Լեզւափոխութիւնը ուղեղի ճկունութի՞ւն, թէ՞ մտահոգութիւն

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Դոկտոր Ընկերալեզւաբանութեան
Լեզւական փոքրամասնութիւններու մշտնջենական գոյութիւնը մեծամասնութիւն կազմող տեղական ընկերութիւններու մէջ, որ օրէ օր աւելի կը շեշտւի համաշխարհային զանգւածային տեղափոխութիւններու եւ համաշխարհայնացումի տնտեսական եւ մշակութային լայնածաւալ տարածումով, զուգահեռ կընթանայ այդ փոքրամասնութիւններուն դիմագրաւած լեզւական եւ գաղափարախօսական մարտահրաւէրներուն հետ:
Լեզւափոխութեան նիւթը մեծ մտահոգութիւն է շատերու համար, որոնք նաեւ յաճախ «սխալ» կամ «կտրուկ» կամ «խառն» հայերէն խօսողները կայպանեն եւ այսպէս կը հակադարձեն. «մաքուր խօսիր», «լեզուդ մի խարներ», «ճիշտ հայերէն խօսիր», «այս բառին հայերէնը ի՞նչ է», եւ այլ նման արտայայտութիւններ։
Օրինակի համար, դուն ինչպէ՞ս կը զգաս, երբ լսես նման «նախադասութիւններ»՝
Հոս, այս է մարդոց mentality-ին։
Ghavun բերի այսօր որ միասին ուտենք։
Սիրեմ քեզի, ciğer, ինչո՞ւ կուլաս։
Աւետիսին telephone-ին թիւը քեզի message-ով կը ղրկեմ։
Microphone-ին մէջ batarya չէ մնացած:
Եկէք, առարկայական, վերլուծական եւ ակադեմական մօտեցում որդեգրենք, որպէսզի հասկնանք, թէ ինչո՞ւ իբրեւ մտահոգութիւն կը ներկայացւի լեզւափոխութիւնը: Ի՞նչու սրբագրութեան կը կարօտի, եւ թէ արդեօք պէտք է՞ սրբագրւի:
Երկլեզւութեան ներկայ ժամանակակից մօտեցումը եւ ընդհանրացումները
Կարգ մը ընկերութիւններ երկլեզու կըլլան իրենց անձնական ընտրութեամբ, մինչ ուրիշներ ալ պարագաներու բերումով, ինչպէս՝ քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ ճարտարարւեստական: Ըստ վերջին վիճակագրութիւններուն, աշխարհի բնակչութեան 60-70 առ հարիւրը կանոնաւորապէս երկու կամ աւելի լեզուներ կը գործածէ իր առօրեայ յարաբերութիւններուն եւ գործունէութիւններուն ընթացքին:
Տասնամեակներու ընթացքին, սակայն, «երկլեզւութիւն» (bilingualism կամ multilingualism) հասկացութիւնը ստացած է զանազան սահմանումներ՝ կախւած թէ՛ լեզւաբաններու մօտեցումներէն եւ թէ՛ ժամանակի գիտական ընկալումներէն։
1930-ական թւականներուն, երկլեզւութիւնը կը սահմանւէր որպէս երկու լեզւի հաւասարաչափ եւ բնիկ մակարդակի (native-like) տիրապետում։ Սակայն, 1980-ական թւականներուն, այս սահմանումը սկսաւ վերարժեւորւիլ եւ ընդլայնիլ՝ հետազօտութիւններու շնորհիւ։ Այս նոր մօտեցումը ընդունեց, որ անձ մը կրնայ «երկլեզու» նկատւիլ նոյնիսկ երբ անոր երկրորդ լեզւի մը տիրապետութիւնը մասնակի է՝ ըլլայ միայն խօսակցական, ընկալման, կամ տարրական գրառման մակարդակի վրայ։
Ներկայիս անոր սահմանումը մեծապէս կը կենտրոնանայ լեզւի գործնական կիրառութիւնը յատուկ իրավիճակներու կամ միջավայրերու մէջ՝ անկախ լեզւական կատարեալ հմտութենէն։ Այսինքն անհրաժեշտ չէ լեզու մը շատ լաւ գիտնալ երկլեզու ըլլալու համար, որովհետեւ ներկայիս աւելի կարեւոր կը համարւի սերտել երկլեզւութեան ետին կայացող ընկերային, լեզւական եւ հոգեբանական տւեալները, քան այդ լեզուներուն գիտութեան չափը կամ որակը: Այս՝ մեկնելով այն ճշմարտութենէն, թէ երկլեզուներուն ընտրած լեզուները կախեալ են զանազան ազդակներէ, ինչպէս
- ընկերային բնաբանը
- խօսակցութեան նիւթը
- խօսակիցը եւ
- խօսակիցին հետ յարաբերութիւնը:
Ուրեմն, երկլեզու անհատ մը տարբեր լեզուներ կը գործածէ տարբեր պատճառներու եւ նպատակներու համար եւ ընդհանրապէս նոյն հմտութեամբ չի տիրապետեր իր գիտցած տարբեր լեզուներուն: Սակայն, որովհետեւ երկլեզու մը տարբեր լեզուներ ունի իր տրամադրութեան տակ, ան երկու կամ աւելի լեզուներու յատկութիւնները կրնայ փոխադրել անոնց միջեւ:
Լեզւափոխութիւն՝ որպէս ինքնութեան եւ մտածողութեան ճկունութիւն
Երկար ատեն ժողովրդային եւ մասնագիտական ընկերութիւններու մէջ տիրապետող հասկացողութիւնը այն եղած է, թէ լեզւափոխութիւն կը նշանակէ լեզւական լուրջ եւ անբաղձալի վիճակներ, կընդգծէ լեզւական եւ մտային շփոթ, կը համարւի որպէս մշակութային կորուստ, եւ կը կազմէ միջամտութիւններ, որոնք վնասակար են սորվելու գործընթացին:
Լաւագոյն միջոցը՝ հասկնալու լեզւափոխութեան երեւոյթը, պիտի ըլլայ նկատի առնել խօսողին
- անհատականութիւնը
- ձայնագիտական ուշիմութիւնը
- լեզւական ատակութիւնը եւ
- գրագիտութիւնը:
Վերոյիշեալ տւեալներուն հետ մէկտեղ, երկլեզւութեան պրպտումները երբեք չեն դադրած հարցադրել կամ փորձել պատասխաններ գտնել, թէ ինչո՞ւ երկլեզու խօսողներ իրենց լեզուները կը փոխեն իրենց խօսակցութիւններուն ընթացքին:
Նախ, սահմանենք «լեզւափոխութիւն» բառը:
Լեզւափոխութիւնը կը սահմանւի իբրեւ մէկէ աւելի լեզուներու գործածութիւնը խօսակցութեան մը ընթացքին, ուր բառ մը կամ նախադասութեան մը մէկ մասը կըսւի տարբեր լեզւով կամ լեզուներով։
Ընդհանրապէս լեզւափոխութիւնը սերտւած է ընկերալեզւաբանական եւ կամ քերականական դիտանկիւններէն: Այս տարբեր մօտեցումները փաստած են, թէ լեզւափոխութիւնը բարդ, համաշխարհային քերականութեան օրէնքներուն յարմարող գործիք մըն է, որ կը գործածւի երկլեզու մարդոց կողմէ՝ ազգային, ընկերային, եւ մշակութային ինքնութիւններ արտայայտելու եւ հաստատելու համար: Հետազօտութիւնները ցոյց տւած են, թէ լեզւափոխութիւնը կը ցուցադրէ անհատին մտածողութեան ճկունութիւնը եւ մտածողական ճանաչումը (cognitive development)։
Երկլեզւութիւն, լեզւափոխութիւն եւ փոքրամասնութիւններ
Գաղթականներու եւ լեզւական փոքրամասնութիւններու համար, սակայն, ուրիշ է հարցը: Երկլեզւութիւնը բաղձալի է եւ մեծամասնութեան լեզուն խօսիլը օգտակար է տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային մակարդակներու վրայ, բայց մտահոգիչ կը դառնայ այդ, երբ երկլեզւութիւնը
- կը զարգանայ մայրենի լեզւին հաշւոյն
- կը դառնայ յաճախակի
- կը տանի մայրենի լեզւին տկարացման եւ աղաւաղման եւ
- կառաջնորդէ մայրենի լեզւին մոռացութեան, մանաւանդ երրորդ կամ չորրորդ սերունդներուն մօտ:
Ըստ հեղինակին կողմէ կատարւած ակադեմական սերտողութիւններու եւ անձնական հարցազրոյցներու, 50-80 տարեկան սփիւռքահայերու մեծամասնութիւնը՝ Լիբանան, Քուվէյթ, Կիպրոս, Դուբայ, Սիդնի, եւ Լոս Անջելէս, կը հաւատայ, թէ լեզւափոխութիւնը հայերէնի գիտութեան տկարացում եւ անբաւարար գործածութեան մէկ արտայայտութիւնն է: Թէպէտ վերոյիշեալ անձերը ընդունեցին, թէ իրենք ալ յաճախ լեզւափոխութեան կը դիմեն, անոնք ընդգծեցին այն իրողութիւնը, թէ յաճախ «յանցաւոր» կը զգան իրենց «լեզուները խառնելու» համար:
Իսկ 18-49 տարեկաններու մեծամասնութիւնը բնական կը նկատէ լեզւափոխութիւնը: Այս տարիքի պատկանող մեծամասնութեան թւած պատճառները, սակայն, քիչ մը մտահոգիչ են: Յաճախ, կըսեն անոնք՝
- «դժւար է բառերը հայերէնով գտնել»
- «դժւար է յիշել հայերէն բառերը» եւ
- «աւելի դիւրին է անգլերէնով, սպաներէնով, ռուսերէնով կամ ֆրանսերէնով լրացնել մեր նախադասութիւնները»:
Այս երեւոյթն է, որ կարելի է բնութագրել որպէս մտահոգիչ, մանաւանդ լեզւական փոքրամասնութեան մը համար՝ ըլլայ հայկական կամ ոչ, որ երկար ատենէ կապրի օտար երկիրներու մէջ, որովհետեւ լեզւափոխութիւնը այս պարագային չի համապատասխաներ վերեւ ներկայացւած երկլեզւութեան դրական լեզւական մեկնաբանութիւններուն:
Լեզւափոխութիւնը մտահոգութի՞ւն
Մտահոգութիւն երբ
- սփիւռքի մէջ որոշ խաւի մը համար լեզւափոխութիւնը ծառայէ իբրեւ նախադասութիւններ ամբողջացնելու միջոց մը
- մայրենի լեզուն բաւարար չէ եւ բաւարար չի նկատւիր ամբողջովին ինքզինք արտայայտելու եւ
- մայրենի լեզւի գիտութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը մեծապէս նւազած են:
Երիտասարդները յաճախ կակնարկեն, թէ մեծամասնութիւն կազմող ժողովուրդներ ալ ուրիշ լեզուներ կը գործածեն իրենց խօսակցութիւններուն ընթացքին: Հետեւաբար, ինչո՞ւ համար մտահոգիչ, տարօրինակ եւ անբնական պէտք է թւի, երբ հայ կամ փոքրամասնութեան պատկանող անձ մը «խառնէ» իր լեզուները:
Ճիշտ է, սակայն մեծագոյն տարբերութիւններէն մէկը, երբ նկատի կառնենք հայ եւ սփիւռքեան զանազան ընկերութիւններ, այն է թէ արաբերէնը, անգլերէնը, ֆրանսերէնը, ռուսերէնը եւ սպաներէնը, օրինակի համար, կը տիրապետեն լրատւական, տնտեսական, քաղաքական, կրթական եւ պետական մարզերուն վրայ, հակառակ հայերէնին կամ փոքրամասնութեան լեզւին, որ սահմանափակ գործածութիւն ունի: Նման կացութիւն մը կը նկարագրւի իբրեւ ոչ նպաստաւոր մթնոլորտ մը՝ փոքրամասնութեան մը մայրենի լեզւին պահպանումին համար։
Պատահածը անհաւասար ուժերու՝ լեզուներու, պայքար է: Ներկայ հայ կամ այլ ընկերութիւններու սերունդին մխրճւիլը տեղական ընկերութիւններուն մէջ եւ երկուքին յաւելեալ չափով շփումները, ըլլայ անոնք խառն ամուսնութիւններու միջոցով, բնակարանի վայրով, մայրենի լեզւի գիտութեան պակասով եւ օտար լեզուներու հմտութեամբ, ազդակներ են, որոնք լեզւաբանական առումով լեզւափոխութիւնը կրնայ որակւիլ որպէս մտահոգութիւն։
Ներքին գաղութային առումով, կան յաւելեալ ազդակներ, որոնք կը նպաստեն որ ներկայ սերունդին լեզւափոխութիւնը եւ մայրենի լեզւի գիտութեան նւազումը կամ չգոյութիւնը մտահոգիչ նկատելու, ինչպէս՝
- ծնողներու անհոգութիւն
- հայրենիքի հանդէպ ժխտական կեցւածքներ եւ
- օտարը գերադասելու եւ հայերէնը/մայրենին, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը ստորադասելու հակում եւ ընթացք:
Եզրակացութիւն
Ինչպէս ի յայտ կու գայ, լեզւափոխութիւնը բաւական բարդ իրավիճակ մըն է, որ կարելի չէ անջատել համաշխարհային յեղաշրջումներէ եւ լեզւական փոքրամասնութեան մը անցեալի եւ ներկայի իրավիճակներէն:
Անհրաժեշտ է՝ հայկական եւ այլ գաղութներու լեզւապահպանման ծրագիրներուն մէջ, նկատի ունենալ նաեւ արտալեզւական տւեալները, որոնք յիշւեցան վերը:
Երկլեզւութիւնը եւ լեզւափոխութիւնը ունին իրենց «օրէնքները» եւ դրական արդիւնքները: Սակայն մայրենի լեզուն խօսիլը կերաշխաւորէ ազգաշինութիւն, ինքնութիւն, կրօնական հաւատամք, հաւաքական պատմութիւն, հայրենիք, մշակոյթ, պատկանելիութիւն եւ պապենական աւանդութիւններ:
Շարունակենք մեր լեզուները «խառնել»՝ արտայայտելու մտածողութեան ճկունութիւն եւ ոչ մայրենիի տկարացման։
Քուվէյթ, սեպտեմբեր 2025