), Սելջուկ-Թուրքական՝ իւրայատուկ էր, երբ իշխեցին 12 խալիֆաներ, որոնցմէ 3-ի մայրերը հայուհիներ էին, ըստ արաբական կառկառուն պատմիչներուն. եւ որոնց տարիներուն Աբբասեան քաղաքակրթութիւնը վերելք արձանագրեց. ըստ նոյն պատմիչներուն հայուհի մայրերէ ծնած խալիֆաները, Աբբասեան խալիֆաներու լաւագոյներն էին:
ՆԱԽԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՇՐՋԱՆ
Մարկոս Անտոնիոս եւ Արտաւազդ Բ-ի եղեռական մահը
38 Ք.Ա. Մարկոս Անտոնիոս հսկայ բանակով արշաւեց Պարթեւական կայսրութեան վրայ՝ Հայաստանի վրայով: Հայաստանի Արտաւազդ Բ թագաւորը ստիպւած մասնակցեցաւ այդ արշաւանքին, բայց տեսնելով Մարկոս Անտոնիոսի խակ ղեկավարութիւնը, գուշակեց անոր մօտալուտ պարտութիւնը. Անտոնիոս մեծ պարտութիւն կրեց եւ իր մնացած բանակը փրկելու յետ դարձաւ Եգիպտոս:
Անտոնիոս Եգիպտոս հասնելէն ետք, յայտարարեց թէ իր անյաջող արշաւանքի ձախողութեան պատճառը Հայաստանի թագաւոր՝ Արտաւազդ Բ դաւաճանութիւնն էր, ինչ որ իրականութիւն չէր: Այդ յայտարարութիւնը՝ Հայաստանը գրաւելու իր հին ծրագրերու իրականացման համար լոկ պատրւակ էր:
Մարկոս Անտոնիոս դեսպանութիւն ղրկեց Հայաստան եւ Արտաւազդ Բ հրաւիրեց Եգիպտոս իր մօտ, խորհրդակցելու համար պարթեւներու դէմ իր ծրագրած նոր արշաւանքի մասին: Արտաւազդ մերժեց այդ առաջարկը, նկատի ունենալով Անտոնիոսի յետին մտքերը:
Անտոնիոս կրկին անգամ դեսպանութիւն ղրկեց, այս անգամ որպէս խնամախօս. ան խնդրեց Արտաւազդ թագաւորի աղջկան ձեռքը, իր հազիւ թէ վեց տարեկան Ալեքսանդր զաւակին (Անտոնիոսի որդին Եգիպտոսի Կլիոպատրա թագուհիէն): Արտաւազդ մերժեց նաեւ այս առաջարկը: Շատ յստակ էր, որ Անտոնիոս կուզէր այդ խնամական կապով միջամուխ ըլլալ Հայաստանի գործերուն, եւ յարմար առիթին գրաւել Հայաստանը:
Ի վերջոյ Անտոնիոս 34 Ք.Ա. հսկայ բանակով սկսաւ իր երկրորդ արշաւանքը՝ բայց ոչ թէ Պարթեւաստանի, այլ Հայաստանի վրայ:
Անտոնիոս արշաւեց Հայաստանի մայրաքաղաք Արտաշատի վրայ: Արտաւազդ Բ հեռացաւ Արտաշատէն դէպի Հայաստանի լեռները, որոշելու համար իր ապագայ քայլերը: Անտոնիոս գրաւեց Արտաշատ մայրաքաղաքը, եւ կրկին անգամ ինքզինքը բարեկամ ներկայացուց, եւ Արտաւազին հրաւիրեց իր մօտ հաշտութեան բանակցութիւններ առաջարկելով:
Արտաւազդ Բ կը գտնւէր շատ ծանր որոշման առջեւ: Դիմադրելը առանց պարթեւներու մասնակցութեան անհնարին էր. իսկ պարթեւները զբաղւած էին իրենց ներքին հարցերով, հետեւաբար անկարող էին որեւէ ազդեցութիւն ունենալ ներկայ անց ու դարձին: Արտաւազդ Բ իր երկրի շահերը դասելով բոլոր հարցերէն վեր, նոյնիսկ իր կեանքէն. ստիպւած համաձայնեցաւ Մարկոս Անտոնիոսի առաջարկին, եւ գնաց անոր մօտ:
Հռոմէացի հռչակաւոր պատմիչ Դիոն Կասիոսը կը պատմէ մանրամասն Մարկոս Անտոնիոսի հնարքները՝ նենգութեամբ կալանաւորել Հայոց թագաւորին, «…Արտաւազդին կապեց արծաթէ շղթաներով. քանզի թւում էր, թէ ամօթալի կը լինէր նրան, որ թագաւոր էր եղել, կապել երկաթէ շղթաներով»:
Շուտով բռնկեցաւ բուռն պայքարը Հռոմէական կայսրութեան երկու անհաշտ գագաթներու՝ Մարկոս Անտոնիոսի եւ Օգտաւիանոսի միջեւ: Շարք մը պատերազմներէ ետք, 2 սեպ. 31 Ք.Ա. տեղի ունեցաւ հռչակաւոր Ակսիումի ծովային ճակատամարտը, որ վերջացաւ Օգտաւիանոսի մեծ յաղթանակով:
Պարտութենէն ետք, Եգիպտոսի մէջ՝ Մարկոս Անտոնիոսի հրամանով գլխատւեցաւ Հայոց գերի թագաւոր Արտաւազդ Բ-ը՝ Մեծն Տիգրանի որդին ու յաջորդը:
Օգտաւիանոս իր յաղթական բանակով հասաւ Եգիպտոս եւ գրաւեց Աղեքսանտրիան: Մարկոս Անտոնիոս եւ Կլիոպատրա թագուհին նախընտրեցին անձնասպանութեամբ վերջ տալ իրենց կեանքին:
Օգտավիանոս Եգիպտոսի մէջ գերութենէն ազատեց Հայոց թագուհիին՝ Արտաւազդ Բ-ի կնոջ եւ երկու որդիներուն՝ Տիգրանն ու Արտաւազդը, որոնց իր հետ տարաւ Հռոմ, ու պահեց հոն քաղաքական նպատակներով:
Այս դէպքերու ընթացքին Արտաւազդ Բ-ի մէկ այլ որդին՝ Արտաշէս Բ. հայ եւ պարթեւ բանակով մտաւ Հայաստան ու բազմեցաւ Հայաստանի գահին 31 Ք.Ա. եւ իշխեց մինչեւ 20 Ք.Ա.:
ԱՐՇԱԿՈՒՆԵԱՑ ՊԱՏՄԱՇՐՋԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ 387 Թ.
Արշակ Բ-ի մահէն ետք Հայաստանի Արշակունեաց հարստութիւնը բռնեց անկումի ուղին: Ներքին երկպառակութիւնը սաստկացաւ նախարարական տոհմերու միջեւ, ու հետեւաբար քաղաքական ներքին վիճակը շատ փխրուն դարձաւ: Քաղաքական արտաքին վիճակը զարգացաւ ի վնաս Հայաստանի. երկար տարիներ տեւող պատերազմներէ ետք Բիւզանդիոնի Թէոդորոս (379-395) կայսրը եւ Սասանեան Շապուհ Գ (385-389) արքան եկան համաձայնութեան 387թ. ու Հայաստանը բաժնեցին երկու անհաւասար մասերու:
Արեւմտեան գաւառները անցան Բիւզանդիոնին, ուր թագաւորեց Արշակ Գ (378-388). իսկ Հայաստանի մեծ մասը, մօտաւորապէս Մեծ Հայքի երեք քառորդը անցաւ Սասանեան կայսրութեան, ուր թագաւորեց Խոսրով Դ (385-388) Արշակունին:
Կարելի է ըսել, որ 387 թ. Հայաստանի առաջին բաժանումով Հայոց Արշակունեաց հարստութիւնը թեւակոխեց իր հոգեվարքի շրջանը. այնպէս որ մօտ կէս դար ետք, տեղի ունեցաւ հարստութեան վերջնական անկումը:
Արեւմտեան մասի մէջ մէկ տարի թագաւորելէ ետք Արշակ Գ մահացաւ. եւ Բիւզանդիոնը Արեւմտեան Հայաստանը վերածեց Հռոմէական նահանգի:
Արեւելեան մասի մէջ Խոսրով Դ յաջող գործունէութեամբ համախմբեց նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի նախարարներուն իր ղեկավարութեան տակ. այդ մեծ յաջողութիւն էր վերամիացնելու երկու Հայաստանները: Սասանեան արքունիքը իր բանակը Հայաստան ղրկեց եւ ձերբակալեց Խոսրով Դ-ին ու տարաւ Տիզբոն, «391 թ. պարսից արքունիքում Խոսրովն ամբաստանւում է հայ միասնական պետութիւնը վերականգնելու ձեռնարկման մէջ, կանչւում է Տիզբոն եւ բանտարկւում Անյուշ բերդում»:
Սասանեաններու այս քայլը շատ յստակ եւ ուժգին զարկ մըն էր Հայաստանին, հայ նախարարները լուրջ դիմադրութիւն ցոյց տւին, եւ տեղի ունեցան բախումներ, որոնք եկան ըսելու Սասանեաններուն, թէ վաղաժամ էր մտածել վերջ տալ Հայաստանի Արշակունեաց հարստութեան, հայ նախարարական տուները տակաւին զօրաւոր էին: Սասանեան արքան հանդարտացնելու կացութիւնը համաձայնեցաւ հայ նախարարներու առաջարկած Խոսրով Դ-ի եղբօր՝ Վռամշապուհին ճանչնալ Հայաստանի թագաւոր:
Արեւելեան մասի մէջ Վռամշապուհի (388-414) թագաւորութեան շրջանին տեղի ունեցաւ Հայ Գիրերու գիւտը, որ հանդիսացաւ երկրորդ ճակատագրական մեծ իրադարձութիւնը հայոց պատմութեան մէջ՝ Քրիստոնէութիւնը որպէս միակ պետական եւ արտօնեալ կրօնք յայտարարելէ ետք 301 թ.: Ի հետեւանք հայ գիրերու գիւտին հայ ժողովուրդը կերտեց մշակութային հզօր վերելք մը:
Կը վերահրատարկենք ՊԱՏՄԱՔԱՂ թիւ 13 -էն նիւթ մը, որուն մասին ձեզմէ արձագանգներ ստացած ենք:
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ
Րաֆֆի – Վանայ լիճը միացնել Հնդկական ովկեանոսին
Հայ մեծ գրական եւ յեղափոխական դէմք Րաֆֆի (Յակոբ Մելիք Յակոբեան 1835-1888), իր յայտնի ճանապարհորդութիւնը կատարեց Պարսկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ներքեւ գտնւող հայկական գաւառները 1857-1858 թւականներուն. ան իր տեսած կարեւոր տպաւորութիւններուն մասին գրեց իր վէպերուն մէջ: Իր այս այցելութեամբ Արեւմտեան Հայաստան՝ Րաֆֆիի մօտ յառաջացաւ Վանայ լիճը կապել Հնդկական ովկեանոսին հետ հրաշալի գաղափարը, «Երկիւղածութիւն զգալով Վանայ ծովակի անընդգրկելի մեծութեան հանդէպ, Յակոբը մտածում էր. «Արդիւնաւէտ կացուցանել ջրային այդ մեծ աւազանը եւ զարգացնել դրա վրայ կանոնաւոր նաւագնացութիւնը: Յակոբը նախագծում է ընթացք տալ բորակի արդիւնագործութեանը, ծովակի արեւմտեան ափը ջրանցքով միացնել Եփրատի վերին հոսանքի հետ, ապա Տիգրիսի միջոցով մտնել Պարսից ծոց ու նաւարկութեան համար ուղի հարթել Խաղաղականի ջրերում: Վանայ ծովակը կապելով Հնդկական ովկիանոսի հետ, Յակոբը երազում էր ապագայ Հայաստանի տնտեսական զարգացումը դուրս բերել մեկուսացումից եւ ջրային ուղիների միջոցով կապել համաշխարհային շուկայի հետ»:
Այդ ժամանակ կարեւոր տնտեսական հարստութիւն էր Վանայ լիճէն հանւած բորակի արդիւնագործութիւնը, որոշ չափով ինչպէս ներկայի գազն ու նաւթը: Այսպէս, մեր ապրած օրերէն մօտաւորապէս 160 տարի առաջ, Րաֆֆի ունեցաւ այս մեծ մտայղացումը…:
Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ
Աղբիւր՝ «ՊԱՏՄԱՔԱՂ», թիւ՝ 56, 29 սեպտեմբերի 2024 թ.