Մշակութային

Վտանգւած, բայց ո՛չ կորսւած՝ մեր լեզուն, մեր մշակոյթը

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Դոկտոր Ընկերալեզւաբանութեան

Քուվէյթ

 

Լեզու, սփիւռք, հայրենիք, յիշողութիւն, ինքնութիւն, ձուլում, մայրենի լեզու, լեզուներու անհետացում, լեզւապահպանում, լեզուներու վերակենդանացում, փոքրամասնութիւններ՝ ամէնէն շատ սերտւած նիւթերն են ընկերալեզւաբաններու կողմէ: Պատահական չէ, որ լեզւապահպանումի հարցը առաջնահերթ տեղ սկսած է գրաւել համաշխարհային գետնի վրայ։

 

Թիւերով խօսինք

Անցեալին ունեցած ենք 12,000 լեզուներ, եւ այսօր 6,000 լեզուներ գոյութիւն ունին։ Այս 6000 լեզուներէն 276-ը կը խօսւին մէկ միլիոն հաշւող ժողովուրդներու կողմէ եւ 80-90%-ն ալ կը խօսւին բնիկ ժողովուրդներու կողմէ, որոնք հազիւ 10% կը հաշւեն երկրի բնակչութեան: Այս կը նշանակէ, թէ այսօր լեզուներու 80-90%-ը կը գտնւի աշխարհի բնակչութեան 10%-ին մօտ, որոնց մեծամասնութիւնը թիւով քիչ է եւ տկար, ինչպէս՝ Փափուա Նոր Կինէայի ուարաբուները, որոնք թիւով 500 են, եւ մալոլ խումբը՝ 3300:

Օրինակի համար, 1500 թւականին Բրազիլիոյ մէջ 1,175 լեզուներ կը խօսւէին, եւ 1993-ին անոնց թիւը 200 կը յաշւէր: 1996 թւականին Սուդանի հարաւը 132 լեզուներ կը խօսւէին, եւ թէ 2020-ին անոնց թիւը 17 կը յաշւէր:  Այսօր, Ինտոնիզիոյ մէջ 425,  Փափուա Նոր Կինէայի մէջ 312, Աւստրալիոյ մէջ 190, եւ Ամերիկայի մէջ 180 լեզուներ վտանգւած են։ Կը նախատեսւի, թէ 2100-ին 2,922 լեզուներ պիտի մնան։ Այս առումով, այդ կը նշանակէ, թէ լեզու մը պիտի կորսւի ամէն երկու շաբաթը անգամ մը:

 

Կորսւած լեզուներ, կորսւած աշխարհներ

Այս իրողութիւնները կը մտահոգեն ընկերալեզւաբանները, որովհետեւ լեզուներու մեծաքանակ անհետացումի հետեւանք՝ մշակոյթներու անհետացումը, կրնայ վտանգել մարդկային ցեղին գոյութիւնը: Այսօր երկրագունդի բնակչութեան թիւը անցած է 8 միլիարը, եւ ան նւաճած է ամերիկաները, Աւստրալիան եւ Խաղաղականի ամէնէն փոքր կղզիները, եւ վարժւած է անտառներու, անապատներու, եւ սառուցեալի պայմաններուն՝ շնորհիւ իր մշակոյթներուն, որոնք փոխանցւեցան լեզուներու միջոցով, եւ հոնկէ սովորութիւններու, կրօններու եւ արժէքներու թափանցումը եւ տարածումը: Այս տրամաբանութեամբ, որեւէ խախտում լեզուներու այլազանութեան մէջ եւ կրճատում անոնց մշակոյթներու զանազանութեան մէջ, կը նշանակէ մարդկային ցեղին յարմարելու ուժականութեան տկարացում:

 

Լեզուներու անհետացման անակնկալ պատճառները

Կարելի չէ մէկ բացատրութիւն տալ լեզուներու կրած անկումին: Բնական աղէտներ, հիւանդութիւններ, տեղահանում, կրօնափոխութիւն, եւ տնտեսական պայմաններ գլխաւոր ազդակներ են։

Օրինակի համար, Իռլանդայի գետնախնձորի «հիւանդութեան» պատճառած անօթութիւնը (1845-51) մէկ միլիոն անձի մահւան պատճառ դարձաւ եւ մնացորդին զանգւածային գաղթին: 1841-ին, 8 միլիոն հաշւող ժողովուրդը, 6.5 միլիոն եղած էր տասնամեակ մը ետք: Գիւղաբնակ ժողովուրդը, որ ամենէն աւելի իռլանդերէն կը խօսէր, ամենէն աւելին տուժեց, ինչ բան որ սատարեց այդ լեզւին աննախնթաց տկարացման եւ նոյնիսկ անհետացման որոշ շրջաններու մէջ:

Եւրոպացիներուն Ամերիկա հասնելէն 200 տարի ետք բնիկ ժողովուրդին 90%-է աւելին մեռաւ հաստատւողներուն եւ անոնց կենդանիներուն բերած հիւանդութիւններուն պատճառով: Կենտրոնական Մեքսիքոն 1518-ին, երբ սպանացիները եկան, 25 միլիոնէ աւելէ կը հաշւէր:  Սակայն, 1620-ին, 1.6 միլիոնի իջած էր անոնց թիւը:  Ամազոնի մեծ շրջանը ունէր 6.8 միլիոն բնիկ ժողովուրդ, բայց այդ 1992-ին միայն 700,000 կը հաշւէր: Ներկայիս, ըստ ՄԱԿ-ի վիճակագրութիւններուն,  HIV/AIDS-էն մահացողներուն 95%-ը կը գտնւի Աֆրիկէի եւ Լատին Ամերիկաի մէջ, երկու ցամաքամասեր որոնք կը պարունակեն աշխարհի ¾ լեզուները:

Ամազոնի անտառներուն միլիոնաւոր ծառերու անհետացումը, հանքերու մեծաքանակ գործունէութիւնները, եւ շարունակական սպանութիւնը տեղացի ցեղերուն, կը վտանգէ բնիկ ժողովուրդին կեանքը, կը պատճառէ մեծաթիւ արտագաղթ, եւ դժւար կը դարձնէ անոնց ջանքերը պահպանելու իրենց մշակոյթը, աւանդութինները եւ լեզուները:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի կռիւներուն, Խաղաղականի եւ Հնդկական Ովկիանոսի կղզիներու ընկերութիւնները թիրախ դարձան եւ հսկայական վտանգի ենթարկւեցան անոնց լեզուները: Փափուա Նոր Գինէայի մէջ, ճապոնցիները եւ միացեալ ուժերը պատճառ դարձան հարիւրաւոր խօսակցական լեզուներու ամբողջական կորուստին՝ այրելով բոլոր արխիւները: Նոյնպէս, աւետարանչական արշաւներու եւ գաղութատիրական լեզուներու պարտադրումին որպէս հետեւանք հազարաւոր բնիկ լեզուներ եւ մշակութային ժառանգութիւն անհետացան:

 

Անգլերէնէն անդին

Յաճախ փորձեր ալ կը կատարւին՝ մանաւանդ համաշխարհային մամուլին կողմէ, մատնանշելու անգլերէնի մեծածաւալ տարածումը եւ անոր ազդեցութիւնը աշխարհի լեզուներուն վրայ: Պատահական չէ, որ անգլերէնը յաճախ կը կոչւի «սպաննող լեզու» ընկերալեզւաբանական հատորներու մէջ: Այդ մէկը, սակայն, կօգնէ ճշտելու պատճառներէն միայն մէկը: Բացատրենք։

Ներկայ վիճակը եզակի է՝ աշխարհ այսքան մեծաթիւ բնակչութիւն չէ ունեցած, համաշխարհայնացումի ընթացքը այսքան արագընթաց չէ եղած, հաղորդակցութեան եւ փոխադրամիջոցներու ճարտարւեստները այսքան լայնածիր չեն եղած, այսքան լեզուներու միջեւ հաղորդակցութիւն չէ ստեղծւած, եւ ոչ մէկ լեզու այսքան համաշխարհային ազդեցութիւն չէ ունեցած, որքան անգլերէնը:

Հարցումը այն է, թէ ինչպէ՞ս պիտի կրնան լեզուներ՝ մանաւանդ փոքրամասնութիւն կազմող ժողովուրդներու լեզուները, տոկալ նման պայմաններու մէջ:

 

Թեր եւ դէմ տեսակէտներ

Մուֆուէնէ կը կարծէ, թէ լեզուներ իրենց բնական ընթացքը պէտք է շարունակեն, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ անոնց մահը: Ան կը հաւատայ, թէ արդէն լեզուներու այլազանութիւնը Աստուծոյ պատիժն էր Բաբելոնի մէջ, եւ անոնց նւազումը համերաշխութիւն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի երաշխաւորէ:

Այս թէզը պաշտպանողներ 1960-ական թւականներուն Հիւսիւսային Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ Անգլիոյ մէջ ծանր պատիժներու կենթարկէին աշակերտներ եւ անոնց բերանը օճառով կը լւային, երբ անոնք իրենց մայրենի լեզուն գործածէին դպրոցին մէջ: Անգլիոյ մէջ, ուսուցիչներ այցելութիւններ կատարեցին իրենց օտար աշակերտներուն տուները՝ զգուշացնելու անոնց ծնողները եւ արգիլելու տան մէջ անոնց մայրենի լեզւին գործածութիւնը: Անոնք համոզւած էին, թէ երկլեզութիւնը նոր երկրին հանդէպ հարազատութեան եւ պատկանելիութեան հարցեր կը յարուցանէ եւ կը խանգարէ մանուկին հոգեմտաւոր զարգացումը: Անգլերէնէ զատ ուրիշ լեզու խօսողներ կը նկատւէին ապուշ, ծոյլ, աղքատ, անվստահելի եւ անբարոյ: Այս միջոցառումները եւ համոզումները մղեցին շատ մը գաղթականներ, որ ո՝չ միայն լքեն իրենց մայրենի լեզուն, այլեւ փոխեն իրենց անունները եւ մականունները:

Բարեբախտաբար, 1970-ական թւականներուն, շնորհիւ ընկերալեզւաբաններու ուսումնասիրութիւններուն, կը հաստատւի, թէ մայրենի լեզւի դասաւանդութիւնը եւ պահպանումը անհրաժեշտ են մշակելու ինքնուրոյն ազգային ինքնութիւն, մշակութային պատկանելիութիւն, ազգային սովորութիւններ, ընտանեկան սերտ յարաբերութիւններ, մանկական յիշատակներ, լեզւի հանդէպ հաւատարմութիւն եւ հարազատութիւն, ազգային պատմութիւն, բարոյագիտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն:

Ահա թէ ինչո՝ւ մեծ թիւով լեզւագէտներ, ինչպէս Դիքսըն, Նեթըլ եւ Ֆիշմըն, կը հաւատան, թէ մայրենի լեզւի պահպանութեան հետ կը պահւի մշակոյթ, իւրայատուկ կենցաղավարութիւն, յատուկ ինքնութիւն, աշխարհայեացք եւ մտածելակերպ:

 

Համաշխարհային նեցուկ

Այս չափանիշները եւ ըմբռնումները ընդգծելու առումով, Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը եւ Եւրոպական Միութիւնը որդեգրած են յստակ որոշումներ՝ ապահովելու փոքրամասնութիւններու լեզւական իրաւունքները: Լեզւաբաններու հրամցուցած լուսաբանութիւնները եւ միջազգային մարմիններու որոշումները կու գան հաստատելու, թէ կարելի չէ համաշխարհային համերաշխութիւն ապահովելու պատրւակով քաջալերել գաղութներու լեզուներու հարստահարումը կամ մէկ լեզւի եւ մէկ մշակոյթի բռնակալական ախորժակները:

Այս զօրակոչին իբրեւ ենթահող կը ծառայեն ընկերաբաններու եւ լեզւաբաններու մեծ խումբի մը աշխատասիրութիւններուն արդիւնքները: Անոնք կը հաւատան, թէ երբ մայրենի լեզւի փոխանցումը խախտի, անոր կը հետեւի ժառանգւած գիտութեան լուրջ կորուստ, որովհետեւ այդ կը պարունակէ թէ անձնական եւ թէ ազգային պատմութիւններու բանալին, կը յատկանշէ ժողովուրդի մը մշակութային, անձնական եւ ազգային ինքնութիւնը, կընդգծէ անցեալի եւ նախնիներու հետ կապը եւ շարունակականութիւնը, կարտացոլայ իւրայատուկ աշխարհայեացք եւ դէպքերու մեկնաբանութիւն, կընդգրկէ անհրաժեշտ, հետաքրքրական եւ հմայիչ քերականական, բառագիտական եւ հնչիւնաբանական յատկանիշներ եւ կը յառաջացնէ ընկերային համերաշխութիւն, ինքնավստահութիւն եւ մշակութային հպարտութիւն:  

 

Ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնք

Պատահակն չէ, որ այսօր յունական, իտալական եւ չինացի կարգ մը գաղութներ Հիւսիւսային Ամերիկայի մէջ զօրաշարժի ենթարկւած են՝ պահպանելու իրենց նախահայրերուն լեզուները, որովհետեւ անոնք հպարտ կը զգան անգամ մը եւս իրենց ժառանգութեամբ, դրական կեցւածք սկսած են մշակել իրենց լեզւին հանդէպ, մտադրած են օգտւիլ իրենց լեզւին հրամցուցած արժէքներէն, սկսած են գիտակցիլ ազգային միասնականութեան կարեւորութեան, անհրաժեշտ կը սեպեն հայրենիքի հանդէպ իրենց կապւածութիւնը եւ կուզեն կառչիլ իրենց իւրայատուկ կրօնական հաւատալիքներուն եւ ծէսերուն:

 

Երբ մեր լեզուն դարձաւ վտանգւած ժառանգութիւն

Իսկ, երբ 2010-ի փետրւարին, UNESCO-ի Վտանգւած Լեզուներու Ցանկին վրայ զետեղւեցաւ արեւմտահայերէնը, մե’ր մայրենի լեզուն, թերեւս լեզուներու անհետացումը եւ մահը ալ առասպել մը չէր, կամ ուրիշներուն պատահելիք բան մը, այլ քիչ մը աւելի հարազատ: 

Աւելին յաջորդին։

Related Articles

Back to top button