ՆԱԽԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՇՐՋԱՆ
Մեծն Տիգրանի դաւաճան որդին՝ կրտսեր Տիգրան / Բացասական էջեր

Պարթեւներու դրդմամբ Մեծն Տիգրանի դէմ ապստամբեցաւ իր որդին կրտսեր Տիգրանը: Ան օգտւեցաւ ընծայւած յարմար առիթէն, երբ իր հայրը՝ Մեծն Տիգրան կը գտնւէր Կապադովկիոյ մէջ, իր կողմնակիցներուն հետ 67 Ք.Ա. ապստամբեցաւ ու փորձեց տիրանալ գահին:
Մեծն Տիգրան լսելով խռովութիւններու մասին, անմիջապէս վերադարձաւ Արտաշատ մայրաքաղաքը, ու ճնշեց ապստամբութիւնը:
Կրտսեր Տիգրան փախաւ Տիզբոն՝ Պարթեւներու մայրաքաղաքը, Հրահատ Գ-ի մօտ, ուր Պարթեւներու թագաւորը անոր ամուսնացուց իր աղջկայ հետ եւ խոստացաւ Հայոց գահը:
66 թ. Ք.Ա. հռոմէացի Պոմպէոս զօրավարը հսկայ բանակով (ըստ աղբիւրներու 66,000 զինւոր) արշաւեց Պոնտոսի թագաւոր՝ Մեծն Տիգրանի դաշնակից Միհրդատ Եւպատորի դէմ: Միւս կողմէն, Պարթեւներու Հրահատ Գ. թագաւորը ներխուժեց Հայաստան եւ պաշարեց Արտաշատը:
Մեծն Տիգրան մայրաքաղաքը ձգելով հայկական կայազօրի պաշտպանութեան տակ հեռացաւ դէպի լեռնային շրջանները զօրք հաւաքելու համար:
Հրահատ Գ Արտաշատի ուժեղ դիմադրութեան առաջ գտնւելով, եւ տեսնելով, որ Արտաշատի պաշարումը պիտի երկարէր, ինչ որ ձեռնտու չէր իրեն, քաշւեցաւ Հայաստանէն: Ան իր փեսային՝ Կրտսեր Տիգրանին յանձնեց իր զօրքերու մէկ մասը, ու յանձնարարեց, որ շարունակէ յարձակումները Արտաշատի վրայ:
Մեծն Տիգրան վերադարձաւ, եւ յարձակումով մը ջախջախեց Պարթեւական զօրքը: Կրտսեր Տիգրան յուսախաբւած պարթեւներէն փախաւ Հռոմէացի Պոմպէոսի մօտ, որ յաղթելով Միհրդատ Եւպատորին, մտած էր Հայաստան եւ կարշաւէր Արտաշատի վրայ:
Մեծն Տիգրան գիտակցելով, որ անհնար էր Պոմպէոսի հսկայ բանակի դէմ պատերազմելը, որոշեց դիմել դիւանագիտութեան: Մեծն Տիգրանի տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պոմպէոսի վրանին մէջ, ուր հռոմէացի հեռատես զօրավարը յայտնեց Մեծն Տիգրանին, «Հայաստանի թագաւորութիւնը քեզի կը պատկանի, դուն այդ չես կորսնցուցած: Իսկ աւելին, դուն կը շահիս մեր բարեկամութիւնը, ուստի ես կողջունեմ եւ կը հռչակեմ քեզ որպէս բարեկամ Հռոմայեցիներուն»:
Պոմպէոսի մօտ ապաստանած դաւաճան կրտսեր Տիգրանը բողոքեց, բայց անօգուտ, որովհետեւ Պոմպէոս վստահութիւն չունէր անոր դիրքորոշման վրայ, սկիզբին Պարթեւներուն դաշնակից, եւ Հրահատ Գ-ի փեսան, ապա յուսախաբւած Պարթեւներէն ապաստանիլ իր մօտ յուսալով, որ Պոմպէոսը իրեն պիտի նշանակէր Հայաստաի թագաւոր, ու հեռացնէր Մեծն Տիգրանին…, «Պոմպէոսը ձերբակալում է Տիգրան Կրտսերին, սրա ընտանիքին ու որդիներին եւ, հակառակ Հրահատ III-ի բողոքներին ուղարկում Հռոմ»:
Պոմպէոս կուզէր սիրաշահել Հայաստանը որպէս բարեկամ եւ դաշնակից Հռոմի, իհարկէ ընդդէմ պարթեւներուն, մանաւանդ, որ Մեծն Տիգրան պարթեւներու հակառակորդն էր, «Պոմպէոս կը յենւէր Հայաստանի վրայ, կուզէր ստեղծեր կենսունակ Հայաստան Պարթեւներու դէմ: Ան այնքան թոյլ պիտի ըլլար, որ վտանգաւոր չըլլար Հռոմի դէմ, բայց այնքան ուժեղ, որ կարենար պաշտպանել թէ իր եւ թէ Հռոմի շահերը արեւելքի մէջ Պարթեւներու դէմ: Հայաստանը թշնամի պետութենէն կը դառնար դաշնակից պետութիւն եւ իր վրայ կը վերցնէր նոր ծանր բեռ մը ըլլալ Հռոմէական շահերու յառաջապահը արեւելքի մէջ»:
Մեծն Տիգրան կորսնցուց իր կայսրութիւնը, բայց հաստատ պահեց իր պապենական թագաւորութիւնը. ան իր ռազմական պարտութեան պահուն յաջողեցաւ ձեռք բերել քաղաքական յստակ յաղթանակը: Մեծն Տիգրան թագաւորեց եւս տաս տարիներ. քառասուն երկար տարիներ թագաւորելէ ետք 85 տարեկան հասակին՝ 55 թ. Ք.Ա. ընդմիշտ փակեց իր աչքերը:
ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Դւինի եկեղեցական ժողովը 554 թ.
Զ դարու երկրորդ կէսին Սասանեան արքաները մեծ գոհունակութեամբ կը նայէին Հայ Եկեղեցւոյ զօրութեան եւ անոր հակաբիւզանդական դիրքին, որպէս հակաքաղկեդոնական եկեղեցի. անոնք կաշխատէին իրենց հերթին խորացնելու հայ-բիւզանդական եկեղեցիներու սուր պայքարը:
Ու երբ սաստկացաւ Բիւզանդիոնի քաղկեդոնական քաղաքականութիւնը, Իւստիանոս Ա (527-565) կայսրի դիրքորոշումով, սասանեանները քաջալերեցին հայ եկեղեցւոյ երկրորդ համագումարի կայացումը Դւինի մէջ 554 թւին: Սասանեաններու այս կեցւածքը կը ներկայանար հակակշիռ Իւստիանոս կայսրի ջանքերուն, ամէն գնով քաղկեդոնականութեան տարածումով՝ տարածել նաեւ Բիւզանդիոնի քաղաքական ազդեցութիւնը Սասանեան Կայսրութեան հպատակ քրիստոնեաններուն վրայ, որոնցմէ էին հայերը: Բիւզանդիոնի այս կեցւածքը՝ Դւինի եկեղեցական ժողովի գումարման հիմնական պատճառներէն մէկն էր:
Դւինի մէջ 554 թ., տեղի ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ կազմակերպած Բ ժողովը Ներսէս Բ. Բագրեւանդցի (548-557) կաթողիկոսի ղեկավարութեամբ, ուր որոշւեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ կապերը վերջնականապէս խզել Բիւզանդական Եկեղեցւոյ հետ, ինչպէս յիշեցինք՝ վերջինս որդեգրած էր քաղկեդոնական դաւանանքը եւ կը փորձէր զայն պարտադրել Հայ ժողովուրդին: Դւինի Բ-րդ ժողովին քննւեցաւ նաեւ Սասանեան Կայսրութեան պաշտպանած Նեստորական աղանդի հարցը, եւ որոշւեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ դիրքը այդ աղանդին նկատմամբ:
Մոսկւայի դաշնագիրը՝ 16 մարտ 1921
104 տարի առաջ
1921 թ. Մարտին, Ռուսաստանի Սովետական ղեկավարութիւնը բանակցութիւններու մէջ էր Լոնդոնի մէջ Անգլիական կառավարութեան հետ, եւ Մոսկւայի մէջ Քեմալական Թուրքիոյ հետ: Մեծ զուգաթիպութեամբ այդ երկու ճակատներու վրայ տեղի ունեցած բանակցութիւնները յանգեցան վերջաւորութեան նոյն օրը մարտի 16-ին, եւ երկուքն ալ եղան ոչ հայանպաստ: Այդ երկու համաձայնութիւններու մասին մէջբերենք Ալ. Խատիսեանէն. «Մարտ 16-ին, Անգլիան ստորագրեց համաձայնութիւն մը Սովետներու հետ, որով վերջինները կը պարտաւորւէին հրաժարիլ պրոպագանդէ անգլիական գաղութներու մէջ, իսկ անգլիական կառավարութիւնը կը պարտաւորւէր չպաշտպանել այն նորակազմ պետութիւնները որոնք կազմւած էին նախկին Ռուսաց Կայսրութեան երկիրներէն: Այդ առաջին հարւածն էր Հայաստանին, որովհետեւ Անգլիան արդէն կը պարտաւորւէր չօգնել Հայերուն՝ իրենց անկախութիւնը վերականգնելու պայքարին մէջ:
Լոնդոնի խորհրդաժողովի հետ, միաժամանակ Մոսկւայի մէջ տեղի ունէր խորհրդաժողով մը Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Բանակցութիւնները յանգեցան ռուս-թուրքական դաշնագրին, որ կնքւեցաւ 1921 թ. մարտի 16-ին, այսինքն՝ ճիշտ միեւնոյն օրը, երբ ստորագրւեցաւ անգլեւռուսական համաձայնութիւնը»:
1921 թ. մարտ 16-ին, Սովետական Ռուսաստանի եւ Քեմալական Թուրքիոյ միջեւ ստորագրւեցաւ ոչ հայանպաստ դաշնագիր մը, որ կոչւեցաւ Մոսկւայի դաշնագիր, եւ որուն ծանր հետեւանքները կը շարունակւին մինչեւ մեր օրերը…:
Այս հարցի մասին ըստ Ջ. Կիրակոսեանի Սովետական Հայաստանը մասնակցութիւն չէ ունեցած, «Սովետական Հայաստանի ներկայացուցիչները մասնակցութիւն չունեցան 1921-ի մարտ 16-ի Սովետ-Թուրքական պայմանագրի կնքման: Թէեւ Մոսկւայի պայմանագրով Ալեքսանդրապոլի թալանչիական պայմանագիրը չեղեալ յայտարարւեց, բայց հայ-թուրքական պատերազմի ժամանակ Հայաստանի տերիտորիաները (Կարս, Սուրմալու, Արտահան) մնացին Թուրքիայի կազմում: Ախուրեան գետը դարձաւ սահմանագիծ: Պայմանագրի մէջ յատուկ յօդւած մտցւեց, ըստ որի Նախիջեւանի մարզը պէտք է ինքնավար տերիտորիա կազմէր Ադրբեջանի «խնամակալութեան ներքոյ»: Այս քայլը ցոյց էր տալիս, որ Թուրքիան չէր հրաժարւել պանթուրքական ծրագրից»: Թուրքիան կը շարունակէր հետապնդել Թուրանական շարժումը. տարիներ ետք ան հսկայական տարածքներ զիջեց Պարսկաստանին, ստանալու համար Նախիջեւանի հետ հողային սահման. ինչ որ կը բխէր իր մեծ Թուրանական երազի իրագործման ծրագրերէն:
Խորհրդային Ռուսաստանի այս ոչ հայանպաստ կեցւածքի կարեւոր դրդապատճառներէն մէկն էր, այն պատմական մեծ սխալ հասկացողութիւնը, ըստ որուն Սովետները յոյս ունէին, որ 1921 թ. մարտի 16-ի պայմանագրով՝ շատ բաներ զիջելով Թուրքերուն, անոնք պիտի սիրաշահէին Քեմալական Թուրքիան, յոյս ունենալով, որ յաջողին Թուրքիոյ մէջ տարածել համայնավարական գաղափարախօսութիւնը:
Այս դաշնագիրը ստորագրւեցաւ Թուրքիոյ Աթաթուրքեան շրջանի ռուս-թուրքական մեղրալուսինի ընթացքին, ի վնաս հայ ազգի հողային արդար իրաւունքներուն:
Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ
Աղբիւր՝ «ՊԱՏՄԱՔԱՂ», թիւ՝ 68, 16 մարտի 2025 թ.